ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

1-5 Մայիս 1920․ Հայաստանի Հանրապետութիւն․ Մայիսեան Խռովութեանց Եւ Հայրենադաւութեան Դառնագոյն Էջը

Մաս երկրորդ

Յանկարծ Ալեքսանդրապոլի մէջ բռնկեցան հայ պոլշեւիկներու Մայիս Մէկի խռովութիւնները՝ Հայաստանի հանրապետական կարգերու տապալման եւ պետական բռնաշրջումի կոչերով։

Նազարեթ Բերբերյան

Թէեւ Հայաստանի օրուան կառավարութիւնը կ՚անդրադառնար, որ Քեմալական Թուրքիոյ եւ Լենինեան Ռուսաստանի միջեւ ընդդէմ Դաշնակիցներուն զինակցութիւն կնքելու գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենային, բայց ստուգապէս դեռ բացայայտուած չէին ծալքերն ու տարողութիւնը այդ դաւադիր «գործարք»ին… Ստոյգ էր սակայն եւ արդէն փաստացի իրողութիւն, որ մուսաւաթական Ատրպէյճանը մէկ գիշերուան մէջ, Ապրիլ 28¬29ին, որոշեց Կարմիր Համազգեստ հագնիլ․․․ Այսպէս կոչուած Կարմիր Ատրպէյճանը խորհրդային իշխանութեան դրօշ պարզեց, որպէսզի Կարմիր Բանակի անդրկովկասեան զօրքերուն միանալով՝ ամբողջ թափով Հայաստանի վրայով արշաւէ Թուրքիոյ հետ միանալու իր համաթրքական ցնորքին իրագործման ուղղութեամբ։

Օրին հայ քաղաքական մտքի բոլոր թեւերուն համար պարզ ու որոշ էր, որ Ատրպէյճանի խորհրդայնացումը Քեմալական Թուրքիոյ դրդումով եւ ուղղակի միջամտութեամբ կատարուած քայլ էր: Համաթրքական ներշնչում ունեցող այդ քայլին նպատակը մէկ ու միակ էր՝ իրագործել Պաքուի եւ Անգարայի միացումը… Իսկ այդ միացման համար առաջնահերթաբար հարկ էր բռնագրաւել հայկական Ղարաբաղ¬Զանգեզուր¬Նախիջեւան ընդարձակ հողաշերտը եւ զայն… «կամուրջ»ի վերածել ի սպաս համաթրքական միութեան իրականացումին։ Անորոշն ու անստոյգը Լենինեան Ռուսաստանի քաղաքական հաշիւներն էին։

Շուտով պարզ դարձաւ, որ խորհրդային իշխանութիւնը ամէն գնով վճռած էր… վերատիրանալ Ցարական Կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող անդրկովկասեան տարածքներուն։ Յատկապէս Պաքուն, իր նաւթահորերով, «անփոխարինելի» կը նկատուէր Լենինի եւ անոր գործընկերներուն աչքին։ Այդ դիտանկիւնէն հասկնալի էր, որ Խորհրդային Ռուսաստանը իր կենսական խնդիրներէն մէկը կը լուծէր Ատրպէյճանի․․․ «խորհրդայնացումով»։ Բայց հասկնալի չէր, թէ Կարմիր Ռուսաստանը ինչպէ՞ս կրնար չտեսնել, թէ թուրքեւատրպէյճանեան երկեակին հռչակած «խորհրդայնացում»ը կեղծ էր եւ, ըստ ամենայնի, կը ծառայէր Հայաստանի վրայով համաթրքական միութիւնը իրագործելու հաշիւներուն․․․ Հասկնալի չէր, աւելիո՛վ, Խորհրդային Ռուսաստանի անդրկովկասեան զօրքերուն ուղղակի զինակցութիւնը Կարմիր համազգեստ հագած թուրքեւատրպէյճանեան զօրայիններուն հետ… Մանաւանդ որ միացեալ գրոհի ձեռնարկելով Հայաստանի հիւսիսէն ու արեւելքէն՝ Կարմիր Բանակն ու անոր զօրքերը համալրած համաթրքական շարժման «կարմիր համազգեստ» հագած զինուորները վերջնագիր յղած էին Հայաստանի Հանրապետութեան՝ պահանջելով, որ երեք օրէն Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան կամուրջը յանձնեն… «խորհրդայիններուն»։ 

Ատրպէյճանի Ապրիլ 28ի խորհրդայնացումով՝ Հայաստան յայտնուած էր երկու կրակի մէջ. – Մէկ կողմէ Հայաստան կը դիմագրաւէր համաթրքական գրոհը՝ թուրքեւազերի միութեան ծրագրի գործադրութեան թափ տալով։ – Իսկ միւս կողմէ՝ Հայաստան անձկութեամբ կը հետեւէր պոլշեւիկեան Ռուսաստանի ռազմական քայլերուն, որոնք կը սպառնային ազատ ու անկախ Հայաստանի գոյութեան՝ Անդրկովկասը ամբողջապէս վերստին խորհրդային մականի տակ առնելու քաղաքականութեամբ։ Մինչ Հայաստանի արեւելքէն ատրպէյճանական կարմիր բանակայինները (որոնց հրամանատարութեան մէջ էին նաեւ Անաստաս Միկոյեանի օրինակով հայ պոլշեւիկներ) թափ տուած էին իրենց ներխուժման, Եւ մինչ հիւսիսէն ռուս ու վրացի պոլշեւիկները Հայաստանի խորհրդայնացման իրենց ծրագիրը յաջողցնելու դաւեր կ՚որոճային, Յանկարծ Ալեքսանդրապոլի մէջ բռնկեցան հայ պոլշեւիկներու Մայիս Մէկի խռովութիւնները՝ Հայաստանի հանրապետական կարգերու տապալման եւ պետական բռնաշրջումի կոչերով։ 

Թէեւ փոքրաթիւ էին հայ պոլշեւիկները եւ չունէին ժողովրդային ծաւալ ստանալու որեւէ յոյս ու հեռանկար, բայց անոնց խռովարարութեանց առաջացուցած խառնաշփոթին մէջ մեծ էր վտանգը ոչ-հայ փոքրամասնութեանց հակապետական ըմբոստացման՝ ապաւինելով Քեմալ-Լենին արտաքին զօրակցութեան։ Մայիս 3ին գումարուած Հայաստանի խորհրդարանին բուռն նիստը եկաւ աւելիով ծանրացնելու վտանգաւոր այդ կացութիւնը։ Մատի վրայ համրուող ձախակողմեան խորհրդարանականները Ալ. Խատիսեանի կառավարութենէն պահանջեցին, որ շուտափոյթ ընդառաջէ պոլշեւիկներու յղած անձնատուութեան պահանջներուն եւ վերջնագիրներուն՝ առաջին հերթին «հասկացողութիւն» ցուցաբերելով Ալեքսանդրապոլի հակապետական ցուցարարներուն նկատմամբ։ Իսկ աջակողմեան (Ժողովրդական) եւ անկուսակցական պատգամաւորները ընդհանրապէս անճրկած էին եւ ի վիճակի չէին ստանձնելու վճռական քայլի դիմելու պատասխանատուութիւնը։ Մինչդեռ ստեղծուած ճգնաժամն ու անելը դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ էր ամբողջական՝ միակամ ու վճռական զօրաշարժ։ 

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *