16.3 C
Yerevan

1–5 Մայիս 1920․ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւն․ Մայի­սեան Խռո­վութեանց Եւ Հայրե­նա­դաւութեան Դառնա­գոյն Էջը

Մաս Վերջին

Հայաստա­նի եւ հայութեան ազգա­յին ներքին ճակա­տի միասնա­կա­նութեան ամրապնդումով եւ սեփա­կան պետութեան բանա­կի հզօ­րա­ցումով պայմա­նաւո­րուած է այդ արեւե­լումը։

Նազա­րեթ Բերբերյան

Մայիս 4ին Հ.Յ.Դ. Բիւրոն արտա­հերթ ժողով գումա­րեց եւ ընդլայնուած խորհրդակցութեան հրաւի­րեց պետա­կան եւ կուսակցա­կան իր ղեկա­վար ուժե­րը՝ տագնա­պէն ելքը որո­շե­լու համար։ Անշուշտ դաշնակցա­կան ղեկա­վա­րութեան մէջ եւս կային մտա­ծողներ (ինչպէս նոյնինքն Սիմոն Վրա­ցեան, որ 1920ի Նոյեմբե­րին պիտի ստանձնէր վարչա­պե­տութիւնը Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան վերջին կառա­վա­րութեան), որոնք վերա­պահ էին «Բիւրօ-Կառա­վա­րութիւն» կազմե­լու քայլին նկատմամբ։ Բայց պահը պատմա­կան ծանրա­գոյն նշա­նա­կութիւն ունէր եւ ամբողջա­կան պատասխա­նա­տուութիւն ստանձնե­լու հրա­մա­յա­կա­նը կը շեշտէր։ Հայաստա­նի քաղա­քա­կան բեմին վրայ գործող քաղա­քա­կան ուժե­րը ընդհանրա­պէս պատրաստ չէին ստանձնե­լու պոլշեւի­կեան խռո­վութիւննե­րը երկա­թեայ բռունցքով զսպե­լու եւ հայկա­կան ներուժը լրիւ, արտա­քին վտանգին դէմ, զօրա­շարժի մղե­լու պատասխա­նա­տուութիւնը։ 

Անե­լը դիմագրաւե­լու միակ ելքը Ազգի եւ Հայրե­նի­քի առջեւ ամբողջա­կան պատասխա­նա­տուութիւն ստանձնե­լու վճռա­կա­նութիւնն էր։ Առաջնա­հերթօ­րէն հարկ էր վերջ տալ, յատկա­պէս խորհրդա­րա­նա­կան ուժե­րու մակարդա­կին վրայ, Մայիս 1920ի առա­ջին օրե­րուն առա­ջա­ցած հայ քաղա­քա­կան մտքի եւ կամքի ներքին երկուութեան, այլեւ երկա­տումին։ Նախ՝ Մայիս Մէկին սկսած խռո­վութիւննե­րը պէտք է զսպուէին եւ անոնց պատասխա­նա­տունե­րը օրէնքի ուժով պատժուէին։ Ապա՝ կտրա­կան Ո՛չ պատասխա­նը պէտք է տրուէր Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան իշխա­նութիւնը հայ պոլշեւիկնե­րուն յանձնե­լու վերջնագրին։ Ի վերջոյ Խորհրդա­յին Ռուսաստա­նը դաւա­դիր զինակցութեան մէջ մտած էր Քեմա­լա­կան Թուրքիոյ հետ՝ Հայաստա­նի հաշւոյն հողեր զիջե­լով համաթրքա­կան շարժման նոր «ասպետ»ին։ Հայաստա­նի անկա­խութեան պահպանման մեծա­գոյն հրա­մա­յա­կա­նին, փաստօ­րէն, մահա­ցու հարուած կը հասցնէին խորհրդա­յիննե­րուն հետ ամէն գնով «լեզու գտնե­լու» քաղա­քա­կա­նութեան ջատա­գովնե­րը… 

Դանա­կը հասած էր հայ ժողո­վուրդի ոսկո­րին․․․ Խորհրդա­րա­նէն ներս թէ դուրս, բուռն էր պահանջը սերունդնե­րու ծով արեամբ նուա­ճուած անկախ Հայաստա­նը ամէն գնով պաշտպա­նե­լու եւ կործա­նումէ փրկե­լու զօրա­շարժին։ Ահա ա՛յս առումով օրհա­սա­կան պահ էր Հայաստա­նի համար եւ Դաշնակցութիւնը արժա­նաւո­րա­պէս տէր կանգնե­ցաւ ազգա­յին իր պատասխա­նա­տուութեան։ Եւ 5 Մայիս 1920ին Դաշնակցութիւնը ստանձնեց Հայաստա­նի կառա­վարման լրիւ պատասխա­նա­տուութիւնը։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն փաստօ­րէն ստի­պուե­ցաւ իր լրիւ կազմով ստանձնե­լու Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան պետա­կան ղեկին ամբողջա­կան պատասխա­նա­տուութիւնը։ 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն առա­ջա­ցուց բժիշկ Համօ Օհանջա­նեա­նի վարչա­պե­տութեամբ եօթը հոգի­նոց կառա­վա­րութիւն մը․ — Համօ Օհանջա­նեան, վարչա­պե­տութեան կողքին, ստանձնեց նաեւ Ալ. Խատի­սեա­նի կառա­վա­րութեան մէջ իր ունե­ցած արտա­քին գործոց նախա­րա­րի պաշտօ­նը։ — Ռուբէն Տէր-Մինա­սեան եղաւ, միա­ժա­մա­նակ, զինուո­րա­կան եւ ներքին գործոց նախա­րար։ Սիմոն Վրա­ցեան ստանձնեց գիւղատնտե­սութեան եւ աշխա­տանքի նախա­րա­րութիւննե­րը։ — Աբրա­համ Գիւլխանդա­նեա­նի յանձնուե­ցան ֆինանսնե­րու եւ արդա­րա­դա­տութեան նախա­րա­րութիւննե­րը։ Արշակ Ջամա­լեան ստանձնեց հաղորդակցութեան նախա­րա­րի պատասխա­նա­տուութիւնը։ — Գրի­գոր Ղազա­րեան միա­տե­ղեց կրթութեան եւ արուեստի նախա­րա­րի պաշտօննե­րը։ ¬ Սարգիս Արա­րա­տեան ստանձնեց խնա­մա­տա­րութեան եւ վերա­շի­նութեան նախա­րա­րութիւննե­րը։ Բիւրօ-Կառա­վա­րութիւնը մինչեւ Մայի­սի կէսը ամբողջա­պէս հակակշռի տակ առաւ հանրա­պե­տութեան ներքին ճակա­տը։ 

Բիւրօ-Կառա­վա­րութեան որո­շումով՝ Ալեքսանդրա­պո­լի խռո­վա­րարնե­րը ծանրա­գոյն պատի­ժի ենթարկուե­ցան։ Հայ պոլշեւիկնե­րը, իբրեւ հայրե­նի­քի դաւա­ճաններ ու հակա­պե­տա­կան տարրեր, կա՛մ կախա­ղան հանուե­ցան, կա՛մ փախուստ տալով Վրաստան ու Ատրպէյճան ապաստա­նե­ցան։ Իսկ Հայոց Բանա­կը իր ամբողջ թափով լծուե­ցաւ Զանգե­զուրի պաշտպա­նութեան՝ արեւե­քէն եկող կարմիր-ազե­րի բանա­կա­յիննե­րու գրո­հը դիմագրաւե­լու զօրա­շարժին։ 

Բիւրօ-Կառա­վա­րութիւնը միա­ժա­մա­նակ լարուած աշխա­տանքի անցաւ Կարմիր Ռուսաստա­նի հետ հասկա­ցո­ղութեան եւ գործակցութեան եզրեր գտնե­լու ճակա­տին վրայ։ Լեւոն Շանթի գլխաւո­րութեամբ կազմեց բարձրաստի­ճան պատուի­րա­կութիւն մը, որ քաղա­քա­կան անհրա­ժեշտ վարկը կը վայե­լէր ռուս պոլշեւիկնե­րու մօտ՝ Խորհրդա­յին Ռուսաստա­նի նկատմամբ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ունե­ցած ազգա­յին-քաղա­քա­կան բնա­կան դաշնա­կի­ցի քաղա­քա­կա­նութիւնը ներկա­յացնե­լու եւ ընդունե­լի դարձնե­լու համար։ Եթէ Շանթի պատուի­րա­կութիւնը ի վերջոյ ձախո­ղե­ցաւ իր այդ առա­քե­լութեան մէջ, պատճառնե­րը Հայաստա­նի հանրա­պե­տա­կան իշխա­նութեանց մէջ պէտք չէ փնտռել, այլ նոյնինքն Լենին-Քեմալ երկեա­կի մեծ դաւադրութեան մէջ․․․ 

Բիւրօ-Կառա­վա­րութիւնը յաջո­ղե­ցաւ նաեւ մեծա­պե­տա­կան քաղա­քա­կա­նութեան ճակա­տին վրայ՝ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը դուրս բերե­լով թուրքեւա­զե­րի համաթրքա­կան կողմի եւ Լենին-Քեմալ դաւա­դիր գործակցութեան պարտադրած… շրջա­փա­կումէն։ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը դիւա­նա­գի­տա­կան մեծ աշխուժութեամբ, Պօղոս-Նուպար փաշա­յի Ազգա­յին Պատուի­րա­կութեան հետ գործակցա­բար, յառաջ մղեց միջազգա­յին իրաւա­կան նուի­րա­գործումը հայկա­կան իրաւունքնե­րուն եւ պահանջնե­րուն՝ 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի Դաշնագրին մէջ։ Փաստա­ցի «դիկտա­տուրա» ըլլա­լով հանդերձ՝ 5 Մայիս 1920ին կեանքի կոչուած Բիւրօ-Կառա­վա­րութիւնը, նոյնպէս փաստօ­րէն, դրաւ հիմը Հայաստա­նի ազատ, անկախ եւ միա­ցեալ Հանրա­պե­տութեան ազգա­յին-քաղա­քա­կան ՀԱՅԿԱԿԱ՛Ն արեւե­լումին։ 

Հայաստա­նի եւ հայութեան ազգա­յին ներքին ճակա­տի միասնա­կա­նութեան ամրապնդումով եւ սեփա­կան պետութեան բանա­կի հզօ­րա­ցումով պայմա­նաւո­րուած է այդ արեւե­լումը։ Նաեւ՝ Ռուսաստա­նի հետ բնա­կան դաշնա­կի­ցի ռազմա­վա­րութեան վրայ խարսխուած է։ Միա­ժա­մա­նակ՝ Արեւմուտքի հետ մերձեցման եւ քաղա­քակրթա­կան ու ժողովրդա­վա­րա­կան ընդհա­նուր եզրե­րու զարգացման հունով կ՚ընթանայ այդ արեւե­լումը։ Բայց մանաւանդ համաթրքա­կան վտանգին դիմագրաւումը, հայկակա՛ն այդ արեւե­լումով, իր բնա­կա­նոն հունին մէջ կը դնէ հայեւթուրք երկխօ­սութիւնը։ Ի վերջոյ թրքա­կան ցեղասպան պետութիւնը կը դնէ Հայաստա­նի եւ հայ ժողո­վուրդի անբռնա­բա­րե­լի իրաւունքնե­րուն նկատմամբ յարգանք ցուցա­բե­րե­լու պարտաւո­րութեան տակ։

Ահա ա՛յս առումով 1920ի Մայիս Մէկի խռո­վութիւննե­րը սեւով ու մուրով ամօ­թի խարան մըն են հայ քաղա­քա­կան մտքի ճակտին։ Առանց անկա­խութեան եւ ազգա­յին պետա­կա­նութեան ամբողջ դարեր ապրե­լէ ետք, յատկա­պէս թրքա­կան պետութեան գործադրած Ցեղասպա­նութե­նէն հազիւ վերա­կանգնած, անկախ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան դէմ դաւադրա­կան խռո­վութեանց դիմե­ցին հայ քաղա­քա­կան գործիչներ՝ կարմիր բանա­կա­յիննե­րու եւ թուրք-ատրպէյճա­նա­կան ասպա­տա­կողնե­րու զէնքի ուժով տապա­լե­լու համար հայոց պետա­կա­նութիւնը։ Հայ պոլշեւիկնե­րը սեփա­կան հայրե­նի­քի անկա­խութեան եւ ազգա­յին պետա­կա­նութեան դէմ բռնաշրջումի նման «ժառանգութիւն» մը թողուցին հայոց պատմութեան էջե­րուն։ Դաժան ու դառն դասե­րով յատկանշուող «ժառանգութիւն» մը, որ ե՛ւ մեր սերունդին, ե՛ւ գալիք սերունդնե­րուն վրայ պարտք կը դնէ ամէն գնով կանխե­լու ազգա­յին-պետա­կան առումով ծանրա­գոյնը՝ հայրե­նա­դաւութեան յանցա­գործութիւնը։

Առնչվող Հոդվածներ