16.3 C
Yerevan

Նամակ Կույրե­րի Մասին՝ Ի Խրատ Տեսունակնե­րի

Դենի Դիդրո

Շատ հաւա­նա­բար, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը եւս որդեգրած է շինա­րա­րա­կան օրէնքներ, որոնք կը պարտադրեն նոր կառուցուող շէնքե­րուն հզօր ըլլա­լը՝ դիմա­նա­լու համար երկրա­շարժնե­րուն, ինչպէս նաեւ օրէնքներ, որոնք կը պահանջեն անցեա­լին կառուցուած շէնքե­րը ամրապնդել, որպէսզի աւե­լի լաւ կերպով դիմագրաւեն երկրա­շարժ մը։ Սակայն, հաւա­նա­բար գլխաւոր հարցա­կա­նը այն է, թէ արդեօք այս շինա­րա­րա­կան օրէնքնե­րը լաւ կերպով կը գործադրուի՞ն։

Արա Խանճեան

Թուրքիոյ Երկրա­շարժը, Ընտրութիւննե­րը Եւ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը

Թուրքիա ծնած հայ հանրա­ծա­նօթ տնտե­սա­գէտ, «ԷՄ.Այ.Թի.» համալսա­րա­նի դասա­խօս Տարօն Աճե­մօղլու եւ Չիհաթ Թոքկէօզ 29 Մարտին հրա­պա­րա­կե­ցին յօդուած մը «Փրա­ճեքթ Սինտի­քէյթ» (Project Syndicate) հարթա­կին վրայ, «Թուրքիան Վերա­կա­ռուցե­լու Համար, Վերա­կա­ռուցէ Անոր Ժողովրդա­վա­րութիւնը» խորա­գի­րով։

Աճե­մօղլու եւ Չիհաթ կը շեշտեն, թէ 6 Փետրուա­րին, Թուրքիոյ մէջ պատա­հած երկրա­շարժին առաւել քան  50,000 անձե­րու մահուան գլխաւոր պատճա­ռը փտախտը եւ շինա­րա­րա­կան ընկե­րութիւննե­րու կողմէ կատա­րուած անօ­րէ­նութիւններն էին։

Յօդուա­ծը կը տեղե­կացնէ, թէ 1999ի Իզմիթ քաղա­քին մօտե­րը պատա­հած 7.6 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրա­շարժին շուրջ 18,000 անձեր մահա­ցան շէնքե­րու անո­րակ ըլլա­լուն պատճա­ռով, որուն իբրեւ արդիւնք, Թուրքիա որդեգրեց շէնքե­րու շինութեան վերա­բե­րեալ խիստ օրէնքներ, որպէսզի ապա­գա­յին պատա­հե­լիք երկրա­շարժնե­րուն աւե­լի նուազ թիւով զոհեր ունե­նան։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, 1999էն ետք որդեգրուած շինա­րա­րա­կան օրէնքնե­րը չէին գործադրուած. օրի­նակ՝ պէտք եղա­ծին չափ սիմենթ չէին գործա­ծած, առ այդ, Փետրուա­րի երկրա­շարժին շատ մեծ թիւե­րով անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Թուրքիոյ մէջ, շինա­րա­րա­կան ընկե­րութիւննե­րը կը շարունա­կեն ըլլալ քաղա­քա­կա­նա­պէս շատ հզօր։ Անոնք նուի­րա­տուութիւններ կը կատա­րեն բոլոր գլխաւոր կուսակցութիւննե­րուն եւ մեծ ազդե­ցութիւն ունին քաղա­քա­պե­տա­րաննե­րուն վրայ։ Այս ազդե­ցութիւննե­րուն պատճա­ռով, Էրտո­ղա­նի կառա­վա­րութիւնը 2018ին որդեգրեց օրէնք մը, ըստ որուն, շինա­րա­րա­կան ընկե­րութիւննե­րը ստի­պուած պիտի չըլլան շէնքե­րը զօրացնե­լու եւ տկար շէնքե­րը փլե­լու։

Յօդուա­ծը կը շեշտէ, թէ երկրա­շարժնե­րու վերա­բե­րեալ 2018ի շինա­րա­րա­կան օրէնքնե­րու տկա­րա­ցումը նպաստեց մեծ թիւով շէնքե­րու երկրա­շարժնե­րու դիմաց պատրաստ չըլլա­լուն եւ մեծ թիւով զոհե­րու։ Մէկ խօսքով, Էրտո­ղան շինա­րա­րա­կան ընկե­րութիւննե­րու շահե­րը պաշտպա­նե­լով, անոնցմէ չպա­հանջեց կառուցել ապա­հով շէնքեր։

Այս բոլո­րէն ետք պէտք է ակնկա­լէինք, որ Թուրքիոյ ժողո­վուրդը պիտի դատա­պարտէ Էրտո­ղա­նը եւ այս տարուան 14 Մայի­սի Թուրքիոյ ընտրութիւննե­րուն իր ընդվզումը արտա­յայտէ՝ անոր քուէ չտա­լով։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, ժողո­վուրդին կողմէ էրտո­ղա­նի դէմ այդ տեսակ ժխտա­կան շօշա­փե­լի կեցուածք չկայ։ Պատճա­ռը՝ Էրտո­ղան կրցած է լրա­տուա­կան միջոցնե­րը իր ամբողջա­կան ազդե­ցութեան տակ պահել, որուն պատճա­ռով, երկրա­շարժէն ետք, լրա­տուա­կան միջոցնե­րը երկրա­շարժը ներկա­յա­ցուցած են իբրեւ բնութեան արկած մը, փոխա­նակ պատասխա­նա­տու համա­րե­լու Էրտո­ղա­նը։

Մինչ այդ, որովհե­տեւ լրա­տուա­կան միջոցնե­րը կը կը գտնուին Էրտո­ղա­նի ազդե­ցութեան տակ, ընդդի­մա­դիր կուսակցութիւննե­րը դժուա­րութիւն ունին իրենց պատգա­մը հասցնե­լու ժողո­վուրդին եւ դատա­պարտե­լու Էրտո­ղա­նը։ Նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ, բացէն ի բաց Էրտո­ղա­նին հակադրուի­լը վտանգաւոր է, որովհե­տեւ լրագրողներ շարունա­կա­բար կը բանտարկուին Էրտո­ղա­նի նկատմամբ քննա­դա­տա­կան յօդուածներ հրա­պա­րա­կելնուն համար։ Իսկ համա­ցանցի կայքեր եւ ընկե­րա­յին ցանցե­րու հարթակներ կը փակուին, երբ կը հակադրուին Էրտո­ղա­նին։ Սակայն, յօդուա­ծը կը շեշտէ, թէ Էրտո­ղա­նին ունե­ցած ամբողջա­կան ազդե­ցութիւնը լրա­տուա­կան միջոցնե­րուն վրայ չ՛ապահովեր իր յաղթա­նա­կը 14 Մայի­սի ընտրութիւննե­րուն, որովհե­տեւ կան տուեալներ, ըստ որոնց, ժողո­վուրդը դժգոհ է Էրտո­ղա­նէն։ Օրի­նակ՝ վերջերս, ֆութպո­լի խաղի մը ընթացքին, երբ երկրին ամէ­նէն հանրա­ծա­նօթ երկու խումբե­րը կը մրցէին, հազա­րաւոր մարզա­սէրներ սկսան երգել «Սուտեր, խարդա­խութիւն,  20 տարի եղաւ, հրա­ժա­րիր»։

Աճե­մօղլու եւ Թոքկէօզ կը շեշտեն, թէ նոյնիսկ եթէ Էրտո­ղան չընտրուի, Թուրքիոյ դիմագրաւած հարցե­րը կրնան չլուծուիլ։ Անհրա­ժեշտ է հիմնով բարե­լաւել երկրին պետա­կան կառոյցնե­րը, ինչպէս՝ լրա­տուա­կան միջոցնե­րու անկա­խա­ցումը, փտախտի նուա­զե­ցումը, քաղա­քա­կա­նութեան վրայ շինա­րա­րա­կան ընկե­րութիւննե­րու ունե­ցած ազդե­ցութեան տկա­րա­ցումը, եւ այլն։

Այս յօդուա­ծը կարդա­լէս ետք, միտքիս մէջ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան վերա­բե­րեալ երկու նիւթեր եկան։ Առա­ջի­նը՝ երկրա­շարժի վերա­բե­րեալ շինա­րա­րա­կան օրէնքնե­րու մասին է։ Շատ հաւա­նա­բար, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը եւս որդեգրած է շինա­րա­րա­կան օրէնքներ,  որոնք կը պարտադրեն նոր կառուցուող շէնքե­րուն հզօր ըլլա­լը՝ դիմա­նա­լու համար երկրա­շարժնե­րուն, ինչպէս նաեւ օրէնքներ, որոնք կը պահանջեն անցեա­լին կառուցուած շէնքե­րը ամրապնդել, որպէսզի աւե­լի լաւ կերպով դիմագրաւեն երկրա­շարժ մը։ Սակայն, հաւա­նա­բար գլխաւոր հարցա­կա­նը այն է, թէ արդեօք այս շինա­րա­րա­կան օրէնքնե­րը լաւ կերպով կը գործադրուի՞ն։ Յոյսս այն է, թէ գիտա­կից քաղա­քա­ցի­ներ ու Ազգա­յին ժողո­վի պատգա­մաւորներ կը հետեւին աշխա­տանքնե­րուն պետա­կան պաշտօ­նեա­նե­րու, որոնք կը կարգաւո­րեն շինա­րա­րա­կան ճիւղը, որպէսզի շինա­րա­րա­կան օրէնքնե­րը ճշգրիտ կերպով գործադրուին։

Երկրորդը Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան՝ Թուրքիոյ հետ բաղդա­տած ունե­ցած երկու առաւե­լութիւններ են։ Առա­ջին, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան մէջ բոլոր լրա­տուա­կան միջոցնե­րը կառա­վա­րութեան ազդե­ցութեան տակ չեն գտնուիր եւ ընդդի­մութիւնը ունի լրա­տուա­կան միջոցներ՝ իր պատգա­մը հասցնե­լու համար ժողո­վուրդին։ Երկրորդ, երբ լրագրող մը կառա­վա­րութիւնը կամ վարչա­պե­տը կը քննա­դա­տէ, չի ձերբա­կա­լուիր, ինչպէս նաեւ համա­ցանցի կայքեր եւ ընկե­րա­յին ցանցե­րու հարթակներ չեն փակուիր։

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը խօսքի ազա­տութեան վերա­բե­րեալ իր ունե­ցած այս առաւե­լութիւննե­րը պէտք է գնա­հա­տէ եւ փայփա­յէ, որովհե­տեւ այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Թուրքիա չունին այս բոլո­րը, եւ զանոնք օգտա­գործէ, որպէսզի պետութիւնը բարե­լաւէ իր կառոյցնե­րը, ինչպէս՝ դատա­րաննե­րը, բանա­կը, ոստի­կա­նութիւնը, Ազգա­յին ժողո­վը, կրթութիւնը, առողջա­պա­հութիւնը, տնտե­սութիւնը, եւ այլն, եւ ենթա­կա­ռոյցնե­րը, ինչպէս՝ ճամբա­նե­րը, ելեկտրա­կա­նութիւնը, կամուրջնե­րը, կոյուղի­նե­րը, ջրամբարնե­րը, հեռա­հա­ղորդակցութիւնը եւ այլն։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ