Դենի Դիդրո
Շատ հաւանաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս որդեգրած է շինարարական օրէնքներ, որոնք կը պարտադրեն նոր կառուցուող շէնքերուն հզօր ըլլալը՝ դիմանալու համար երկրաշարժներուն, ինչպէս նաեւ օրէնքներ, որոնք կը պահանջեն անցեալին կառուցուած շէնքերը ամրապնդել, որպէսզի աւելի լաւ կերպով դիմագրաւեն երկրաշարժ մը։ Սակայն, հաւանաբար գլխաւոր հարցականը այն է, թէ արդեօք այս շինարարական օրէնքները լաւ կերպով կը գործադրուի՞ն։
Արա Խանճեան
Թուրքիոյ Երկրաշարժը, Ընտրութիւնները Եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը
Թուրքիա ծնած հայ հանրածանօթ տնտեսագէտ, «ԷՄ.Այ.Թի.» համալսարանի դասախօս Տարօն Աճեմօղլու եւ Չիհաթ Թոքկէօզ 29 Մարտին հրապարակեցին յօդուած մը «Փրաճեքթ Սինտիքէյթ» (Project Syndicate) հարթակին վրայ, «Թուրքիան Վերակառուցելու Համար, Վերակառուցէ Անոր Ժողովրդավարութիւնը» խորագիրով։
Աճեմօղլու եւ Չիհաթ կը շեշտեն, թէ 6 Փետրուարին, Թուրքիոյ մէջ պատահած երկրաշարժին առաւել քան 50,000 անձերու մահուան գլխաւոր պատճառը փտախտը եւ շինարարական ընկերութիւններու կողմէ կատարուած անօրէնութիւններն էին։
Յօդուածը կը տեղեկացնէ, թէ 1999ի Իզմիթ քաղաքին մօտերը պատահած 7.6 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժին շուրջ 18,000 անձեր մահացան շէնքերու անորակ ըլլալուն պատճառով, որուն իբրեւ արդիւնք, Թուրքիա որդեգրեց շէնքերու շինութեան վերաբերեալ խիստ օրէնքներ, որպէսզի ապագային պատահելիք երկրաշարժներուն աւելի նուազ թիւով զոհեր ունենան։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, 1999էն ետք որդեգրուած շինարարական օրէնքները չէին գործադրուած. օրինակ՝ պէտք եղածին չափ սիմենթ չէին գործածած, առ այդ, Փետրուարի երկրաշարժին շատ մեծ թիւերով անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցին։
Թուրքիոյ մէջ, շինարարական ընկերութիւնները կը շարունակեն ըլլալ քաղաքականապէս շատ հզօր։ Անոնք նուիրատուութիւններ կը կատարեն բոլոր գլխաւոր կուսակցութիւններուն եւ մեծ ազդեցութիւն ունին քաղաքապետարաններուն վրայ։ Այս ազդեցութիւններուն պատճառով, Էրտողանի կառավարութիւնը 2018ին որդեգրեց օրէնք մը, ըստ որուն, շինարարական ընկերութիւնները ստիպուած պիտի չըլլան շէնքերը զօրացնելու եւ տկար շէնքերը փլելու։
Յօդուածը կը շեշտէ, թէ երկրաշարժներու վերաբերեալ 2018ի շինարարական օրէնքներու տկարացումը նպաստեց մեծ թիւով շէնքերու երկրաշարժներու դիմաց պատրաստ չըլլալուն եւ մեծ թիւով զոհերու։ Մէկ խօսքով, Էրտողան շինարարական ընկերութիւններու շահերը պաշտպանելով, անոնցմէ չպահանջեց կառուցել ապահով շէնքեր։
Այս բոլորէն ետք պէտք է ակնկալէինք, որ Թուրքիոյ ժողովուրդը պիտի դատապարտէ Էրտողանը եւ այս տարուան 14 Մայիսի Թուրքիոյ ընտրութիւններուն իր ընդվզումը արտայայտէ՝ անոր քուէ չտալով։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, ժողովուրդին կողմէ էրտողանի դէմ այդ տեսակ ժխտական շօշափելի կեցուածք չկայ։ Պատճառը՝ Էրտողան կրցած է լրատուական միջոցները իր ամբողջական ազդեցութեան տակ պահել, որուն պատճառով, երկրաշարժէն ետք, լրատուական միջոցները երկրաշարժը ներկայացուցած են իբրեւ բնութեան արկած մը, փոխանակ պատասխանատու համարելու Էրտողանը։
Մինչ այդ, որովհետեւ լրատուական միջոցները կը կը գտնուին Էրտողանի ազդեցութեան տակ, ընդդիմադիր կուսակցութիւնները դժուարութիւն ունին իրենց պատգամը հասցնելու ժողովուրդին եւ դատապարտելու Էրտողանը։ Նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ, բացէն ի բաց Էրտողանին հակադրուիլը վտանգաւոր է, որովհետեւ լրագրողներ շարունակաբար կը բանտարկուին Էրտողանի նկատմամբ քննադատական յօդուածներ հրապարակելնուն համար։ Իսկ համացանցի կայքեր եւ ընկերային ցանցերու հարթակներ կը փակուին, երբ կը հակադրուին Էրտողանին։ Սակայն, յօդուածը կը շեշտէ, թէ Էրտողանին ունեցած ամբողջական ազդեցութիւնը լրատուական միջոցներուն վրայ չ՛ապահովեր իր յաղթանակը 14 Մայիսի ընտրութիւններուն, որովհետեւ կան տուեալներ, ըստ որոնց, ժողովուրդը դժգոհ է Էրտողանէն։ Օրինակ՝ վերջերս, ֆութպոլի խաղի մը ընթացքին, երբ երկրին ամէնէն հանրածանօթ երկու խումբերը կը մրցէին, հազարաւոր մարզասէրներ սկսան երգել «Սուտեր, խարդախութիւն, 20 տարի եղաւ, հրաժարիր»։
Աճեմօղլու եւ Թոքկէօզ կը շեշտեն, թէ նոյնիսկ եթէ Էրտողան չընտրուի, Թուրքիոյ դիմագրաւած հարցերը կրնան չլուծուիլ։ Անհրաժեշտ է հիմնով բարելաւել երկրին պետական կառոյցները, ինչպէս՝ լրատուական միջոցներու անկախացումը, փտախտի նուազեցումը, քաղաքականութեան վրայ շինարարական ընկերութիւններու ունեցած ազդեցութեան տկարացումը, եւ այլն։
Այս յօդուածը կարդալէս ետք, միտքիս մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերեալ երկու նիւթեր եկան։ Առաջինը՝ երկրաշարժի վերաբերեալ շինարարական օրէնքներու մասին է։ Շատ հաւանաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս որդեգրած է շինարարական օրէնքներ, որոնք կը պարտադրեն նոր կառուցուող շէնքերուն հզօր ըլլալը՝ դիմանալու համար երկրաշարժներուն, ինչպէս նաեւ օրէնքներ, որոնք կը պահանջեն անցեալին կառուցուած շէնքերը ամրապնդել, որպէսզի աւելի լաւ կերպով դիմագրաւեն երկրաշարժ մը։ Սակայն, հաւանաբար գլխաւոր հարցականը այն է, թէ արդեօք այս շինարարական օրէնքները լաւ կերպով կը գործադրուի՞ն։ Յոյսս այն է, թէ գիտակից քաղաքացիներ ու Ազգային ժողովի պատգամաւորներ կը հետեւին աշխատանքներուն պետական պաշտօնեաներու, որոնք կը կարգաւորեն շինարարական ճիւղը, որպէսզի շինարարական օրէնքները ճշգրիտ կերպով գործադրուին։
Երկրորդը Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Թուրքիոյ հետ բաղդատած ունեցած երկու առաւելութիւններ են։ Առաջին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բոլոր լրատուական միջոցները կառավարութեան ազդեցութեան տակ չեն գտնուիր եւ ընդդիմութիւնը ունի լրատուական միջոցներ՝ իր պատգամը հասցնելու համար ժողովուրդին։ Երկրորդ, երբ լրագրող մը կառավարութիւնը կամ վարչապետը կը քննադատէ, չի ձերբակալուիր, ինչպէս նաեւ համացանցի կայքեր եւ ընկերային ցանցերու հարթակներ չեն փակուիր։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը խօսքի ազատութեան վերաբերեալ իր ունեցած այս առաւելութիւնները պէտք է գնահատէ եւ փայփայէ, որովհետեւ այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Թուրքիա չունին այս բոլորը, եւ զանոնք օգտագործէ, որպէսզի պետութիւնը բարելաւէ իր կառոյցները, ինչպէս՝ դատարանները, բանակը, ոստիկանութիւնը, Ազգային ժողովը, կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, տնտեսութիւնը, եւ այլն, եւ ենթակառոյցները, ինչպէս՝ ճամբաները, ելեկտրականութիւնը, կամուրջները, կոյուղիները, ջրամբարները, հեռահաղորդակցութիւնը եւ այլն։
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։