19.2 C
Yerevan

Երբ Սահմա­նը Կը Հատուի…

Հետեւա­բար ո՛չ Հայաստա­նի վարչա­պե­տը, ո՛չ կառա­վա­րութիւնը եւ ոչ ալ այլք կրնան որո­շել կամ ճշդել անհա­տի մը կամ հաւա­քա­կա­նութեան մը հայրե­նի­քը։ Ինչպէս ազգա­յին պատկա­նե­լիութիւնը գիտակցա­կան է, նոյնն է պարա­գան նաեւ հայրե­նի­քին, մասնաւո­րա­բար ակա­մայ սփիւռք յայտնուածնե­րուն։ Ազգա­յին գիտակցութիւնն ու հայրե­նի­քը շաղկա­պուած են։

Գէորգ Թորո­յեան

Անցնող շաբթուան ընթացքին, Հայաստա­նի վարչա­պետ Նիկոլ Փաշի­նեան երկու հարցազրոյցնե­րու ընթացքին յայտա­րա­րութիւններ կատա­րեց, որոնք իւրա­քանչիւր հայու միտքին մէջ մեծ հարցա­կաններ պէտք է ստեղծեն վարչա­պե­տին ազգա­յին եւ հայկա­կա­նութեան ընկա­լումնե­րուն եւ արժե­հա­մա­կարգին շուրջ։

Փրա­կի մէջ, հայ համայնքի հետ հանդի­պումի ընթացքին, Հայաստա­նի վարչա­պե­տը բառա­ցիօ­րէն ըսաւ. «Հայրե­նի­քը էն ա, որտեղ ապրում են»։

2018ի Մայիս մէկին, Հայաստա­նի խորհրդա­րա­նին մէջ, Փաշի­նեան վարչա­պե­տի թեկնա­ծուա­կան իր ճառին մէջ ըսած էր, թէ պատմութեան 1000ամեայ անիւը պիտի շրջենք եւ հայրե­նա­դարձութիւնը պիտի ըլլայ իր կառա­վա­րութեան քաղա­քա­կա­նութեան հիմնա­կան ուղղութիւննե­րէն մէկը։

Այս երկու յայտա­րա­րութիւննե­րը հակա­սա­կան են։ Առա­ջի­նը չի բխիր ոչ հայ ժողո­վուրդի, ոչ ալ հայոց պետա­կա­նութեան շահե­րէն։ Վարչա­պե­տին այս միտքը լաւա­գոյնս կ՛արտացոլացնէ ժողովրդա­յին մերժե­լի խօսքը. «Ուր հաց հոն կաց»։

Եթէ փորձենք պարզ բառե­րով բնո­րո­շել հայրե­նիք հասկա­ցութիւնը, ապա հայրե­նի­քը այն տարածքն է, ուր ժողո­վուրդ մը դարեր, հազա­րա­մեակներ շարունակ ապրած է, պատմութիւն կերտած է, մշա­կոյթ ստեղծած է եւ իբրեւ հաւա­քա­կա­նութիւն իր ինքնուրոյնութիւնը պահպա­նած եւ զարգա­ցուցած է։

Փաշի­նեան իր այս յայտա­րա­րութեամբ սփիւռքա­հա­յութեան եւ հայաստա­նաբնակ հայութեան միջեւ գոյութիւն ունե­ցող անջրպե­տը կը խորացնէ։ Ան չընդունիր, որ Սփիւռքի հայութեան հայրե­նի­քը Հայաստանն է։ Սակայն եթէ վերա­դառնանք 2018ի իր յայտա­րա­րութեան, ապա հարց կը յառա­ջա­նայ. ինչու կազմա­կերպել հայրե­նա­դարձութիւն, եթէ Հայաստա­նը հայրե­նի­քը չէ Սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան։ Միա­ժա­մա­նակ, ան տողա­տա­կով կը յայտնէ, թէ միմիայն Հայաստա­նի մէջ ապրող հայե­րու իրաւունքն է Հայաստա­նի հարցե­րով զբա­ղիլ։ Դժբախտա­բար, այս վարքա­գի­ծը միմիայն ներկայ վարչա­պե­տին յատուկ չէ։ Հայաստա­նի անկա­խա­ցումէն ի վեր, Հայաստա­նի իրա­րա­յա­ջորդ իշխա­նութիւննե­րը նոյնանման քաղա­քա­կա­նութիւն վարե­ցին սփիւռքա­հա­յութեան նկատմամբ, զայն նկա­տե­լով «դրսե­ցի», «արտա­սահմանցի» երբեմն նոյնիսկ օտար։ Այլ հարց է, թէ երկքա­ղա­քա­ցիութիւնը քաղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան ինչ նպա­տակներ կը հետապնդէր։ Եւ այս պարունա­կին մէջ, վարչա­պե­տին պէտք է հարց տալ, թէ ինչ իմաստ ունին Սփիւռքի յանձնա­կա­տա­րի պաշտօ­նը, կամ Հայաստան-Սփիւռք համա­տեղ ժողովնե­րը, նախա­ձեռնութիւննե­րը, Համա­հայկա­կան հիմնադրա­մը եւայլն։

Այստեղ կ՛արժէ օրի­նակ բերել հրեա­նե­րը, որոնք երկու հազար տարի իրենց հայրե­նի­քէն դուրս ապրե­լով հանդերձ, Հրէաստա­նը համա­րե­ցին իրենց հայրե­նի­քը եւ 2000 տարի ետք վերա­դարձան այնտեղ եւ այսօր, գոնէ իրենց տարա­ծաշրջա­նի ամէ­նէն զարգա­ցած եւ զօրաւոր պետութիւնը հաստա­տած են։ Փաշի­նեա­նի այս տրա­մա­բա­նութեամբ, այսօր Հրէաստան գոյութիւն պիտի չունե­նար։ Եւ այս շրջա­գի­ծէն ներս, Հայաստա­նի վարչա­պե­տը ինչպէս կը բացատրէ հազա­րաւոր սփիւռքա­հա­յե­րու հայրե­նա­դարձութիւնը, առանց պետա­կան հովա­նաւո­րութեան կամ նեցուկին։

Հետեւա­բար ո՛չ Հայաստա­նի վարչա­պե­տը, ո՛չ կառա­վա­րութիւնը եւ ոչ ալ այլք կրնան որո­շել կամ ճշդել անհա­տի մը կամ հաւա­քա­կա­նութեան մը հայրե­նի­քը։ Ինչպէս ազգա­յին պատկա­նե­լիութիւնը գիտակցա­կան է, նոյնն է պարա­գան նաեւ հայրե­նի­քին, մասնաւո­րա­բար ակա­մայ սփիւռք յայտնուածնե­րուն։ Ազգա­յին գիտակցութիւնն ու հայրե­նի­քը շաղկա­պուած են։

Երկրորդ յայտա­րա­րութիւնը ան կատա­րեց «Ազա­տութիւն» ձայնասփիւռի կայա­նի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ ան սխալ նկա­տեց Երեւա­նի մէջ «Նեմեսիս»ի հերոսնե­րուն նուի­րուած յուշա­կո­թո­ղին տեղադրումը։ Հակա­ռակ անոր, որ լրագրո­ղը փորձեց այդ յուշա­կո­թո­ղին տեղադրման պատասխա­նա­տուութիւնը դնել նաեւ վարչա­պե­տի ուսե­րուն, սակայն ան կտրուկ կերպով հրա­ժա­րե­ցաւ ընդուե­լէ այդ պնդումը։ Թէ ինչու սխալ էր, վարչա­պե­տը չմանրա­մասնեց, այլ փորձեց հարցին էութիւնը փոխադրել այլ հարթութեան վրայ։

Նախ պէտք է յիշեցնել պրն․ վարչա­պե­տին, որ այդ յուշա­կո­թո­ղը նուի­րուած է հերոսնե­րու, որոնք արդար դատաստան տեսան թուրք ցեղասպաննե­րուն։ Եւ եթէ այսօ­րուայ Թուրքիոյ պետա­կան այրե­րը ընդվզած են եւ սպառնա­լիքներ կը հնչեցնեն, ապա մանկա­միտ պէտք է ըլլալ հաւա­տա­լու, որ այդ յուշա­կո­թողն է պատճա­ռը։

Փակա­գիծ բանա­լով յիշենք, որ անցեալ Հոկտեմբե­րին Թուրքիոյ նախա­գա­հը հայ-թրքա­կան յարա­բե­րութիւննե­րու բարե­լաւումը կապած էր Հայաստան-Ատրպէյճան յարա­բե­րութիւննե­րու բարե­լաւման հետ։ Իսկ նոյն այս օրե­րուն Ուա­շինկթը­նի մէջ ամե­րի­կեան հովա­նաւո­րութեամբ եւ միջնորդութեամբ բանակցութիւններ տեղի ունե­ցան Հայաստա­նի եւ Ատրպէյճա­նի միջեւ, որոնց ընթացքը այդքան ալ Ատրպէյճա­նի «սրտով» չէ եղած։ Այսինքն՝ թուրքե­րու պատգա­մը պարզ է, որ Հայաստա­նը յաւե­լեալ զիջումներ կատա­րէ Ատրպէյճա­նին։

Միա­ժա­մա­նակ, կարե­լի է Թուրքիոյ արտա­քին գործոց նախա­րա­րին յիշեցնել, թէ «Նեմե­սիս» գործո­ղութիւնը կատա­րուած է անոնց հանդէպ, որոնք նոյնինքն Թուրքիոյ դատա­րա­նին կողմէ մահուան դատա­պարտուած էին 1919ին։

Վերջա­պէս, պրն․ վարչա­պե­տին պէտք է յուշել, որ եթէ այդ յուշա­կո­թո­ղին տեղադրումը սխալ է, ապա Ծիծեռնա­կա­բերդի գոյութիւնը ինչո՞ւ համար է։ Ժողո­վուրդնե­րը սգա­լով չեն գոյա­տեւեր, այլ պայքա­րե­լով։

Այս հարցով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրի­գո­րեան աւե­լի ճիշդ գնա­հա­տա­կան տուաւ։ Ան ըսաւ, թէ նման յուշա­կո­թողնե­րու տեղադրումը Հայաստա­նի ներքին հարցն է։

Այսպէս ալ պէտք է ըլլայ։ Եթէ Հայաստա­նի վարչա­պե­տը կը յաւակնի անկախ պետութիւն ստեղծել, ապա անկա­խութեան հիմքը պէտք է ըլլայ ինքնուրոյն որո­շումներ կայացնել, մեկնե­լով հայ ժողո­վուրդի երազնե­րէն, նպա­տակնե­րէն եւ իղձե­րէն։

«Նեմեսիս»ի նուի­րուած յուշա­կո­թո­ղը մեր ազգա­յին արժա­նա­պա­տուութեան արտա­յայտիչն է եւ անոր տեղադրումը սխալ համա­րե­լը մեծա­գոյն սխալն է։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ