16.3 C
Yerevan

Քաղքե­նիութեան Վերապրումի Ճկունութիւնը

Հ.Յ.Դ. Ծրա­գի­րը չի բաժներ փութկո­տութիւնը ընկերվա­րա­կան շարժումի այն ծայրա­յե­ղա­կաննե­րուն, որոնք մէկուկէս դարէ ի վեր կ՛օրօրուին քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութեան մօտա­լուտ փլուզման յոյսով։

Նազա­րեթ Բերբերյան

Այբուբեն

ԽԱԺԱԿ

Հ.Յ.Դ. Ծրա­գի­րը իր Ընդհա­նուր Տեսութեան բաժնով կը կատա­րէ քննա­դա­տութիւնը դրա­մա­տի­րա­կան քաղքե­նի հասա­րա­կարգին բնո­րոշ ժամա­նա­կա­կից հակա­սութիւննե­րուն։

Աւե­լի ճիշդ՝ լուսարձա­կի տակ կ’առնէ այն մեքե­նա­կա­նութիւնը, որուն դիմեց եւ կը շարունա­կէ դիմել քաղքե­նիութիւնը՝ ապա­հո­վե­լու համար գոյա­տեւումն ու ամրապնդումը իր հաստա­տած դրա­մա­տի­րա­կան անարդար կարգե­րուն։

Եւ առա­ջին հերթին մերկա­ցումը կը կատա­րէ նոյնինքն սեփա­կան ժողո­վուրդի աշխա­տաւո­րութեան նկատմամբ քաղքե­նի դասա­կարգին որդեգրած շահա­գործումի մեքե­նա­կա­նութեան ծալքե­րուն՝ որո­շա­պէս մեքե­նա­յութիւննե­րուն.-

«իր պատմա­կան զարգացման ընթացքին եւ առանձնա­պէս իր ներկայ փուլին մէջ դրա­մա­տի­րութիւնը, մանաւանդ հոն՝ ուր ճարտա­րա­րուեստա­կա­նա­ցումը առա­ջա­ցած է, իր տնտե­սա­կան կառոյցի վերապրումը ապա­հո­վե­լու համար, հարկադրուած է որոշ պատշա­ճե­ցումներ մտցնե­լու պետութեան եւ աշխա­տաւո­րութեան յարա­բե­րութեանց մէջ, ինչպէս, օրի­նակ, ընկե­րա­յին ապա­հո­վութեան դրութեանց հաստա­տումը եւ աշխա­տաւորնե­րու մասնա­կի բաժնեկցութիւնը տնտե­սա­կան հիմնարկնե­րու»։

Հ.Յ.Դ. Ծրագրին այս բաժի­նը, յաջորդա­կան իր պարբե­րութիւննե­րով, կը վերլուծէ նաեւ այն մեքե­նա­կա­նութիւնը, որուն կիրարկումով քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութիւնը կը փորձէ իր աքցա­նին մէջ առնել ամբողջ աշխարհը։

Քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութիւնը կը փորձէ ոչ միայն դասա­կարգա­յին շահա­գործումի ենթարկել ազգի մը ներքին կեանքը, այլեւ նոյնինքն ազգե­րուն միջեւ յառա­ջացնել իշխա­նաւո­րի եւ իշխա­նա­զուրկի դասա­կարգում։

Բազմա­զան են այն քայլե­րը, որոնց կը դիմէ քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութիւնը՝ ապա­հո­վե­լու համար իր վերապրումը, իբրեւ համաշխարհա­յին դրութիւն մը, որ միա­ժա­մա­նակ ներ-ազգա­յին թէ միջ-ազգա­յին մակարդակնե­րու վրայ հետա­մուտ է շահա­գործումի։

Անմի­ջա­պէս կ՛արժէ կեդրո­նա­նալ քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութեան նոյնինքն վերապրումի հարցին վրայ։

Հ.Յ.Դ. Ծրա­գի­րը չի բաժներ փութկո­տութիւնը ընկերվա­րա­կան շարժումի այն ծայրա­յե­ղա­կաննե­րուն, որոնք մէկուկէս դարէ ի վեր կ՛օրօրուին քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութեան մօտա­լուտ փլուզման յոյսով։

Անկասկած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւս, իբրեւ յեղա­փո­խա­կան ու ընկերվա­րա­կան կուսակցութիւն, գաղա­փա­րա­կան իր դիրքո­րո­շումնե­րուն մէջ կ՛առաջնորդուի այն անխախտ համո­զումով, թէ անխուսա­փե­լի է դրա­մա­տի­րութեան փոխա­րի­նումը ընկերվա­րա­կան կարգե­րով։

Ճշմարտութեան սիրոյն նաեւ պէտք է հաստա­տել, որ կար ժամա­նակ (1890ականներուն), երբ Անդրա­նիկ մեր Ծրագրով մենք եւս կը փութա­յինք յորդո­րե­լու, որ «պատրաստ գտնուինք անցնե­լու հանրա­յին այն կազմա­կերպութեան, որ այսօր-վաղը պիտի հաստա­տուի տնտե­սա­պէս աւե­լի զարգա­ցած երկիրնե­րու մէջ՝ պռո­լե­տա­րիա­տի յեղա­փո­խութեամբ»։

Բայց արդէն 1907ին, Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին կողմէ վերամշա­կուած մեր Ծրա­գի­րը թօթա­փած էր «այսօր-վաղը» ընկերվա­րութեան հասնե­լու այդ անի­րա­տե­սութիւնը, որովհե­տեւ՝

Նախ՝ կը գիտակցէր, թէ ընկե­րա­յին յեղաշրջումի համար անհրա­ժեշտ են մտայնութիւննե­րու եւ ընկե­րա­յին արժէքնե­րու ամբողջա­կան վերա­նա­յումը։

Ապա՝ կ՛անդրադառնար, որ դրա­մա­տէր քաղքե­նիութիւնը ունի աշխա­տաւո­րա­կան շարժումնե­րը թէ ազգա­յին ազա­տագրա­կան պայքարնե­րը շրջանցե­լու, այլեւ ու մանաւանդ՝ անոնց հարուածնե­րէն վերապրե­լու ընդգծե­լի ճկունութիւն մը։

Ընկերվա­րա­կան միտքը իրաւունք չունի արհա­մարհե­լու կամ թերագնա­հա­տե­լու քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութեան վերապրումի «կարո­ղա­կա­նութիւնը»։

Փաստօ­րէն Ֆրանսա­կան Մեծ Յեղա­փո­խութե­նէն ի վեր քաղքե­նիութիւնը ամէն քայլա­փո­խի կու տայ ապա­ցոյցը համա­ժո­ղովրդա­կան շարժումնե­րը դասա­կարգա­յին իր նեղ շահե­րուն ճարտա­րօ­րէն ու հնա­րամտօ­րէն ծառա­յեցնե­լու ճկունութեան։

Ժողովրդա­յին բազմութիւննե­րը իրենց արիւնը կը թափեն, որպէսզի թօթա­փեն բռնա­տի­րութեանց ուժը եւ վայե­լեն ազա­տութեան բարիքնե­րը։

Բայց հազիւ իրենց պայքա­րը յաղթա­նա­կով պսա­կած՝ անոնք դառնօ­րէն կ՛անդրադառնան, որ իրենց անունով իշխա­նութեան գլուխ եկող քաղքե­նի ուժեր կը փորձեն առանձնաշնորհեալ ագա­րա­կի վերա­ծել պետութիւնը։

Անոնք նաեւ զանգուածնե­րու նուա­ճած իրաւունքնե­րէն կամ ազա­տութիւննե­րէն միայն աւելցուք փշրանքներ բաժին կը հանեն ժողո­վուրդին։

Աշխա­տաւոր բազմութիւննե­րը փաստօ­րէն պայքա­րի դաշտ կը նետուին եւ յանձն կ՛առնեն ամէն զոհո­ղութիւն, որպէսզի մարդկօ­րէն աւե­լի տանե­լի պայմաննե­րու մէջ աշխա­տին եւ վայե­լեն իրենց արտադրած բարիքնե­րը։

Բայց աշխա­տաւո­րա­կան պայքարնե­րով ձեռք բերուած շատ մը իրաւունքներ դարձեալ եւ շուտով կ՛օգտագործուին քաղքե­նիութեան կողմէ, որպէսզի ան՝ իբր թէ իր «շնորհած» այդ բարիքնե­րուն փոխա­րէն՝ ապա­հո­վէ աշխա­տաւո­րութեան անձնա­տուութիւնն ու համա­կերպումը քաղքե­նի իշխա­նութեանց։

Եւ այսպէս, յանուն ժողովրդա­վա­րութեան եւ ընկերվա­րութեան ծաւա­լած բողո­քի ցոյցե­րուն եւ յեղա­փո­խա­կան պորթկումնե­րուն ճնշումին տակ քայլ առ քայլ տեղի տալով հանդերձ, քաղքե­նիութիւնը փաստօ­րէն կրցած է ձեռք ձգել դրա­մա­տի­րութիւնը «ընդունե­լի դարձնել»ու որո­շա­կի մեքե­նա­կա­նութիւն մը։

Վերապրումի մեքե­նա­կա­նութիւն մը, որուն միջո­ցաւ քաղքե­նիութիւնը կը փորձէ՝ նոյնինքն աշխա­տաւո­րէն իր խլած յաւե­լեալ արժէ­քին հաշւոյն՝ ընկե­րա­յին ապա­հո­վութեան կամ տնտե­սա­կան ինքնա­վա­րութեան փշրանքներ իբր թէ «շնորհել» աշխա­տաւո­րութեան։

Այս պատճա­ռով ալ, ընկերվա­րա­կան կարգե­րու հաստատման ի խնդիր մղուող պայքա­րին մէջ, Հ.Յ.Դ. Ծրա­գի­րը կարեւո­րութեամբ կը շեշտէ դրա­մա­տէր քաղքե­նիութեան վերապրումի մեքե­նա­կա­նութիւնը գաղա­փա­րա­բա­նա­կան քննա­դա­տութեան լուսարձա­կին տակ պահե­լու անհրա­ժեշտութիւնը։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ