27.1 C
Yerevan

Ժողո­վուրդին Տէր Կանգնիլ

Քանի մը տասնեակ կամ հարիւրաւոր անդամներ հաշուող ընդյա­տա­կեայ խմբաւո­րումներն անգամ, ինչպէս անցեալ դարասկիզբի Ածխա­գործնե­րը կամ նորօ­րեայ Կարմիր Չոկատնե­րը, չեն վարա­նիր ամբողջ ժողո­վուրդի մը կամ աշխա­տաւոր ամբողջ մարդկութեան անունով խօսե­լու՝ ներկա­յա­նա­լու իբրեւ ամէ­նէն յառա­ջա­պահ ուժը պայքա­րի լծուած յեղա­փո­խա­կաննե­րուն։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ընկե­րա­կան Զրոյցներ

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻԼ

ԽԱԺԱԿ

Կուսակցութիւննե­րը նկա­րա­գիր կը ստա­նան սեփա­կան ժողո­վուրդին տէր կանգնե­լու իրենց եղա­նա­կով։

Այդ պատճա­ռով ալ, կազմա­կերպա­կան հարցե­րուն ամէ­նէն կնճռոտն է ժողո­վուրդի մը տիրութիւն ընե­լու անհրա­ժեշտութիւնը։

Գաղա­փա­րա­կան ոչ մէկ շարժում կրնայ խուսա­փիլ կուսակցութիւննե­րու գոյութիւնն իսկ իմաստաւո­րող այդ պարտաւո­րութե­նէն։

Ժողո­վուրդին հետ ի՛նչ ձեւի յարա­բե­րութիւն ալ ունե­նայ, կուսակցութիւն մը անպայման կը խօսի եւ կ՛ուզէ խօսիլ սեփա­կան ժողո­վուրդին տէր կանգնո­ղի դիրքե­րէն մեկնե­լով։

Քանի մը տասնեակ կամ հարիւրաւոր անդամներ հաշուող ընդյա­տա­կեայ խմբաւո­րումներն անգամ, ինչպէս անցեալ դարասկիզբի Ածխա­գործնե­րը կամ նորօ­րեայ Կարմիր Չոկատնե­րը, չեն վարա­նիր ամբողջ ժողո­վուրդի մը կամ աշխա­տաւոր ամբողջ մարդկութեան անունով խօսե­լու՝ ներկա­յա­նա­լու իբրեւ ամէ­նէն յառա­ջա­պահ ուժը պայքա­րի լծուած յեղա­փո­խա­կաննե­րուն։

Պարզ ու որոշ է, որ կուսակցութեան մը գաղա­փա­րա­կան յաւակնութիւննե­րուն վրայ կարե­լի չէ հիմնուիլ, իրապէ՛ս ժողովրդա­յին շարժում մը ըլլա­լու անոր արժէ­քը ճշդե­լու եւ չափե­լու համար։

Նուա­զա­գոյն պայման մը գոյութիւն ունի եւ գաղա­փա­րա­կան շարժում մը անպայման պէտք է օժտուի ժողովրդա­յին խարիսխով, որպէսզի կարե­նայ դիմա­նալ ժամա­նա­կի մաշումին իբրեւ ժողովրդա­յին կազմա­կերպութիւն։

Նուա­զա­գոյն պայմանն է ատի­կա, որովհե­տեւ կուսակցութեան մը ժողովրդա­յին խարիսխը ինքնին բաւա­րար չէ ժողովրդա­վար հասկա­ցո­ղութեամբ ժողովրդա­յին բազմութիւննե­րուն տէր կանգնե­լու համար։

Խօսուն է օրի­նա­կը Ֆաշա­կան կուսակցութիւննե­րուն, որոնք արմատներ կ՛երկարեն ժողովրդա­յին կեանքի բոլոր մարզե­րուն մէջ, հանրօ­գուտ նախա­ձեռնութեանց ալ կը դիմեն եւ սեփա­կան հանրութեան տէր կը կանգնին, բայց այդ բոլո­րը կ՛ընեն ամբողջ ժողո­վուրդը կամա­զուրկ ամբո­խի մը վերա­ծե­լու եւ անոր վրայ «առա­քե­լա­տիպ» իրենց ղեկա­վա­րին կամքը բրտօ­րէն պարտադրե­լու ձգտումով։

Նոյնքան խօսուն է փորձա­ռութիւնը համայնա­վար կուսակցութիւննե­րուն, որոնք իրենց կարգին եւ աւե­լիով հետա­մուտ կ՛ըլլան ժողովրդա­յին շարքե­րու կազմա­կերպումին։

Անոնք թափ կուտան արհեստակցա­կան միութեանց եւ մշա­կութա­յին թէ երի­տա­սարդա­կան շարժումներ կը ծաւա­լեն, բայց վերջին հաշուով միայն կուսակցա­կան իրենց կառոյցին եւ, աւելի՛ն, ղեկա­վար իրենց մարմիննե­րուն կը վերա­պա­հեն ժողո­վուրդին թարգմա­նը ըլլա­լու իրաւա­սութիւնը։

Տարբեր չէ պարա­գան նաեւ Ազա­տա­կան կուսակցութիւննե­րուն , ուղղա­կի այդ անունով, թէ Պահպա­նո­ղա­կան կամ Արմա­տա­կան դրօ­շով ներկա­յա­ցուած ըլլան անոնք։

Իրենց հերթին անոնք ալ ժողովրդա­յին կազմա­կերպութիւն կ՛առաջացնեն՝ պարզա­պէս անոր վրայ խարսխե­լու համար իրենց իշխա­նաւոր ընտրա­նիի քաղա­քա­կան ուժը։

Իշխա­նաւոր Ընտրա­նի՝ որ կը գործէ հանրա­յին կարծիք ձեւաւո­րե­լու եւ առաջնորդե­լու, ընտրա­կան խարիսխ յարդա­րե­լու եւ օգտա­գործե­լու վերջին հաշուով հակա­ժո­ղովրդա­կան մտայնութեամբ։

Հարցը կը յանգի, հետեւա­բար, սեփա­կան ժողո­վուրդին տէր կանգնե­լու ժողովրդա­վար հասկա­ցո­ղութիւնը ամրագրե­լու հրա­մա­յա­կա­նին։

Նոյն այդ մեկնա­կէ­տով ալ, կազմա­կերպա­կան մեր առօ­րեա­յին մէջ, գաղա­փա­րա­կան մեր շարժումը հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն շեշտ կը դնէ մեր ժողո­վուրդին դաշնակցա­կա­նօ­րէն տէր ըլլա­լու նախա­պայմա­նին վրայ։

Այդ առա­ջադրանքին կը ծառա­յէ ազգա­յին-միութե­նա­կան մեր ցանցին տարա­ծումը Հայ կեանքի բոլոր մարզե­րուն մէջ։

Նոյն տրա­մա­բա­նութեան կը հետեւի ժողովրդա­յին խաւե­րուն հետ ամէ­նօ­րեայ կապի մէջ ըլլա­լու եւ, այդ ճամբով, ուժե­ղա­նա­լու մեր կառոյցնե­րուն կազմա­կերպա­կան աշխուժութիւնը։

Այդպէ՛ս կ՛առաջնորդուի ու կ՛իմաստաւորուի մեր կուսակցութիւնը՝ յեղա­փո­խա­կան իր կոչումով իսկ՝ նոյնինքն ժողո­վուրդը սեփա­կան կարիքնե­րու ուղղութեամբ շարժման մղե­լու եւ սեփա­կան իրաւունքնե­րուն պահանջա­տէր դարձնե­լու առա­ջադրանքով։

Դաշնակցա­կա­նին համար‘ ժողո­վուրդին տէր կանգնե­լու տարբեր եղա­նակ գոյութիւն չունի։

Այն չափով, որ մեր ժողո­վուրդը նոյնինքն մեր կուսակցութե­նէն հաշիւ պահանջե­լու կազմա­կերպա­կան միջոցնե­րուն տիրա­ցած է, նոյնինքն գաղա­փա­րա­կան իր ճիշդ հունին մէջ դրուած կ՛ըլլայ Հայ ազգին բովանդակ շահե­րը ամէ­նուրեք պաշտպա­նե­լու ծրագրա­յին մեր յանձնա­ռութիւնը՝

Իրաւա­տէր հայութեան պահանջա­տի­րա­կան պայքա­րին տէր կանգնե­լու Դաշնակցա­կա­նին կուսակցա­կան կոչումը։

Նոյն ճամբով է պայմա­նաւո­րուած, նաեւ, մեր կազմա­կերպա­կան կառոյցնե­րուն աշխուժա­ցումը՝

Որովհե­տեւ սեփա­կան ժողո­վուրդին տէր կանգնե­լու համար՝ գաղա­փա­րա­կան շարժում մը պէտք է ամբողջացնէ ժողո­վուրդի ձայնին ամէ­նօ­րեայ կապով ականջա­լուր մնա­լու պայմա­նը։

Ժողո­վուրդը իր ճակա­տագրի կերտումին տէրը դարձնե­լու նախա­պայմա­նը։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ