Հայաստան

Ժողովուրդին Տէր Կանգնիլ

Քանի մը տասնեակ կամ հարիւրաւոր անդամներ հաշուող ընդյատակեայ խմբաւորումներն անգամ, ինչպէս անցեալ դարասկիզբի Ածխագործները կամ նորօրեայ Կարմիր Չոկատները, չեն վարանիր ամբողջ ժողովուրդի մը կամ աշխատաւոր ամբողջ մարդկութեան անունով խօսելու՝ ներկայանալու իբրեւ ամէնէն յառաջապահ ուժը պայքարի լծուած յեղափոխականներուն։

Նազարեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ընկերական Զրոյցներ

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻԼ

ԽԱԺԱԿ

Կուսակցութիւնները նկարագիր կը ստանան սեփական ժողովուրդին տէր կանգնելու իրենց եղանակով։

Այդ պատճառով ալ, կազմակերպական հարցերուն ամէնէն կնճռոտն է ժողովուրդի մը տիրութիւն ընելու անհրաժեշտութիւնը։

Գաղափարական ոչ մէկ շարժում կրնայ խուսափիլ կուսակցութիւններու գոյութիւնն իսկ իմաստաւորող այդ պարտաւորութենէն։

Ժողովուրդին հետ ի՛նչ ձեւի յարաբերութիւն ալ ունենայ, կուսակցութիւն մը անպայման կը խօսի եւ կ՛ուզէ խօսիլ սեփական ժողովուրդին տէր կանգնողի դիրքերէն մեկնելով։

Քանի մը տասնեակ կամ հարիւրաւոր անդամներ հաշուող ընդյատակեայ խմբաւորումներն անգամ, ինչպէս անցեալ դարասկիզբի Ածխագործները կամ նորօրեայ Կարմիր Չոկատները, չեն վարանիր ամբողջ ժողովուրդի մը կամ աշխատաւոր ամբողջ մարդկութեան անունով խօսելու՝ ներկայանալու իբրեւ ամէնէն յառաջապահ ուժը պայքարի լծուած յեղափոխականներուն։

Պարզ ու որոշ է, որ կուսակցութեան մը գաղափարական յաւակնութիւններուն վրայ կարելի չէ հիմնուիլ, իրապէ՛ս ժողովրդային շարժում մը ըլլալու անոր արժէքը ճշդելու եւ չափելու համար։

Նուազագոյն պայման մը գոյութիւն ունի եւ գաղափարական շարժում մը անպայման պէտք է օժտուի ժողովրդային խարիսխով, որպէսզի կարենայ դիմանալ ժամանակի մաշումին իբրեւ ժողովրդային կազմակերպութիւն։

Նուազագոյն պայմանն է ատիկա, որովհետեւ կուսակցութեան մը ժողովրդային խարիսխը ինքնին բաւարար չէ ժողովրդավար հասկացողութեամբ ժողովրդային բազմութիւններուն տէր կանգնելու համար։

Խօսուն է օրինակը Ֆաշական կուսակցութիւններուն, որոնք արմատներ կ՛երկարեն ժողովրդային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, հանրօգուտ նախաձեռնութեանց ալ կը դիմեն եւ սեփական հանրութեան տէր կը կանգնին, բայց այդ բոլորը կ՛ընեն ամբողջ ժողովուրդը կամազուրկ ամբոխի մը վերածելու եւ անոր վրայ «առաքելատիպ» իրենց ղեկավարին կամքը բրտօրէն պարտադրելու ձգտումով։

Նոյնքան խօսուն է փորձառութիւնը համայնավար կուսակցութիւններուն, որոնք իրենց կարգին եւ աւելիով հետամուտ կ՛ըլլան ժողովրդային շարքերու կազմակերպումին։

Անոնք թափ կուտան արհեստակցական միութեանց եւ մշակութային թէ երիտասարդական շարժումներ կը ծաւալեն, բայց վերջին հաշուով միայն կուսակցական իրենց կառոյցին եւ, աւելի՛ն, ղեկավար իրենց մարմիններուն կը վերապահեն ժողովուրդին թարգմանը ըլլալու իրաւասութիւնը։

Տարբեր չէ պարագան նաեւ Ազատական կուսակցութիւններուն , ուղղակի այդ անունով, թէ Պահպանողական կամ Արմատական դրօշով ներկայացուած ըլլան անոնք։

Իրենց հերթին անոնք ալ ժողովրդային կազմակերպութիւն կ՛առաջացնեն՝ պարզապէս անոր վրայ խարսխելու համար իրենց իշխանաւոր ընտրանիի քաղաքական ուժը։

Իշխանաւոր Ընտրանի՝ որ կը գործէ հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ առաջնորդելու, ընտրական խարիսխ յարդարելու եւ օգտագործելու վերջին հաշուով հակաժողովրդական մտայնութեամբ։

Հարցը կը յանգի, հետեւաբար, սեփական ժողովուրդին տէր կանգնելու ժողովրդավար հասկացողութիւնը ամրագրելու հրամայականին։

Նոյն այդ մեկնակէտով ալ, կազմակերպական մեր առօրեային մէջ, գաղափարական մեր շարժումը հետեւողականօրէն շեշտ կը դնէ մեր ժողովուրդին դաշնակցականօրէն տէր ըլլալու նախապայմանին վրայ։

Այդ առաջադրանքին կը ծառայէ ազգային-միութենական մեր ցանցին տարածումը Հայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։

Նոյն տրամաբանութեան կը հետեւի ժողովրդային խաւերուն հետ ամէնօրեայ կապի մէջ ըլլալու եւ, այդ ճամբով, ուժեղանալու մեր կառոյցներուն կազմակերպական աշխուժութիւնը։

Այդպէ՛ս կ՛առաջնորդուի ու կ՛իմաստաւորուի մեր կուսակցութիւնը՝ յեղափոխական իր կոչումով իսկ՝ նոյնինքն ժողովուրդը սեփական կարիքներու ուղղութեամբ շարժման մղելու եւ սեփական իրաւունքներուն պահանջատէր դարձնելու առաջադրանքով։

Դաշնակցականին համար` ժողովուրդին տէր կանգնելու տարբեր եղանակ գոյութիւն չունի։

Այն չափով, որ մեր ժողովուրդը նոյնինքն մեր կուսակցութենէն հաշիւ պահանջելու կազմակերպական միջոցներուն տիրացած է, նոյնինքն գաղափարական իր ճիշդ հունին մէջ դրուած կ՛ըլլայ Հայ ազգին բովանդակ շահերը ամէնուրեք պաշտպանելու ծրագրային մեր յանձնառութիւնը՝

Իրաւատէր հայութեան պահանջատիրական պայքարին տէր կանգնելու Դաշնակցականին կուսակցական կոչումը։

Նոյն ճամբով է պայմանաւորուած, նաեւ, մեր կազմակերպական կառոյցներուն աշխուժացումը՝

Որովհետեւ սեփական ժողովուրդին տէր կանգնելու համար՝ գաղափարական շարժում մը պէտք է ամբողջացնէ ժողովուրդի ձայնին ամէնօրեայ կապով ականջալուր մնալու պայմանը։

Ժողովուրդը իր ճակատագրի կերտումին տէրը դարձնելու նախապայմանը։

Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *