20 C
Yerevan

Դաշնակցությունը Կուսակցա­կա­նություն Չէ

ՀՅԴի հիմնա­դիրնե­րը աւե­լի վեր կը դասեն դաշնակցա­կա­նութիւնը կուսակցութեան անդա­մագրուած ըլլա­լու կամ չըլլա­լու փաստէն, որովհե­տեւ դաշնակցա­կան ըլլալ չի նշա­նա­կեր միայն կանո­նա­գի­րի պայմաննե­րը ամբողջացնել։

Դոկտ. Յարութ Մկրտի­չեան

Դաշնակցա­կա­նութիւնը Խարիսխ՝ Դաշնակցութեան Էութե­նա­կան Գոյա­տեւման

Կը պատմուի, թէ 1900ականներուն, Պարսկաստա­նէն քանի մը երի­տա­սարդներ նամակ կը գրեն Դաշնակցութեան հիմնա­դիրնե­րէն Ռոստո­մին՝ անոր յայտնե­լով, թէ կարդա­ցած ըլլա­լով Դաշնակցութեան Ծրա­գի­րը եւ համո­զուե­լով անոր՝ կը փափա­քին միա­նալ ՀՅԴի շարքե­րուն։ Ռոստո­մը կը պատասխա­նէ, որ եթէ համո­զուած են այդ ծրա­գի­րով եւ պատրաստ են անոր գործադրութեան համար գործել՝ իրենք արդէն դաշնակցա­կան են եւ իբրեւ դաշնակցա­կաններ՝ կրնան գործել իրենց շրջա­նին մէջ։

ՀՅԴի հիմնա­դիրնե­րէն Սիմոն Զաւա­րեան կ՛ըսէ, թէ Դաշնակցութեան իսկա­կան ուժը անոր համա­կիրնե­րուն մէջ է եւ ոչ կուսակցա­կաննե­րուն: Որովհե­տեւ համա­կիրնե­րը, առանց երդուեալ կուսակցա­կաններ ըլլա­լու՝ կը հաւա­տան անոր ծրա­գի­րին եւ աւե­լի հաւա­տաւոր են քան շատ մը կուսակցա­կաններ:

Այս դրուագնե­րը լաւա­գոյնս կ՛արտացոլացնեն հիմնա­դիր սերունդի դաշնակցա­կա­նութեան ընկա­լումը։ Ռոստո­մի պատասխա­նին եւ Զաւա­րեա­նի խօսքին ամբողջ իմաստը կը կայա­նայ այն փաստին վրայ, որ եթէ ոեւէ անհատ, հաւա­տա­լով ՀՅԴի Ծրա­գի­րին պատրաստ է զայն իրա­գործե­լու համար աշխա­տանք տանե­լու՝ արդէն դաշնակցա­կան է անկախ այն իրո­ղութե­նէն, թէ ան մաս կը կազմէ կազմա­կերպութեան, կամ ոչ։ 

Եթէ այլ կուսակցութիւննե­րու հիմքը կուսակցա­կա­նութիւնն է, Ռոստոմ եւ Զաւա­րեան կը ժխտեն այդ իրո­ղութիւնը, երբ հարցը կը վերա­բե­րի Դաշնակցութեան։ Ճիշդ է որ կուսակցութիւննե­րը համա­խոհնե­րու կամ նոյն նպա­տակնե­րուն շուրջ համախմբուած անհատնե­րու հաւա­քա­կա­նութիւն է, սակայն Դաշնակցութեան պարա­գա­յին, շատ նուրբ թելով մը կը տարբե­րի այս հասկա­ցութիւնը, որովհե­տեւ,  եթէ կուսակցութիւննե­րու ծնունդը հիմնուած է քաղա­քա­կան եւ ընկե­րա­յին պայմաննե­րու թելադրանքով մշա­կուած ծրա­գիրնե­րու եւ գաղա­փա­րա­խօ­սութիւննե­րու շուրջ համախմբուե­լով, Դաշնակցութեան ծնունդը զուտ ազգա­յին-ընկե­րա­յին պայմաննե­րու արդիւնք էր, եւ այս առումով ալ ազգանպաստ գործը առաջնա­հերթ էր, որ ինքնին համախմբեց բոլոր գաղա­փա­րա­կաննե­րը եւ կազմեց անոնց Դաշնակցութիւնը: 

ՀՅԴի հիմնա­դիրնե­րը աւե­լի վեր կը դասեն դաշնակցա­կա­նութիւնը կուսակցութեան անդա­մագրուած ըլլա­լու կամ չըլլա­լու փաստէն, որովհե­տեւ դաշնակցա­կան ըլլալ չի նշա­նա­կեր միայն կանո­նա­գի­րի պայմաննե­րը ամբողջացնել։ Կանո­նա­գի­րը անհա­տը կը դարձնէ կուսակցա­կան, անդամ ՀՅ Դաշնակցութեան, բայց երբե՛ք դաշնակցա­կան, որովհե­տեւ, կանո­նա­գի­րը իբրեւ հիմք ընդունող անհա­տը կրնայ որեւէ կուսակցութեան մէջ ըլլալ լաւ կուսակցա­կան, սակայն երբեք գաղա­փա­րա­կան անհատ, այս պարա­գա­յին՝ դաշնակցա­կան: Այս իմաստով ալ պատա­հա­կա­նութիւն չէ, որ իր հիմնադրութե­նէն քանի մը տարի ետք, Դաշնակցութիւնը դարձած էր հայ ժողո­վուրդի իրաւունքնե­րու պաշտպա­նութեան առա­ջա­մարտի­կը եւ առաջնորդը։ Այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ, որովհե­տեւ Դաշնակցութեան յաջո­ղութիւնը հիմնուած էր իր անդամնե­րուն եւ համա­կիրնե­րուն գաղա­փա­րա­կան աշխարհին եւ անոնց անսա­կարկ նուի­րումին ու զոհա­բե­րութեան վրայ. այսինքն՝ դաշնակցա­կա­նութեան վրայ եւ ոչ՝ կուսակցա­կա­նութեան։ 

Համա­կիրնե­րու դաշնակցա­կա­նութեան եւ հաւա­տարմութեան փաստե­րը շատ են. Լիբա­նա­նի եւ Սուրիոյ պատե­րազմնե­րուն ընթացքին, համա­կիրնե­րու ներդրումը մեծ եղած է Դաշնակցութեան աշխա­տանքնե­րուն մէջ։ Մասնաւո­րա­բար Լիբա­նա­նի քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմին ընթացքին, երբ մեր ակումբնե­րը լեցուե­ցան համա­կիր զանգուածնե­րով։ Նաեւ հոս՝ Արեւմտեան Միա­ցեալ Նահանգնե­րուն մէջ, ուր մեր համա­կիրնե­րը ոգի ի բռին աշխա­տած են եւ կ՛աշխատին Դաշնակցա­կան գործը յառաջ տանե­լով:

Ուրեմն, Դաշնակցութիւնը դասա­կան հասկա­ցութեամբ կուսակցութիւն չէ։ Կը տարբե­րի այլ կուսակցութիւննե­րէ այն բանով, որ անոր Ծրա­գի­րին հաւա­տա­ցո­ղը, կամ անոր անդա­մակցո­ղը նախ եւ առաջ ամբողջ հաւա­տամքի մը կրողն է եւ այդ հաւա­տամքը իր անձին օրի­նա­կով գործի վերա­ծե­լու ուխտաւո­րը։ Ահա ա՛յս տրա­մա­բա­նութեան մէջ պէտք է հասկնալ, որ Դաշնակցութիւնը ինքնին արդէն գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն է: 

Հետեւա­բար, գաղա­փա­րա­կան ամբողջ աշխարհա­հա­յեացքի մը կրող ըլլա­լով եւ զոհո­ղութեան պատրաստա­կա­մութիւնը ունե­նա­լով՝ դաշնակցա­կա­նը խօսքէն անդին ԳՈՐԾի անհատն է։ Ուր որ ալ գտնուի, ինչ հանգա­մանք ալ ունե­նայ, կուսակցա­կան ըլլայ կամ ոչ, ան կը մնայ դաշնակցա­կան։ Անոր գաղա­փա­րա­կան աշխարհը խարսխուած է Դաշնակցութեան Ծրա­գի­րին եւ այդ Ծրա­գի­րին ծառա­յե­լու անխախտ հաւա­տամքին վրայ։  

Դաշնակցութիւնը մարմնաւո­րուած կերպար մը չէ։ Այդպէս ձեւաւո­րուած է անոր հասկա­ցութիւնը հիմնադրութե­նէն սկսեալ: Իր անդամնե­րուն եւ համա­կիրնե­րուն նուի­րումով ան անընդհատ ամբողջա­ցող էութիւն մըն է, որուն կը փորձէ ձգտիլ Դաշնակցութեան Ծրա­գի­րին հաւա­տա­ցող ամէն մարդ ու իր գործով կը փորձէ այդ կերպա­րը առաւել ամբողջացնել եւ իր զոհա­բե­րութեամբ յաւե­լեալ փայլք մը տալ անոր։ Այդ է պատճա­ռը որ մեր յեղա­փո­խա­կան կռիւի աւարտին, դաշնակցա­կա­նի հասկա­ցութիւնը չկա­ղա­պա­րուե­ցաւ որոշ յատկա­նիշնե­րով։

Յետա­գա­յին, Զինեալ Պայքա­րի ժամա­նա­կաշրջա­նին, ապա՝ Արցա­խի պատե­րազմնե­րուն նոր մարտիկներ վերաի­մաստաւո­րե­ցին զայն։

Այդ կերպա­րը հայ ժողո­վուրդի ալե­կոծ կեանքի բոլոր հանգրուաննե­րուն ներկայ է մեր շուրջը եւ ներշնչանքի աղբիւր է մեր բոլո­րին։

Կուսակցա­կան շարքե­րուն մէջ թէ դուրսը, դաշնակցա­կա­նը իր գործօն մասնակցութիւնը ունի եւ պէտք է ունե­նայ հայ կեանքի բոլոր մարտահրաւէրնե­րը դիմագրաւե­լու եւ պայքա­րե­լու յանուն հայութեան արդար դատին։ Անոր զոհո­ղութեան արժէ­քը չի սահմա­նա­փա­կուիր միայն կուսակցա­կան կեանքով կամ անոր գործունէութեան մասնակցութեամբ, այլ հայ ժողո­վուրդի արդար պայքա­րին անոր մասնակցութիւնը իր կենսա­կերպն է եւ անորմով ալ կը ճառա­գայթէ ու ճամբայ կը բանայ կուսակցութեան յաջո­ղութիւննե­րուն եւ կը կրէ անոր ձախո­ղումնե­րուն ամբողջա­կան պատասխա­նա­տուութիւնը։

Որովհե­տեւ դաշնակցա­կա­նութիւնն է խարիսխը Դաշնակցութեան եւ անորմով կը շնչէ եւ կ՛իմաստաւորուի կուսակցութեան էութե­նա­կան գոյա­տեւումը։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ