20 C
Yerevan

Զգաստության Հրա­վեր՝ ՀՅԴ Բյուրո­յին

Այս բոլո­րով հանդերձ, քիչ մը ուշա­ցած, բայց հաւա­տա­լով ժողովրդա­յին խօսքին՝ աւե­լի լաւ է ուշ, քան երբե­քին, Բիւրոն պէտք է վերագտնէ եւ տարա­ծէ Դաշնակցութեան երբեմնի ազդե­ցիկ եւ շինիչ դերա­կա­տա­րութիւնը ազգա­յին եւ պետա­կա­նա­շէն գործին մէջ աշխարհասփիւռ կուսակցութեան՝ ամբողջ կարո­ղա­կա­նութիւնը համադրե­լով, այլ ոչ թէ Արեւմտեա­նը հարուա­ծե­լը դարձնել իր օրա­կարգի առա­ջին կէտը: Դաշնակցութեան հարուա­ծը պէտք է ուղղուած ըլլայ միայն ու միայն հայ ազգին եւ հայ պետութեան թշնա­մի­նե­րուն:

ԴՈԿՏ. ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Յո՞ Երթաս Դաշնակցութիւն (2)

Ինչպէս նախորդ յօդուա­ծին մէջ նշած էինք, վերջին 30 տարի­նե­րուն Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգնե­րու արեւմտեան շրջա­նը (այսուհե­տեւ Արեւմտեան) թէ՛ քանա­կա­պէս եւ թէ որա­կա­կան առումով, զարթօնք մը սկսաւ ապրիլ եւ այսօր կը համա­րուի սփիւռքա­հա­յութեան ամէ­նէն ուժա­կան ու կազմա­կերպուած գաղութը: Բայց այս օրե­րուն անի­կա այդքան ալ նախանձե­լի վիճա­կի մէջ չէ: Իսկ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այս կացութեան մատնուե­ցաւ Արեւմտեան շրջա­նը: 

Արեւմտեան մշա­կոյթի, կենցա­ղի, եւ անկախ մտա­ծո­ղութեան այս երկրի պայմաննե­րուն մէջ, դժուար պիտի ըլլար ամե­րի­կաբնակ մեր ընկերնե­րուն ՀՅԴ Բիւրո­յի կողմէ ենթա­կա­յութիւն պարտադրել այնպի­սի միջոցնե­րով, զորս կարե­լի պիտի ըլլար իրա­գործել այլ շրջաննե­րու մէջ:

Հետեւա­բար՝ ըլլա­լով անկախ, Արեւմտեան շրջա­նի դաշնակցա­կան կազմա­կերպութիւնը առաւել քան 15 տարի­ներ գրե­թէ միակ շրջանն էր որ կրցաւ ընդդի­մա­նալ կուսակցութեան մէջ տեղի ունե­ցող անի­րաւութիւննե­րուն, ՈՉ ըսել կանո­նա­գի­րը կամա­յա­կա­նօ­րէն մեկնա­բա­նող ղեկա­վարնե­րուն, պայքա­րիլ համայնա­վա­րա­կան փտախտը ներա­ծողնե­րուն եւ զայն արտօ­նողնե­րուն դէմ, տէր կանգնիլ ՀՅԴ Ծրա­գի­րին եւ գաղա­փա­րա­խօ­սութեան, ոգի ի բռին աշխա­տե­լով ՀՅԴն վերա­դարձնե­լու իր ակունքնե­րուն, միա­ժա­մա­նակ չմոռնա­լով օգնութեան հասնե­լու Լիբա­նա­նի եւ Սուրիոյ հայկա­կան գաղութնե­րուն, Հայաստա­նին, այլ խօսքով՝ ուր հայութիւնը օժանդա­կութեան կարիք ունէր:

Հակա­ռակ անոր որ նոյնինքն Բիւրո­յի կողմէ Արեւմտեա­նի կուսակցա­կան ներքին հարցե­րը պատկե­րասփիւռի կայաննե­րով, գրաւոր մամուլով եւ ընկե­րա­յին ցանցե­րով բացա­յայտուե­ցան, այս յօդուա­ծին նպա­տա­կը այդ բոլո­րին անդրա­դառնալ չէ, ոչ ալ յաւե­լեալ բացա­յայտումներ կատա­րել է, այլ՝ ընդհա­նուր առմամբ ներկա­յացնել միայն գլխաւոր հարցը, որ պատճառ դարձաւ Արեւմտեա­նին՝ դիտուե­լու իբրեւ անբաղձա­լի շրջան:

Արեւմտեա­նի եւ Բիւրո­յի միջեւ հիմնա­կան եւ ամէ­նէն լուրջ տարա­կարծութիւնը սկսաւ, երբ Արեւմտեա­նը սկսաւ շեշտը դնել եւ  հետա­մուտ ըլլալ Դաշնակցութեան ինքնուրոյն ըլլա­լու հանգա­մանքին վրայ: Օրի­նա­կի համար, մենք կ՛ըսէինք եւ տակաւին կը կրկնենք, որ նոյնիսկ եթէ պիտի գործակցինք Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րուն հետ (Քոչա­րեան, Սարգի­սեան, Փաշի­նեան), պէտք է Դաշնակցութիւնը ըլլայ անկախ, նիւթա­պէս եւ քաղա­քա­կա­նա­պէս, եւ մերժէ որեւէ կեղե­քում Հայաստա­նի ժողո­վուրդին նկատմամբ: Նաեւ՝ մեր յորդո­րը Բիւրո­յին միշտ եղած է այն, որ Դաշնակցութեան բարո­յա­կան արժէքնե­րը  պէտք չէ զիջին ընտրա­կան քաղա­քա­կա­նութեան: Եւ յաճախ երբ նման բան տեղի ունե­նար եւ Բիւրոն փորձէր ծածկել կամ մոռա­ցութեան ենթարկել որոշ հարցեր (օրի­նակ՝ Պօղոս Պօղո­սեա­նի եւ Հրաչ Մուրա­տեա­նի սպաննութիւննե­րը, կուսակցութեան եւ պետութեան մէջ դրա­մա­շորթութիւննե­րը), շնորհիւ Արեւմտեա­նի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէ­նե­րուն եւ լրջա­խոհ ընկերնե­րուն, ձայն կը բարձրա­նար, որպէսզի Բիւրոն ուղղէ իր ընթացքը: Այլ խօսքով, մենք միշտ հետա­մուտ եղած ենք, որ Դաշնակցութիւնը Հայաստա­նի մէջ չդառնայ իշխա­նա­տենչութեամբ վարա­կուած քաղա­քա­կան կուսակցութիւն մը, մոռնա­լով պատմա­կան իր առա­քե­լութիւնը: 

Սակայն մեր կոչե­րը նկա­տուե­ցան թշնա­մա­կան Հայաստա­նէն կառա­վա­րուող Բիւրո­յին եւ ԳՄին կողմէ, որոնք սկսան մեզ պիտա­կաւո­րել զանա­զան անհիմն եւ նոյնիսկ մանկա­կան պիտակնե­րով: 

Եւ այսպէս, Արեւմտեա­նը անկա­ռա­վա­րե­լի նկա­տե­լով՝ Բիւրոն անցաւ գործի: 15 տարի­ներ դիմեց իր «երկա­թեայ կարգա­պա­հութեան» տրա­մա­բա­նութեան եւ կանո­նա­գի­րի յօդուածնե­րը կամա­յա­կա­նօ­րէն մեկնա­բա­նե­լով՝ փորձեց «մաքրա­գործել» Արեւմտեա­նի շարքե­րը: Հեռա­ցումներ, իրենց տեսա­կին մէջ նորութիւն եղող պատիժներ, զանա­զան տեսա­կի դժուա­րութիւններ, անտե­սումներ, յերիւրանքներ եւ այլն: Այս բոլո­րով հանդերձ, սակայն, Արեւմտեա­նը մնաց անդրդուե­լի եւ շարունա­կեց պաշտպա­նել դաշնակցա­կա­նի իր իրաւունքը եւ արդա­րութիւն պահանջել ժողովնե­րու եւ Բիւրո­յի հետ հանդի­պումնե­րու ընթացքին (պէտք է նշել, որ Ընդհա­նուր ժողովնե­րու քուէարկողնե­րու թիւին կարեւոր մասը կու գայ կուսակցա­կան անդամնե­րու կեղծ թիւե­րու վրայ հիմնուած Հայաստա­նէն, Արցա­խէն, Ջաւախքէն, որոնք բոլորն ալ այսպէս թէ այնպէս կախեալ են ԳՄէն: Ուրեմն կը բաւէ որ Բիւրոն ալ իր կարգին մէկ երկու շրջա­նի վրայ ճնշում բանեցնե­լով‘ ապա­հո­վէ քուէ­նե­րուն 2/3ը եւ իր ուզա­ծը «քալեցնէ»): 

Բիւրո­յին բոլոր հնարքնե­րը անցան ապարդիւն՝ մինչեւ որ  անի­կա շրջա­նին մէջ գտաւ Տրո­յա­կան Ձին (Trojan Horse): Կուսակցութեան մէջ անձնա­կան շահեր հետապնդող խմբակ մը քով քովի դնե­լով եւ անոնց խոստումներ տալով՝ անի­կա սկսաւ ներսէն խառնել վերջին 30 տարի­նե­րուն միայն վերելք ապրած կազմա­կերպութիւնը: Բիւրոն եկաւ խախտե­լու կուսակցա­կան բոլոր գրաւոր եւ անգիր կանոննե­րու ոգին, որոնցմէ գլխաւորն է՝ կազմա­կերպա­կան ապա­կեդրո­նա­ցումը եւ անտե­սե­լով ժողովրդա­վա­րա­կան բոլոր հասկա­ցութիւննե­րը, ուղղա­կիօ­րէն սկսաւ խառնուիլ Արեւմտեա­նի ներքին կազմա­կերպա­կան գործե­րուն:

Բոլոր նախանշաննե­րը ցոյց կու տային, թէ Բիւրոն որո­շած է ամէն գնով շրջա­նի ղեկը յանձնել իրեն հաւա­տա­րիմ կամա­կա­տարնե­րու: Անոր համար ձեւը այլեւս կարեւոր չէր:

Դեկտեմբեր 2020ին, այլեւս անկա­րե­լի էր առողջ կուսակցա­կան գործունէութիւն ծաւա­լել շրջա­նին մէջ: Շրջա­նա­յին ժողով մը գումա­րե­լու եւ նոր Կեդրո­նա­կան կոմի­տէ մը ընտրե­լու երկար եւ աճպա­րա­րա­կան ձգձգումնե­րէ ետք, Բիւրոն առանց գործող Կեդրո­նա­կան կոմի­տէին հետ խորհրդակցե­լու՝ նշա­նա­կեց իր կամա­կա­տարնե­րէն բաղկա­ցած նոր Կեդրո­նա­կան կոմի­տէ մը: Այսպի­սով ստեղծուե­ցան երկու Կեդրո­նա­կան կոմի­տէ­ներ: Ի տես այս ծայրա­յեղ եւ վտանգաւոր քայլին, որ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու օրէնքնե­րու եւ ներքին կանո­նա­գի­րի խախտում մըն էր, շրջա­նի կազմա­կերպութեան եւ գաղութով մտա­հոգ ընկերներ դիմե­ցին օրէնքով հաստա­տուած քայլին՝ գումա­րե­լով Շրջա­նա­յին ժողով մը, ընտրե­լով օրի­նա­կան Կեդրո­նա­կան կոմի­տէ:

Ինչպէս կ՛ըսեն, Բիւրո­յի տան հաշիւը շուկա­յի հաշիւին չբռնեց: 

2021ին, Կլենտէյլի մէջ, օրին Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չը յայտա­րա­րեց, թէ այս հարցը պետա­կան դատա­րաննե­րու մէջ պիտի լուծուի: Եւ Բիւրո­յի կամա­կա­տարնե­րը անցան գործի՝ դատա­րաննե­րու մէջ տեսա­կաւոր դատեր բանա­լով գործող Կեդրո­նա­կան կոմի­տէին դէմ, աննա­խընթաց խայտա­ռա­կութեան մատնե­լով ամբողջ կուսակցութիւնը:

Բիւրո­յէն կ՛ակնկալուէր, որ հանդէս գայ Արեւմտեա­նի կազմա­կերպա­կան տագնա­պը բարւոք հանգուցա­լուծե­լու միտող եւ ընկերնե­րու կանո­նագրա­յին իրաւունքնե­րը յարգող անա­չառ ծրա­գի­րով մը, սակայն դժբախտա­բար Բիւրո­յի ճիգը եղաւ հակա­ռակ ուղղութեամբ՝ այսինքն լուծումի բոլոր ճամբա­նե­րը փակե­լով եւ աւե­լիով բարդացնե­լով առկայ իրա­վի­ճա­կը:

Բիւրոն Արեւմտեան շրջա­նը նկա­տեց անկա­ռա­վա­րե­լի, սակայն մենք կը հաւա­տանք, որ մեր շրջանն է այսօր ՀՅԴ գաղա­փարնե­րու եւ արժէ­քա­յին համա­կարգի հարա­զատ պաշտպա­նը եւ տէրը, եւ այս առա­քե­լութեան ճամբուն վրայ այս շրջա­նի ընկերնե­րը պատրաստ են ամէն տեսա­կի զոհո­ղութեան, որովհե­տեւ անոնք դիրքի կամ պաշտօ­նի համար չէ որ այս կուսակցութեան անդա­մակցած են:

Մենք կը հաւա­տանք, որ կարգա­պա­հութեան հասկա­ցո­ղութիւնը խախտած է: Որովհե­տեւ կանո­նա­գի­րի գործադրութիւնը բարո­յա­կան նպա­տակ պէտք է ունե­նայ եւ ոչ՝ ընկերնե­րը լռեցնե­լու նպա­տակ: Նաեւ՝ կարգա­պա­հութիւն չի նշա­նա­կեր կուրօ­րէն մարմիննե­րու որո­շումնե­րուն հետեւիլ յատկա­պէս երբ անոնք կանո­նագրի ոգիին եւ տրա­մադրութիւննե­րուն կը հակա­սեն:

Նաեւ կը հաւա­տանք, որ մեր կազմա­կերպա­կան նկա­րա­գի­րի անխուսա­փե­լի տուեալնե­րէն է ապա­կեդրո­նացման սկզբունքը, որ մեր գործունէութեան յաջո­ղութեան հիմնա­կան գրաւա­կա­նը եղած է: Հետեւա­բար, կառչած կը մնանք այդ սկզբունքին:

Արեւմտեա­նի եւ ընդհանրա­պէս ՀՅԴ պատմութեան այս հանգրուա­նին, անհրա­ժեշտ կը գտնենք անգամ մը եւս արժեւո­րե­լու եւ հաստա­տե­լու Դաշնակցութեան կազմա­կերպա­կան եւ բարո­յա­կան նկա­րա­գի­րը: Անհրա­ժեշտ կը գտնենք բոլո­րին յիշեցնե­լու Դաշնակցութեան ու յատկա­պէս Կեդրո­նա­կան կոմի­տէութիւն հասկա­ցո­ղութեան պատմա­կան եւ քաղա­քա­կան արժէ­քը: Կը հաւա­տանք նաեւ, որ իւրա­քանչիւր դաշնակցա­կա­նի պարտա­կա­նութիւնն է՝ ուղղել իր ղեկա­վա­րութիւնը, երբ անի­կա կը շեղի իր հունէն: Եւ մենք՝ այդ հաւատքով կ՛առաջնորդուինք:

Այս բոլո­րով հանդերձ, քիչ մը ուշա­ցած, բայց հաւա­տա­լով ժողովրդա­յին խօսքին՝ աւե­լի լաւ է ուշ, քան երբե­քին, Բիւրոն պէտք է վերագտնէ եւ տարա­ծէ Դաշնակցութեան երբեմնի ազդե­ցիկ եւ շինիչ դերա­կա­տա­րութիւնը ազգա­յին եւ պետա­կա­նա­շէն գործին մէջ աշխարհասփիւռ կուսակցութեան՝ ամբողջ կարո­ղա­կա­նութիւնը համադրե­լով, այլ ոչ թէ Արեւմտեա­նը հարուա­ծե­լը դարձնել իր օրա­կարգի առա­ջին կէտը: Դաշնակցութեան հարուա­ծը պէտք է ուղղուած ըլլայ միայն ու միայն հայ ազգին եւ հայ պետութեան թշնա­մի­նե­րուն:

Մենք կը մնանք անկեղծ զինուորնե­րը Դաշնակցութեան եւ պիտի շարունա­կենք գործել դաշնակցա­կա­նօ­րէն, համախմբե­լով եւ համախմբուե­լով մեր նպա­տակնե­րուն շուրջ եւ մեր առաջնա­յին նպա­տա­կը կը մնայ մեր հիմնա­դի­րին պատգա­մը՝ «Յարա­տեւ կռիւ»՝ յանուն հայ ժողո­վուրդին եւ Հայաստա­նին:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ