Ցարդ հաւաքուած են շուրջ 40,000 ստորագրութիւններ եւ հարցական է, թէ հետագայ 300,000 ստորագրութիւնները ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ հաւաքել։
Գէորգ Թորոյեան
Արդէն մէկուկէս ամիս է որ հրապարակ նետուած է հանրաքուէ անունով նախաձեռնութիւն մը։ Անիկա նախագիծ մըն է, որուն միջոցաւ կը ծրագրուի Հայաստանի Ազգային ժողովին ներկայացնել օրինագիծ մը, որմով լրացումներ պէտք է կատարուին Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքին մէջ, այսպէս.
«Յօդուած 420.1. Արցախը որեւէ այլ պետութեան կազմում ճանաչելը.
«1. Հայաստանի Հանրապետութեան անունից Արցախը որեւէ այլ պետութեան կազմում ճանաչելը՝ պատժւում է ազատազրկմամբ՝ տասից տասնհինգ տարի ժամկէտով։
«420.2. Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումից հրաժարուելը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն հերքելը, արդարացնելը կամ դրա վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը.
«1. Հայաստանի Հանրապետութեան անունից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումից հրաժարուելը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն հերքելը, արդարացնելը կամ դրա վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը՝ պատժւում է ազատազրկմամբ՝ տասից տասնհինգ տարի ժամկէտով։
«2. Սոյն օրէնքն ուժի մէջ է մտնում պաշտօնական հրապարակման օրուան յաջորդող տասներորդ օրը»:
Հայաքուէի այս ստորագրահաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի ամբողջ տարածքին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 20 Օգոստոս։
Ըստ Հայաստանի սահմանադրութեան՝ Ազգային ժողովին կրնան ներկայացնել օրինագիծ մը, հանրաքուէի ճամբով՝ առնուազն 50 հազար քաղաքացիներ, որոնք ընտրութեան տարիքը թեւակոխած են։ Նոյն ժամանակ, օրինագիծ կրնայ ներկայացնել Ազգային ժողովի ոեւէ անդամ կամ խմբակցութիւն։ Իսկ Ազգային ժողովը այս «հանրաքուէի» օրինագիծը մերժելու պարագային (ինչ որ շատ հաւանական է), Ազգային ժողովին մէջ նոր բանավէճերու եւ ցուցադրութիւններու ականատես պիտի դառնանք։
Յաջորդ 60 օրերուն պէտք է հաւաքել եւս 300,000 ստորագրութիւններ եւ Սահմանադրական դատարանին կողմէ անոր վաւերականութիւնը եւ հակասահմանադրական չըլլալը հաստատուելէ ետք, նախագիծը պիտի դրուի իսկական հանրաքուէի։
Առաջին նայուածքով բաւական անմեղ թուացող այս նախաձեռնութիւնը բազմաթիւ հարցականներ ստեղծած է։ Բայց.
1. Նախ ակնյայտ է, որ այս նախաձեռնութեան ետեւը թաքնուած կանգնած են խորհրդարանական ընդդիմադիրները։ Նախագիծի քարոզարշաւին մասնակցողներու դէմքերը ծանօթ են խորհրդարանական ընդդիմութեան ծառայելու իրենց վարքագիծով։ Աւետիք Չալապեան, Նայիրի Հոխիկեան եւ այլն, որոնք հեղինակազրկուած են եւ չեն վայելեր ժողովուրդին վստահութիւնը։
2. Ցարդ հաւաքուած են շուրջ 40,000 ստորագրութիւններ եւ հարցական է, թէ հետագայ 300,000 ստորագրութիւնները ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ հաւաքել։ Ճիշդ է որ անոնք նիւթական լայն կարելիութիւններ ունին, սակայն ժողովուրդին կողմէ ցարդ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը նախագիծին հանդէպ այդքան ալ յուսադրիչ չի թուիր ըլլալ։
3. Այս նախաձեռնութիւնը կ՛իյնայ կարգախօսային եւ հետեւաբար ամբոխավարական քաղաքականութեան մէջ։ Արցախի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին, անիկա լուծման ոչ մէկ ուղեցոյց ունի եւ հիմնուած է կեղծ եւ զգացական թէզերու վրայ։
4. Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրով, որ հիմքն է Հայաստանի Սահմանադրութեան, Արցախը Հայաստանի մաս կը կազմէ։ Այս նախաձեռնութեան դիմողները ճիշդ պիտի ըլլար վերադառնային Անկախութեան հռչակագիրին։
5. Նախաձեռնութեան վտանգը այն է, որ Արցախը պէտք է մաս կազմէ որեւէ այլ պետութեան, այսինքն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Այլ խօսքով՝ այս նախաձեռնութիւնը հարիւր տոկոսով կը հակասէ Անկախութեան հռչակագիրին։
6. Շատ պարզ է որ առանց յստակ լուծումներ առաջարկելու՝ այս նախաձեռնութիւնը ուղղակի եւ անուղղակիօրէն կը ծառայէ հայ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու Արցախի հարցի էութենէն, որ չի բխիր Հայաստանի եւ հայութեան շահերէն։ Իսկ Ազգային ժողով ներկայացուելով եւ այնտեղ քաշքշուքներու դուռ բանալով՝ նախաձեռնութիւնը պիտի ծառայէ գոյութիւն ունեցող բեւեռացումը աւելի շիկացնելու եւ կրնայ պատճառ դառնալ Հայաստանի շուրջ ընթացող քաղաքական զարգացումներէն ետ մնալու։
Ակնյայտ իրողութիւն է որ Ատրպէյճան շատ լաւ ուսումնասիրուած եւ սերտուած քաղաքականութիւն կը վարէ Արցախը հայաթափելու եւ Հայաստանը եւ հայութիւնը նոր ցեղասպանութեան փաստին առջեւ կանգնեցնելու։ Միւս կողմէ, Հայաստանի իշխանութիւնները երկդիմի, վախկոտ եւ երբեմն նաեւ ոչ-յստակ քաղաքականութիւն վարելով՝ ջուր կը լեցնեն մեր թշնամիի ջրաղացին։
Հայաքուէի հեղինակները փոխանակ իրենց ճիգերը կեդրոնացնելու թուրք-ռուս-ատրպէճանական վտանգը չէզոքացնելուն եւ Արցախի հարցը միջազգային օրակարգի վերածելու աշխատանքի լծուելուն վրայ, անոնք 2018էն ի վեր կ՛երգեն նոյն՝ մաշուած, հինցած, նեխած եւ տհաճութիւն պատճառող երգը՝ Իշխանափոխութիւն։
Մանկամիտ պէտք է ըլլալ մտածելու համար, թէ հայաքուէն կամ հանրաքուէն Արցախի հարցի լուծում պիտի բերէ։ Արցախի հարցը միջազգային հարցի վերածելու համար նման հանրաքուէներ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին եւ մազաչափ մը իսկ չեն ազդեր միջազգային որոշումներու վրայ։ Անհրաժեշտ է նոր ուղիներ գտնել եւ մաշած ձայնապնակները փոխել։
Հայաքուէի կազմակերպողները շատ լաւ գիտեն, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու հաւասարակշռութիւնը կարելի է վերականգնել միայն զինուորական հաւասարակշռութիւնը վերահաստատելով։ Դժբախտաբար, 44օրեայ պատերազմէն ետք, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ոչ մէկ քայլ կատարեց այս գծով։ Աւելին, միշտ ալ փորձեց բարոյազրկել բանակը եւ քննադատել այնտեղ կատարուող փոփոխութիւնները։ Մինչդեռ, իսկապէս սրտցաւ քաղաքացիներ, իրենց անձնական նախաձեռնութեամբ, ստեղծած են ռազմահայրենասիրական աշխարհազօրային խումբեր, որոնք թիկունք են մեր բանակին եւ Մայիս 2021էն ի վեր յաճախ մասնակցած են թշնամիին յարձակման դիմադրելու գործին։
Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան երաշխիք եղող հզօր բանակ ունենալն է, որ իր հերթին ոչ միայն Ատրպէյճանին կրնայ ինքզինք պարտադրել, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան համար Հայաստանը կը սկսի դառնալ տարածաշրջանին մէջ քաղաքական գործօն։
Անհրաժեշտ է որ հայաքուէի կազմակերպողները ուղղուին այս գծով եւ նպատակ դարձնեն Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը եւ ոչ թէ իշխանափոխութիւնը։