25.2 C
Yerevan

Հայա­քուէ՞, Թէ…

Ցարդ հաւա­քուած են շուրջ 40,000 ստո­րագրութիւններ եւ հարցա­կան է, թէ հետա­գայ 300,000 ստո­րագրութիւննե­րը ինչպէ՛ս կարե­լի պիտի ըլլայ հաւա­քել։

Գէորգ Թորո­յեան

Արդէն մէկուկէս ամիս է որ հրա­պա­րակ նետուած է հանրա­քուէ անունով նախա­ձեռնութիւն մը։ Անի­կա նախա­գիծ մըն է, որուն միջո­ցաւ կը ծրագրուի Հայաստա­նի Ազգա­յին ժողո­վին ներկա­յացնել օրի­նա­գիծ մը, որմով լրա­ցումներ պէտք է կատա­րուին Հայաստա­նի քրէա­կան օրէնսգիրքին մէջ, այսպէս.

«Յօդուած 420.1. Արցա­խը որեւէ այլ պետութեան կազմում ճանա­չե­լը.

«1. Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան անունից Արցա­խը որեւէ այլ պետութեան կազմում ճանա­չե­լը՝ պատժւում է ազա­տազրկմամբ՝ տասից տասնհինգ տարի ժամկէ­տով։

«420.2. Հայոց Ցեղասպա­նութեան ճանա­չումից հրա­ժա­րուե­լը, Հայոց Ցեղասպա­նութիւնը հրա­պա­րա­կայնօ­րէն հերքե­լը, արդա­րացնե­լը կամ դրա վտանգաւո­րութիւնը նսե­մացնե­լը.

«1. Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան անունից Հայոց Ցեղասպա­նութեան ճանա­չումից հրա­ժա­րուե­լը, Հայոց Ցեղասպա­նութիւնը հրա­պա­րա­կայնօ­րէն հերքե­լը, արդա­րացնե­լը կամ դրա վտանգաւո­րութիւնը նսե­մացնե­լը՝ պատժւում է ազա­տազրկմամբ՝ տասից տասնհինգ տարի ժամկէ­տով։

«2. Սոյն օրէնքն ուժի մէջ է մտնում պաշտօ­նա­կան հրա­պա­րակման օրուան յաջորդող տասնե­րորդ օրը»:

Հայա­քուէի այս ստո­րագրա­հաւա­քը տեղի կ՛ունենայ Հայաստա­նի ամբողջ տարածքին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 20 Օգոստոս։

Ըստ Հայաստա­նի սահմա­նադրութեան՝ Ազգա­յին ժողո­վին կրնան ներկա­յացնել օրի­նա­գիծ մը, հանրա­քուէի ճամբով՝ առնուազն 50 հազար քաղա­քա­ցի­ներ, որոնք ընտրութեան տարի­քը թեւա­կո­խած են։ Նոյն ժամա­նակ, օրի­նա­գիծ կրնայ ներկա­յացնել Ազգա­յին ժողո­վի ոեւէ անդամ կամ խմբակցութիւն։ Իսկ Ազգա­յին ժողո­վը այս «հանրա­քուէի» օրի­նա­գի­ծը մերժե­լու պարա­գա­յին (ինչ որ շատ հաւա­նա­կան է), Ազգա­յին ժողո­վին մէջ նոր բանա­վէ­ճե­րու եւ ցուցադրութիւննե­րու ակա­նա­տես պիտի դառնանք։

Յաջորդ 60 օրե­րուն պէտք է հաւա­քել եւս 300,000 ստո­րագրութիւններ եւ Սահմա­նադրա­կան դատա­րա­նին կողմէ անոր վաւե­րա­կա­նութիւնը եւ հակա­սահմա­նադրա­կան չըլլա­լը հաստա­տուե­լէ ետք, նախա­գի­ծը պիտի դրուի իսկա­կան հանրա­քուէի։

Առա­ջին նայուածքով բաւա­կան անմեղ թուա­ցող այս նախա­ձեռնութիւնը բազմա­թիւ հարցա­կաններ ստեղծած է։ Բայց.

1. Նախ ակնյայտ է, որ այս նախա­ձեռնութեան ետեւը թաքնուած կանգնած են խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մա­դիրնե­րը։ Նախա­գի­ծի քարո­զարշաւին մասնակցողնե­րու դէմքե­րը ծանօթ են խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան ծառա­յե­լու իրենց վարքա­գի­ծով։ Աւե­տիք Չալա­պեան, Նայի­րի Հոխի­կեան եւ այլն, որոնք հեղի­նա­կազրկուած են եւ չեն վայե­լեր ժողո­վուրդին վստա­հութիւնը։

2. Ցարդ հաւա­քուած են շուրջ 40,000 ստո­րագրութիւններ եւ հարցա­կան է, թէ հետա­գայ 300,000 ստո­րագրութիւննե­րը ինչպէ՛ս կարե­լի պիտի ըլլայ հաւա­քել։ Ճիշդ է որ անոնք նիւթա­կան լայն կարե­լիութիւններ ունին, սակայն ժողո­վուրդին կողմէ ցարդ ցուցա­բե­րուած անտարբե­րութիւնը նախա­գի­ծին հանդէպ այդքան ալ յուսադրիչ չի թուիր ըլլալ։

3. Այս նախա­ձեռնութիւնը կ՛իյնայ կարգա­խօ­սա­յին եւ հետեւա­բար ամբո­խա­վա­րա­կան քաղա­քա­կա­նութեան մէջ։ Արցա­խի ներկայ ճակա­տագրա­կան հանգրուա­նին, անի­կա լուծման ոչ մէկ ուղե­ցոյց ունի եւ հիմնուած է կեղծ եւ զգա­ցա­կան թէզե­րու վրայ։

4. Հայաստա­նի Անկա­խութեան հռչա­կա­գի­րով, որ հիմքն է Հայաստա­նի Սահմա­նադրութեան, Արցա­խը Հայաստա­նի մաս կը կազմէ։ Այս նախա­ձեռնութեան դիմողնե­րը ճիշդ պիտի ըլլար վերա­դառնա­յին Անկա­խութեան հռչա­կա­գի­րին։

5. Նախա­ձեռնութեան վտանգը այն է, որ Արցա­խը պէտք է մաս կազմէ որեւէ այլ պետութեան, այսինքն նաեւ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան։ Այլ խօսքով՝ այս նախա­ձեռնութիւնը հարիւր տոկո­սով կը հակա­սէ Անկա­խութեան հռչա­կա­գի­րին։

6. Շատ պարզ է որ առանց յստակ լուծումներ առա­ջարկե­լու՝ այս նախա­ձեռնութիւնը ուղղա­կի եւ անուղղա­կիօ­րէն կը ծառա­յէ հայ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղե­լու Արցա­խի հարցի էութե­նէն, որ չի բխիր Հայաստա­նի եւ հայութեան շահե­րէն։ Իսկ Ազգա­յին ժողով ներկա­յա­ցուե­լով եւ այնտեղ քաշքշուքնե­րու դուռ բանա­լով՝ նախա­ձեռնութիւնը պիտի ծառա­յէ գոյութիւն ունե­ցող բեւե­ռա­ցումը աւե­լի շիկացնե­լու եւ կրնայ պատճառ դառնալ Հայաստա­նի շուրջ ընթա­ցող քաղա­քա­կան զարգա­ցումնե­րէն ետ մնա­լու։

Ակնյայտ իրո­ղութիւն է որ Ատրպէյճան շատ լաւ ուսումնա­սի­րուած եւ սերտուած քաղա­քա­կա­նութիւն կը վարէ Արցա­խը հայա­թա­փե­լու եւ Հայաստա­նը եւ հայութիւնը նոր ցեղասպա­նութեան փաստին առջեւ կանգնեցնե­լու։ Միւս կողմէ, Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը երկդի­մի, վախկոտ եւ երբեմն նաեւ ոչ-յստակ քաղա­քա­կա­նութիւն վարե­լով՝ ջուր կը լեցնեն մեր թշնա­միի ջրա­ղա­ցին։

Հայա­քուէի հեղի­նակնե­րը փոխա­նակ իրենց ճիգե­րը կեդրո­նացնե­լու թուրք-ռուս-ատրպէ­ճա­նա­կան վտանգը չէզո­քացնե­լուն եւ Արցա­խի հարցը միջազգա­յին օրա­կարգի վերա­ծե­լու աշխա­տանքի լծուե­լուն վրայ, անոնք 2018էն ի վեր կ՛երգեն նոյն՝ մաշուած, հինցած, նեխած եւ տհա­ճութիւն պատճա­ռող երգը՝ Իշխա­նա­փո­խութիւն։

Մանկա­միտ պէտք է ըլլալ մտա­ծե­լու համար, թէ հայա­քուէն կամ հանրա­քուէն Արցա­խի հարցի լուծում պիտի բերէ։ Արցա­խի հարցը միջազգա­յին հարցի վերա­ծե­լու համար նման հանրա­քուէ­ներ ոչ մէկ ազդե­ցութիւն ունին եւ մազա­չափ մը իսկ չեն ազդեր միջազգա­յին որո­շումնե­րու վրայ։ Անհրա­ժեշտ է նոր ուղի­ներ գտնել եւ մաշած ձայնապնակնե­րը փոխել։

 Հայա­քուէի կազմա­կերպողնե­րը շատ լաւ գիտեն, որ Ատրպէյճա­նի հետ բանակցութիւննե­րու հաւա­սա­րակշռութիւնը կարե­լի է վերա­կանգնել միայն զինուո­րա­կան հաւա­սա­րակշռութիւնը վերա­հաստա­տե­լով։ Դժբախտա­բար, 44օրեայ պատե­րազմէն ետք, խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութիւնը ոչ մէկ քայլ կատա­րեց այս գծով։ Աւե­լին, միշտ ալ փորձեց բարո­յազրկել բանա­կը եւ քննա­դա­տել այնտեղ կատա­րուող փոփո­խութիւննե­րը։ Մինչդեռ, իսկա­պէս սրտցաւ քաղա­քա­ցի­ներ, իրենց անձնա­կան նախա­ձեռնութեամբ, ստեղծած են ռազմա­հայրե­նա­սի­րա­կան աշխարհա­զօ­րա­յին  խումբեր, որոնք թիկունք են մեր բանա­կին եւ Մայիս 2021էն ի վեր յաճախ մասնակցած են թշնա­միին յարձակման դիմադրե­լու գործին։

Հայաստա­նի եւ Արցա­խի ապա­հո­վութեան երաշխիք եղող հզօր բանակ ունե­նալն է, որ իր հերթին ոչ միայն Ատրպէյճա­նին կրնայ ինքզինք պարտադրել, այլ նաեւ միջազգա­յին հանրութեան համար Հայաստա­նը կը սկսի դառնալ տարա­ծաշրջա­նին մէջ քաղա­քա­կան գործօն։

Անհրա­ժեշտ է որ հայա­քուէի կազմա­կերպողնե­րը ուղղուին այս գծով եւ նպա­տակ դարձնեն Հայաստա­նի եւ Արցա­խի ապա­հո­վութիւնը եւ ոչ թէ իշխա­նա­փո­խութիւնը։

Առնչվող Հոդվածներ