ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Նահանջը Ժամանակավոր Է, Հաղթանակը՝ Հարատև

Այսօրուան խօսքի եւ գործի արժէքը կը կայանայ միայն որեւէ բան կարենալ կառուցելու մէջ, լաւն ու հզօրը վառակիչ դարձնելու մէջ։

Վիգեն Հովսեփյան

Նահանջներն ու պարտութիւնները անմասն բաժինը եղած են մեր իրականութեան, անոնցմով լեցուն է մեր ազգի հազարամեայ պատմութիւնը՝ ուր դժբախտաբար շատ աւելի պարտութիւններ ունեցած ենք, քան յաղթանակներ։ Հոն ամօթ կամ վերջնական բան չկայ, յատկապէս մեզ նման փոքր ազգերու համար։ Իսկական ամօթն ու ողբերգութիւնը կը կայանայ ժամանակաւոր դժուարութիւններէն դաս չկարենալ վերցնելու, եւ ինքնասրբագրումի ճամբով չվերակազմակերպուելուն մէջ։

Ուստի զուսպ, առանց յոխորտանքներու եւ առանց պոռոտախօսութեան թակարդին մէջ ներքաշուելու, առանց ինքնահիւծիչ պայքարներու եւ պառակտումներու՝ պէտք է հաւաքագրուինք իտէալին շուրջ, հզօր դառնալու հրամայականին շուրջ, սրբագրումներու ուղիով ինքնակազմակերպումի աշխատանքին շուրջ։

Այսօրուան խօսքի եւ գործի արժէքը կը կայանայ միայն որեւէ բան կարենալ կառուցելու մէջ, լաւն ու հզօրը վառակիչ դարձնելու մէջ։ Այս պէտք է որ ըլլայ ղեկավարութիւններու դերը հեղձուցիչ պարտութիւններու պարագային, որպէսզի գօտեպնդումը իմաստ եւ արժէք ունենայ, որպէսզի զսպուած նուիրումը հարիֆութիւն կամ տկարութիւն չնկատուի։ Երբ ղեկավարութիւններ կ՚ըսեմ՝ կը հասկնամ հոգեւոր, քաղաքական, մտաւորական՝ վերէն վար, իշխանաւոր, ընդդիմադիր թէ չգիտեմ ինչ, որոնք իրենց բաժին ինկած մեղքի բաժինէն ձերբազատուելու ճիգին փոխարէն, կամ անընդունելին մեզի համար ընդունելի դարձնելու ճիգին փոխարէն՝ պէտք է կեդրոնանան նոր հպարտանք կերտելու գործին վրայ. աւելի լռելով, աւելի գործելով։

Ահա այդ ժամանակ է որ մեր բոլոր նահանջներն ու պարտութիւնները իսկապէս որ ժամանակաւոր կ՚ըլլան, իսկ մեր յաղթանակները՝ արմատական եւ մնայուն։

Գրառումը՝ Վիգեն Հովսեփյանի ֆեյսբուքյան էջից

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *