ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Անտեսված Նախազգուշացումներ

(Մաս երկրորդ)

Դաշնակցութիւնը պէտք է գիտակցի որ այլեւս ինք ոստիկանի, դատաւորի եւ միջնորդի իր պատմական դերակատարութիւնը շատոնց յանձնած է արտերկրի պետութիւններու իսկ Հայաստանի պարագային Հայաստանի կառավարութեան։ Եւ ձերբազատուի գաղութներու «տէրն ու տիրականը» ըլլալու բարդոյթէն։

Հրաչ Սիմոնյան

2008-2018՝ նոյն ենթակայութիւնը Սերժ Սարգիսյանին ինչ որ Քոչարեանի օրով։

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին կորած հողամասեր, բազմաթիւ անարդարութիւններ եւ բանտարկութիւններ, ազգային Արցախեան պատերազմի հերոսներու ծեծկռտուք՝ Արցախի ճանապարհին ոստիկանութեան կողմէ, «Սասնա Ծռեր»ի ազգային պոռթկում, ժողովրդական ցոյցերու ընթացքին ծեծկռտուք եւ հարիւրաւոր վիրաւոր ցուցարարներ, «Հաց բերող»ի ցաւալի մահ։ Այս եւ ուրիշ բազմաթիւ անարդարութիւններու մասին Դաշնակցութիւնը ոչ թէ միայն լուռ մնաց, փոխարէնը քաղաքական բազմաթիւ բանտարկեալներու մասին արտայայտուելով՝ Ռուսատմյան անամօթաբար յայտարարեց որ 1993էն ի վեր (այսինքն Լեւոն Տեր Պետրոսյանի օրով,Դաշնակցական բանտարկեալներէն ի վեր) քաղաքական բանտարկեալներ չեն եղած եւ չկան Հայաստանի տարածքին ։

2015ին ՝ Սահմանադրական փոփոխութիւններ, որոնք Սերժ Սարգիսյանի ղեկավարման շահերը եւ անոր վերարտադրուիլը ապահովելու միտումով էին գրուած ի մասնաւորի Հանրապետական Կուսակցութեան կողմէ թելադրումով։ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցէր եւ ամէն ջանք չէր զլանար ապահովելու համար կեղծուած հանրաքուէի յաջողութիւնը։

2018 Ապրիլ, Բաշինյանական ժողովրդական պոռթկում ՝ Դաշնակցութիւնը բնականաբար դէմ է այդ շարժումին եւ կանգնած Սերժ Սարգիսյանի կողքին եւ ուրիշներու նման չի հաւատար որ յեղափոխութիւնը կրնայ յաջողիլ։ Մինչեւ որ օր մը, նախատեսելով յեղափոխութեան հաւանական յաջողութիւնը եւ հաշուելով որ աւելի լաւ է ցատկել եւ նստիլ այդ գնացքի կարգերէն մէկուն մէջ եւ չմնալ դուրս քաղաքական կեանքէն, կը լքէ Սարգիսյանին եւ կը միանայ Բաշինյանին։ Որմէ ետք սակայն եւ մինչեւ օրս այս ղեկավարութիւնը վերիվայրումներով իր վերջին շունչը պահած պիտի հասնի Նոյեմբերեան ընդհանուր ժողովին եւ հաւանաբար փորձէ պահել իր դիրքը կուսակցութենէն ներս։

Այս «Ընդհանուր Ժողով»ը կրնայ ճակատագրական ըլլալ Դաշնակցութեան համար։

Մեծ պատասխանատուութեան առաջ պիտի գտնուին այս ժողովի մասնակիցները եւ պէտք չէ կարծեն որ «ձախող» այս ղեկավարութիւնը փոխելով մէկ ուրիշի հետ պիտի կարենան փրկել կուսակցութիւնը։ Ամբողջ մտածողութիւն մը պէտք է փոխել, որպէսզի կարելի ըլլայ մաքրել եւ վերադարձնել զայն իր արմատներուն։

Ըստ իս հետեւեալ գաղափարները (եւ վստահ եմ ոչ միայն ասոնք) հիմնական նշանակութիւն պէտք է ունենան եւ պէտք է ամէն գնով գործի դրուին անյապաղ, որոշումներու ճամբով՝

1.- Այս ժողովը պէտք է կարենայ անվախ եւ անկաշկանդ, հիմնական փոփոխութիւններ բերէ Դաշնակցական մտածողութեան եւ կեանքէն ներս։ Դաշնակցութիւնը պէտք է ձերբազատուի հին եւ խորհրդաւոր աշխատելաոճէն որ այսօրուայ քաղաքական կուսակցութեան մը հարիր ոճ չէ։ Ժամանակավրէպ է եւ վստահօրէն կարելի է ըսել որ վանող դեր ունի երիտասարդներու մօտ։ Հրահանգներու եւ իշխանաւորներու ժամանակաշրջանը անցած պէտք է համարել եւ ձերբազատուիլ հռետորական ոճէն, որդեգրել գիտական եւ արհեստավարժ մեթոտներ եթէ անշուշտ կ՚ուզենք երիտասարդ եւ մտաւորական տարրը հրաւիրել շարքերէն ներս։ Պատշաճ եւ շինիչ եւ նոյնիսկ «ոչ շինիչ նկատուած» քննադատութիւնները պէտք է ամէն գնով քաջալերել եւ արգելքներ չդնել որ անդամներ եւ համակիրներ գրաւոր եւ կամ բանաւոր արտայայտուին։ Մէկ խօսքով պէտք չէ վախնալ քննադատութիւններէ։

2.- Կանոնագիրը սրբութիւն ըլլալէ պէտք է դադրի, կանոնագիրը արագ եւ օրուայ պահանջները ապահովող կանոններու շարք մըն է եւ ուրիշ ոչինչ։ Հիմնական դրոյթները պահելով հանդերձ պէտք չէ սպասել 4էն 8 տարի որպէսզի պարզ սակայն կարեւոր բարեփոխութիւններ կատարուին կանոնագրին մէջ։ Պէտք է փշրել այն թիւր ըմբռնումը որ կանոնագիրը երկինքէն ինկած մասունք մըն է, որուն միայն հեռուէն կարելի է նայիլ եւ զմայլիլ։

3.- Դաշնակցութեան ծրագիրը պէտք է ունենայ երկու հիմնական բաժանմունքներ ՝Հայաստան եւ Սփիւռք։ Այս ծրագիրները նախընտրաբար պէտք է առանձնաբար ներկայացուին, մէկը Հայաստանեան զանգուածին համար իսկ միւսը Սփիւռքեան։

3ա.- Հայաստանեան ծրագիրը պէտք է ըլլայ մատչելի եւ չհակասող Հայաստանի անմիջական քաղաքական շահերուն։

Ծրագրին մէջ «Բարոյականութիւնը եւ Արդարութիւնը» հիմնաքարերը պէտք է ըլլան մեր ընդհանուր ընկերային տեսլականին, իրագործելի ժողովրդավար հասարակարգի մը ընդմէջէն։

Ծրագիրը պէտք է ունենայ Գաղափարական եւ տնտեսական տեսութեանց բաժիններ, որոնք մնալով հանդերձ ընկերվարական սկզբունքներու վրայ պէտք է ըլլան իրագործելի եւ այսօրուայ Հայաստանեան եւ միջազգային կեանքի իրականութեան հետ տրամաբանօրէն հաշտ եւ ընկալելի։ Ծրագիրը պէտք է ներառնէ Հայաստանի տարածքին պահպանելու մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան, բնապահպանական եւ այլ բազմաթիւ ընկերային հարցերու վերաբերեալ խնդիրներ։

Ծրագիրը պէտք է ներառնէ անպայման արտագաղթի դէմ պայքարելու մանրամասն ձեւաչափ եւ ներգաղթի կազմակերպման աշխատանքային գործընթաց։

Ծրագիրը պէտք է առաջնորդուի քաղաքական նախապատուութիւններու տրամաբանութեամբ՝ հետեւեալ կարեւորութեան շարքով ՝

1. Ապահովել Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը, զարգացումն ու անկախութիւնը։

2. Մնացեալ բոլոր մեր պահանջատիրական խնդիրները պէտք է ըլլան ապագայի համար իտէալի մը իրագործման սահմանումներով։

(Օրինակ զանց պէտք է առնուին Ջաւախքի նկատմամբ բացարձակ եւ բացայայտ յայտարարութիւնները։ Պէտք է շատ ուշադիր ըլլալ եւ համադրուած աշխատանք տանիլ պետութեան հետ որպէսզի չհակադրուի Հայաստանեան պետական Ջաւախքի գծով որդեգրած քաղաքականութեան)։

3բ.- Սփիւռքեան Ծրագիրը ընդհանուր գիծերու մէջ գաղափարախօսական բաժին մը կրնայ ունենալ բայց եւ այնպէս պարտադիր եւ էական պէտք չէ ըլլայ այդ, տրուած ըլլալով որ իւրաքանչիւր սփիւռքեան գաղութ տարբեր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հայեցակարգ ունեցող երկրի մը կը պատկանի եւ հոն գտնուող կազմերը նոյնիսկ անտեղի դժուարութիւններու առջեւ կրնան դրուիլ այդ պատճառով։

Հիմնականը պէտք է ըլլայ քաղաքական եւ աշխատանքային ծրագիր որ պէտք է ներառնէ հետեւեալ միտքերը՝

Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով աշխատանքներ։

Արցախը այլ պետութիւններու կողմէ ճանաչման աշխատանքներու գործընթաց։

Հայաստանի եւ Արցախի պետութիւններու զարգացման գծով ապահովել օտար պետութիւններու կողմէ տնտեսական եւ մասնագիտական աջակցութիւն։

Հայաստանն ու Արցախը վերաբնակեցնելու գործընթաց։

Տարբեր երկիրներու տեղական քաղաքական կեանքի աշխատանքներու մասնակցութիւն՝ հայութեան եւ Հայաստանի շահերը ապահովելու նկատառումներով։

Հայ գաղութներու մէջ պահպանել եւ զարկ տալ ազգային կառոյցներուն (դպրոցներ, միութիւններ, եկեղեցի եւայլն)։

Ծրագիրը պէտք է ըլլայ թարգմանուած բազմաթիւ լեզուներու, Սփիւռքեան տարբեր երկիրներու մէջ օգտագործուելու նպատակով։

4.- Դաշնակցութիւնը պէտք է գիտակցի որ այլեւս ինք ոստիկանի, դատաւորի եւ միջնորդի իր պատմական դերակատարութիւնը շատոնց յանձնած է արտերկրի պետութիւններու իսկ Հայաստանի պարագային Հայաստանի կառավարութեան։ Եւ ձերբազատուի գաղութներու «տէրն ու տիրականը» ըլլալու բարդոյթէն։

5.- Դաշնակցութիւնը պէտք է նաեւ ձերբազատուի Սփիւռքի տարածքին եւ մանաւանդ Հայաստանէն ներս մարտական կառոյցներ պահելու գաղափարէն։ Այս կառոյցները շատոնց դարձած են ժամանակավրէպ եւ ընդհանրապէս օգտագործուած են հիմնականօրէն ղեկավար տարրերու կողմէ ներքին ընտրական հարցեր լուծելու նպատակով։

Բնականաբար կարգ մը երկիրներու պարագային, ժողովուրդի ապահովական խնդիրները նկատի առած առանձնաբար կարելի է քննել եւ այդ գծով բացառապէս որոշել պահպանել այդ նպատակի ծառայող կառոյցներ։

6.- Դաշնակցական մարմիններու մէջ երկու շրջանէ աւելի պէտք չէ ծառայէ ոեւէ անձ նոյնիսկ եթէ անփոխարինելի կը թուի ըլլալ։ Անփոխարինելի մարդ գոյութիւն չունի։ Փոփոխութիւնները միշտ ալ թարմացնող յատկութիւններ ունին։

7.- Անկախութեան տարիներու Դաշնակցական «Դէպի Երկիր» կարգախօսը լոզունգ մը ըլլալէ անդին, լուրջ գործի պէտք է վերածել, Սփիւռքեան մեր կառոյցը պէտք է խթանէ ներգաղթը, իսկ Հայաստանեան մեր կառոյցը պէտք է կարելիութիւն ստեղծէ եկուորներուն պէտք եղած օժանդակութիւն յատկացնելով, օգնէ որ այդ հոսքը գործնականապէս իրականանայ։ Այս խնդիրը պէտք է դիտել իբրեւ ազգային անվտանգութեան խնդիր եւ այդպէս ալ բանաձեւուի ներկայացուած ծրագիրներուն մէջ։

8.- Ընդհանուր ժողովի աւարտին «ԱՆԿԵՂԾ» յայտարարութեամբ մը ներկայանալ ժողովուրդին, տեղեկացնելով որ յառաջիկայ տարիներուն Դաշնակցութիւնը զերծ կը մնայ ընտրութիւններուն մասնակցելէ եւ կը մեկնարկէ վերակազմակերպման եւ Հայաստանի հանրապետութեան ամբողջ տարածքին վերընձիւղուելու եւ վերարմատանալու քառամեակ։

Այս գրութիւնը բնականաբար, եւ հասկնալի պատճառներով ես չեմ կրնար հասցնել յառաջիկայ ընդհանուր ժողով, ոչ ալ յաւակնութիւնը ունիմ որ բացառիկ եւ կամ անփոխարինելի լուծումներ են թուարկած գաղափարներս, բայց եւ այնպէս եթէ այս մտքերը կամ թէկուզ մէկը կամ միւսը ոմանց համար ընդունելի կը թուին ըլլալ, խնդրեմ բարձրացուցէք ժողովին։

Դաշնակցութիւնը այսօր վիրաւոր է եւ լուրջ մարտահրաւէրի մը առջեւ կը գտնուի, կը յուսամ եւ կը մաղթեմ որ առողջ դուրս կուգայ այս պայքարէն։ 

[շարունակելի]

Աղբյուրը՝

Facebook.com

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *