15.8 C
Yerevan

Անտեսված Նախազգուշա­ցումներ

(մաս երրորդ)

Պէտք է քաջութիւնը ունե­նալ հաստա­տե­լու որ Հայրե­նի­քի մէջ Դաշնակցութեան ստեղծա­ծը ճիշդ հիմե­րու վրայ չէ կանգնած եւ երբեմն աւե­լի լաւ է քանդել թոյլ կամ սխալ հիմե­րու վրայ կառուցուա­ծը եւ սկիզբէն վերա­կանգնել զայն, եւ չփորձել գեղեցկա­գի­տա­կան միջոցնե­րով փրկել երեւոյթնե­րը։

Հրաչ Սիմոնյան

ՀՅԴ Ընդհա­նուր Ժողո­վի շեմին

 Այն թէ Դաշնակցա­կան ղեկա­վա­րութիւնը Ռոպէրթ Քոչարյա­նի եւ Սերժ Սարգսյա­նի մշտա­պէս կցորդ հանդի­սա­ցաւ՝ ոչ մէկու համար գաղտնիք չէ։ 

Չեմ ուզեր մեկնա­բա­նել կամ վերլուծութիւններ ընել քսան տարի­նե­րու Դաշնակցա­կան ղեկա­վարնե­րու մղումնե­րուն մասին։ Թէ անոնք անձնա­կան շահե­րու, քաղա­քա­կան կամ աթո­ռի եւ փառա­սի­րութեան մղումով է՞ր, թէ ընդհանրա­պէս ձախաւեր որո­շումնե­րու արդիւնք, չեմ գիտեր եւ շատ ալ չեմ հետաքրքրուած այս հանգրուա­նին այլեւս։ Կայ ՀՅԴ ընդհա­նուր ժողով քանի մը օր ետք, թող մասնա­կիցնե­րը մանրա­մասն ուսումնա­սի­րեն այդ բոլո­րը, քննեն բոլոր խնդիրնե­րը եւ եթէ գոյութիւն ունե­ցած է շահարկումներ, թող պարտն ու պատշա­ճը տնօ­րի­նեն։ Մէկ բան գիտեմ, տրա­մա­բա­նութիւնը նաեւ կը յուշէ որ, մինչեւ հիմա եղող  ղեկավրութիւնը՝ իբրեւ երկրի հարստութիւննե­րը յափշտա­կող քաղա­քա­կան ուժե­րու կցորդ հանդի­սա­ցած եւ ձախո­ղած ղեկա­վա­րութիւն, առանց փոթո­րիկներ ստեղծե­լու, գիտա­կից եւ Դաշնակցութեան աւանդին եւ ապա­գա­յին սիրոյն, նոյնիսկ կամաւոր ձեւով, պէտք է հեռա­նայ քաղա­քա­կան կեանքէն, որպէսզի հնա­րաւո­րութիւնը ընձե­ռէ այլոց՝ հիմնո­վին վերա­կանգնե­լու Դաշնակցութիւնը եւ անոր վարկը։ 

Շատեր հարց կու տան ըսե­լով որ ղեկա­վա­րութիւնը ստանձնե­լու ընդհանրա­պէս «մարդ չէ մնա­ցած»։ Դժբաղդա­բար պատասխան չունիմ եւ չեմ գիտեր, որովհե­տեւ կապերս շատոնց խզուած են եւ լաւ ծանօթ չեմ նոր, եւ երի­տա­սարդ սերունդի դաշնակցա­կաննե­րուն։  Մէկ բանի համո­զուած եմ որ Դաշնակցութիւնը չեն փրկեր, այսպէս կոչուած ընդդի­մա­դիր՝ նախա­պէս այս ղեկա­վա­րութեան դէմ պայքա­րած բայց նոյնանման մտա­ծո­ղութեամբ եւ ոճով գործած անձինք, որոնք նոյնքան վնա­սա­կար եղած են եւ տակաւին կրնան ըլլալ ապա­գա­յին այս կազմա­կերպութեան։ Համո­զուած եմ նաեւ որ պէտք է ամբողջութեամբ երի­տա­սարդա­նայ եւ նոր մտա­ծե­լա­կերպով, նոր աշխարհա­հա­յեացքով սակայն կուռ Դաշնակցա­կան բարո­յա­կան սկզբունքնե­րով սնած, որակ պարտադրող եւ արդա­րութեան գաղա­փարնե­րով դաստիա­րա­կուած երի­տա­սարդութիւն մը առնե­լու է ղեկը իր ձեռքին եւ առաջնորդէ զայն դէպի փայլուն ապա­գայ։ Եթէ այդպի­սի երի­տա­սարդութիւն գոյութիւն չունի, ուրեմն պէտք է ստեղծել՝  յանուն Դաշնակցութեան հիմնա­կան արժէքնե­րու պահպանման, բայց ի մասնաւո­րի Սփիւռքեան, հարիւրէ աւե­լի տարի­նե­րու վրայ երկա­րող զոհա­բե­րութեան իբրեւ արդիւնք, ահռե­լի ծաւալնե­րով եւ բացարձակ կարեւո­րութիւն ունե­ցող կառոյցնե­րուն, որոնք դարեր շարունակ Հայրե­նի­քին ողնա­շա­րը ուղիղ պահող կարեւոր սիւնե­րէն պիտի հանդի­սա­նան։ 

Պէտք է քաջութիւնը ունե­նալ հաստա­տե­լու որ Հայրե­նի­քի մէջ Դաշնակցութեան ստեղծա­ծը ճիշդ հիմե­րու վրայ չէ կանգնած եւ երբեմն աւե­լի լաւ է քանդել թոյլ կամ սխալ հիմե­րու վրայ կառուցուա­ծը եւ սկիզբէն վերա­կանգնել զայն, եւ  չփորձել գեղեցկա­գի­տա­կան միջոցնե­րով փրկել երեւոյթնե­րը։ 

Երեւա­նի Քաղա­քա­պե­տա­կան եւ խորհրդա­րա­նա­կան «արդար» ընտրութիւննե­րուն Հայ ժողո­վուրդը իր քուէն տուաւ Դաշնակցութեան այնքան որուն արժա­նի գտաւ անոր։ Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է ներքնա­պէս «յեղա­փո­խուե­լու», «բարե­փո­խուե­լու» ժամա­նա­կը արդէն անցած է։ Անշուշտ եթէ հաւա­քա­կան կամքը կայ տակաւին  ժողո­վուրդի վստա­հութիւնը վերա­կանգնե­լու։ 

Պէտք է ժամա­նա­կաւո­րա­պէս սառեցնել կազմա­կերպութեան մասնակցութիւնը Հայաստա­նեան քաղա­քա­կան կեանքէն ներս, վերա­կազմա­կերպել եւ ներքնա­պէս ինքնա­մաքրման հոլո­վոյթը սկսիլ։ Ի մասնաւո­րի ներգրաւել, պատրաստել եւ դաստիա­րա­կել երի­տա­սարդներ, որոնք կրնան օր մը փրկել Դաշնակցութիւնը իր վերջնա­կան լճա­ցումէն։ Այս ներքին բարո­յա­կան վերա­կանգնումը նաեւ գրաւա­կանն է Սփիւռքեան կառոյցնե­րու վերաշխուժացման, որ իր կարքին կախեալ է Հայաստա­նի կառոյցի վիճա­կէն։ Հայաստա­նեան այս ձախաւեր գործունէութեան իբրեւ հետեւանք՝ Սփիւռքեան կառոյցներն ալ իրա­րա­մերժ խմբակցութիւններ ստեղծե­ցին եւ մաշե­ցուցին եւ տակաւին կը հիւծեն կազմա­կերպութիւնը։ 

Մեծ յոյսեր կապուած են յառա­ջի­կայ 33րդ ՀՅԴ Ընդհա­նուր ժողո­վի որո­շումնե­րուն եւ արդիւնքնե­րուն վրայ։ Վա՜յ անոնց որոնք պատիւը եւ ծանր պարտա­կա­նութիւնը ունին մասնակցե­լու այս ժողո­վին սակայն լուրջի չեն առած այս մտա­հո­գութիւննե­րը եւ կը կարծեն եւ մանաւանդ կը յաւակնին որ ամէն ինչ կարգին է, ձախո­ղութիւննե­րը վերագրեն ուրիշնե­րուն, ինքնարդա­րացման պատճառներ փնտռեն եւ ինքնա­խա­բէութեամբ եւ հենուե­լով Դաշնակցութեան պատմա­կան աւանդին, համո­զեն զիրար թէ Դաշնակցութիւնը արժէք է եւ թէ ընդմիշտ կը մնայ անսա­սան։ 

Դժբախտա­բար այդ 127 տարուայ աւանդին վրայ հենուե­լով, վերջին տասնա­մեակնե­րուն, օրէ օր մաշե­ցուցին զայն։ 

Հաւա­տա­ցած եւ համո­զուած եմ որ Դաշնակցութիւնը իր Սփիւռքեան իւրա­յա­տուկ կառոյցնե­րով, պարտաւո­րութեան տակ կը դնէ մեզ ազգո­վին ոտքի պահե­լու զայն, պահե­լու առողջ եւ աննկուն։ Դաշնակցութիւնը մեծ եւ անփո­խա­րի­նե­լի ազգա­յին արժէք է Սփիւռքի տարածքին, եւ միայն ուղիղ եւ բարո­յա­պէս անշեղ քաղա­քա­կա­նութեամբ կարե­լի պիտի ըլլայ կարեւոր եւ գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան հիմքե­րով ներկա­յութիւն դառնալ նաեւ Հայրե­նի­քէն ներս։ Պարզա­պէս պէտք չէ աճա­պա­րել, այլ պէտք է նոր, ինքնուրոյն աւանդ ստեղծել եւ չհե­նուիլ միայն հինին վրայ։ 

Հրաչ Սիմո­նեան 

Յունուար 14, 2019

[շարունա­կե­լի]

Աղբյուրը՝

Facebook.com

Առնչվող Հոդվածներ