26.4 C
Yerevan

Արեւմտա­հայ Մտա­վո­րա­կա­նի Հարցազրույցը

«ԿԵԹՈՅԱՑՄԱՆ» եւ ձուլումի զոյգ բեւեռնե­րը, երեւութա­կան հակադրութեան մը տակ, կը միա­նան իրա­րու. մէկը միւսը կը կանչէ: Որովհե­տեւ ձուլումը անխուսա­փե­լի վտանգն է, թակարդն է ինքնա­նո­րո­գումէ զուրկ մնա­ցած, «չպա­տուաստուած» ինքնութեան մը համար:

Յարութիւն Քիւրքճեան

ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ փորձ(առութիւն)ը առա­ջին հերթին կ՛ապրուի եւ կը դրսեւո­րուի գրա­կան ստեղծումին մէջ: Յօդուածնե­րու եւ վերլուծումնե­րու ժողո­վա­ծու հատորդ կը հաստա­տէ սփիւռքցի գրա­գէտնե­րու ծննդա­բա­նութիւն մը, որ կը սկսի Ցեղասպա­նութե­նէն վերապրածնե­րով, ինչպէս Համաստեղ (Մ.Ն.): Կարե­լի է յիշել նաեւ Վահան Թէքէեան (Կիպրոս, Եգիպտոս), Յակոբ Օշա­կան (Երուսա­ղէմ)… Յետոյ՝ «Փարի­զի դպրոց»ի սերունդը (Շահնուր, Սարաֆեան, Որբունի, Զարդա­րեան…), երկու Պատե­րազմնե­րուն միջեւ: Եւ վերջա­պէս՝ ձեր սերունդը, Պըլտեա­նի­նը, այն՝ որ ապրած է Մայիս 68ը՝ Լատի­նա­կան թաղա­մա­սի մէջ: Ինչպէ՞ս կը սահմա­նես ձեր սերունդը: Ի՞նչ է անոր տեղը՝ Սփիւռքի գրա­կան ոլորտին մէջ: Իր կնի՞քը:

ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ փորձա­ռութիւնը կ՛ապրուի եւ կը դրսեւո­րուի, այո՛, նախ եւ առաջ գրա­կան ստեղծումին մէջ: Բայց կարծեմ հոս պէտք է ընենք նախազգուշա­կան դիտո­ղութիւն մը. ճիշդ պիտի չըլլար հաստա­տումը ընկա­լել բացա­ռիօ­րէն, եւ բացա­ռա­պէս՝ յօգուտ գրա­կա­նութեան: Որովհե­տեւ, թերեւս հակա­ռակ հատո­րիս համագրութեան թելադրանքին, սփիւռքեան փորձա­ռութիւնը կ՛ապրուի եւ կը դրսեւո­րուի առհա­սա­րակ հոգե-մտաւոր արտադրութեան մէջ, մշա­կութա­յին ընդհանո՛ւր փրաքսիսին մէջ…
    Այս դիտո­ղութեանս առի­թով, կ՛ուզեմ ճշդել, որ հատո­րիս կազմութեան համար, գրա­կանին տրուած նախա­պատւութիւնը, թէեւ շատ տրա­մա­բա­նա­կան եւ նպա­տա­կա­յարմար՝ ինքնին, իմ սեփա­կան ընտրանքս չէ եղած ի սկզբա­նէ: Այլ, ինչպէս հատո­րին նախա­ձեռնութիւնը եւ ամբո՛ղջ կազմումը, եղած է արդիւնքը տքնա­ջան աշխա­տանքին իմ հոգե­հա­րա­զատ հին բարե­կամ Անի Աստուրեա­նին: Ինչպէս եւ, ապա, իբր հատոր վերջնա­կան ձեւաւո­րումին համար, Բագինի գործընկերներ Սոնիա եւ Րաֆֆի Աճէ­մեաննե­րու վաստա­կին:
    Գալով վերլուծումնե­րուս սահմա­նաճշդումին, պէտք է աւելցնեմ, որ ցեղասպա­նութեան սերունդէն «վերապրողներ», ինչպէս Թէքէեան եւ Յակոբ Օշա­կան, մաս չեն կազմեր անոր. կը մնան դուրս՝ «Սփիւռք» հասկա­ցութե­նէն: Մինչ Համաստեղ, արդէն անոնցմէ մէկ սերունդ աւե­լի երի­տա­սարդ, գոնէ մասով մը, եւ մանաւանդ իր «գրո­ղա­կան ծրագիր»ով, ինչպէս ըսեր եմ, մուտք ունի հոն:
    «Փարի­զի դպրոց»ը, իրեն մաս կազմող գրա­գէտնե­րու մեծ մասին համար (Շուշա­նեան, Նարդունի, Զարդա­րեան, մասամբ՝ Շահնուր…), թէեւ փաստօ­րէն Սփիւռքի ծնունդ, ունին այլա­պէս երկդի­մի կարգա­վի­ճակ – գոնէ քննարկմանս չափո­րո­շի­չին տեսանկիւնէն, որ է զանցումը ամուլ երկուութեան, գոյութե­նա­կան խզումի: Նոյն այս «դպրոց»էն՝ Զարեհ Որբունի, եւ մանաւանդ Նիկո­ղոս Սարաֆեան՝ կ՛իրագործեն այդ զանցումը, անդրանցումը, ինչպէս արդէն կը թելադրեն իրենց զանա­զան գործե­րը՝ սկսած խորա­գիրնե­րէ՝ Եւ եղեւ մարդԱնջրպե­տի մը գրաւումը:
    Ինչ կը վերա­բե­րի հիմա իմ սերունդիս, «Պըլտեա­նի սերունդին» ինչպէս կ՛ըսես, հոս եւս կը վարա­նիմ քիչ մը շատ միա­ցուցիչ «սերունդ» եզրոյթիդ առջեւ: Սփիիւռքեան ցրւումը կարծես մեզ աւե­լի՞ եւս տարբե­րա­կած է…: Ուրեմն, դարձեալ զանա­զա­նե­լով՝ խօսինք մե՛ր մասին, սերունդի այն մէկ թեւին, որ հասած՝ 1960–70-ական տարի­նե­րուն, խուսա­փե­լով միջին-արեւե­լեան գաղութնե­րու ջերմա­նո­ցա­յին փակ մթնո­լորտէն, անցեր ենք Եւրո­պա կամ Ամե­րի­կա: Առաւել՝ մեր կողքին, աւե­լի եւս սահմա­նա­փակ թիւ մը, բո՛ւն Արեւմուտքի ծնունդներ…:
    Մեր գլխաւոր յատկանիշնե՞րը.- Մերժում կեթոյին. յարում գրա­կան-մշա­կութա­յին առարկա­յա­կան, «համաշխարհա­յին» չափա­նիշնե­րու. ճանա­չում հայ առա­ջա­պահ արժէքնե­րու եւ դէմքե­րու, ըլլա՛ն անոնք նախասփիւռքեան շրջա­նէն թէ սկզբնա­կան Սփիւռքէն, եւ որոնք առհա­սա­րակ անգի­տա­ցուած կամ մերժուած են եղած «պահպա­նո­ղա­կան» կեթոյէն…
    Եւ մեր դերը՝ դեր մը յուշա­րա­րի, առանց ուրեմն ռահվի­րա­կան յաւակնութիւննե­րու. դեր մը՝ ահա­զանգո­ղի – ընդդէմ «հայապահպանում»ին, որ աղի­տա­լի է՝ գոյութե­նա­կան եւ գրա­կան-մշա­կութա­յին մարզե­րու մէջ հաւա­սա­րա­պէս…


Ի՞ՆՉ ըսե­լիք՝ Սփիւռքի երի­տա­սարդ գրա­գէտնե­րու սերունդին մասին: Որո՞նք են. ո՞ւր զետե­ղել հայ գրա­կան Սփիւռքի գլխաւոր

բեւեռնե­րը:

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ գրա­գէտնե­րու նորա­գոյն սերունդին համար, անոր՝ որ հասած է մերի­նէն մէկ-երկու տասնա­մեակ ետք, կը դիտենք գրա­կան դիմագծումի նոյն անո­րոշ այլա­զա­նութիւնը, համո­զիչ անհա­տա­կա­նութիւննե­րու նոյն պակա­սը (որքան ալ չսի­րեմ արժէ­քա­յին գնա­հա­տումնե­րով խօսիլ…): Ան եւս կը դասուի երկբեւեռ դաշտի մը վրայ, մեծ մասով՝ ճամբայ ելած Միջին-արեւելքէն, եւ յանգած՝ Արեւմուտքի երկիրնե­րու: Առաւել, թերեւս, Արեւելքի աշխարհագրա­կան գօտիէն ներս կայք ընտրած, բայց՝ խառնուածքի եւ հաղորդակցա­կան նոր կարե­լիութիւննե­րու բերմամբ զայն անդրանցող դէմքեր եւս:
    Երկբեւե­ռութիւնը, երկուութիւնը հազուա­դէ­պօ­րէն յաղթա­հա­րուած է այս սերունդէն (ըսենք՝ կիսա-սերունդէն) եւս, ըլլայ բանաստեղծութեան, ըլլայ պատումա­յին արձա­կի կամ քննա­դա­տութեան մէջ: Աւե­լի յաճախ՝ աւանդա­կան ձեւե­րու կրկնումն է որ կը դիտուի, կամ մակե­րե­սա­յին նորա­րա­րութիւն մը, Պըլտեա­նի քիչ մը խիստ բառե­րով՝ «Սփիւռքի մէջ ամէն բանաստեղծ ինքզինք միակ եւ վերջին կը նկա­տէ, շքեղ մերժումով մը կ՛արհամարհէ ճանչնալ իրմէ առաջ եղողնե­րը, եւ կը ծնի սունկի պէս, մէկ գիշե­րուան մէջ…»: Որովհե­տեւ, արդա­րեւ, «արդիական»ն ալ՝ աւանդա­կա­նին պէս, պիտի ունե­նար, եւ ունի, իր խոտանը…
    Այս տկա­րութիւնը, տժգունութիւնը, որ կը դիտուի յաջորդա­կան սերունդնե­րու մօտ, պէտք է ըսել ու կրկնել՝ չէ՛ բնաւ հետեւանքը անխուսա­փե­լի առարկա­յա­կան պայմաննե­րու, կնի­քը ինչ որ սփիւռքեան ճակա­տա­գի­րի մը. ո՛չ երբեք…: Անի­կա պարզ հետեւանքն է երէց սերունդի թերա­ցումնե­րուն, ձեռնթա­փութեան:
    Գիտենք, ու մասամբ դեռ կը հասկնանք այս «նահանջ»ը արեւմուտքի մէջ, տիրող մեծ մշա­կոյթնե­րու դէմ: Բայց անի­կա այլա­պէս վնա­սա­կար է եղած, մինչեւ իսկ աղի­տա­լի, մեր արեւելեա՛ն համայնքնե­րուն մէջ, ուր լեզուն, պահուած իբր «մայրե­նի» լեզու՝ պարզա­պէս առարկա­յա­կան պարա­գա­նե­րու բերմամբ, շատ կանուխէն զեղչուեր-դրուեր է «աղքատ ազգական»ի իրա­վի­ճա­կին մէջ, եւ իր ուսուցումը շատ յաճախ ապրուեր է ու կ՛ապրուի իբր տաժա­նա­կիր պարտա­կա­նութիւն մը, երկկողմա­նիօ­րէն՝ թէ՛ ուսուցա­նո­ղին, եւ թէ՛ աշա­կերտին համար:
    Հետեւանք՝ ընթերցա­նութեան ճաշա­կի անհե­տա­ցում, գրա­կան հակումնե­րու անէա­ցում…: Մեր գրա­կան մամուլը, յաճախ յանձնուած՝ սահմա­նա­փակ կարո­ղութեան տէր խմբա­գիրնե­րու, անա­տակ է գտնուած ստանձնե­լու նոր տաղանդնե­րու տնկա­րա­նի իր կարեւոր դերը:
    Եթէ Պըլտեաններ կրցած են հասնիլ այսպի­սի միջա­վայրի մէջ, ատի­կա եղած է՝հակա­ռակ եւ ընդդէմ անոր հեղձուցիչ մթնո­լորտին… Եւ ուրեմն՝ աւե­լի հասկնա­լի պիտի դառնայ իր՝ «Ստեղծել վայրը ուր ըլլալ»նախա­դա­սութիւնը – ամբողջ յայտա­գիր մը, յայտարարագի՛ր մը, նոյնը՝ որ առա­ջադրեր են ու կ՛առաջադրեն յաջորդա­կան սերունդնե­րու լուսանցա­յին դէմքե­րը, Սարաֆեա­նէն եւ Որբունիէն մինչեւ Վահէ Օշա­կան, անցնե­լով իրմէ՝ Պըլտեա­նէ, Նշա­նեանէ, հասնե­լու համար աւե­լի նորե­րու, որոնցմէ երկուքը կը գտնէք հատո­րիս մէջ… Դէմքեր որոնք, աննպաստ միջա­վայրի մը մէջ, յաջո­ղեր են «ստեղծել վայրը ուր ըլլալ», կամ՝ միշտ իր՝ Պըլտեա­նի բառե­րով՝ «ճկե­լով, խորտա­կե­լով,
պայթեցնե­լով փականքը, վերջա­պէս խօսիլ»:
    Անշուշտ, նմա­նօ­րի­նակ խեղդող կացութիւններ երբեմն կրցեր են, իբր հակազդե­ցութիւն, առա­ջացնել լուսանցա­յին տարրե­րու խմբում: Բայց, փոխա­նակ նման հակազդի մը ճամբով առիթ տալուԱհե­կաններու ծնունդին (ՊԷյրութ, 1966–1970), այս «ուսուցիչ»ները աւե­լի յաճախ փաստօ­րէն խցեր են կարե­լիութիւննե­րը ամէն խոստումի առջեւ – նորե­րուն դէմ ճօճե­լով օտար ազդե­ցութիւննե­րու «վնա­սա­բեր» խրտուի­լա­կը. ու աւե­լին՝ օրի­նա­կե­լի բնորդ դառնա­լու յաւակնութեամբ…: Անոնք կը կրեն ամբողջա­կան պատասխա­նատւութիւնըգրա­կան հրա­պա­րա­կի յետա­գայ այս քիչ-մխի­թա­րա­կան պատկե­րին:
    Վահէ Օշա­կանն է որ, նախորդ դարու աւարտին մօտ, հաշուեկշիռ կազմող շեշտե­րով, կը գնա­հա­տէր դարասկիզբի կացութիւնը, դեռ՝ տեսնուած (չմոռնա՛նք…)՝ արեւմտեան կողմանց իր դիտա­րա­նէն. «Ներկա­յիս, նորե­րու մօտ, հայ միտքը իր պատուհա­նը կէս մը բացած է աշխարհին. զգա­լի է որոշ թարմա­ցում մեր գրա­կան զգայնութեան… Պէտք է ընդունինք, որ այս քիչը անգամ յուսա­տու է»: Անմի­ջա­պէս աւելցնե­լու համար՝ «Իրա­պէս, մեծ բան մը չունինք հրամցնե­լիք մարդկութեան: Մենք մեզ չխա­բենք…»:
    Ափսո­սա­լի է, որ գրա­կան պարբե­րա­թերթ մը, այսօր փաստօ­րէն այլեւս միա­կը իր տեսա­կին մէջ (զուգա­հե­ռա­բար տեղ-տեղ «Գրա­կան յաւելուած»ներու եւ համա­ցանցա­յին պլոկ-հրա­տա­րա­կութեան որոշ հետաքրքրա­կան փորձե­րու), սպա­սած ըլլայ տասնա­մեակներ՝ օժտուե­լու համար երի­տա­սարդ եւ ուժա­կան խմբագրութեամբ մը: Որ իբր մայր պարտա­կա­նութիւն ունի… սահմա­նա­փա­կել անցեա­լի վնասնե­րը:

ԳՐԱԿԱՆ իւրա­քանչիւր սերունդի, հանդի­պումը Այլութեան՝ շօշա­փե­լի այդ Միւսին հետ (յաճախ սեռա­յին երանգով մը), կ՛երեւի իբր որո­շադրիչ: Ինչո՞ւ, եւ ինչպէ՞ս, Օտա­րը մեզ «կը կազմէ» եւ «կը լուծէ» Սփիւռքի գրա­կա­նութեան փորձին մէջ: Եւ ինչպէ՞ս կը բացատրես ոչ հայ կերպարնե­րու շատ տկար համե­մա­տութիւնը միջին-արեւե­լեան հայ գրա­գէտնե­րու (Ծառուկեան, Սնա­պեան, Գ. Աճէ­մեան, Պ. Գուբէ­լեան) պատմուածքնե­րուն եւ վէպե­րուն մէջ:

«Միւս»ին, «տարբեր»ին դերը առհա­սա­րակ՝ ինքնութեան մը ստեղծումին մէջ, հոս կարի­քը չունի բացատրուե­լու, հիմնաւո­րուե­լու: Անի­կա բացա­յայտ է ինքնին: Ինչպէս բացա­յայտ է այդ «Միւս»ին դէմ ինքնակծկումի, մերժումի շարժման հիւանդա­գին բնոյթը:
    Մեր գրա­կա­նութեան մէջ, «Միւս»ին, ուրիշ էութեան եւ վայրի մատչումի կենսա­կա­նութիւնը կը բացա­յայտուի ամե­նա­կենդա­նի, ամե­նա­հա­րուստ գործե­րով. Անջրպե­տի մը գրաւումըՄիջերկրա­կան(Սարաֆեան), ՔառուղիՔաղաք (Վ. Օշա­կան), ԵրկուքԿրկնա­գիր մարդը (Պըլտեան). եւ ներկայ Պոլի­սը ներա­ռե­լու պարա­գա­յին «Սփիւռք» հասկա­ցութեան ծիրէն ներս, հոն եւս որոշ գործեր՝ Քար – Կաթիլներ (Զ. Խրա­խունի), Առաստա­ղին միւս կողմը (Ռ. Հատտէ­ճեան)՝ 1920–30-ական տարի­նե­րէն ասդին, ուրեմն ահա գրե­թէ դար մը. եւ որոնք առաւել կամ նուազ կը ցոլացնեն բացուածքի այս առա­ջադրանքը:
    Ն. Սարաֆեան «բախտ» կը տեսնէ մեր «գաղթ»ին մէջ. մեր ազգա­յին նաւա­բե­կումին մէջ՝ առիթ մը՝ նետուե­լու աշխարհի ծովը եւ անվա­խօ­րէն «լողալ սորվե­լու»
    Ի հակադրութիւն այս «անա­ռակ որդի­ներ»ուն (միշտ՝ Սարաֆեա­նի բառե­րով…), կեթո­յի ծնունդնե­րը, որոնք անոր մէջ ալ պիտի մնա­յին, միայն պիտի կրկնէին աւանդա­կան բնորդներ. պիտի անգի­տա­նա­յին «Միւս»ով բեղմնաւո­րումէն ծնող բարիքնե­րը (շարժընթաց մը որուն, ի դէպ, մեր մշա­կութա­յին պատմութեան առա­ջա­պահ հոսանքնե­րը միշտ ալ հետեւեր են, անյի­շա­տակ ժամա­նակնե­րէ ի վեր…):
    Ոչ-հայ կերպարնե­րու բացա­կա­յութիւնը, յիշա­տա­կած գրա­գէտնե­րուդ մօտ, նշան մըն է, ախտա­նիշ մը՝ ուրիշ ախտա­նիշնե­րու կարգին, իրենց ներաշխարհի անձուկ, անհո­րի­զոն վիճա­կին, աղքա­տութեան:
    Ասի­կա չի ալ նշա­նա­կեր, անշուշտ, որ այդպի­սի ներկա­յութիւններ ինքնին երաշխիք ըլլա­յին որա­կի…

1968ին եւ աւե­լի ետք, քննարկած ես կարե­լիութիւնը (կամ անկարելիութի՞ւնը…) երրորդ ուղիի մը՝ ընդմէջ ձուլումի եւ համայնքա­յին ինքնա­մե­կուսա­ցումի: Հարցը այժմէա­կան կը թուի՞ այսօր քեզի: Ինչո՞ւ:

«ԿԵԹՈՅԱՑՄԱՆ» եւ ձուլումի զոյգ բեւեռնե­րը, երեւութա­կան հակադրութեան մը տակ, կը միա­նան իրա­րու. մէկը միւսը կը կանչէ: Որովհե­տեւ ձուլումը անխուսա­փե­լի վտանգն է, թակարդն է ինքնա­նո­րո­գումէ զուրկ մնա­ցած, «չպա­տուաստուած» ինքնութեան մը համար: Մինչ առողջ ինքնութիւն մը ինքզինք կը նորո­գէ բացուե­լով «միւս»ին, զայն համարկե­լով իրեն: Ինչ որ անկա­րե­լի է, անշուշտ, երբ ամէն բացուածք, ամէն փոխա­նա­կում թապու է յայտա­րա­րուած: Եւ որովհե­տեւ մեր Սփիւռքը, իր ծագումի օրե­րէն, եւ մինչեւ դեռ այսօր (բացա­ռե­լով մասնա­կի երեւոյթներ, եւ չհա­շուած կիսա­մի­ջոցնե­րու կիրարկումը, մեծ մասամբ՝ իրո­ղա­կան կացութիւննե­րու պարտադրանք…), ձախո­ղած է բարե­յա­ջող համարկումի մը ուղի­նե­րը գտնե­լու,- հարցը, այո՛, կը մնայ այժմէա­կան:


Ի՞ՆՉ ըսե­լիք կը թելադրէ քեզի «սփիւռքայնութեան» մտա­ծող Վահէ Օշա­կա­նի աւանդը, որուն մէկէ աւե­լի գրութիւններ յատկա­ցուցած ես հատո­րիդ մէջ: Եթէ իր քերթո­ղութիւնը ինքնին յղե­լի արժէք է, իր «քաղա­քա­կան» գրուածքնե­րը Սփիւռքի ապա­գա­յին եւ անոր՝ Հայաստա­նէն անկախ գոյա­վի­ճա­կի անհրա­ժեշտութիւնը, դժուար ընկա­լե­լի կը մնան: Պէ՞տք էր արդեօք տեսնել հոն կենսա­կան որո­նում մը՝ սփիւռքեան բնա­զանցութեան: Ձգտում մը անդրանցումի՝ գրա­կա­նութեան ճամբով: Այդ պարա­գա­յին՝ ինչպէ՞ս մեկնա­բա­նել Պըլտեա­նի նախա­դա­սութիւնը՝ «Ստեղծել վայրը ուր ըլլալ»: Արձագա՞նգ մը Սարաֆեա­նի Անջրպե­տի մը գրաւումըին:

ՎԱՀԷ Օշա­կանի գործը եւ զայն զսպա­նա­կող մտա­ծումը, փիլի­սո­փա­յութիւնը, ճամբայ կ՛ելլեն սփիւռքեան ուրոյն, ինքնա­վար, Հայաստան-հայրե­նի­քէ մը անջատ գոյա­ձեւի գաղա­փա­րէն: Սփիւռքի տեւա­կան, վերջնա­կան նկա­րա­գի­րը փաստ մըն է, որմէ մեկնե­լով սփիւռքա­հա­յը պէտք է կերտէ ինքզինք, ըլլայ, ծնի՛: Տուեալնե­րու այս ամբողջութիւնը, որ եթէ կ՛ուզես՝ կրնանք բնա­զանցութիւն ալ կոչել, կրնայ յարակցուիլ գոյա­պաշտ փիլի­սո­փա­յութեան, բայց առանց սահմա­նա­փա­կուե­լու անոր կամ մտա­ծո­ղա­կան որեւէ հոսանքի մէջ:
    Միւս կողմէ, Վահէ Օշա­կա­նի գործին եւ զգայնութեան մէջ պէտք չէ ալ անտե­սել գոյա­պաշտութեան այս երա­կը (անտե­սում՝ որ կը կատա­րեն ոմանք), մանաւանդ ինչ կը վերա­բե­րի գոյութե­նա­կան անկա­յունութեան, անկէ բխող անձկութեան, կասկա­ծին – կացութիւն՝ որ կը բնո­րո­շէ նաե՛ւ Սփիւռքի մարդը՝ Սարաֆեա­նէն իվեր (Սարաֆեա­նի «Կասկա­ծը»…), յանգե­լու համար մինչեւ Պըլտեան (Վայրի որո­նում-ստեղծում)…: Այս վերջի­նին համար, անշուշտ վայրը նախ լեզու-վայր է, գրութիւն-վայր է. բայց երկրորդ ընթերցումով մը մեզ պիտի առաջնորդէ Վ. Օշա­կա­նի մը, Որբունիի մը մարդաստեղծումին. կամ Սարաֆեա­նի մը նուա­ճումնե­րուն, որուն համար եւս ‑ի դէպ- նուա­ճուած «անջրպետ»ը գոյութիւնն է նոյնքան՝ որքան գրութիւն…
    Այս բոլո­րին կապե­լով կրնամ անդրա­դառնալ աւարտին դրած հարցիդ – այն նիւթե­րուն մասին, որ մեր գրա­գէտնե­րը պէտք էր շօշա­փէին: Ի վիճա­կի չեմ, ոչ ալ պէտքը կը զգամ, թելադրե­լու այդպի­սի նիւթեր: Աւե­լի պիտի մտա­ծէի դիրքո­րո­շումնե­րու մասին՝ հանդէպ սփիւռքեան գոյա­վի­ճա­կին եւ գրա­կա­նութեան: Եւ ինչ որ արդէն ըսի, կարծեմ, կ՛արտայայտէ տեսա­կէտս ատոր մասին:


ՍՓԻՒՌՔԻ մէջ հայե­րէն ընթերցող հանրութեան մը նուա­զումով, երեւան եկած են հայա­նիւթ գրա­կա­նութեան մը նոր ձեւեր՝

տեղա­կան լեզունե­րով (Տընի Տօնի­կեան՝ Ֆրանսա. Աննա Արզումա­նեան՝ Արժանթին): Ինչպէ՞ս սահմա­նել զանոնք. ի՞նչ
չափո­րո­շիչնե­րով):

ՕՏԱՐԱԳԻՐ հայ գրա­գէտնե­րու հարցը յաճախ դրուեր է, յատկա­պէս՝ ինչ կը վերա­բե­րի իրենց պատկա­նե­լութեան: Խօսք չունինք անշուշտ անոնց մասին, որոնք հայ են միայն անունով (երբեմն ոչ իսկ անունով…): Կ՛անդրադառնանք անոնց՝ որոնք իրենց շօշա­փած նիւթե­րով կամ/եւ զգայնութեամբ կ՛առնչուին հայութեան: Սարո­յեա­նի մը, Զաւէն Սիւրմէ­լեա­նի մը, Արմէն Լիւպէ­նի մը. ինչպէս կը յիշա­տա­կես՝ Արզումա­նեա­նի մը, Տօնի­կեա­նի մը – եւ դեռ ուրիշնե­րու ալ, ի հարկէ…
    Առանց մանրա­մասնե­լու՝ ըսեմ համո­զումս, եւ չափո­րո­շիչնե­րը՝ որոնց կը յղուիմ: Գրա­կան արտադրութիւն մը կը պատկա­նի ա՛յն լեզուին, որով գրուած է: Հայ մշա­կոյթի շատ լայն մէկ ծիրին մէջ, որ հաշուի պիտի առնէր գրա­կան բովանդակութիւններո՛ւ զգայնութիւնը,- այդ արտադրութիւննե­րը կրնան ներա­ռուիլ: Բայց ո՛չ՝ գրա­կա­նութեան յստա­կօ­րէն սահմա­նաճշդուած սահմաննե­րուն մէջ. քանիգրա­կան գործ մը լեզու է, նախքան ուրիշ որեւէ բան ըլլա­լը: Նոյնինքն Սարաֆեան, այնքա՛ն բաց՝ այլութեան ոլորտին, այսուհանդերձ շատ յստա­կօ­րէն կը սահմա­նաճշդէ պատկա­նե­լութեան մարզե­րը, ամե­րի­կա­գիր գրա­գէտ Զաւէն Սիւրմէ­լեա­նի առի­թով:
    Այս նոյն պատճա­ռով է, արդէն, որ Շահնուր/Լիւպէն մը կը պատկա­նի, յաջորդա­բար եւ անջա­տա­բար, հայկա­կան եւ ֆրանսա­կան գրա­կա­նութիւննե­րու. այսինքն՝ ո՛չ միա­ժա­մա­նակ երկուքին: Նոյնիսկ եթէ իր Առժա­մեայ բնա­կա­րաններ ժողո­վա­ծուն կը հաշուէ քերթուածներ, որոնք կը թրթռան իսկա­պէս «հայկա­կան» զգայնութեամբ մը (ինծի տեղ-տեղ կը յիշեցնեն մեր միջնա­դա­րեան «Անտունի»նեըը…), միանգա­մայն յարա­կարծօ­րէն պատկա­նե­լով… ֆրանսա­կան գրա­կա­նութեան՝ իրենց լեզուով– միակ չափա­նիշ պատկա­նե­լութեան:
    Փաստ մը եւս, բաւա­կան տրտմե­ցուցիչ.- Ծագումով հայ այս գրա­գէտնե­րը չեն տիրա­պե­տեր, նոյնիսկ կրաւո­րա­կան, նոյնիսկ մասնա­կի տիրա­պե­տումով, իրենց ծագումի լեզուին. եւ յաճախ ալ թարգմա­նութիւններ կ՛ակնկալեն, հայա­գիր իրենց գրչընկերնե­րու գործե­րուն մատչե­լու համար (անշուշտ երբ կը հետաքրքրուին…): Կարծեմ՝ սպա­սում մը, կամ պայման մը՝ ասոնց հաշուին, լեզուա­կան այդպի­սի կրաւո­րա­կան ծանօ­թութեան մը գոնէ՝ առանց թարգմա­նա­կան միջարկումի մատչե­լու համար հայա­գիր գործե­րու,- բաւա­կան համեստ պահանջ է: Յամե­նայն դէպս՝ հայա­գիր գործե­րու այդպի­սի ուղղա­կի ծանօ­թա­ցումով մը միայն կարե­լի պիտի դառնա­յին փոխա­դարձա­բար հարստա­ցուցիչ փոխա­նա­կումներ…
    Փակե­լու համար այս թեման, կ՛ուզեմ ընդգծել, Սարաֆեա­նէ եւ Պըլտեա­նէ ետք, որ բո՛ւն ստեղծի­չը, մշա­կութա­յին յեղա­փո­խա­կա­նը Սփիւռքին՝ սեփա­կան լեզուի եւ ընդհանրա­պէս գրա­կա­նութեան հանդէպ անտարբեր այս միջա­վայրին մէջ, ա՛ն է, որ՝ մերժե­լով լեզու փոխե­լու երբեմնա­կի փորձութիւններ (յաճախ ատակ է այլեւս ատոր…), կը շարունա­կէ արտա­յայտուիլ հայե­րէ­նով, լեզուով մը՝ ըստ ոմանց դատա­պարտուած, հաւա­նօ­րէն եւ իրօք անո­րոշ ապա­գա­յով – ինչ կը վերա­բե­րի գոնէ՝ մեր արեւմտա­հա­յե­րէ­նին: Ա՛ն է, մանաւանդ, որ այդ լեզուին մէջ ու անկէ մեկնած՝ կը ստեղծէ «ի՛ր լեզուն», սեփա­կա­նը: «Կը ստեղծէ վայրը ուր ըլլալ»:

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 4

Հոդվա­ծը՝ pakine.net կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ