25.3 C
Yerevan

Քաղքե­նի Կայսե­րա­պաշտութեան Ախտո­րո­շումը

Վերապրումի մեքե­նա­կա­նութիւն մը՝ որուն միջո­ցաւ քաղքե­նիութիւնը կը փորձէ, նոյնինքն աշխա­տաւո­րէն իր խլած յաւե­լեալ արժէ­քին հաշւոյն, ընկե­րա­յին ապա­հո­վութեան կամ տնտե­սա­կան ինքնա­վա­րութեան փշրանքներ իբր թէ «շնորհել» աշխա­տաւո­րութեան։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ԱՅԲՈՒԲԵՆ

Ա․- ԴՐԱՄԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ ՃԻԳԵՐԸ

ԽԱԺԱԿ

Դաշնակցա­կան աշխարհա­յեացքին գլխաւոր նախադրեա­լը ճշդո­րո­շող ներա­ծա­կան իր բաժի­նէն ետք, Հ.Յ.Դ. Ծրա­գի­րը կ՛անցնի իր Ընդհա­նուր Տեսութեան երկրորդ բաժի­նին եւ կը կատա­րէ քննարկումը դրա­մա­տի­րա­կան հասա­րա­կարգի անխուսա­փե­լի հակա­սութիւննե­րուն։
Աւե­լի ճիշդ լուսարձա­կի տակ կ՛առնէ այն մեքե­նա­կա­նութիւնը, որուն դիմեց եւ կը շարունա­կէ դիմել քաղքե­նիութիւնը, ապա­հո­վե­լու համար գոյա­տեւումն ու ամրապնդումը իր հաստա­տած դրա­մա­տի­րա­կան անարդար կարգե­րուն։
Եւ առա­ջին հերթին նոյնինքն սեփա­կան ժողո­վուրդի աշխա­տաւո­րութեան յարա­բե­րա­բար քաղքե­նի դասա­կարգին որդեգրած ընկե­րա­յին չարա­շահման՝ շահա­գործումի մեքե­նա­կա­նութեան ախտո­րո­շումը կատա­րե­լով, Հ․Յ․Դ․ Գաղա­փա­րա­բա­նութիւնը դիտել կու տայ.- «իր պատմա­կան զարգացման ընթացքին եւ առանձնա­պէս իր ներկայ փուլին մէջ, դրա­մա­տի­րութիւնը մանաւանդ հոն՝ ուր ճարտա­րա­րուեստա­կա­նա­ցումը յառա­ջա­ցած է, իր տնտե­սա­կան կառոյցի վերապրումը ապա­հո­վե­լու համար, հարկադրուած է որոշ պատշա­ճե­ցումներ մտցնե­լու պետութեան եւ աշխա­տաւո­րութեան յարա­բե­րութեանց մէջ, ինչպէս, օրի­նակ, ընկե­րա­յին ապա­հո­վութեան դրութեանց հաստա­տումը եւ աշխա­տաւորնե­րու մասնա­կի բաժնեկցութիւնը տնտե­սա­կան հիմնարկնե­րու»։

Հ.Յ.Դ. Ծրա­գի­րը կը վերլուծէ նաեւ այն մեքե­նա­կա­նութիւնը, որուն կիրարկումով քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութիւնը կը փորձէ իր աքցա­նին մէջ առնել ամբողջ աշխարհը․- Դասա­կարգա­յին չարա­շահման եւ հասա­րա­կա­կան շահա­գործումի ենթարկել ոչ միայն ազգի մը ներքին կեանքը, այլեւ՝ նոյնինքն ազգե­րուն միջեւ կատա­րել իշխա­նաւո­րի եւ իշխա­նա­զուրկի դասա­կարգում։
Անդրա­դառնանք այն քայլե­րուն, որոնց կը դիմէ քաղքե­նիա­կան դրա­մա­տի­րութիւնը՝ ապա­հո­վե­լու համար իր վերապրումը, իբրեւ համաշխարհա­յին դրութիւն մը, որ միա­ժա­մա­նակ ներ-ազգա­յին թէ միջ-ազգա­յին մակարդակնե­րու վրայ հետա­մուտ է դասա­կարգա­յին շահա­գործումի դրութեան արմա­տաւո­րումին՝ ի սպաս քաղքե­նիութեան։
Անմի­ջա­պէս կ՛արժէ կեդրո­նա­նալ քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութեան նոյնինքն վերապրումի հարցին վրայ։

Հ.Յ.Դ. Ծրա­գի­րը չի բաժներ փութկո­տութիւնը ընկերվա­րա­կան շարժումի այն ծայրա­յե­ղա­կաննե­րուն, որոնք աւե­լի քան 1840ականներէն ի վեր կ՛օրորուին քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութեան մօտա­լուտ փլուզման ցնո­րա­տե­սա­կան յոյսե­րով։
Անկասկած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւս, իբրեւ յեղա­փո­խա­կան ու ընկերվա­րա­կան կուսակցութիւն, գաղա­փա­րա­կան իր դիրքո­րո­շումնե­րուն մէջ կ՛առաջնորդուի ծրագրա­յին այն համո­զումով, թէ անխուսա­փե­լի է դրա­մա­տի­րա­կան հասա­րա­կարգի փոխա­րի­նումը ընկերվա­րա­կան կարգե­րով։
Ճշմարտութեան սիրոյն նաեւ պէտք է հաստա­տել, որ կար ժամա­նակ (1890ի շուրջ), երբ Անդրա­նիկ մեր Ծրագրով մենք եւս կը փութա­յինք յորդո­րե­լու, որ «պատրաստ գտնուինք անցնե­լու հանրա­յին այն կազմա­կերպութեան, որ այսօր-վաղը պիտի հաստա­տուի տնտե­սա­պէս աւե­լի զարգա­ցած երկիրնե­րու մէջ՝ պրո­լե­տա­րիա­տի յեղա­փո­խութեամբ»։

Պատմա­կան փաստ է արդէն, որ 1907ին Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին կողմէ վերամշա­կուած Մեր Ծրա­գի­րը այլեւս թօթա­փած էր «այսօր-վաղը» ընկերվա­րութեան հասնե­լու ցնո­րա­տե­սութիւնը։
Նախ այն գիտակցութեամբ՝ թէ ընկե­րա­յին յեղաշրջումի համար անհրա­ժեշտ են հասա­րա­կա­կան մտայնութիւննե­րու եւ ընկե­րա­յին արժէքնե­րու ամբողջա­կան վերա­նա­յումը։
Ապա այն ախտա­ճա­նա­չումով՝ թէ քաղքե­նիութիւնը ընդգծե­լի ճկունութիւնը ունի շրջանցե­լու աշխա­տաւո­րա­կան շարժումներն ու ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքարնե­րը, այլեւ ու մանաւանդ՝ վերապրե­լու անոնց հարուածնե­րէն։
Ընկերվա­րա­կան միտքը իրաւունք չունի արհա­մարհե­լու կամ թերագնա­հա­տե­լու քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութեան այդ վերապրումի «կարո­ղա­կա­նութիւնը»։

Ֆրանսա­կան Մեծ Յեղա­փո­խութեան ժամա­նակնե­րէն ի վեր, քաղքե­նիութիւնը ամէն քայլա­փո­խի տուած է ապա­ցոյցը համա­ժո­ղովրդա­կան շարժումնե­րը դասա­կարգա­յին իր նեղ շահե­րուն ճարտա­րամտօ­րէն ծառա­յեցնե­լու լարա­խա­ղա­ցութեան։
Այդպէ՛ս, ժողովրդա­յին բազմութիւննե­րը պարբե­րա­բար իրենց արիւնը թափած են, որպէսզի թօթա­փեն բռնա­տի­րա­կան իշխա­նութեանց բիրտ ուժը եւ վայե­լեն ազա­տութեան բարիքնե­րը։
Բայց հազիւ իրենց պայքա­րը յաղթա­նա­կով պսա­կած՝ ընկե­րա­յին ազա­տագրումի հետա­մուտ ժողովրդա­յին շարժումնե­րը դառնութեամբ անդրա­դարձած են, որ իրենց անունով իշխա­նութեան գլուխ եկած քաղքե­նի ուժե­րը առանձնաշնորհումի վերա­ծած են պետութիւնը,- Համա­ժո­ղովրդա­յին պայքա­րով նուա­ճուած համընդհա­նուր իրաւունքնե­րէն կամ ազա­տութիւննե­րէն՝ քաղքե­նի իշխա­նութիւննե­րը միայն աւելցուք փշրանքներ բաժին հանած են ժողո­վուրդին։
Աշխա­տաւոր բազմութիւննե­րը պայքա­րի դաշտ նետուած են եւ յանձն առած են ամէն զոհո­ղութիւն, որպէսզի մարդկօ­րէն աւե­լի տանե­լի պայմաննե­րու մէջ աշխա­տին եւ վայե­լեն իրենց արտադրած բարիքնե­րը։
Բայց աշխա­տաւո­րա­կան պայքարնե­րով ձեռք բերուած շատ մը իրաւունքներ շուտով չարա­շա­հուած՝ օգտա­գործուած են քաղքե­նիութեան կողմէ իբրեւ իրեն վերա­պա­հուած դասա­կարգա­յին առանձնաշնորհումներ․․․

Աւելի՛ն, քաղքե­նիութիւնը իր յափշտա­կած բարիքնե­րէն աննշան փշրանքներ իբր թէ «շնորհած» է աշխա­տաւո­րութեան՝ փոխա­րէ­նը պահանջե­լով եւ պարտադրե­լով աշխա­տաւո­րութեան անձնա­տուութիւնն ու համա­կերպումը քաղքե­նի իշխա­նութեանց լուծին։
Եւ այսպէս, յանուն ժողովրդա­վա­րութեան եւ ընկերվա­րութեան ծաւա­լած բողո­քի ցոյցե­րուն եւ յեղա­փո­խա­կան պոռթկումնե­րուն ճնշումին տակ քայլ առ քայլ տեղի տալով հանդերձ՝ քաղքե­նիութիւնը փաստօ­րէն կրցած է ձեռք ձգել դրա­մա­տի­րութիւնը «ընդունե­լի» դարձնե­լու չարա­շահման վերապրումի մեքե­նա­կա­նութիւն մը։
Վերապրումի մեքե­նա­կա­նութիւն մը՝ որուն միջո­ցաւ քաղքե­նիութիւնը կը փորձէ, նոյնինքն աշխա­տաւո­րէն իր խլած յաւե­լեալ արժէ­քին հաշւոյն, ընկե­րա­յին ապա­հո­վութեան կամ տնտե­սա­կան ինքնա­վա­րութեան փշրանքներ իբր թէ «շնորհել» աշխա­տաւո­րութեան։
Այս մեկնա­կէ­տով ալ, ընկերվա­րա­կան կարգե­րու հաստատման ի խնդիր մղուող պայքա­րին մէջ, Հ.Յ.Դ. Ծրա­գի­րը կարեւո­րութեամբ կը շեշտէ քաղքե­նի դրա­մա­տի­րութեան վերապրումի՝ չարա­շահման ու շահա­գործման ճիգե­րը հանրա­յին հսկո­ղութեան ու հակակշռի լուսարձա­կին տակ պահե­լու անհրա­ժեշտութիւնը։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ