ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Քաղքենի Կայսերապաշտութեան Ախտորոշումը

Վերապրումի մեքենականութիւն մը՝ որուն միջոցաւ քաղքենիութիւնը կը փորձէ, նոյնինքն աշխատաւորէն իր խլած յաւելեալ արժէքին հաշւոյն, ընկերային ապահովութեան կամ տնտեսական ինքնավարութեան փշրանքներ իբր թէ «շնորհել» աշխատաւորութեան։

Նազարեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ԱՅԲՈՒԲԵՆ

Ա․- ԴՐԱՄԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ ՃԻԳԵՐԸ

ԽԱԺԱԿ

Դաշնակցական աշխարհայեացքին գլխաւոր նախադրեալը ճշդորոշող ներածական իր բաժինէն ետք, Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը կ՛անցնի իր Ընդհանուր Տեսութեան երկրորդ բաժինին եւ կը կատարէ քննարկումը դրամատիրական հասարակարգի անխուսափելի հակասութիւններուն։
Աւելի ճիշդ լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն մեքենականութիւնը, որուն դիմեց եւ կը շարունակէ դիմել քաղքենիութիւնը, ապահովելու համար գոյատեւումն ու ամրապնդումը իր հաստատած դրամատիրական անարդար կարգերուն։
Եւ առաջին հերթին նոյնինքն սեփական ժողովուրդի աշխատաւորութեան յարաբերաբար քաղքենի դասակարգին որդեգրած ընկերային չարաշահման՝ շահագործումի մեքենականութեան ախտորոշումը կատարելով, Հ․Յ․Դ․ Գաղափարաբանութիւնը դիտել կու տայ.- «իր պատմական զարգացման ընթացքին եւ առանձնապէս իր ներկայ փուլին մէջ, դրամատիրութիւնը մանաւանդ հոն՝ ուր ճարտարարուեստականացումը յառաջացած է, իր տնտեսական կառոյցի վերապրումը ապահովելու համար, հարկադրուած է որոշ պատշաճեցումներ մտցնելու պետութեան եւ աշխատաւորութեան յարաբերութեանց մէջ, ինչպէս, օրինակ, ընկերային ապահովութեան դրութեանց հաստատումը եւ աշխատաւորներու մասնակի բաժնեկցութիւնը տնտեսական հիմնարկներու»։

Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը կը վերլուծէ նաեւ այն մեքենականութիւնը, որուն կիրարկումով քաղքենի դրամատիրութիւնը կը փորձէ իր աքցանին մէջ առնել ամբողջ աշխարհը․- Դասակարգային չարաշահման եւ հասարակական շահագործումի ենթարկել ոչ միայն ազգի մը ներքին կեանքը, այլեւ՝ նոյնինքն ազգերուն միջեւ կատարել իշխանաւորի եւ իշխանազուրկի դասակարգում։
Անդրադառնանք այն քայլերուն, որոնց կը դիմէ քաղքենիական դրամատիրութիւնը՝ ապահովելու համար իր վերապրումը, իբրեւ համաշխարհային դրութիւն մը, որ միաժամանակ ներ-ազգային թէ միջ-ազգային մակարդակներու վրայ հետամուտ է դասակարգային շահագործումի դրութեան արմատաւորումին՝ ի սպաս քաղքենիութեան։
Անմիջապէս կ՛արժէ կեդրոնանալ քաղքենի դրամատիրութեան նոյնինքն վերապրումի հարցին վրայ։

Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը չի բաժներ փութկոտութիւնը ընկերվարական շարժումի այն ծայրայեղականներուն, որոնք աւելի քան 1840ականներէն ի վեր կ՛օրորուին քաղքենի դրամատիրութեան մօտալուտ փլուզման ցնորատեսական յոյսերով։
Անկասկած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւս, իբրեւ յեղափոխական ու ընկերվարական կուսակցութիւն, գաղափարական իր դիրքորոշումներուն մէջ կ՛առաջնորդուի ծրագրային այն համոզումով, թէ անխուսափելի է դրամատիրական հասարակարգի փոխարինումը ընկերվարական կարգերով։
Ճշմարտութեան սիրոյն նաեւ պէտք է հաստատել, որ կար ժամանակ (1890ի շուրջ), երբ Անդրանիկ մեր Ծրագրով մենք եւս կը փութայինք յորդորելու, որ «պատրաստ գտնուինք անցնելու հանրային այն կազմակերպութեան, որ այսօր-վաղը պիտի հաստատուի տնտեսապէս աւելի զարգացած երկիրներու մէջ՝ պրոլետարիատի յեղափոխութեամբ»։

Պատմական փաստ է արդէն, որ 1907ին Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ վերամշակուած Մեր Ծրագիրը այլեւս թօթափած էր «այսօր-վաղը» ընկերվարութեան հասնելու ցնորատեսութիւնը։
Նախ այն գիտակցութեամբ՝ թէ ընկերային յեղաշրջումի համար անհրաժեշտ են հասարակական մտայնութիւններու եւ ընկերային արժէքներու ամբողջական վերանայումը։
Ապա այն ախտաճանաչումով՝ թէ քաղքենիութիւնը ընդգծելի ճկունութիւնը ունի շրջանցելու աշխատաւորական շարժումներն ու ազգային-ազատագրական պայքարները, այլեւ ու մանաւանդ՝ վերապրելու անոնց հարուածներէն։
Ընկերվարական միտքը իրաւունք չունի արհամարհելու կամ թերագնահատելու քաղքենի դրամատիրութեան այդ վերապրումի «կարողականութիւնը»։

Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան ժամանակներէն ի վեր, քաղքենիութիւնը ամէն քայլափոխի տուած է ապացոյցը համաժողովրդական շարժումները դասակարգային իր նեղ շահերուն ճարտարամտօրէն ծառայեցնելու լարախաղացութեան։
Այդպէ՛ս, ժողովրդային բազմութիւնները պարբերաբար իրենց արիւնը թափած են, որպէսզի թօթափեն բռնատիրական իշխանութեանց բիրտ ուժը եւ վայելեն ազատութեան բարիքները։
Բայց հազիւ իրենց պայքարը յաղթանակով պսակած՝ ընկերային ազատագրումի հետամուտ ժողովրդային շարժումները դառնութեամբ անդրադարձած են, որ իրենց անունով իշխանութեան գլուխ եկած քաղքենի ուժերը առանձնաշնորհումի վերածած են պետութիւնը,- Համաժողովրդային պայքարով նուաճուած համընդհանուր իրաւունքներէն կամ ազատութիւններէն՝ քաղքենի իշխանութիւնները միայն աւելցուք փշրանքներ բաժին հանած են ժողովուրդին։
Աշխատաւոր բազմութիւնները պայքարի դաշտ նետուած են եւ յանձն առած են ամէն զոհողութիւն, որպէսզի մարդկօրէն աւելի տանելի պայմաններու մէջ աշխատին եւ վայելեն իրենց արտադրած բարիքները։
Բայց աշխատաւորական պայքարներով ձեռք բերուած շատ մը իրաւունքներ շուտով չարաշահուած՝ օգտագործուած են քաղքենիութեան կողմէ իբրեւ իրեն վերապահուած դասակարգային առանձնաշնորհումներ․․․

Աւելի՛ն, քաղքենիութիւնը իր յափշտակած բարիքներէն աննշան փշրանքներ իբր թէ «շնորհած» է աշխատաւորութեան՝ փոխարէնը պահանջելով եւ պարտադրելով աշխատաւորութեան անձնատուութիւնն ու համակերպումը քաղքենի իշխանութեանց լուծին։
Եւ այսպէս, յանուն ժողովրդավարութեան եւ ընկերվարութեան ծաւալած բողոքի ցոյցերուն եւ յեղափոխական պոռթկումներուն ճնշումին տակ քայլ առ քայլ տեղի տալով հանդերձ՝ քաղքենիութիւնը փաստօրէն կրցած է ձեռք ձգել դրամատիրութիւնը «ընդունելի» դարձնելու չարաշահման վերապրումի մեքենականութիւն մը։
Վերապրումի մեքենականութիւն մը՝ որուն միջոցաւ քաղքենիութիւնը կը փորձէ, նոյնինքն աշխատաւորէն իր խլած յաւելեալ արժէքին հաշւոյն, ընկերային ապահովութեան կամ տնտեսական ինքնավարութեան փշրանքներ իբր թէ «շնորհել» աշխատաւորութեան։
Այս մեկնակէտով ալ, ընկերվարական կարգերու հաստատման ի խնդիր մղուող պայքարին մէջ, Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը կարեւորութեամբ կը շեշտէ քաղքենի դրամատիրութեան վերապրումի՝ չարաշահման ու շահագործման ճիգերը հանրային հսկողութեան ու հակակշռի լուսարձակին տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը։

Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *