Հայաստան

Հայաստան…«Կարմիր Աքցան»ին Մեջ

Հայաստանը, որ քաղաքակրթական խաչմերուկներու մէկ բանալին է, կրնայ շարունակել իր երթը՝ առանց սպասելու, որ կայսրութիւնները փուլ գան, բայց այսօրուան կտրուածքով կրնայ շատ սուղ գին վճարել, եթէ Արեւմուտքի խոստումները (եթէ կան) ջուր դառնան։

Սագօ Արեան

Նոյնը կարելի է նկարագրել Թուրքիա-Ռուսաստան անհասկնալի, բայց նաեւ բացայայտ ու պարզ ռազմավարական «մեծ սիրոյ» պարագային։ Սա եւս անպայման պիտի ունենայ իր վախճանը՝ ինչպէս որ ունեցաւ սկիզբ եւ ընթացք։ Այս բոլորը հաշուի առնելով տրամաբանական է անհանգստանալ, որ Ռուսաստանի մտահոգուածութիւնը կրնայ շատ արագ վերածուիլ ատելութեան եւ Հայաստանն ու Արցախը կրնան դառնալ անոր զոհը։

Օրերը միշտ կը բերեն առանցքային իրադարձութիւններ։ Այս վերջերս խաղի ընդհանուր հաշիւը կը բանար Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ գրեթէ առաջին անգամ այդքան ծանր մեղադրանքներ, նաեւ փաստեր կը դնէր Ռուսաստանի ուսերուն վրայ։ Իտալական «La Repubblica»ին խօսելով՝ Փաշինեան ո՛չ միայն կը բողոքէր Ղարաբաղի մէջ ռուսական դերի թուլացումէն, այլ ի լուր աշխարհին կը յայտարարէր, որ Ռուսաստան կը պատրաստուի լքել Հարաւային Կովկասը. բան մը, որ ըրած էր նաեւ ասկէ առաջ։ Փաշինեանի իրաւացիութեան անդրադառնալէ առաջ, հարկ է այստեղ կարեւոր շեշտ մը դնել՝ ըսելու համար, որ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ վիճակին գլխաւոր պատասխանատուն միայն Ատրպէյճանը չէ, այլեւ հաւասարապէս՝ Ալիեւի վարչակարգին կանաչ լոյս վառած Փութինի վարչակարգն է։ Հիմա շատեր վերագրումներ պիտի ընեն ու պիտի փորձեն իրավիճակը փարատել՝ ըսելով, որ Ռուսաստան շատ խառն վիճակի մէջ է, Արցախի մէջ ինչ-ինչ պատճառներով անոր ձեռքերը կապուած են։ Ասոնք բոլորովին տանելի կամ ընդունելի վարկածներ չեն, որովհետեւ Արցախի այսօրուան իրադրութեան մասին խօսելու ժամանակ հաշուի պէտք է առնել, որ աւելի քան 120 հազար հայեր յայտնուած են սովամահ ըլլալու բաւական լուրջ վտանգի մը դէմ յանդիման եւ ասոր փոխարէն կը նկատուին ռուս խաղաղապահներուն ո՛չ միայն չէզոք մօտեցումները, այլեւ կը լսուի, որ անոնք Արցախի փուռերէն իրենց օգտագործած չափաբաժին հացէն աւելի հաց կը պահանջեն, որպէսզի Աստուծոյ տուած հացը աղբը թափեն…

Ի վերջոյ, սա ի՞նչ կը նշանակէ…

Ճիշդ է, որ երբ քաղաքագիտական վարկածներու կամ մօտեցումներու մասին կը խօսուի, ապա ստիպողութիւն է հեռու մնալ զգացական կամ յուզական արձագանգներէ, բայց Արցախի առկայ իրավիճակը քլած-անցած է ամէն ինչ ու փաստ է, որ եթէ շուտով լուծումներ չգտնուին, ապա հայերը ազգովին ականատես պիտի ըլլան արցախցիներու սովամահութեան կամ ալ Արցախի հայաթափման։ Ու այս վիճակներուն մէջ, ի վերջոյ, ո՞ւր էր Ռուսաստանը, երբ պաշարումի առաջին ճաղերը կառուցուեցան եւ Արցախը դարձաւ պատանդ Արեւելք-Արեւմուտք մեծ խաղին։ Ու հիմա հարց. ինչո՞վ էր սխալ Նիկոլ Փաշինեանը, երբ բոլորին գիտցածը բացի տուաւ արար աշխարհին առջեւ… կամ նաեւ ըսաւ, որ որեւէ պետութեան համար սխալ է՝ իր անվտանգութեան համակարգը հարիւր տոկոսով կապել միայն մէկ պետութեան հետ։ Այս բոլորը գետին թափուած շքեղ մարգարիտներ են՝ մանաւանդ այս փուլին, երբ Ռուսաստան իսկապէս յայտնուած է բաւական ծանր վիճակի մը մէջ։ Կ՚արժէ՞ր, պէ՞տք էր, որ Փաշինեան այս խաղին դիմէր կամ ժամկէտի առումով որքա՞ն ապահով էին այս մօտեցումները… Հապա՞ պատերազմի ահը… Հապա ամբողջական խաղաղութեան բացակայութեան, նաեւ Ալիեւի ախորժակներուն ընդառաջ հնչած այս խօսքերը վտանգաւոր չե՞ն Արցախի եւ Հայաստանի համար։ Այս բոլորը կան, այս մտահոգութիւնները այսօր ալ ծանր օղակի պէս շրջապատած են հայկական կողմին վիզը, բայց այս բոլորը արձագանգն է Արցախի ընդհանուր անյոյս դրութեան։

Այս շերտէն դուրս, անշուշտ, պէտք է հաշուի առնել Ռուսաստանի մեծ մտահոգութիւնը, որ կապ ունի Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն հետ։ Ու այստեղ եւս զարմանալի ոչինչ կայ։ Թէեւ այսօր Հայաստանի մէջ կը սկսին ԱՄՆ-ի հետ համատեղ զօրավարժութիւններ, սակայն սա նորութիւն մը չէ, ոչ ալ նոր որակ կրնայ բերել Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն։ Անշուշտ, այս խնդրին մէջ թաղուած է շան գլուխը, որ ունի ռուսական շեշտաւորում եւ կը մատնէ այն մեծ ու խորքային հարցումը, թէ արդեօք Երեւան դէպի Արեւմո՞ւտք կը թեքուի։ Նոր չէ այս վախը, սակայն, այսօր կը հնչէ շատ աւելի տարբեր երանգներով եւ ծաւալներով։ Այստեղ ալ, անշուշտ, Ռուսաստանի կողմէ կայ որոշակի իրաւացիութիւն՝ այն իմաստով, որ Փաշինեան չէր կրնար այսքան բացի տալ Մոսկուայի պարագային իր վերապահութիւնները, եթէ անոնց դիմաց ստացած չըլլար՝ յատկապէս Ուաշինկթընի վստահեցումները։ Ու այս նոյն կէտին վրայ կը բիւրեղանայ մեծագոյն պայքարին խորապատկերը։

Ուքրայնայի տագնապէն ասդին Ռուսաստան շատ չէզոք դիրքերու մէջ է՝ մանաւանդ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Արցախի պարագային ռուս խաղաղապահները, ի տարբերութիւն 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած առաջին փուլին, դարձած են շատ անտարբեր եւ անգործունեայ։ Նկատելի է, որ այս առումով Քրեմլին մեծ խնդիրներ ունի ինքն իսկ։ Ռուսաստան դարձած է մեծ հիւանդ մարմին մը, որուն ձեռքերը կապուած են, ոտքերը քարացած, իսկ ուղեղը կը գործէ իրականութենէն կտրուած՝ յաճախ ունենալով վերացական մտածումներ։ Այս բոլորին առընթեր, Մոսկուա կը փորձէ շունչ քաշել հեռաւոր Ափրիկէի մէջ կամ Սուրիոյ տափաստաններուն վրայ՝ յար եւ նման այն մեծ համակարգերուն, որոնք մոլուցքներու մէջ գտնուելով հանդերձ կը փորձեն իրենց հիւանդութիւնները գաղտնի պահել։ Այդ տէրութիւնները կը խօսին նոր սէրեր փնտռելու մարմաջով ու կը մոռնան իրենց անցեալի կեանքն ու հաւատարմութիւնները։

Նոյնը կարելի է նկարագրել Թուրքիա-Ռուսաստան անհասկնալի, բայց նաեւ բացայայտ ու պարզ ռազմավարական մեծ սիրոյ պարագային։ Սա եւս անպայման պիտի ունենայ իր վախճանը՝ ինչպէս որ ունեցաւ սկիզբ եւ ընթացք։ Այս բոլորը հաշուի առնելով տրամաբանական է անհանգստանալ, որ Ռուսաստանի մտահոգուածութիւնը կրնայ շատ արագ վերածուիլ ատելութեան եւ Հայաստանն ու Արցախը կրնան դառնալ անոր զոհը։

Հայաստանը, որ քաղաքակրթական խաչմերուկներու մէկ բանալին է, կրնայ շարունակել իր երթը՝ առանց սպասելու, որ կայսրութիւնները փուլ գան, բայց այսօրուան կտրուածքով կրնայ շատ սուղ գին վճարել, եթէ Արեւմուտքի խոստումները (եթէ կան) ջուր դառնան։ Այդ պարագային, գահավիժող մեծ եւ հիւանդ մարմիններու շռնթալից անկումին հետ այդ մարմնէն ելած մեծ մաղձակտորները կրնան երկինք բարձրանալ ու կրնան տեղացնել դժոխքի ամբողջ անէծքն ու չարութիւնը։

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս
Հոդվածը՝ arevelk.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *