21.3 C
Yerevan

ՀԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆ

Հայաստա­նի եւ Հայութեան Պետա­կան Տունը՝ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը կանգնած է ծանրա­գոյն ՎՏԱՆԳի առջեւ։ Հայաստա­նի արեւե­լեան դարպա­սին՝՝ նոյնինքն արծուե­բոյն ԱՐՑԱԽի՝հայութիւնը, միջազգա­յին հանրութեան ձեռնա­ծալ հանդի­սա­տե­սի աչքե­րուն առջեւ, կ’ենթարկուի Ատրպէյճա­նի պետա­կան ուժե­րով գործադրուող ստոյգ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ։ Ատրպէյճա­նեան զինուժը արդիա­կան բոլոր զէնքե­րու զօրա­շարժով եւ թրքա­կան եղեռնա­գործութեան ծանօթ վայրա­գութեամբ՝ յառաջ կը մղէ Արցա­խի ամբողջա­կան ՀԱՅԱԹԱՓՄԱՆ եւ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ իր ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ծրագրին գործադրութիւնը։ Արցա­խի կործա­նումով Ատրպէյճան կը հետապնդէ Թուրքիոյ հետ ուղղա­կի կապի հաստատման եւ ռազմա­կա­նօ­րէն ամրագրման Համաթրքա­կան ՑՆՈՐՔին իրա­կա­նա­ցումը։ Արցա­խի հայութիւնը օրհա­սա­կան կռիւ կը մղէ Հայրե­նի Մեր Հողին ու Հայաստա­նի Դարպաս Արցա­խին պաշտպա­նութեան համար։ Ոչ միայն Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան, այլեւ համայն հայ ժողո­վուրդին ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺՆ Է ԵՐԱՇԽԻՔԸ ատրպէյճա­նա­կան իշխա­նութեանց ձեռնարկած ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՊԱՆՈՒԹԵԱՆ դիմագրաւումին, համաթրքա­կան նորօ­րեայ ՄԵԾ ՈՃԻ­Րին վիժեցման եւ Ատրպէյճա­նի հակա­հայ թշնա­մա­կան ԳՐՈ­Հին սանձումին ու յետ մղումին։

Առնչվող Հոդվածներ