17.5 C
Yerevan

Մարդ Մնա­լու Համար

Որովհե­տեւ գիտեն, որ արդա­րութիւնը կը սկսի քեզմէ, երբ դուն արդար չես, եւ արդա­րութեամբ չես ղեկա­վա­րեր ընտա­նիքդ, հաւա­քա­կա­նութիւնդ, երկիրդ , չես կրնար սպա­սել որ ամէն ինչ կարգին ըլլայ եւ արդար։

Վերա Սիսերյան

❤️????????Մարդ ըլա­լու հիմնա­կան յատկա­նի­շե­րէն մէկը յուզա­կա­նութեան կարե­լիութիւնն է ։ Մարդ ով չունի այդ յատկա­նի­շը կարող է կոչուիլ տարբեր անուննե­րով, սակայն ոչ մարդ։ Անցնող օրե­րը հայ աշխարհը դարձեալ ինկաւ յուզա­կան անդունդի մը մէջ, որմէ չէր կրցած դուրս գալ անցնող երեք տարի­նե­րու ընթացքին։ Ամէն մարդ ըսե­լիք ունի, ամէն մարդ տեսա­կէտ ունի, ամէն մարդ դիմա­ցի­նին տեսա­կէ­տին վրայ աւելցնե­լիք ունի, հայհո­յե­լիք ունի, անուա­նա­կո­չում ունի, ամէն մարդ վազքի մէջ է միւսէն աւե­լի հայրե­նա­սէր երեւե­լու եւ աւե­լի բարձր աղա­ղա­կե­լու, որպէսզի յստակ դարձնէ իր յուզա­կան իրա­վի­ճա­կը ։ Կասկած չկայ իւրա­քանչիւրի անա­չա­ռութեան, հայրե­նա­սի­րութեան, ցաւին , տառա­պանքին մասին. Ամէն մարդ ձեւով մը կ՛արտայայտէ իր կարծի­քը։
Ես վստահ եմ որ Հայ Աշխարհի մէջ, հայ ժողո­վուրդի մեծա­մասնութիւնը, այս իրա­վի­ճա­կի մէջ է… Կասկած չունիմ, որ իւրա­քանչիւր հայ իր սրտին մէջ դաշոյնի հարուա­ծի մը ցաւը կը զգայ եւ իր մտքին մէջ խառնաշփոթ կայ… Ես ալ անոնցմէ մէկն եմ . Բայց կան բաներ, որոնք վստահ եմ.

Վստահ եմ որ,

  1. Մարդ կոչուե­լու համար, ուրկէ կը սկսի իւրա­քանչիւր հաւա­քա­կա­նութեան, ընկե­րութեան, ազգի, ժողո­վուրդի, պետա­կա­նութեան գոյութիւնն ու երկա­րա­կե­ցութիւնը, կարեւոր է յարգել դիմա­ցի­նին կարծի­քը, հասկնալ դիտանկիւնը, ընդունի­լը կամ չընդունի­լը։ Եթէ այս օրէնքնե­րով չառաջնորդուի հաւա­քա­կա­նութիւն մը, յստակ է որ կ՛ուղղուի դէպի բռնա­տի­րութիւն։
  2. Պատմութեան բոլոր օրի­նակնե­րը կը վկա­յեն, որ ժողովրդա­վա­րութիւնը, ազա­տութիւնը, կրթութիւնը հիմնքն են, հաւա­քա­կա­նութիւննե­րու գոյութեան ապա­հովման մէջ, իսկ բռնա­տի­րութիւնը եւ «զօրպա­ճիութիւնը» երբէք չեն ապա­հո­ված այդ մէկը, աւե­լին՝ պատճառ դարձած են այդ ընթացքը կիրարկո­ղի մահուան։
  3. Երբ հայհո­յանքը, նախա­տի­քը եւ անուա­նա­կո­չումներն են կարծիքդ պարտադրե­լու եւ տարա­ծե­լու ձեւը, երբ միակ զէնքդ լեզուն է եւ դիմա­ցի­նին հունէն հանե­լու յոյսդ, կը նշա­նա­կէ, որ դուն կա՛մ ստեղծա­գործ միտքը չունիս հարցեր լուծե­լու, կա՛մ ի նպաստ քեզի է հարցե­րը չլուծուի­լը , կա՛մ անգի­տակցա­բար գործիք ես ուրիշնե­րու ձեռքը, որպէսզի անոնք իրենց հարցե­րը լուծեն ։ Հետեւա­բար ինծի համար արդէն երկար ժամա­նա­կէ, նման մարդոց ո՛չ միայն կարծի­քը , այլեւ իրենց էութիւնը, դադրած է գոյութիւն ունե­նա­լէ ։ Այն մարդը կամ կողմը, որ լեզուի կամ բազկի «զորպա­ճիութեամբ» կը փորձէ իր կարծի­քը պարտադրել, ինծի համար հաւաստի հասցէ չէ ոչ միայն հարցեր լուծե­լու, այլեւ մարդ կոչուե­լու ։
    Ես կը կարծեմ որ ասոնք են հիմնա­կան պատճա­ռը, որ Հայաստա­նի մէջ իւրա­քանչիւր հայ (բացի քանի մը հազա­րը, որ ճամբա­ներ կ՛ելլեն ժամա­նակ առ ժամա­նակ) այսօր դաշունա­հար սրտե­րով կը նախընտրէ տան մէջ նստիլ , գլուխնին իրենց ձեռքե­րուն մէջ առած, նայիլ անո­րոշ ուղղութեամբ։
    Որովհե­տեւ գիտեն, որ փողո­ցի սուտ լօզունքնե­րու իսկա­կան տէրե­րը եւ ոչ սրտցաւ մասնա­կիցնե­րը, վստա­հե­լի աղբիւրներ չեն, հայրե­նի­քը վտանգե­լու համար։
    Որովհե­տեւ գիտեն, որ այսօ­րուան վիճա­կը ունի 30 տարուան պատմութիւն, որը ցաւոտ էր , անարդար էր , անհե­ռանկար էր , անմո­ռա­նա­լի էր։
    Որովհե­տեւ գիտեն, որ արդա­րութիւնը կը սկսի քեզմէ, երբ դուն արդար չես, եւ արդա­րութեամբ չես ղեկա­վա­րեր ընտա­նիքդ, հաւա­քա­կա­նութիւնդ, երկիրդ , չես կրնար սպա­սել որ ամէն ինչ կարգին ըլլայ եւ արդար։
    Որովհե­տեւ գիտեն, որ այսօ­րուան իշխա­նութիւնը տապա­լե­լու կոչ ընողնե­րը կը տառա­պին integrity կոչուած հասկա­ցո­ղութե­նէն, որովհետւ իրենց խօսքը, գործը եւ մտա­ծումնե­րը նոյն հարթա­կի վրայ չեն, չեն եղած եւ պիտի չըլլան։ Հետեւա­բար մարդիկ վստահ չեն, որ այն խորա­գիրնե­րը որոնց միջո­ցով մարդոց կը յորդո­րեն փողոց իջնե­լու ճիշդ են եւ յայտա­րա­րուած նպա­տա­կը կը հետապնդեն…
    Որովհե­տեւ մարդիկ գիտեն եւ չեն մոռցած որ Արցախ պոռա­լով իրենց կոկորդնե­րը պատռող փողո­ցի յեղա­փո­խա­կաննե­րը կամ իրենց տէրե­րը տարի­նե­րով չապա­հո­վե­ցին Արցա­խի բարգաւա­ճումը, ծաղկումը, զարգա­ցումը… չվա­րուե­ցան իրենց ժողո­վուրդին հետ ինչպէս վարուե­ցան իրենց անձնա­կան եւ ընտա­նե­կան բարօ­րութիւնը ապա­հո­վե­լու հետ։
    Տարի­ներ առաջ երբ Արցախ կը գտնուէի, աչքի փոշի ցանող խորհրդա­ժո­ղո­վի մը ընթացքին, ուր մետալներ կը բաժնուէին աջ ու ձախ, Ստե­փա­նա­կերտի հրա­պա­րա­կին վրայ տարեց մարդ մը մօտե­ցաւ եւ Ղարա­բա­ղեան բառբա­րով սկսաւ բաներ մը ըսել, երբ անդրա­դարձաւ որ շատ բան չի հասկցայ սկսաւ ետեւ ետեւի կրկնել «սաղ սուտ են», «սաղ սուտ են», «սաղ սուտ են»… այդ խորհրդա­ժո­ղո­վի կազմա­կերպիչնե­րէն մէկը մօտե­ցաւ ձեռքէս բռնեց հեռու տարաւ ինծի ըսե­լով, որ «մարդը գիժ է , գործ չունեմ հետը» .յաջորդ օրը պրպտե­ցի, եւ իմա­ցայ որ պատե­րազմի մասնակցած մարդ էր տարե­ցը , որը ընդի­մա­խօ­սութեան պատճա­ռով արժա­նա­ցած էր «խելա­կո­րոյս» տիտղո­սին… Այն ատեն իբրեւ սփիւռքա­հայ չխօ­սե­ցանք այս եւ նման այլ դէպքե­րու մասին, Հայաստա­նի եւ Արցա­խի լոկ գոյութիւնը մեզի համար հրաշք էր հայրե­նի­քի ծառաւ մեր հոգի­նե­րուն համար…
    Այսօր նոյնը չէ պարա­գան «Սաղ սուտ էք» վստահ կրնամ ըսել փողո­ցա­յին յեղա­փո­խութիւն կազմա­կերպողնե­րուն եւ ո՛չ մասնա­կից ժողո­վուրդին անշուշտ, «սաղ սուտ էք» եւ անոր համար դուք էք պատճա­ռը, որ այսօր այս աղէ­տին դիմաց , զանգուա­ծա­յին շարժում չկայ Հայաստա­նի մէջ, դուք մեզմէ խլե­ցիք մեր ցաւը արտա­յայտե­լու սփո­փանքը, դուք Արցախցիէն խլե­ցիք Մեր ձայնը լսե­լու հնա­րաւո­րութիւնը, որուն փոխա­րէն հիմա կը լսէ ձեր ոչ կառուցո­ղա­կան եւ անկա­րող լօզունքնե­րը. կը նախընտրենք կլլել մեր արցունքնե­րը, մեր աղա­ղա­կե­լու պէտքը եւ չենք ուզեր շփո­թուիլ ձեզի հետ, այդ ալ մեր իրաւունքն է .
    Ո՞վ գիտէ գուցէ այս իրա­վի­ճակն ալ պետա­կա­նութիւնը տապա­լե­լու ծրագրին մէկ փոքրիկ կէտն է . «անզգամ» ժողո­վուրդի տպաւո­րութիւն ստեղծել աշխարհի դիմաց եւ ճեղքի տպաւո­րութիւն ստեղծել ժողո­վուրդի տարբեր հատուածնե­րու միջեւ❤️????????։

Գրա­ռումը՝ Վեռա Սիսեռյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ