Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով, հայրենի ժողովուրդէն մաս մը արդարօրէն դժգոհ է իշխանութիւններէն. արդարօրէն, որովհետեւ ցաւը մեծ է եւ այս իշխանութեան օրով է որ այս աղէտը պատահեցաւ: Սակայն, ինչպէս բոլոր նման պարագաներուն, ոչ բոլոր ժողովուրդն է որ կրնայ գիտակցիլ պահուան եւ այդ դժգոհութիւնը օգտագործող ու իշխանութեան տիրանալու կամ վերատիրանալու՝ կարգ մը կողմերու թաքուն նպատակին:
Աւօ Պօղոսեան
Բոլոր պատերազմներէն ետք պարտուած երկիրներուն մէջ միշտ ալ իշխանափոխութիւնը հանրային սուր պահանջի ձեւ կը ստանայ՝ երկիրին կրած հողային եւ մարդկային կորուստներուն պատճառով, հոգեկան ընկճուածութեան եւ տկարութեան ցաւոտ զգացումին զուգահեռ: Այդ պահանջը սկիզբ կ՛առնէ հանրութեան մէջ, բայց ոչ միայն. դժբախտաբար այդ տրամաբանական պահանջը շատ յաճախ կ՛օգտագործուի իշխանութեան հակադրուած եւ անոր ձգտող ներքին խմբաւորումներու՝ խորհրդարանական կամ արտախորհրդարանական, եւ արտաքին ուժերու կողմէ, զանազան քաղաքական կամ աշխարհաքաղաքական դրդապատճառներէ մղուած։ Նոյնիսկ այդ իշխանափոխութիւնները յաջողելու պարագային, միշտ չէ որ անոնք հեզասահ եւ անցնցում կ՛իրականանան: Աւելի յաճախ անոնք պատճառած են անդառնալի բացասական հետեւանքներ, որոնք տասնամեակներ եւ թերեւս դարեր իրենց հետքը ձգած են տուեալ երկիրի բնականոն զարգացման եւ երբեմն ճակատագիրին վրայ: Բազմաթիւ են օրինակները այդպիսի երկիրներու, որոնցմէ մի քանին յիշատակելու համար՝ թուենք միայն Իրաքը, Իրանը, Քոնկոն, Լիպիան եւ Սուրիան: Շարքը կարելի է երկարել ամբողջ ափրիկեան եւ միւս բոլոր ցամաքամասերուն վրայ:
Վերադառնալով մեր հայրենիքին, տակաւին մօտիկ անցեալին՝ դար մը առաջ, մենք ապրեցանք այդպիսի փորձառութիւն մը, երբ անցեալ դարու սկզբին, անկախ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը փլուզուեցաւ այդ օրերուն բոլշեւիկ՝ թէկուզ փոքրաթիւ խումբերու, ցոյցերուն եւ խափանարարական գործողութիւններուն յաջորդած կարմիր բանակին ներխուժման պատճառով: Այդ խումբերուն շահերը կը համընկնէին այդ օրերու Խորհրդային Միութեան աշխարհաքաղաքական շահերուն, որոնց արդիւնքով այդ խմբակը հասաւ Հայաստանի մէջ Դաշնակցական իշխանութեան տապալման եւ փոխարինեց զայն, Սովետական Կարմիր բանակին՝ Հայաստան ներխուժումէն ետք:
Այդ Խորհրդային իշխանութեան ազդեցութիւնը մեր բնականոն ընթացքին վրայ ծանօթ է, ըլլա՛յ այդ դրական կամ բացասական ազդեցութիւններ. յիշենք անոնցմէ երկուքը.
– Եօթանասուն տարիներու խաղաղութիւնը եւ Հայկական տարածքներէն Նախիջեւանի եւ Արցախի՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կցումը։
– 1991ին, Հայաստանի անկախութենէն ետք, տեղի ունեցած պատմութիւնը այլեւս ծանօթ է բոլորին, մինչեւ Արցախի 44օրեայ պատերազմը եւ աղէտը: Իսկ այս ամսուան 19ին տեղի ունեցած Արցախի եւ Ստեփանակերտի դէմ մղուած երկօրեայ պատերազմը ուղղակի ճակատագրական էր: Արցախի վերջին ամրութիւնները փուլ եկան եւ հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը փաստօրէն անձնատուր եղաւ: Արցախի կորուստով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը անհամեմատ աւելի մեծ մարտահրաւէրներ դիմակայելու պարտադրանքին առջեւ կը գտնուի եւ կը դիմագրաւէ նոյնիսկ պետականութեան եւ հայրենիքի վերջնական կորուստին վտանգը:
Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով, հայրենի ժողովուրդէն մաս մը արդարօրէն դժգոհ է իշխանութիւններէն. արդարօրէն, որովհետեւ ցաւը մեծ է եւ այս իշխանութեան օրով է որ այս աղէտը պատահեցաւ: Սակայն, ինչպէս բոլոր նման պարագաներուն, ոչ բոլոր ժողովուրդն է որ կրնայ գիտակցիլ պահուան եւ այդ դժգոհութիւնը օգտագործող ու իշխանութեան տիրանալու կամ վերատիրանալու՝ կարգ մը կողմերու թաքուն նպատակին:
Բոլոր ժողովուրդը չէ որ կրնայ գիտակցիլ, թէ աղէտը մէկ կամ երկու տարիներու որոշումներու կամ այդ միջոցին առնուած գործընթացներու հետեւանքը չի կրնար ըլլալ, այլ՝ բազմաթիւ գործօններու եւ երկար ժամանակ կուտակուած թերութիւններու ու յանցաւոր բացթողումներու: Արդարամիտ մտաւորականութեան դերը պէտք է ըլլայ ժողովուրդին անընդհատ լուսաբանել եւ բացատրել այդ աղէտին իրական պատճառները, միւս կողմէ նաեւ բացատրել եւ տեղեկացնել որ պատերազմի մէջ գտնուող ու բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւող երկիրի մը մէջ, իշխանափոխութիւն իրականացնելը յղի է շատ վտանգաւոր հետեւանքներով:
Բարեբախտութիւն է որ մեր երկիրի պարագային, փողոցային կոշտ քայլերը, երթերը, անկարգութիւնները եւ բիրտ ուժի գործածութիւնը կը կատարուին առաւելաբար խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ, որովհետեւ այդ ուժերը բարոյազրկուած են յաչս ժողովուրդին: Հետեւաբար, մեծաթիւ զանգուածներ փողոց հանելու կարողութիւնը չունին: Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ մնացեալ ժողովուրդը իշխանութեան բոլոր քայլերուն հետ համամիտ է, սակայն կը գիտակցի, որ այս հանգրուանին, պետականութեան պահպանումը կարմիր գիծ է. իսկ իշխանափոխութիւնը ուղղակի սպառնալիք է պետականութեան գոյութեան, որովհետեւ սահմանին թշնամին պատրաստ է ներխուժման եւ երկիրին մէջ անկայունութիւնը ի նպաստ իրեն է:
Ժողովուրդը նաեւ տեսած եւ հասկցած է, որ Արցախի աղէտը, առնուազն միայն ներկայ իշխանութեան վրայ բարդելը անբարոյականութիւն է, նաեւ գիտակցած է, որ այդ պատերազմը երկար տարիներէ ի վեր ծրագրուած էր եւ կը սպասէր միայն պատեհ առիթին: Այդ առիթը ռուս-ուքրանական պատերազմն էր եւ, անշուշտ, Ատրպէյճանի՝ ռազմականօրէն կազմ ու պատրաստ ըլլալը, իսկ հետեւանքները ձեռնտու են մասնաւորաբար Ատրպէյճանին, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ:
Հայաստան աշխարհը այսօր թերեւս իր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական օրերէն մէկը կ՛ապրի եւ ամէն ժամանակներէ աւելի միասնութեան կարիքը ունի: Ժողովուրդը պէտք է բոլորուի միայն պետականութեան շուրջ, իսկ պետականութեան պահապանը այս օրերուն միայն պետական հաստատութիւններն են: Իշխանութեան նկատմամբ դժգոհութիւնները կրնանք ուղղել միայն յաջորդ ընտրութիւններուն ժողովրդավարական հիմքերով:
Ճգնաժամերու ընթացքին, միասնականութիւնը նաեւ կ՛ենթադրէ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր եւ ոչ-ընդդիմադիր ուժերու աջակցութիւնը երկիրի կառավարման բոլոր ոլորտներուն մէջ: Իշխանութիւնը պարտի հրաւիրել այդ ուժերը իրենց խորհրդատուական եւ այլ միջոցներու ներդրումը ունենալու, սակայն այդ ուժերուն մէջ խորհրդարանական ընդդիմութեան աջակցութիւնը պիտի բացառուի՝ այս օրերուն իրենց հակապետական գործունէութեան պատճառով:
Տրամաբանական չէ այդ կողմին ընդգրկումը հայցել, երբ անոնք միայն իշխանափոխութեան նպատակաուղղուածութիւնը ունին՝ առանց ներկայացնելու որեւէ շինիչ առաջարկ, եւ աւելին՝ անոնք չեն ուզեր տեսնել ռուսական բացայայտ թրքամէտ քաղաքականութիւնը:
Հայաստան պէտք է ապրի. եկէք պահպանենք պետականութիւնը, որ մեր վերջին ու միակ հարստութիւնն է:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։