17.5 C
Yerevan

Պարտութիւն Եւ Իշխա­նա­փո­խութիւն

Այս իրո­ղութիւնը նկա­տի ունե­նա­լով, հայրե­նի ժողո­վուրդէն մաս մը արդա­րօ­րէն դժգոհ է իշխա­նութիւննե­րէն. արդա­րօ­րէն, որովհե­տեւ ցաւը մեծ է եւ այս իշխա­նութեան օրով է որ այս աղէ­տը պատա­հե­ցաւ: Սակայն, ինչպէս բոլոր նման պարա­գա­նե­րուն, ոչ բոլոր ժողո­վուրդն է որ կրնայ գիտակցիլ պահուան եւ այդ դժգո­հութիւնը օգտա­գործող ու իշխա­նութեան տիրա­նա­լու կամ վերա­տի­րա­նա­լու՝ կարգ մը կողմե­րու թաքուն նպա­տա­կին:

Աւօ Պօղո­սեան

Բոլոր պատե­րազմնե­րէն ետք պարտուած երկիրնե­րուն մէջ միշտ ալ իշխա­նա­փո­խութիւնը հանրա­յին սուր պահանջի ձեւ կը ստա­նայ՝ երկի­րին կրած հողա­յին եւ մարդկա­յին կորուստնե­րուն պատճա­ռով, հոգե­կան ընկճուա­ծութեան եւ տկա­րութեան ցաւոտ զգա­ցումին զուգա­հեռ: Այդ պահանջը սկիզբ կ՛առնէ հանրութեան մէջ, բայց ոչ միայն. դժբախտա­բար այդ տրա­մա­բա­նա­կան պահանջը շատ յաճախ կ՛օգտագործուի իշխա­նութեան հակադրուած եւ անոր ձգտող ներքին խմբաւո­րումնե­րու՝ խորհրդա­րա­նա­կան կամ արտա­խորհրդա­րա­նա­կան, եւ արտա­քին ուժե­րու կողմէ, զանա­զան քաղա­քա­կան կամ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան դրդա­պատճառնե­րէ մղուած։ Նոյնիսկ այդ իշխա­նա­փո­խութիւննե­րը յաջո­ղե­լու պարա­գա­յին, միշտ չէ որ անոնք հեզա­սահ եւ անցնցում կ՛իրականանան: Աւե­լի յաճախ անոնք պատճա­ռած են անդառնա­լի բացա­սա­կան հետեւանքներ, որոնք տասնա­մեակներ եւ թերեւս դարեր իրենց հետքը ձգած են տուեալ երկի­րի բնա­կա­նոն զարգացման եւ երբեմն ճակա­տա­գի­րին վրայ: Բազմա­թիւ են օրի­նակնե­րը այդպի­սի երկիրնե­րու, որոնցմէ մի քանին յիշա­տա­կե­լու համար՝ թուենք միայն Իրա­քը, Իրա­նը, Քոնկոն, Լիպիան եւ Սուրիան: Շարքը կարե­լի է երկա­րել ամբողջ ափրի­կեան եւ միւս բոլոր ցամա­քա­մա­սե­րուն վրայ: 

Վերա­դառնա­լով մեր հայրե­նի­քին, տակաւին մօտիկ անցեա­լին՝ դար մը առաջ, մենք ապրե­ցանք այդպի­սի փորձա­ռութիւն մը, երբ անցեալ դարու սկզբին, անկախ Հայաստա­նի առա­ջին Հանրա­պե­տութիւնը փլուզուե­ցաւ այդ օրե­րուն բոլշեւիկ՝ թէկուզ փոքրա­թիւ խումբե­րու, ցոյցե­րուն եւ խափա­նա­րա­րա­կան գործո­ղութիւննե­րուն յաջորդած կարմիր բանա­կին ներխուժման պատճա­ռով: Այդ խումբե­րուն շահե­րը կը համընկնէին այդ օրե­րու Խորհրդա­յին Միութեան աշխարհա­քա­ղա­քա­կան շահե­րուն, որոնց արդիւնքով այդ խմբա­կը հասաւ Հայաստա­նի մէջ Դաշնակցա­կան իշխա­նութեան տապալման եւ փոխա­րի­նեց զայն, Սովե­տա­կան Կարմիր բանա­կին՝ Հայաստան ներխուժումէն ետք: 

Այդ Խորհրդա­յին իշխա­նութեան ազդե­ցութիւնը մեր բնա­կա­նոն ընթացքին վրայ ծանօթ է, ըլլա՛յ այդ դրա­կան կամ բացա­սա­կան ազդե­ցութիւններ. յիշենք անոնցմէ երկուքը.

 – Եօթա­նա­սուն տարի­նե­րու  խաղա­ղութիւնը եւ Հայկա­կան տարածքնե­րէն Նախի­ջեւա­նի եւ Արցա­խի՝ Ատրպէյճա­նի Հանրա­պե­տութեան կցումը։

 – 1991ին, Հայաստա­նի անկա­խութե­նէն ետք, տեղի ունե­ցած պատմութիւնը այլեւս ծանօթ է բոլո­րին, մինչեւ Արցա­խի 44օրեայ պատե­րազմը եւ աղէ­տը: Իսկ այս ամսուան 19ին տեղի ունե­ցած Արցա­խի եւ Ստե­փա­նա­կերտի դէմ մղուած երկօ­րեայ պատե­րազմը ուղղա­կի ճակա­տագրա­կան էր: Արցա­խի վերջին ամրութիւննե­րը փուլ եկան եւ հայկա­կան երկրորդ հանրա­պե­տութիւնը փաստօ­րէն անձնա­տուր եղաւ: Արցա­խի կորուստով, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը անհա­մե­մատ աւե­լի մեծ մարտահրաւէրներ դիմա­կա­յե­լու պարտադրանքին առջեւ կը գտնուի եւ կը դիմագրաւէ նոյնիսկ պետա­կա­նութեան եւ հայրե­նի­քի վերջնա­կան կորուստին վտանգը: 

Այս իրո­ղութիւնը նկա­տի ունե­նա­լով, հայրե­նի ժողո­վուրդէն մաս մը արդա­րօ­րէն դժգոհ է իշխա­նութիւննե­րէն. արդա­րօ­րէն, որովհե­տեւ ցաւը մեծ է եւ այս իշխա­նութեան օրով է որ այս աղէ­տը պատա­հե­ցաւ: Սակայն, ինչպէս բոլոր նման պարա­գա­նե­րուն, ոչ բոլոր ժողո­վուրդն է որ կրնայ գիտակցիլ պահուան եւ այդ դժգո­հութիւնը օգտա­գործող ու իշխա­նութեան տիրա­նա­լու կամ վերա­տի­րա­նա­լու՝ կարգ մը կողմե­րու թաքուն նպա­տա­կին: 

Բոլոր ժողո­վուրդը չէ որ կրնայ գիտակցիլ, թէ աղէ­տը մէկ կամ երկու տարի­նե­րու որո­շումնե­րու կամ այդ միջո­ցին առնուած գործընթացնե­րու հետեւանքը չի կրնար ըլլալ, այլ՝ բազմա­թիւ գործօննե­րու եւ երկար ժամա­նակ կուտա­կուած թերութիւննե­րու ու յանցաւոր բացթո­ղումնե­րու: Արդա­րա­միտ մտաւո­րա­կա­նութեան դերը պէտք է ըլլայ ժողո­վուրդին անընդհատ լուսա­բա­նել եւ բացատրել այդ աղէ­տին իրա­կան պատճառնե­րը, միւս կողմէ նաեւ բացատրել եւ տեղե­կացնել որ պատե­րազմի մէջ գտնուող ու բազմա­թիւ դժուա­րութիւններ դիմագրաւող երկի­րի մը մէջ, իշխա­նա­փո­խութիւն իրա­կա­նացնե­լը յղի է շատ վտանգաւոր հետեւանքնե­րով: 

Բարե­բախտութիւն է որ մեր երկի­րի պարա­գա­յին, փողո­ցա­յին կոշտ քայլե­րը, երթե­րը, անկարգութիւննե­րը եւ բիրտ ուժի գործա­ծութիւնը կը կատա­րուին առաւե­լա­բար խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան կողմէ, որովհե­տեւ այդ ուժե­րը բարո­յազրկուած են յաչս ժողո­վուրդին: Հետեւա­բար, մեծա­թիւ զանգուածներ փողոց հանե­լու կարո­ղութիւնը չունին: Անշուշտ ասի­կա չի նշա­նա­կեր, որ մնա­ցեալ ժողո­վուրդը իշխա­նութեան բոլոր քայլե­րուն հետ համա­միտ է, սակայն կը գիտակցի, որ այս հանգրուա­նին, պետա­կա­նութեան պահպա­նումը կարմիր գիծ է. իսկ իշխա­նա­փո­խութիւնը ուղղա­կի սպառնա­լիք է պետա­կա­նութեան գոյութեան, որովհե­տեւ սահմա­նին թշնա­մին պատրաստ է ներխուժման եւ երկի­րին մէջ անկա­յունութիւնը ի նպաստ իրեն է: 

Ժողո­վուրդը նաեւ տեսած եւ հասկցած է, որ Արցա­խի աղէ­տը, առնուազն միայն ներկայ իշխա­նութեան վրայ բարդե­լը անբա­րո­յա­կա­նութիւն է, նաեւ գիտակցած է, որ այդ պատե­րազմը երկար տարի­նե­րէ ի վեր ծրագրուած էր եւ կը սպա­սէր միայն պատեհ առի­թին: Այդ առի­թը ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմն էր եւ, անշուշտ, Ատրպէյճա­նի՝ ռազմա­կա­նօ­րէն կազմ ու պատրաստ ըլլա­լը, իսկ հետեւանքնե­րը ձեռնտու են մասնաւո­րա­բար Ատրպէյճա­նին, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ: 

Հայաստան աշխարհը այսօր թերեւս իր պատմութեան ամէ­նէն ճակա­տագրա­կան օրե­րէն մէկը կ՛ապրի եւ ամէն ժամա­նակնե­րէ աւե­լի միասնութեան կարի­քը ունի: Ժողո­վուրդը պէտք է բոլո­րուի միայն պետա­կա­նութեան շուրջ, իսկ պետա­կա­նութեան պահա­պա­նը այս օրե­րուն միայն պետա­կան հաստա­տութիւններն են: Իշխա­նութեան նկատմամբ դժգո­հութիւննե­րը կրնանք ուղղել միայն յաջորդ ընտրութիւննե­րուն ժողովրդա­վա­րա­կան հիմքե­րով: 

Ճգնա­ժա­մե­րու ընթացքին, միասնա­կա­նութիւնը նաեւ կ՛ենթադրէ արտա­խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մա­դիր եւ ոչ-ընդդի­մա­դիր ուժե­րու աջակցութիւնը երկի­րի կառա­վարման բոլոր ոլորտնե­րուն մէջ: Իշխա­նութիւնը պարտի հրաւի­րել այդ ուժե­րը իրենց խորհրդա­տուա­կան եւ այլ միջոցնե­րու ներդրումը ունե­նա­լու, սակայն այդ ուժե­րուն մէջ խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան աջակցութիւնը պիտի բացա­ռուի՝ այս օրե­րուն իրենց հակա­պե­տա­կան գործունէութեան պատճա­ռով: 

Տրա­մա­բա­նա­կան չէ այդ  կողմին ընդգրկումը հայցել, երբ անոնք միայն իշխա­նա­փո­խութեան նպա­տա­կաուղղուա­ծութիւնը ունին՝ առանց ներկա­յացնե­լու որեւէ շինիչ առա­ջարկ, եւ աւե­լին՝ անոնք չեն ուզեր տեսնել ռուսա­կան բացա­յայտ թրքա­մէտ քաղա­քա­կա­նութիւնը:

Հայաստան պէտք է ապրի. եկէք պահպա­նենք պետա­կա­նութիւնը, որ մեր վերջին ու միակ հարստութիւնն է: 

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ