25.3 C
Yerevan

Վարք Մեծաց

ԵՐԳ՝ ՄԱԿԻՉԻ

Մոմ կը վառենք ԱԶԳՈՎԻՆ՝ քաղա­քա­մայր Երեւա­նէն մինչեւ հեռաւոր ԱՓԵ­Րը ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ։
Մոմ կը վառենք ՍՐՏՈՎԻՆ, ուր անխոնջ կը սաւառնի ՇՈՒՆՉը ՄԱԿԻՉԻՆ։

Նազա­րեթ Բերբերյան

Մկրտիչ Մկրտչեա­նի անփո­խա­րի­նե­լի կորուստին առի­թով

Սրտե­րը յուզող եւ հոգի­նե­րը խռո­վող ԳՈՅԺէ մը աւե­լին այսօր ծանրա­ցուցած է ՑԱՒն ու ՍՈՒԳը Հայաշխարհի։
ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ՄԱԿԻ­Չը։
ՄԱԿԻՉԸ ԵՒՍ ԳՆԱՑ․․․
Ո՛չ, Մակի­չը չէ գացած, բոլո­րիս եւ իւրա­քանչիւրիս մէջ ամէն պահու առկայ՝ անլռե­լի համա­նուագ է ԵՐԳԸ ՄԱԿԻՉԻ։
Այո՛, անդա­դար արձա­գանգող իր երգե­րով մեր անդաւա­ճան ԿՈՉՆԱԿն ու ճամբու ընկերն է ՄԱԿԻ­Չը։
Ի վերուստ օժտուած ՀԱՅՈՒՆ ԵՐԳն է Մակի­չը՝ ՀԱՅՈՑ ՅՈՒԶԱՇԽԱՐՀԸ իր խորա­թա­փանց ՁԱՅՆՈՎ ու թեւա­ծող ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ դաշնաւո­րող՝ ՎԵՐԾԱՆՈՂ ՏԱՂԱՆԴՈՎ։
Մեր սերունդնե­րուն իր ԵՐԳով ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԿԱՄՔ ՆԵՐԱՐԿԱԾ անմահն է ՄԱԿԻ­Չը։
Բայց ահա դառն ու տխուր ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՊԱՀն է։
ՄԱՐՄՆԱՊԷՍ ԳՆԱՑ ՄԱԿԻՉԸ․․․
Մոմ կը վառենք ԱԶԳՈՎԻՆ՝ քաղա­քա­մայր Երեւա­նէն մինչեւ հեռաւոր ԱՓԵ­Րը ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ։
Մոմ կը վառենք ՍՐՏՈՎԻՆ, ուր անխոնջ կը սաւառնի ՇՈՒՆՉը ՄԱԿԻՉԻՆ։
ՄԵԶ ՀԵՏ Կ՛ԱՊՐԻ, ՄԵՐ ՄԷՋ Կ՛ԱՊՐԻ ԵՐԳԸ ՄԱԿԻՉԻ։

Առնչվող Հոդվածներ