Հայաստան

Արցախն Առանց Հայերի

(Մաս 1-ին)

Հարիւր հազար եւ աւելի արցախցիներու բռնի տեղահանումը Հայաստան, իշխանութիւններուն համար ստեղծեց տիլեմաներ որոնց մասին երբեք չէր մտածուած Երեւանի մէջ:

Խ. Տէր Ղուկասեան

Նիկոլ Փաշինեանը Փրակայի մէջ Արցախը ճանչցաւ Ազրպէյճանի 86600 քառ. քմ. տարածքին մէջ: Արձանագրուած իրողութիւն է պատմութեան համար: Այնպէս ինչպէս այս իշխանութիւններու բառամթերքէն պատմական հայկական հողատարածութեան հայերէն անուանակոչման բացառումը եւ անոր պաշտօնական փոխանակումը Լեռնային Ղարաբաղով: Ընդհուպ մինչեւ հրապարակային ներողամտութեան հայցումը Արցախի սխալմամբ գործածման պարագային… Փաշինեան չի՛ ժխտեր այդ մէկը: Ընդհակառակը, առիթ չի՛ փախցներ հաստատելու որ, այո՛, այդպէս է: Կարծես հպարտ ըլլայ ըրածին համար որպէս իրագործում: Կամ ալ, ինչպէս անոր դաւաճանութեան վստահութիւնն ունեցողները կը հաւատան, Արցախը Ազրպէյճանի մաս կազմելու ընդունումը իրեն համար իսկապէս հպարտառիթ իրագործում մը ըլլայ, քանի որ միշտ ալ հաւատացած է «Արցախը տանք, հանգիստ ապրինք» վարկածին: Իսկ ատենին «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ»ի նման յուզումնալից պոռթկումներ իր ամբոխահաճոյի բնազդին պատահական, ոչ մտածուած, ազդեցութեան տակ միայն ըրած ըլլալու է, եւ սխալած:

Կասկածելի է, սակայն, որ «Արցախը տանք, հանգիստ ապրինք»ի տրամաբանութեան մէջ ընդգրկուած ըլլար բնակչութեան բռնի տեղահանումը Հայաստան, էթնիկ զտումի ցեղասպանական ծրագրի իրականացումը այնպէս ինչպէս զգուշացուցած էր իրաւագէտ, Քրէական Միջազգային Ատեանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ Օգոստոսի սկզբնաւորութեան Արցախի այն ժամանակուայ ամբողջական շրջափակման հետեւանքներուն մասին իր պատրաստած զեկոյցին մէջ: Ընդհակառակը, եթէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի խաղաղ «ինտեգրումը» տեղի ունենար, ոչ միայն պիտի արդարացուէր «տարածաշրջանային խաղաղ դարաշրջան»ի փաշինեանական առաջարկը որպէս պետական մարդու տեսլական, այլ նաեւ պիտի հաստատուէր իր եւ Թաւշեայ Յեղափոխութեան հէքիաթագիրներուն համոզումը, որ ժողովրդավարութեան հայկական «բրենդ»ը հզօր է այնքան որ կրնայ Շուշիի մէջ մուղամահունչ թէյասեղանով իրարու մօտ բերել երբեմնի թշնամիները… Դժբախտաբար, Ալիեւը դուրս չեկաւ այն քաղաքակիրթ պետական այրը որուն հետ Փաշինեան Արցախի բանակցութիւնները զէրօ կէտէն սկսելու եւ բարեյաջող աւարտին հասցնելու հաւակնութիւնը ունէր:

Հարիւր հազար եւ աւելի արցախցիներու բռնի տեղահանումը Հայաստան, իշխանութիւններուն համար ստեղծեց տիլեմաներ որոնց մասին երբեք չէր մտածուած Երեւանի մէջ: Եւ ոչ միայն անոնց մարդասիրական օժանդակութեան հարցերով, որ յարաբերաբար լուծելի խնդիր է, ի մասնաւորի երբ Արցախը ազրպէյճանական կազմին մէջ տեսնելու միջոցաւ միջազգային օրակարգին վրայէն մէկ տագնապ հանելով շահագրգռուած շատ պետութիւններ պատրաստ են ընդառաջելու Երեւանի թախանձանգին դիմումներուն, եւ օժանդակութեան տրամադրելու: ԱՄՆ-ի թէ Եւրոպական Միութեան երկիներու մէջ սփիւռքեան զօրաշարժը, հայկական «լոպպի»ն բաւական կ’օգնէ, բայց ծանօթ է որ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը, ի մասնաւորի օրուայ իշխանութիւնները, այդ մէկը յիշելու ընդհանրապէս դժկամ են… Արցախի բռնի արտագաղթի տիլեմաները Հայաստանի ներքին թէ արտաքին, թերեւս նաեւ համահայկական -եթէ այդ հարցով ակտիւանայ Սփիւռքի հետ Գործերու Յանձնակատարը, գոնէ իր գոյութեան մասին յուշելու համար…-, ոլորտներուն մէջ աւելի խորքային են, սկսելով արցախցիներու կարգավիճակէն մինչեւ տեղի ունեցածին բնութագրումը որպէս պետական ոճիր եւ ընդգրկումը արտաքին օրակարգին վրայ, այնպիսի պահու մը երբ «խաղաղութեան համաձայնագրի» մասին Փաշինեանը յառաջընթացի յայտարարութիւն կատարած է:

Պատմութեան դառն հեգնանքն այն է, որ եթէ քանի մը ամիս առաջ Արցախի «ինտեգրումը» Ազրպէյճանի կազմին մէջ կրնար Պաքուի համար խնդիր ըլլալ, այսօր բռնի արտագաղթած արցախցիներու «ինտեգրումը» Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական հասարակութեան մէջ Երեւանի համար մարտահրաւէրի վերածուած է: Ինչ կը վերաբերի պատահածին քաղաքական գնահատական տալուն եւ հարցը, կոնկրետ՝ տեղի ունեցած ցեղասպանական արարքը, միջազգային օրակարգին վրայ հետապնդելու այլընտրանքին, հաւանաբար այդ մէկը առկախուի սպասելով «խաղաղութեան համաձայնագրի» ճակատագրին: Ամէն պարագայի, դեռեւս Սումկայթի օրերէն, հայկական դիւանագիտութիւնը այնքան ալ ճիգ չէ ըրած «ցեղասպանութիւն» յղացքին, եւ հայ ժողովուրդի պատմական աղիտալի փորձութեան, տալու ռազմավարական գործօնի հասկացողութիւն:
Այս բոլորը Արցախի յանձնումի պատասխանատւութեան հասցէատիրոջ կրկին անգամ յիշեցման կարգով չէ: Արդէն ըսուեցաւ. Փաշինեանն է ընդունել Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ, եւ այդ պատմութեան համար արձանագրուած փաստ է: Հետեւաբար, իմաստ չունի հետեւողականօրէն մէջբերել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որ, իր կարգին, առիթ չի փախցներ հրապարակային կերպով յիշեցնելու թէ Արցախի ճակատագիրը որոշողը հենց ինքն Փաշինեանն է եղած: Կարծես թէ Արցախի կարգավիճակին մասին իր երբեմնի անորոշ յայտարարութիւնները կրնան մոռցնել տալ, որ Ռուսիա ոչ միայն երբե՛ք չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը, այլ դեռեւս հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր ան դոյզն նշանն անգամ չէ տուած հայկական հողատարածքը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս տեսնելու պատրաստակամութեան: Թէկուզ եւ կայսերական իր մարտավարական հաշիւներու անցողակի տրամաբանութեամբ, ինչպէս եղած է, ի մէջ այլոց, Աբխազիոյ կամ Հարաւային Օսեթիոյ պարագային: Առանց տակաւին նշելու, որ Ազրպէյճանի դարպասման իր ճիգերու յաջողութեամբ պսակումէն, այսինքն՝ երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան ստորագրումէն, յետոյ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին Փութինի եւ իր կամակատարներու բազմիցս կատարած յայտարարութիւններու մէջ Արցախը հո՛ն տեսնելու բացայայտ թէ տողատակ հրապարակային յուշումները:

Փաշինեանական վարչակարգի մանթրաներէն է ռուս խաղաղապահները թէ, ընդհանրապէս, Ռուսիան մեղադրել հայկական կողմի հետեւողական պարտութիւններուն եւ ձախողութիւններուն համար: Ի մասնաւորի երբ ներքին թէ արտաքին լսարաններ կան ուր նման աւրուած ձայնապնակային կրկնութիւնը հաճելի երաժշտութեամբ կ’ունկդրուի: Այս թէզը ջրելու նպատակով Փաշինեանին մատնացոյց ընող Փութինի ու իր շրջապատի յայտարարութիւններով հանդէս եկողները միայն իրենք իրենց կը խաբեն եթէ կը կարծեն որ Մոսկուայի համար ընդունելի պիտի ըլլայ յետ-Փաշինեանական որեւէ ազգային իշխանութիւն, որ նուազ կախեալ ըլլայ Ռուսիայէն: Կամ՝ բացայայտօրէն ռուսամէտ իշխանութիւն մը պիտի կարենայ Մոսկուային համոզել, որ աւելի հայանպաստ քաղաքականութիւն վարէ, կամ մի գուցէ արցախցիներուն զանգուածային վերադարձին զօրակցի եւ կրկին օրակարգի դնէ Արցախի կարգավիճակը: Ռուսական կայսերական քաղաքականութիւնն ու մեծ կապիտալի շահագրգռուածութիւնը Հայաստանը ընդհանրապէս դիտարկած են որպէս Ռուսիայէն բացարձակապէս կախեալ երկիր ու պետութիւն:

Արցախի հայաթափումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իր տուած հարցազրոյցին մէջ, որուն մանրաասները հաղորդած է Infocom Թելեկրամային հարթակը 28 Հոկտեմբեր 2023-ին, նախագահ Սամուէլ Շահրամեանը բացայայտօրէն ըսաւ. «Ռուսական կողմը, կարելի է ասել, գտնւում էր դիտորդի կարգավիճակում, և մենք մեր հարցերը պէտք է ունակ լինէինք մենակ կարգաւորելու․ ռազմական գործողութիւնների սկսուելուց ժամեր անց ես հասկացել եմ, որ մենք մենակ ենք Ադրբեջանի այդ յարձակման դէմ»: Բացի այն իրողութենէն որ հայաթափուած Արցախի Նախագահն է որ հրապարակային կերպով կը բացայայտէ ռուս խաղաղապահներու չմիջամտութիւնը, այսինքն՝ Մոսկուայի լուռ համաձայնութիւնը ազրպէյճանական վերջին, եւ վերջնական, գռոհին Արցախը կցելու, մնացեալը հազիւ թէ անակնկալ ըլլայ: Պէտք չէ մոռացութեան տալ այն փաստը, որ երբ ազրպէյճանցի զինուած ուժերը կը փակէին Բերձորի անցքը անոնց կ’ուղեկցէին ռուս զինուորներ, ինչպէս օրին սոցիալական հարթակներու վրայ տարածուած վաւերական արձանագրութիւն մը կասկած չձգեց: Բայց այդ իրողութիւնը երբեք լուրջ հակազդեցութեան առիթ չտուաւ, հակառակ որ յստակ խախտում մըն էր Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմանի Համաձայնութեան: Հայրենի քաղաքական բեմին վրայ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը առիթը կորսնցուցին եթէ ոչ կեցուածքներ մօտեցնելու, ապա գոնէ իրադարձութիւնն ու անոր թելադրած հետեւանքներուն պատշաճ միասնական գնահատական տալու: Ըստ երեւոյթին, իշխանութիւններուն համար աւելի կարեւոր էր բաւարարուիլ ռուսական մեղսակցութեան փաստով եւ ոչինչ ընել, իսկ ընդդիմութիւնը, ինչպէս առհասարակ, շատ զգոյշ գտնուեցաւ այդ փաստը մատնացոյց ընելու պահուն, չըսելու համար որ լուռ կերպով նսեմացուց անոր պատգամը, հաւանաբար ի մտի ունենալով Ռուսիոյ հետ բախում մը շրջանցելու անհրաժեշտութիւնը տարբեր հաշիւներով:

[շարունակելի]

Աղբյուրը՝

https://horizonweekly.ca/en/%d5%a1%d6%80%d6%81%d5%a1%d5%ad%d5%a8-%d5%a1%d5%bc%d5%a1%d5%b6%d6%81-%d5%a1%d6%80%d6%81%d5%a1%d5%ad%d6%81%d5%ab%d5%b6%d5%a5%d6%80%d5%b8%d6%82-%d5%bc%d5%b8%d6%82%d5%bd%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6-%d5%b6/?fbclid=IwAR3LTr4qmi_o0Z4cVrB8CcM4F1T0x4aG-Vi-N3XsIjN4R-5_3jZGK8DVCyA

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *