Հայաստան

Արցախն Առանց Հայերի

Մաս 2-րդ

Յստակ է միայն, որ Արցախի հայաթափումը արգելք չհանդիսացաւ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու դադարեցման: Ոչ ալ Արցախի հայաթափումով ռուսական զինուորական ներկայութիւնը աւարտեցաւ հոն:

Խ. Տէր Ղուկասեան

Հարցազրոյցը, որ նախագահ Շահրամեան տուած է Արցախի Հեռուստատեսութեան Ընկերութեան եւ ոչ թէ Հայաստանի մէջ ամենէն աւելի տարածուած Հ1-ին, ինչպէս դիտորդներ նկատեցին փորձելով տարբեր մեկնաբանութիւններ տալ երեւոյթին, լուռ կը մնայ Սեպտեմբեր 19-ի նախորդած իրադարձութիւններուն մասին: Եւ մինչեւ այսօր կան օդին մէջ կախուած հարցումներ սկսելով իր նախորդին՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականէն հասնելով Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահի փոփոխութիւնը ի դէմս փոքրամասնական խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանի այդ պաշտօնին ստանձման, Շահրամեանի ընտրութեան եւ անմիջապէս յետոյ ազրպէյճանական գռոհին ու աղէտին: ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը օրին շնորհաւորած էր Դաւիթ Իշխանեանին, բայց Շահրամեան ոչ մէկ շնորհաւորութիւն ստացաւ ՀՀ իշխանութիւններէն, ինչ որ առ նուազն տարօրինակ է: Դէպքերու յաջորդականութիւնը պատեհ առիթ ընծայեց Փաշինեանական վարչակարգին ինչպէս միշտ պատահածէն իր ձեռքերը լուալու, եւ ընդդիմութեան վրայ նետելու ամէն յանցանք: Յանկարծակի հայաթափութեան շոքը վստահաբար այնքան զօրաւոր է, որ ոչ միայն կարծես տակաւին հայութիւնը ընդհանրապէս չէ անդրադարձած անոր ձգելիք խորագոյն հոգեխոցին ազգային հաւաքական յիշողութեան մէջ, այլ՝ բռնի տեղահանուած արցախցիներուն վիճակի անմիջական հոգերուն թէ Ազրպէյճանական նորագոյն յարձակումի մը անմիջական մտահոգութիւնը այնքան հրամայական են, որ մոռացութեան մատնած են Սեպտեմբեր 19-ի անմիջական նախօրէի դէպքերու պատճառներուն մասին էական հարցումներ: Կը մնայ որ այդ հարցումներուն բացայայտումները հաւանաբար բացատրեն նաեւ արցախցիներու ներկայի թէ ապագայի ամէն ձեւի հարցականներու անպատասխան մնալը, ինչպէս օրինակ Ազգային Ժողովի նիստ, աքսորեալ կառավարութիւն, կարգավիճակ…

Յստակ է միայն, որ Արցախի հայաթափումը արգելք չհանդիսացաւ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու դադարեցման: Ոչ ալ Արցախի հայաթափումով ռուսական զինուորական ներկայութիւնը աւարտեցաւ հոն:

Այսպէս, Հոկտեմբեր 30-ին ԱԺ-ի մէջ 2024թ․ պետական պիւտճէի նախագծի քննարկման ժամանակ, Փաշինեան տեղեկացուց որ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է երեք սկզբունքներու շուրջ՝ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում թուային ճշգրտութեամբ, սահմանազերծում համաձայն Ալմաթիի Հռչակարգրին, եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու բացում ինքնիշխանութեան իրաւազօրութեան հիման վրայ: Այս վերջին կէտով, Փաշինեան յաւելեալ բացատրութիւն տուած է. «Այս սկզբունքի վերաբերեալ մեր դիրքորոշումները մենք վերջերս ամփոփեցինք՝ «Խաղաղության խաչմերուկ» նախագծին ամբողջական և հայեցակարգային տեսք տալով»։ Այսինքն՝ Արցախը Հայաստան չէ, իսկ Հայաստանը իր ապագան կը տեսնէ տարածաշրջանին մէջ կառուցուելիք «խաղաղութեան խաչմերուկ»ի ծրագրին ընդմէջէն:

Զուգահեռաբար, ըստ նոյն օրուայ, Հոկտեմբեր 30, ռուսական պաշտպանութեան ամենօրեայ տեղեկագրին, «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ խնդիրներու կատարումը Ղարաբաղի տարածքին մէջ: … Անընդմէջ համագործակցութիւն կը պահպանուի Պաքուի հետ` ուղղուած արիւնահեղութիւն չարտօնելուն, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման եւ բնակչութեան նկատմամբ միջազգային օրէնքի արժեչափերու պահպանման: … Ճանապարհային ուղղութիւններով երթեւեկի անվտանգութեան ապահովման նպատակով վեց դիրք տեղակայուած է, երկուքը` ազրպէյճանական կողմին հետ միասին»: Այսինքն՝ թէկուզ եւ Սեպտեմբեր 19-էն Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու 24 դիտակէտեր փակուած են, այնուամենայնիւ ռուսական զինուորական ներկայութիւնը կը շարունակուի Պաքուի հետ համաձայնաբար, առանց խաղէն դուրս մնացած Հայաստանին կարծիքը հարցնելու: Ինչպէս 1895-ին Ցարական Կայսրութեան արտաքին գործ նախարար դարձած Լոփանովը կ’ըսէր «Հայաստանը մեզ պէտք է առանց հայերու, թող այդ կեղտոտ գործը մեզ համար ընեն թուրքերը», այսօր ալ կարծես Ռուսիոյ Արցախը պէտք է առանց արցախցիներուն, այդ կեղտոտ գործը իրենց համար արդէն ըրին ազրպէյճանցիները…

Այդ մէկը կը խանգարէ՞ Փաշինեանական վարչակարգին: Հարցումը կրնայ վիրաւորական թուիլ, ընդվզում առաջացնել թերեւս, բայց իրողութիւն է որ հակառակ փոխադարձ ամբաստանութիւններուն, Փաշինեանական եւ Փութինեան վարչակարգերը խորքին մէջ կարծես լուռ համախոհութեան հասած էին Արցախը Ազրպէյճանի մաս համարելու հարցով: Ըսենք՝ երկուքին շահերը համընկած էին: Հետեւաբար, հիմա որ այդ հարցը իրողապէս դուրս բերուած է օրակարգէն, չկայ Մինսքի Խումբ, եւ հազիւ թէ յղում կը կատարուի արդէն բազմիցս խախտուած Եռակողմանի Համաձայնագրին, կը մնայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի ծրագիրը եւ անոր իրականացման շահագրգռութիւնը: Կասկած չկայ որ երկու վարչակարգերը իրարու հանդէպ ունին քաղաքագաղափարախօսական խոր հակակրանք, որուն հրապարակային արտայայտութիւններուն մէջ ակտիւօրէն դերակատար եղան եւ են ե՛ւ մէկ կողմի, ե՛ւ միւս կողմի առաւել թէ նուազ ներկայացուցիչ դէմքեր: Այդ հակակրանքը վստահաբար չի՛ դիւրացներ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քաղաքական մօտեցումը՝ աշխարհաքաղաքական համաձայնութիւններու կամ շահերու համախոհութիւն գոյացնելու համար: Սակայն, անպայմանօրէն արգելք ալ չի հանդիսանար աշխարհատնտեսական մօտեցումով կապիտալ ներդրումներու շահագրգռութիւններու կարելիութեան եւ մինչեւ իսկ առկայութեան:

Ռուսական դրամագլուխ ներդրումներու շահագրգռութիւն տարածաշրջանին մէջ առանց որ այդ մէկը պայմանաւորուի ռուսական զինուորական ներկայութեամբ, Գիւմրիի խարիսխին կամ ՀԱՊԿ-ին… «Բոլոր կարելի աշխարհներուն լաւագոյնը», պիտի ըսէր Վոլթէրի Քանտիտ վէպի կերպարներէն՝ Փանկլոսի հայաստանեան տարբերակ մը Թաւշեայ շրջանակէն կամ անոնց օրգանական մտաւորականներու ցանկէն: Մոռնալով որ այդ շահագրգռութիւնը կրնայ եւ առաջանալ Ազրպէյճանի որոշումով՝ առանց Սիւնիքի Հայաստան, Էրիվան դարձած Երեւան, եւ Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեամբ մը, որ Արցախը առանց արցախցիներու ընդունելէ յետոյ, կրնայ եւ Լոփանովեան ցինիզմը գրեթէ բառացիօրէն վերակենդանացնել:

Աւարտելու համար նշենք, որ այս զգուշացումը հակառուսականութեան հրահրման նպատակաուղղուած չէ, նուազ՝ Փաշինեանական ուղեգիծի արդարացման: Ընդհակառակը, կասկած չկայ, որ Փաշինեանական վարչակարգի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը աղիտալի կերպով ձախողած է: Բայց այդ ալ չէ հիմնականը, որովհետեւ ի՛նչ ալ ըլլայ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութեան ներկայ շարունակման գործընթացին աւարտը, ամբողջ սերունդի մը համար, եւ թերեւս աւելի, Հայաստան «հայրենիք-պետութիւն»ը համաձայն Փաշինեանի վերջին սոփեստութեան, կրնայ մատնուիլ մոռացութեան եւ միջազգային օրակարգին վրայ նուազագոյն հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ձեւականօրէն գերիշխան բայց իրողապէս ենթիշխան երկիր-հողատարածքներու ցանկին, առանց որեւէ դերակատարութեան հաւակնութեան, անկախ թէ երկրի վարչապետը քանի լուսանկարի մէջ կ’երեւայ, կամ մէկ նախագահը ինչ պաղպաղակ կ’ուտէ, իսկ միւսը որ լսարանին կողմէ ծափահարուելու համար դաշնակ կը նուագէ… Ատոր պատճառներէն մէկը պիտի ըլլայ նաեւ այն որ անկախութենէն ի վեր, եւ թերեւս անկէ առաջ՝ խորհրդային տարիներուն իսկ, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին քաղաքական բանավէճը երբեք չհատեց 19-րդ դարէն ի վեր հայ-ռուսական յարաբերութիւններու քլիշէ պատումներու սահմանը՝ աւելի մասնագիտականօրէն անդրադառնալու համար անոր բարդ ենթախորքին: Իսկ այդ քլիշէներուն վերջինը, «հաւաքական Արեւմուտք» ընդդէմ Ռուսիոյ Կովկասի մէջ ներկայութեան, աւելի շատ շփոթ պատճառող պատումն է, որ եւ կարծես պայմանաւորած ու կաշկանդած է ռուս-հայկական յարաբերութիւններու Հայաստանի համար կենսական ու մնայուն բանավէճը:

Վերջ

Աղբյուրը՝ Horizonweekly.ce կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *