19.3 C
Yerevan

Շրջա­դարձ Դէպի Երկրի Ներսը

Ժողո­վուրդին մօտ թէեւ ակնյայտ էր սաստիկ ընկճուա­ծութիւնը եւ արժա­նա­պա­տուութեան նուաստա­ցումի զգա­ցումը, սակայն ան իմաստութիւնը ունե­ցաւ իրո­ղութիւնը սառնասրտութեամբ ընկա­լե­լով՝ մնա­լու պետա­կա­նութեան զօրա­վիգ:

Աւօ Պօղո­սեան

Բոլոր պատե­րազմնե­րու աւարտէն ետք, պարտուած կողմե­րու ժողո­վուրդնե­րուն մօտ շատ բնա­կան է վրէ­ժի զգա­ցումը եւ ամէն գնով վերա­պատրաստուե­լու ու զինուե­լու մարմա­ջը, առա­ջին հերթին՝ կորսնցուցած արժա­նա­պատւութիւնը վերագտնե­լու, ապա կորսնցուցած տարածքնե­րը վերագրաւե­լու համար: Շատ յաճախ այդ զգա­ցումին հետ զուգա­հեռ կ՛ընթանան երկրին իշխա­նութիւննե­րուն դէմ բողո­քի ցոյցեր, յեղա­փո­խութիւն, ապա­կա­յունութիւն եւ նոյնիսկ պետա­կան հաստա­տութիւննե­րու դէմ վայրա­գութիւննե­րու դրսեւո­րում: 

Պատմութեան մէջ շատ կը հանդի­պինք այդպի­սի երկիրնե­րու, որոնցմէ են Իտա­լիա, որուն ֆաշիստ կառա­վա­րութիւնը Համաշխարհա­յին Բ. պատե­րազմէն ետք տապա­լե­ցաւ եւ Պենի­թօ Մուսո­լի­նի կախա­ղա­նի արժա­նա­ցաւ: Ֆոլքլենտի պատե­րազմին, Արժանթի­նի պարտութեան պատճա­ռով, երկրին մէջ տիրեց խոր դժգո­հութիւն, որ վերջա­պէս յանգե­ցաւ իշխող խունթա­յի տապալման. կարե­լի է շարքը երկա­րել: Այդ ճանա­պարհը, սակայն, միշտ չէ որ յաջո­ղութեամբ կը պսա­կուի, որովհե­տեւ նոյնպէս յաղթող կողմը իր յաղթա­նա­կէն եւ ձեռք բերած յաջո­ղութիւննե­րէն ու զանոնք նուի­րա­կա­նացնե­լու եւ պահպա­նե­լու վճռա­կա­նութե­նէն մղուած՝ բնա­կա­նա­բար աչալջօ­րէն պիտի հետեւի հակա­ռա­կորդին ամէն մէկ շարժումին եւ ըստ այնմ շարունա­կէ զինուիլ: Դարձեալ պատմութեան դիմե­լով՝ կը տեսնենք, որ երկիրնե­րու միջեւ յաճախ պատե­րազմներ մղուած են նոյն հողա­մա­սին համար, որ քանի մը անգամ ձեռքէ ձեռք խլուած է, պատճա­ռե­լով բազմա­թիւ զոհեր, բնակչութեան արտա­գաղթ եւ քանդում: 

Կայ նաեւ ռազմա­վա­րա­կան այլ ճանա­պարհ մը, զոր իրա­կա­նացնե­լը աւե­լի դժուար է եւ աւե­լի երկար ժամա­նա­կի կը կարօ­տի, նկա­տի ունե­նա­լով ժողո­վուրդը համո­զե­լու եւ ընկճուա­ծութե­նէ ոտքի հանե­լու բարդութիւնը: Տուեալ պարտութե­նէն ետք, երբ վառօ­դի բարձրա­ցուցած ծուխի ամպե­րը չքա­ցած են արդէն, հակա­ռակ բնա­կան թուա­ցող ներքին՝ բնազդա­յին վրէ­ժի կանչե­րուն անսա­լու, զգաստա­նալ եւ դժուար որո­շումը տալ՝ շրջուե­լու դէպի երկրի ուղղա­ձիգ զարգացման քաղա­քա­կա­նութեան նախա­ձեռնութեան: Այդ քաղա­քա­կա­նութեան որդեգրման յաջո­ղութեան պարա­գա­յին, երկի­րը տարա­ծաշրջա­նի այլ պետութիւննե­րու հետ համե­մա­տած՝ տնտե­սա­կան բարձր մակարդակ կը նուա­ճէ, որ իրեն հետ յառաջ կը բերէ նաեւ հզօ­րա­ցում բոլոր ոլորտնե­րուն մէջ: Այդպի­սի ռազմա­վա­րութեան դիմած երկիրնե­րէն են՝

 1. Գերմա­նիա, որ Համաշխարհա­յին Բ. պատե­րազմէն ետք, երբ երկի­րը հիմնա­յա­տակ կործա­նուած էր, շեշտը դրաւ երկի­րի զարգացման գործին եւ քանի մը տարի ետք աշխարհը ակա­նա­տես եղաւ Գերմա­նիոյ տնտե­սա­կան հրաշքին (wirtschaftswunder), որուն միջո­ցաւ դարձաւ աշխարհի ամէ­նէն յառա­ջա­դէմ երկրորդ երկի­րը: 

 2. Ճափոն, որ նոյնպէս Համաշխարհա­յին Բ. պատե­րազմին իր կրած աղէ­տէն ետք լծուե­ցաւ երկի­րը կառուցե­լու գործին եւ Գերմա­նիոյ հետ դարձաւ տնտե­սա­կան գերպե­տութիւն մը: 

 3. Հարաւա­յին Քորէա, որ քորէա­կան պատե­րազմէն ետք դարձաւ զարգա­ցած, արդիւնա­բե­րա­կան եւ արտա­ծող երկիր մը: 

 4. Վիեթնամ, որ երկու տասնա­մեակ տեւած պատե­րազմնե­րու արհաւիրքէն ետք, այսօր նկա­տա­ռե­լի զարգա­ցող եւ յառա­ջա­դէմ երկիր մըն է: 

 5. Ֆինլանտա, որ Համաշխարհա­յին Բ. պատե­րազմէն ետք թոյլ եւ աղքատ երկիր էր, կեդրո­նա­ցաւ տնտե­սա­կան եւ արհեստա­գի­տա­կան ոլորտնե­րուն վրայ: Այսօր, նորա­րա­րութիւննե­րով յայտնի երկիր մըն է անի­կա: 

 6. Լեհաստան, որ Պաղ պատե­րազմի աւարտէն ետք զարթօնք մը ապրե­ցաւ եւ կեդրո­նա­ձիգ համայնա­վար կառա­վարման համա­կարգէն անցաւ շուկա­յա­կա­նին եւ այսօր շատ մօտիկ է Եւրո­պա­կան ընտա­նի­քի երկիրնե­րու մակարդա­կին: 

Հայաստան Արցա­խի պատե­րազմին իր կրած պարտութե­նէն ետք, բարե­բախտա­բար, ներքին քաղա­քա­կան ապա­կա­յունա­ցում չապրե­ցաւ: Ժողո­վուրդին մօտ թէեւ ակնյայտ էր սաստիկ ընկճուա­ծութիւնը եւ արժա­նա­պա­տուութեան նուաստա­ցումի զգա­ցումը, սակայն ան իմաստութիւնը ունե­ցաւ իրո­ղութիւնը  սառնասրտութեամբ ընկա­լե­լով՝ մնա­լու պետա­կա­նութեան զօրա­վիգ: Բոլո­րին, նոյնիսկ ընդդի­մա­դիր փոքրա­մասնութեան համար, տեսա­նե­լի էր այն փաստը, որ մեր պարտութիւնը տրա­մա­բա­նա­կա­նօ­րէն անխուսա­փե­լի էր: Մենք գործ ունէինք թշնա­միի մը հետ, որ ի տարբե­րութիւն մեզի, տասնա­մեակնե­րով լծուած էր ռազմա­կան ճանա­պարհով իր վրէ­ժը լուծե­լու, որուն դէմ մենք անտարբեր գտնուած էինք, կամ մեր իրա­րա­յա­ջորդ իշխա­նութիւննե­րը պարտադրուած էին անտարբեր մնա­լու: Աւե­լին՝ Ատրպէյճան զինուած էր ոչ միայն ռուսա­կան սպա­ռա­զի­նութեամբ, այլ՝ թրքա­կան եւ իսրա­յէ­լեան ամէ­նէն արդիա­կաննե­րով: Մեզի դէմ էին Ատրպէյճա­նի ժողովրդագրա­կան առաւե­լութիւնը, թրքա­կան յատուկ ջոկա­տա­յիննե­րը, իսլա­մա­կան արմա­տա­կան զինեալնե­րու ջոկատնե­րը եւ ռուսա­կան լուռ մեղսակցութիւնը: Մեզի դէմ էր նաեւ ոչ միայն համայն աշխարհի անտարբե­րութիւնը, այլ՝ Ատրպէյճա­նի հողա­յին անբողջա­կա­նութեան անոնց ճանա­չումը: Արցա­խի Հանրա­պե­տութիւնը ոչ մէկ երկիր կը ճանչնար ոչ ալ պատրաստ էր ճանչնա­լու: 

 Մենք պէտք էր որ պէտք է գիտակցէինք, թէ Արցա­խի 12,000 քառա­կուսի քիլո­մեթր տարածքին վրայ միայն 150,000 ժողո­վուրդով (1 քառ. քիլո­մեթրի վրայ 12 հոգի), երկրա­մաս չի պահուիր, թէ հողին վրայ ապրե­լով միայն կարե­լի է զայն պահել: Պէտք է գիտակցինք, որ ինչպէս արեւմտեան Հայաստա­նի հողե­րը, զորս կորսնցուցած ենք եւ իրա­տե­սա­կան չէ անոնց՝ Հայաստա­նի միա­ցումը, երբ չենք կրցած բարգաւաճ դարձնել մեր անգամ այս փոքր ածուն, ուրկէ մինչեւ այսօր արտա­գաղթը կը շարունա­կուի, նոյնպէս Արցա­խը վերա­դարձնե­լը գրե­թէ անկա­րե­լի գործ է: Պէտք է գիտակցինք այժմ որ Հայաստանն ալ կրնանք կորսնցնել, եթէ շարունա­կենք նոյն ընթացքը:

Այո՛, պէտք է հետեւինք վերեւը նշուած, պարտուած, իսկ ներկա­յիս զարգա­ցած երկիրնե­րու օրի­նա­կին: Դառնանք դէպի երկրի ներսը: Մեր տարածքը ամէն գնով պաշտպա­նե­լու մարտա­վա­րութեան, որուն համար պարտա­դիր է ազգո­վին լծուիլ զայն ամրա­կուռ բերդի վերա­ծե­լու, պաշտպա­նա­կան հզօ­րա­գոյն զէնքե­րով: Ձեռնարկել երկրի տնտե­սութիւնը ուղղա­հա­յեաց՝ թռիչքա­ձեւ զարգացնե­լու միջոցնե­րու փնտռտուքին: Այս է մեր երբեմնի մեծ երկրէն մեզի մնա­ցա­ծը եւ պէտք է պահենք զայն: Նահանջե­լու տեղ չունինք այլեւս: 

Բարե­բախտա­բար, իշխա­նութիւննե­րը, հակա­ռակ բազմա­թիւ խարխա­փումնե­րու եւ թերութիւննե­րուն, այդ քաղա­քա­կա­նութիւնը որդեգրած են: Ակա­նա­տես ենք բոլոր ոլորտնե­րուն մէջ երբեմն հսկա­յա­կան աշխա­տանքնե­րու, դիւա­նա­գի­տա­կան ոլորտին մէջ բաւա­կան աշխուժութեան, ներկայ եւ անցեա­լի սխալնե­րէն սորվե­լու ճիգին:

Փտա­ծութեան եւ կաշա­ռա­կե­րութեան ազգա­կործան ախտին դէմ թէեւ ոչ բաւա­րար, սակայն, դրա­կան պայքա­րին: Երկի­րը կարծես մտած է վերա­կա­ռուցման փուլին մէջ, ուր ամէն կողմ տեսա­նե­լի են ճանա­պարհնե­րու նորո­գում եւ կառուցում: Կայ կրթա­կան մակարդա­կը բարե­լաւե­լու, բարձրացնե­լու միջոցնե­րու փնտռտուքը, կա՛յ երկրի զարգացման կամքը: Անհրա­ժեշտ է շինիչ քննա­դա­տութեան շարունա­կութիւնը, միա՛յն շինիչ, սակայն պէտք է նաեւ ընդունիլ տեսնել եւ գնա­հա­տել այն ամէն ինչը, որ դրա­կան է: Այդպէս կարե­լի է պետութիւնը ամրապնդել: 

Երկրի աւե­լի արագ զարգացման համար կը մնայ խոչընդոտ մը: Արտա­գաղթի եւ կրթա­կան անփա­ռունակ մակարդա­կի պատճա­ռած, արտա­սահմա­նեան չափա­նիշնե­րով մասնա­գէտնե­րու պակա­սը: Իշխա­նութիւննե­րը անպայման պէտք է գտնեն ճարը զանոնք արտերկրէն հայրե­նիք հրաւի­րե­լու համար, թերեւս արժա­նի­նե­րը արտերկրի աշխա­տա­վարձե­րու չափա­նիշնե­րով վարձատրե­լով…։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ