Երբ հանրային կերպով, կազմակերպութեան մը որդեգրած քաղաքականութիւնը քննարկելու եւ գնահատելու/քննադատելու առիթ չստեղծուիր՝ այդ կազմակերպութիւնը կրնայ դառնալ կրաւորական կամ լճացած։
Արա Խանջյան
Վերջերս, «Ասպարէզ»ի ընթերցող մը կարճ յօդուածով մը կը քննադատէ «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը, որովհետեւ թերթին մէջ տպուած էր յօդուած մը, որուն միայն երկու պարբերութիւններուն մէջ, Հայաստանի վերաբերեալ ՀՅԴի որդեգրած ուղղութենէն տարբեր կարծիք արտայայտուած էր եւ ան կը պահանջէ, որ այլեւս «Ասպարէզ»ը ՀՅԴի ուղղութենէն տարբեր միտքեր արտայայտող յօդուածներ չտպէ։
Արդեօք Դաշնակցութիւնը պէ՞տք է առիթ տայ դաշնակցական մամուլին մէջ հրատարակելու յօդուածներ, որոնք Դաշնակցութեան որդեգրած ուղղութենէն տարբեր միտքեր կ՛արտայայտեն։ Իմ կարծիքով՝ այո։
21րդ դարուն, ինչպէ՞ս կարելի է Դաշնակցութեան շուրջ հաւաքել անկախ մտածող մտաւորականներ, եթէ այդ մտաւորականները իրաւունք պիտի չունենան ազատօրէն մտածելու եւ երբեմն ալ Դաշնակցութեան ուղղութենէն դուրս ելլելու եւ, ինչու չէ, երբեմն ալ ՀՅԴի որդեգրած քաղաքականութիւնը վերլուծելու ու քննադատելու։
Երբ թոյլ չտանք, որ մեր կարծիքէն դուրս ուրիշ կարծիքներ ներկայացուին մեր մամուլին մէջ, մտաւորականներէն ոմանք մեզմէ կրնան հեռանալ, որուն պատճառով կրնանք դառնալ աւելի անհանդուրժող ու գործադրել աւելի խիստ գրաքննութիւն։ Այս պատճառ կը դառնայ, որ ուրիշ մտաւորականներ ալ հեռանան մեզմէ։ Այլ խօսքով՝ կը մտնենք անառակ շրջանակի մը մէջ, (vicious cycle) աւելիով կորսնցնելով մեր շուրջի անկախ մտածող մտաւորականները եւ կամաց կամաց նմանելով աղանդի մը։
Երբ հանրային կերպով, կազմակերպութեան մը որդեգրած քաղաքականութիւնը քննարկելու եւ գնահատելու/քննադատելու առիթ չստեղծուիր՝ այդ կազմակերպութիւնը կրնայ դառնալ կրաւորական կամ լճացած։
Դաշնակցութեան համար ամէնէն դիւրին քայլը գրաքննութեան ենթարկելն է յօդուածները, որոնք կը տպուին դաշնակցական մամուլին մէջ։ Սակայն, եթէ կ՛ուզենք, զօրանալ եւ աւելի մեծ թիւով մտաւորականներ ու ժողովուրդ մեր շուրջը հաւաքել՝ պէտք է որդեգրենք դժուար ճամբան եւ ունենանք ինքնավստահութիւնը մեր մամուլը տրամադրելու անկախ մտածող մտաւորականներու, որոնք երբեմն ալ ՀՅԴի որդեգրած ուղիէն տարբեր կարծիքներ կրնան արտայայտել։ Անշուշտ, այդ յօդուածները պէտք է ըլլան հիմնաւորուած, քաղաքավար, պատշաճ եւ ոչ-անձնականացուած։ Դաշնակցական մտաւորականները կրնան անդրադառնալ այդ յօդուածներուն եւ նոյն հարթակին վրայ կրնան քննարկել ու աւելի լաւ կերպով բացատրել հանրութեան Դաշնակցութեան որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնները։ Այդ քննարկումներէն կրնան մէջտեղ գալ աւելի արդիւնաւոր ու բարելաւուած քաղաքական ուղղութիւններ, դրականօրէն նպաստելով ՀՅԴի գործունէութեան։
Յուսամ «Ասպարէզ»ը կը շարունակէ տեղ տալ գրողներու, որոնք երբեմն ՀՅԴի քաղաքականութենէն տարբեր միտքեր կը շօշափեն։
Աղբյուրը՝