16.6 C
Yerevan

Նշմար

(Մաս 2‑րդ)

Երկու-երեք տարիէ ի վեր կախարդուած «սփիւռքը վերա­կազմա­կերպե­լու» կարգա­խօ­սէն՝ յամե­ցանք անոր հմա­յիչ բառե­րուն վրայ եւ անտե­սե­ցինք հրա­մա­յա­կան ու անյե­տաձգե­լի շեշտը հայրա­պե­տա­կան պատգա­մին, որուն համար հայա­գա­ղութէ հայա­գա­ղութ կը շրջա­գա­յի Արամ Ա. Կաթո­ղի­կո­սը, իսկ մենք նուա­զա­գոյն ճիգը չփորձե­ցինք կատա­րել այդ ուղղութեամբ:

Միհրան Քիւրտօղլեան


Նախորդ նշմա­րիս մէջ կը նշէի, թէ վտանգաւոր է ամէն առի­թի ու անա­ռիթ ահա­զանգել, որ սփիւռքը կը մաշի, կ’ուծա­նայ, կը ձուլուի եւայլն , եթէ այդ ահա­զանգին պիտի չընկե­րա­նայ վտանգին առաջքն առնե­լու կամ զայն քիչ մը հեռացնե­լու գործնա­կան առա­ջարկ կամ գէթ փնտռտուքի մը նախա­ձեռնութիւն: (Տեսնել նախորդ նշմարս):
Ահա այս տեսակ փնտռտուքի մը նախա­ձեռնած էր Տուպա­յէն տիկին Շաքէ Մանկա­սա­րեան (անձնա­պէս ինծի անծա­նօթ), որու ջանքե­րով հատո­րի մը մէջ մէկտե­ղուե­ցան տեսա­կէտներ՝ սփիւռքի գրողնե­րէ: Նախա­ձեռնող տիկի­նը ջանա­ցած էր, որ առա­ջարկնե­րը ըլլան գործնա­կան՝ իրենց բովանդա­կութեամբ եւ մանաւանդ ներկա­յա­ցուած տեսքով …: Իմ գրութիւնս օրի­նակ, երկու-երեք անգամ ուղարկուե­ցաւ-ետ դարձաւ, քանի որ ան իր տեսքով չէր համա­պա­տասխա­ներ տիկին Շաքէի կամ խմբագրա­կան յանձնա­խումբի պատկե­րա­ցումին: Իմ օրի­նակս տուի, ընդգծե­լու համար բծախնդրութիւնը հրա­տա­րա­կող անձ(եր)ին: Հոս Պիտի խուսա­փիմ դատե­լէ, որ գործնա­կա­նութեան առումով եւ ընդհանրութեան մէջ ուշագրաւ առա­ջարկներ կայի՞ն կամ ոչ, բայց հարց է, թէ քանի՞ հոգի, յատկա­պէս մեր կառոյցնե­րէն եւ սփիւռքի վերա­կազմա­կերպման կոչուած մարմիննե­րէն քանի անդամներ, պարզ հետաքրքրութեան համար, աչք մը նետած ըլլան այդ գրքին վրայ…: Կռա­հե­լի է, որ շատ աննշան թիւ մը: Խէրն անի­ծած մեր ամբողջ օրը կը կլա­նէ ֆէյսպուքն ու համա­ցանցը:

Իմ կարծի­քով, այդ հատո­րին մէջէն կ’ա­ռանձնա­նայ եւ իր բովանդա­կութեամբ յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէ տոքթ. Արա Սայե­ղի (այս անունին առա­ջին անգամ այդ հատո­րին մէջ կը հանդի­պէի) գրութիւնը, որ համա­պարփակ ուսումնա­սի­րութիւն մըն է՝ խորքա­յին առա­ջարկնե­րով: Բովանդա­կութեամբ եւ առա­ջարկնե­րով յագե­ցած այդ ծանրակշիռ ուսումնա­սի­րութիւնը կրնայ դրուիլ որեւէ պետութեան մը նախա­րա­րա­կան սեղա­նին, ի քննութիւն ու գործադրութիւն, բայց խոստո­վա­նինք, որ մեր ուսե­րուն համար շատ ծանր է ան, նոյնիսկ մասամբ իրա­կա­նացնե­լու տեսա­կէ­տէն: Տարտամ պատկե­րա­ցում իսկ չունինք տակաւին, թէ մեր ղեկա­վա­րած համայնքին գիտա­կան-մասնա­գի­տա­կան միտքը, իբրեւ օգտա­գործե­լի ատաղձ, ինչ պատկեր կը ներկա­յացնէ, որքան է տրա­մադրե­լի մեր մարդուժը եւ ատով ինչ կրնանք կամ չենք կրնար ընել եւայլն, եւայլն: Գիտենք ու կը ճանչնանք մեր շրջա­պա­տի մարդի­կը եւ կ’օգտա­գործենք անոնց կարե­լիութիւննե­րը միայն: Եւ այս՝ նոյնիսկ յարա­բե­րա­բար փոքր գաղութնե­րու պարա­գա­յին է: Ուզենք թէ չուզենք այս է սփիւռքեան չոր իրա­կա­նութիւնը: Երկու-երեք տարիէ ի վեր կախարդուած «սփիւռքը վերա­կազմա­կերպե­լու» կարգա­խօ­սէն՝ յամե­ցանք անոր հմա­յիչ բառե­րուն վրայ եւ անտե­սե­ցինք հրա­մա­յա­կան ու անյե­տաձգե­լի շեշտը հայրա­պե­տա­կան պատգա­մին, որուն համար հայա­գա­ղութէ հայա­գա­ղութ կը շրջա­գա­յի Արամ Ա. Կաթո­ղի­կո­սը, իսկ մենք նուա­զա­գոյն ճիգը չփորձե­ցինք կատա­րել այդ ուղղութեամբ:

Անդրա­դառնանք, որ սերունդը կորսուե­լու վտանգին մէջն է արդէն եւ ժամա­նա­կը մեզի դէմ կը գործէ: Մտա­ծենք, թէ ներկայ մեր տրա­մադրե­լի կարե­լիութիւննե­րով ինչ կրնանք ընել՝ նորա­հաս սերունդին մէջ մշա­կե­լու համար ազգա­յին ինքնութիւն:
Ուրեմն, Ի՞նչ ընել: Ահա գլխաւոր հարցը, դժուար մարտահրաւէ­րը:
Աթէնք, 7–12-23 (շարունա­կե­լի)

Առնչվող Հոդվածներ