14.7 C
Yerevan

Քարոզչությո՞ւն, Թե՞ Աթո­ռը Պահե­լու Մարմաջ

Մաս Ա

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ, հայրե­նի­քի մէջ թէ սփիւռքի, հանրա­յին գործիչներ, մտաւո­րա­կաններ եւ հաստա­տութիւններ բեմե­րը եւ մետիա­նիր բոլոր տեսակնե­րով, կը գործա­ծեն իրենց «ուշագրաւ» իրա­գործումնե­րու չվերջա­ցող պատումնե­րով, եւ ձեւը կը գտնեն ինքզինքնին լուսարձա­կի տակ բերե­լու ձանձրացնող յաճա­խա­կա­նութեամբ:

Վաչէ Փափա­զեան

Մուտք

Ինչո՞ւ մտքե­րու այս շարքը:

Տագնա­պը, զոր Հայաստա­նը կ՛ապրի, մեծ է, իսկ սփիւռքի վիճա­կը‘ ծանր:

Բնա­կան է սպա­սել, որ Հայաստա­նի եւ սփիւռքի խնդիրնե­րը լուծե­լու համար մտա­ծուած եւ յուսա­լի աշխա­տանք տանին հայրե­նի իշխա­նութիւննե­րը եւ անոնց մրցա­կից քաղա­քա­կան ուժե­րը, բայց նման նախա­ձեռնութիւն չ՛երեւիր  հայրե­նի հորի­զո­նին վրայ: Հիմնա­կան լուծումնե­րու ձգտող յուսա­լի նախա­ձեռնութիւններ չկան նաեւ սփիւռքի մէջ:

Ամէն յանձնա­ռու հայ մարդ այս վիճա­կին մէջ պարտի իր կարե­լիով մասնակցիլ:

Այս տողե­րուն հեղի­նա­կը կը փափա­քի այդ ընել‘ բերե­լով իր համեստ յաւե­լումնե­րը մեր ազգա­յին-մարդկա­յին կեանքին առնչուող գաղա­փարնե­րու խումբին:

1. Քարոզչութի՞ւն, Թէ՞ Աթո­ռի Ապա­հովման Աշխա­տանք

Քարոզչութիւնը օգտա­կար է եւ շատ կարեւոր, եթէ կատա­րուի տրա­մա­բա­նա­կան չափով եւ հանրութիւնը լուսա­բա­նե­լու ու տեղեակ պահե­լու  նպա­տա­կով: Այս տեսակ քարոզչութիւնը պիտի կոչենք «առողջ քարոզչութիւն»: Բայց այս  օրե­րուն կան ընդվզեցնող պարա­գա­ներ:

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ երկրի մը վարչա­պե­տը կ՛ընէ այնպէս, որ գրե­թէ ամէ՛ն օր հեռա­տե­սի­լի պետա­կան կայա­նը օրուան լուրե­րուն բաւա­կան մեծ մասը օգտա­գործէ զի՛նք ցուցադրե­լու համար: Կամ‘ երբ ամէն օր հեռա­տե­սի­լէն ցուցադրուին կառա­վա­րութեան թատե­րա­կա­նա­ցած  նիստեր, ուր մեր վարչա­պե­տը միշտ գլխաւոր դերը կը ստանձնէ: Կամ‘ երբ ժողո­վուրդը կը ստի­պուի ամէն օր դիտել իր վարչա­պե­տին կատա­րած ձեւա­կան եւ անի­մաստ այցե­լութիւննե­րը: Կամ‘ երբ զանա­զան նախա­րա­րութիւններ հեռա­տե­սի­լա­յին «շոու»-ով ձեւա­կան «հաշուե­տուութիւն» տան  վարչա­պե­տին:

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ միանձնեայ ղեկա­վա­րութիւն ունե­ցող հայրե­նի «կուսակցութիւններ» իրենց խօսնակնե­րով անդա­դար իրենց անփո­խա­րի­նե­լի ըլլա­լը եւ ներկայ իշխա­նութիւննե­րուն միակ այլընտրանք ըլլա­լը կը շեփո­րեն:

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ, հայրե­նի­քի մէջ թէ սփիւռքի, հանրա­յին գործիչներ, մտաւո­րա­կաններ եւ հաստա­տութիւններ բեմե­րը եւ մետիան‘ իր բոլոր տեսակնե­րով, կը գործա­ծեն իրենց «ուշագրաւ» իրա­գործումնե­րու չվերջա­ցող պատումնե­րով, եւ ձեւը կը գտնեն ինքզինքնին լուսարձա­կի տակ բերե­լու‘ ձանձրացնող յաճա­խա­կա­նութեամբ:

* * *

Անդադրում ինքնա­գո­վութիւնը եւ թատե­րա­կան «շոու»-ն կեղծիք կը պարունա­կեն եւ հետեւա­բար կը խաթա­րեն հանրա­յին մթնո­լորտը, կը բարո­յալքեն ընկե­րութիւնը:

Անդադրում ինքնա­գո­վութիւնը եւ թատե­րա­կան «շոու»-ն ժամա­նա­կի ընթացքին ժողո­վուրդը պիտի տանին դէպի անտարբե­րութիւն եւ հիասթա­փեցնե­լով գիտա­կից երի­տա­սարդութիւնը‘ զայն պիտի մղեն հեռա­նա­լու ազգա­յին գործէն:

Անդադրում ինքնա­գո­վութիւնը եւ թատե­րա­կան «շոու»-ն խորքին մէջ կը ծառա­յեն իշխա­նութեան վրայ մնա­լու կամ իշխա­նութեան հասնե­լու նպա­տա­կին:

Պետութիւն, հայրե­նիք, ազգ փրկե­լու կարո­ղութիւնը ունե­նա­լէ հեռու պիտի ըլլանք, եթէ խստիւ չմերժենք բոլոր նման երեւոյթնե­րը, ո՛ւր որ ալ հանդի­պինք անոնց‘ հայրե­նի­քի մէջ թէ սփիւռքի:

Յունուար 2024, Պէյրութ

Հոդվա­ծը՝ Aztagdaily.com կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ