15.8 C
Yerevan

Օրվա Խորհուրդը

Համայնա­վա­րա­կան ամբողջա­տի­րութեան փլուզումը պատճառ չէ, պէտք չէ ըլլայ, որ մոռա­ցութեան տրուի յիշա­տա­կե­լի տարե­դարձը Փետր. 18-ին, նոյնիսկ եթէ քաղա­քա­կան հաշուարկէ, բանա­կա­նութե­նէ եւ տեւե­լու երաշխի­քէ զուրկ՝ զգա­ցա­կան տարե­րա­յին պոռթկում մը միայն կը նկա­տուի անի­կա :

Միհրան Քիւրտողլեան

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18
Վաղը տարե­դարձն է համայնա­վար վարչա­կարգի խժդժութիւննե­րուն դէմ հայութեան համա­ժո­ղովրդա­յին ծառա­ցումին:
Հասկնա­լի է, թէ ինչու բոլշեւիզմի քարոզչութեան ձայնակցողներ անոր տուին «արկա­ծախնդրութիւն» յորջորջումը : Չեմ հասկցած սակայն, թէ ինչո՞ւ դաշնակցա­կան պատմագրութիւնը զայն կը համա­րէ «ապստամբութիւն», երբ իր բնոյթովն ու փաստա­կան յաջող ելքո­վը, համայնա­վար տարեգրութեանց մէջ արձա­նագրուած առա­ջին յեղա­փո­խութիւնն էր անի­կա, որ յաջո­ղե­ցաւ տապա­լել ահա­բեկչա­կան վարչա­կարգը Սարգիս Կասեա­նի , կազմեց «հայրե­նի­քի փրկութեան կոմի­տէ»՝ Ս. Վրա­ցեա­նի գլխաւո­րութեամբ եւ 45 օրե­րու տեւո­ղութեամբ վերա­զա­տագրուած շրջան մը բոլո­րեց մեր հայրե­նի­քը (18 Փետր.էն 4 Ապրիլ 1921):
Փետրուա­րեան յեղա­փո­խութեան շնորհիւ բանտե­րը նետուած շուրջ 600 քաղա­քա­կան , մտաւո­րա­կան թէ յեղա­փո­խա­կան գործիչներ ստուգա­պէս փրկուե­ցան մահէ կամ աքսո­րուե­լու ճակա­տագրէն: Անոնցմէ շատեր Հայաստա­նէն անցան Պարսկաստան եւ դառնա­լով սփիւռքի բնա­կիչ, իրենց ամբողջ կեանքը նուի­րե­ցին սփիւռքա­հա­յութեան կազմա­կերպման այնքա՜ն կարեւոր գործին: Հետա­գա­յին , երբ կրկին համայնա­վարնե­րը երկրի ղեկին տէր դարձան, չգործե­ցին նախընթաց վայրա­գութեամբ, այլ զգուշաւոր ու խոհեմ՝ անոնք իշխա­նութիւնը վստա­հե­ցան աւե­լի բանի­մաց, յարա­բեա­րա­բար աւե­լի խոհուն ու զգաստ կառա­վա­րիչնե­րու …:
Համայնա­վա­րա­կան ամբողջա­տի­րութեան փլուզումը պատճառ չէ, պէտք չէ ըլլայ, որ մոռա­ցութեան տրուի յիշա­տա­կե­լի տարե­դարձը Փետր. 18-ին, նոյնիսկ եթէ քաղա­քա­կան հաշուարկէ, բանա­կա­նութե­նէ եւ տեւե­լու երաշխի­քէ զուրկ՝ զգա­ցա­կան տարե­րա­յին պոռթկում մը միայն կը նկա­տուի անի­կա :
Զգա­ցա­կան պոռթկումնե­րը թերեւս յաճախ կը սխա­լին, բայց երբե’ք, երբե’ք չեն դաւա­ճա­ներ: Հայ ժողո­վուրդի զգա­ցո­ղութիւնը չէր սխա­լած սակայն Փետր. 18-ին : Վկայ՝ ամբողջա­տի­րա­կան վարչա­կարգին փլուզումը:
Այդ փլուզման ազդանշա­նը շատոնց տուած էինք մենք, 1921-ին՝ փետրուա­րեան յեղա­փո­խութեամբ:
Ըսենք նաեւ, որ ժողովրդա­յին ընդվզումով սկիզբ առած ինքնա­բուխ ըմբոստութիւնը անգլուխ չմնաց : Անոր տիրութիւնն ու ղեկա­վա­րութիւնը ստանձնեց Հայ Յեղ. Դաշնակցութիւնը, որու շնորհիւ տարե­րա­յին այդ պոռթկումը յանգե­ցաւ յեղա­փո­խութեան, վարչա­կարգի տապալման:
Տարի­ներ առաջ Փետր. 18‑ի տարե­դարձը կը պանծա­ցուէր շրջա­բե­րա­կաննե­րով, անոր կը ձօնուէին խմբագրա­կաններ , յօդուածներ: Հպարտութեամբ կը տօնուէր անի­կա հոծ բազմութեամբ, հանդի­սութիւննե­րով , խրախճանքնե­րով…:
Այդ տարի­նե­րը անցան ու տարի­նե­րուն հետ ըմբռնումներն ալ փոխուե­ցան: Հիմա facebook կայ, որ յաճախ կը փոխա­րի­նէ հանդէս ու խրախճանք : Ուրեմն, մենք ալ գէթ facebook‑ի վրայ նշենք-տօնենք յիշա­տա­կե­լի տարե­դարձը Փետր. 18-ին…:

Գրա­ռումը՝ Միհրան Քերթողլեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ