ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Օրվա Խորհուրդը

Համայնավարական ամբողջատիրութեան փլուզումը պատճառ չէ, պէտք չէ ըլլայ, որ մոռացութեան տրուի յիշատակելի տարեդարձը Փետր. 18-ին, նոյնիսկ եթէ քաղաքական հաշուարկէ, բանականութենէ եւ տեւելու երաշխիքէ զուրկ՝ զգացական տարերային պոռթկում մը միայն կը նկատուի անիկա :

Միհրան Քիւրտողլեան

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18
Վաղը տարեդարձն է համայնավար վարչակարգի խժդժութիւններուն դէմ հայութեան համաժողովրդային ծառացումին:
Հասկնալի է, թէ ինչու բոլշեւիզմի քարոզչութեան ձայնակցողներ անոր տուին «արկածախնդրութիւն» յորջորջումը : Չեմ հասկցած սակայն, թէ ինչո՞ւ դաշնակցական պատմագրութիւնը զայն կը համարէ «ապստամբութիւն», երբ իր բնոյթովն ու փաստական յաջող ելքովը, համայնավար տարեգրութեանց մէջ արձանագրուած առաջին յեղափոխութիւնն էր անիկա, որ յաջողեցաւ տապալել ահաբեկչական վարչակարգը Սարգիս Կասեանի , կազմեց «հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»՝ Ս. Վրացեանի գլխաւորութեամբ եւ 45 օրերու տեւողութեամբ վերազատագրուած շրջան մը բոլորեց մեր հայրենիքը (18 Փետր.էն 4 Ապրիլ 1921):
Փետրուարեան յեղափոխութեան շնորհիւ բանտերը նետուած շուրջ 600 քաղաքական , մտաւորական թէ յեղափոխական գործիչներ ստուգապէս փրկուեցան մահէ կամ աքսորուելու ճակատագրէն: Անոնցմէ շատեր Հայաստանէն անցան Պարսկաստան եւ դառնալով սփիւռքի բնակիչ, իրենց ամբողջ կեանքը նուիրեցին սփիւռքահայութեան կազմակերպման այնքա՜ն կարեւոր գործին: Հետագային , երբ կրկին համայնավարները երկրի ղեկին տէր դարձան, չգործեցին նախընթաց վայրագութեամբ, այլ զգուշաւոր ու խոհեմ՝ անոնք իշխանութիւնը վստահեցան աւելի բանիմաց, յարաբեարաբար աւելի խոհուն ու զգաստ կառավարիչներու …:
Համայնավարական ամբողջատիրութեան փլուզումը պատճառ չէ, պէտք չէ ըլլայ, որ մոռացութեան տրուի յիշատակելի տարեդարձը Փետր. 18-ին, նոյնիսկ եթէ քաղաքական հաշուարկէ, բանականութենէ եւ տեւելու երաշխիքէ զուրկ՝ զգացական տարերային պոռթկում մը միայն կը նկատուի անիկա :
Զգացական պոռթկումները թերեւս յաճախ կը սխալին, բայց երբե’ք, երբե’ք չեն դաւաճաներ: Հայ ժողովուրդի զգացողութիւնը չէր սխալած սակայն Փետր. 18-ին : Վկայ՝ ամբողջատիրական վարչակարգին փլուզումը:
Այդ փլուզման ազդանշանը շատոնց տուած էինք մենք, 1921-ին՝ փետրուարեան յեղափոխութեամբ:
Ըսենք նաեւ, որ ժողովրդային ընդվզումով սկիզբ առած ինքնաբուխ ըմբոստութիւնը անգլուխ չմնաց : Անոր տիրութիւնն ու ղեկավարութիւնը ստանձնեց Հայ Յեղ. Դաշնակցութիւնը, որու շնորհիւ տարերային այդ պոռթկումը յանգեցաւ յեղափոխութեան, վարչակարգի տապալման:
Տարիներ առաջ Փետր. 18-ի տարեդարձը կը պանծացուէր շրջաբերականներով, անոր կը ձօնուէին խմբագրականներ , յօդուածներ: Հպարտութեամբ կը տօնուէր անիկա հոծ բազմութեամբ, հանդիսութիւններով , խրախճանքներով…:
Այդ տարիները անցան ու տարիներուն հետ ըմբռնումներն ալ փոխուեցան: Հիմա facebook կայ, որ յաճախ կը փոխարինէ հանդէս ու խրախճանք : Ուրեմն, մենք ալ գէթ facebook-ի վրայ նշենք-տօնենք յիշատակելի տարեդարձը Փետր. 18-ին…:

Գրառումը՝ Միհրան Քերթողլեանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *