28.2 C
Yerevan

Առանց Հայաստա­նի՝ Սփյուռքը Գնա­յուն Է

Խումբ մը հայ երի­տա­սարդներ Աղբա­լեա­նին կը յայտնեն իրենց մտա­հո­գութիւնը Հայաստա­նի մէջ այդ ռուսացման վտանգին գծով: Աղբա­լեան կը հանդարտեցնէ զիրենք՝ ըսե­լով. «Մի մտա­հո­գուիք, աշխարհի վրայ նոյնիսկ եթէ մէկ հայ մնայ, որ հայե­րէն պիտի խօսի, այդ մէկը Հայաստա­նի մէջ պիտի ըլլայ եւ ոչ՝ Սփիւռքի»:

Աւօ Պօղո­սեան

Ո՞վ պահ մը չի փշա­քա­ղիր, երբ լսէ ազգա­յին քայլերգը, կամ երբ դիտէ ազգա­յին բանա­կին տողանցքը, երբ հազա­րաւորներ կը ծափա­հա­րեն կամ կը գոչեն ուռա՜: Այս զգա­ցումնե­րը, հաւա­նա­բար, մարդոց հոգիին մէջ անթե­ղուած կայծեր են‘ որոշ փորձա­ռութիւննե­րու հետ կապ ունե­ցող, մայրե­նի լեզուի իմա­ցութեան, պատմութեան դասա­գիրքե­րու, վէպե­րու եւ, անվի­ճե­լիօ­րէն, ազգա­յին պատկա­նե­լութեան։ Սակայն, այդ զգա­ցումնե­րուն ունե­ցած ազդե­ցութիւնը հայրե­նի­քի բարօ­րութեան վրայ քննարկե­լի է եւ բազմա­թիւ բանա­վէ­ճե­րու նիւթ եղած թերեւս բոլոր դարե­րուն: Արդեօք ազգա­յին պատկա­նե­լութեան զգա­ցումին ինքնանպա­տակ ըլլա­լը բաւարա՞ր է «հայրե­նա­սի­րութիւն» հասկա­ցութեան սահմանման համար:

Բնա­կա­նա­բար, նախքան այդ հարցը քննարկե­լը, թերեւս պէտք է ազգին մաս կազմող զանգուածնե­րը բաժնել հայրե­նի­քէն դուրս ապրողնե­րու եւ հայրե­նի ժողո­վուրդի միջեւ:

Օտար ափե­րու վրայ ապրե­լով, կամայ թէ ակա­մայ մարդ ստի­պուած պիտի ըլլայ իրեն ապաստան տուող երկրին լեզուն սորվե­լու, գործ ապա­հո­վե­լու, հաղորդակցե­լու եւ կեանքը ապրե­լու համար: Կենցա­ղա­յին այս հարկադրանքը հետզհե­տէ պիտի ազդէ նաեւ անոր լեզուամտա­ծո­ղութեան, մանաւանդ՝ երկրորդ կամ երրորդ սերունդին վրայ: Այս ուծացման եւ օտա­րացման գործընթա­ցը, միայն աննշան չափով պիտի տարբե­րի երկի­րէ երկիր: Ապաստան տուող երկիրնե­րու կրօ­նա­կան տարբե­րութիւննե­րը եւ զարգացման մակարդա­կը որոշ դեր կը խաղայ այդ ուծացման ուշացման վրայ:

Հայութեան մասին խօսե­լով, օրի­նակ, միջի­նա­րեւե­լեան երկիրնե­րը առաւե­լա­բար իսլա­մութեան հետեւորդներ ըլլա­լով՝ մեր համայնքնե­րը աշխարհագրա­կա­նօ­րէն խմբուած են, ուծա­ցումը քիչ մը աւե­լի ուշ տեղի կունե­նայ, բաղդա­տած արեւմտեան կիսա­գունդի երկիրնե­րուն հետ, որոնք մեզի պէս քրիստո­նէութեան հետեւորդներ են:

Այստեղ է նաեւ հրեայ ժողո­վուրդին հիմնա­կան տարբե­րութիւնը եւ առաւե­լութիւնը բոլոր իրենց բնօրրաննե­րէն դուրս ապրող ժողո­վուրդնե­րէն: Հրեա­նե­րը հազա­րաւոր տարի­ներ ապրե­լով հանդերձ իրենց չպատկա­նող երկիրնե­րու մէջ, ուրիշ ժողո­վուրդնե­րու հետ համե­մա­տած՝ աւե­լի շատ դիմա­ցած են իբրեւ հաւա­քա­կա­նութիւն, հակա­ռակ նոյնիսկ իրենց լեզուն կորսնցնելնուն, որովհե­տեւ անոնք իրենց կրօնքով կը տարբե­րին զիրենք հիւրընկա­լող ժողո­վուրդնե­րէն:

Հայութեան երբեմնի ստուար համայնքնե­րը ամբողջ կեդրո­նա­կան եւ արեւե­լեան Եւրո­պա­յի՝ Լեհաստա­նի, Ռումա­նիոյ, Հունգա­րիոյ եւ Պուլկա­րիոյ տարածքին, այսօր բոլո­րո­վին ձուլուած են, նաեւ՝ Հնդկաստա­նի, Ինտո­նե­զիոյ եւ Հոնկ Քոնկի երբեմնի մեծ եւ փոքր գաղութնե­րը: Այդ գաղութնե­րու հայութիւնը անկասկած հայրե­նա­սէրներ էին եւ կան անոր փաստե­րը: Գիտենք, որ Հնդկաստա­նի հայութիւնը 1770ականներուն հիմնած էր Մատրա­սի խումբը, որուն անդամներն էին՝ Յովսէփ Էմին, Մովսէս Բաղրա­մեան, Շահա­միր Բաղրա­մեան, Յարութիւն Շմաւո­նեան եւ ուրիշներ: Մատրա­սի ազգա­յին ժողո­վը 1803ին, Հայաստա­նի ազա­տագրութեան հարցին համար դիմած էր Ռուսիոյ օգնութեան: Իսկ արեւմտեան Եւրո­պա­յի մէջ հաստա­տուած հայ վաճա­ռա­կաններ երբեմն հայ ուսա­նողնե­րու իրենց նիւթա­կան օժանդա­կութիւնը տուած էին:

Այսօր, հայկա­կան ստուար այդ հին գաղութնե­րէն ոչինչ մնա­ցած է, Լեհաստա­նի մեծ գաղութնե­րէն ոչ մէկ հետք մնա­ցած է:

Միջին Արեւելքի հոծ գաղութնե­րուն մեր աչքե­րուն առջեւ խամրի­լը տեսանք։ ճիշդ է որ հիմնա­կա­նին մէջ անոնք, հոն տիրող քաղա­քա­կան ճգնա­ժա­մե­րուն պատճա­ռած արտա­գաղթնե­րուն պատճա­ռով նօսրա­ցան, սակայն, նաեւ՝ խառն ամուսնութիւննե­րու, ուծա­ցումի եւ այլա­սերման: Հոս կ՛արժէ յիշել Նիկոլ Աղբա­լեա­նի հետ կապ ունե­ցող դրուագ մը: 1940ականներուն, լիբա­նա­նա­հա­յութեան կուռ ազգա­յին կեանքի ժամա­նա­կաշրջա­նին, երբ գաղութը ունէր իր դպրոցնե­րը, մշա­կութա­յին հաստա­տութիւննե­րը, եկե­ղե­ցի­նե­րը, ուր հայե­րէ­նը կը դասաւանդուէր ազա­տօ­րէն բոլոր հայկա­կան դպրոցնե­րուն մէջ, մինչ Սովե­տա­կան Հայաստա­նի մէջ կային հայ մտաւո­րա­կա­նութեան դէմ բռնա­մի­ջոցներ, աքսորներ եւ հալա­ծանքներ, իսկ երկրին մէջ համա­տա­րած ռուսացման քաղա­քա­կա­նութիւն կը տարուէր, խումբ մը հայ երի­տա­սարդներ Աղբա­լեա­նին կը յայտնեն իրենց մտա­հո­գութիւնը Հայաստա­նի մէջ այդ ռուսացման վտանգին գծով: Աղբա­լեան կը հանդարտեցնէ զիրենք՝ ըսե­լով. «Մի մտա­հո­գուիք, աշխարհի վրայ նոյնիսկ եթէ մէկ հայ մնայ, որ հայե­րէն պիտի խօսի, այդ մէկը Հայաստա­նի մէջ պիտի ըլլայ եւ ոչ՝ Սփիւռքի»:

Այսօր, Հայաստա­նի հազիւ երեք միլիոն հայութեան դիմաց, Սփիւռքի մէջ կ՚ապրին 7 միլիոն հայեր, որոնք անպայմա­նօ­րէն պիտի ձուլուին մօտիկ ապա­գա­յին: Ռուսիոյ տարածքին կան առաւել քան 2 միլիոն հայեր, որոնք նոյնիսկ մէկ հայկա­կան ամէ­նօ­րեայ դպրոց չունին: Մեզի դրա­ցի Թիֆլի­սի երբեմնի կարեւոր համայնքին մէջ, ուր կեդրո­նա­ցած էին մեր ազգա­յին հաստա­տութիւննե­րը, դպրոցնե­րը եւ մտաւո­րա­կա­նութիւնը, այսօր նոյնիսկ հայկա­կան թաղա­մա­սե­րուն մէջ քալե­լով կարե­լի չէ հայե­րէն լսել: Վստա­հա­բար կա՛ն, սակայն կը զգուշա­նան խօսե­լէ կամ արդէն վրա­ցա­խօս դարձած են:

Սփիւռքի հայութեան մօտ անվի­ճե­լիօ­րէն կան հայրե­նա­սի­րա­կան զգա­ցումներ, թէ որքան եւ ինչ ձեւի տակ՝ գիտենք եւ գրե­թէ վստահ ենք, որ բոլո­րին մէջ Հայաստա­նի մասին տեղե­կութիւն մը, առնուազն հետաքրքրութիւն մը պիտի արթնցնէ, ոմանց մօտ փշա­քա­ղութիւն մը, ուրիշնե­րու մօտ բերկրանք, որոշ խումբեր ներգրաւուած կրնան ըլլալ զանա­զան միութիւննե­րու եւ կուսակցա­կան կազմա­կերպութիւննե­րու մէջ, շատեր երբ անհրա­ժեշտ է փոքր լումայ մըն ալ կը նուի­րեն յօգուտ հայրե­նի­քին, ոմանք կրնան աւե­լի մեծ գումարնե­րով մասնա­կից ըլլալ ազգօ­գուտ ծրա­գի­րի մը, սակայն ասոնք մասնա­կի երեւոյթներ են եւ ժամա­նա­կաւոր, որովհե­տեւ մէկ կամ երկու սերունդ ետք, կեանքի պայմաննե­րու բերումով, անոնց մեծ մասը պիտի ձուլուի կամ նուազ ներգործօն ըլլայ ազգա­յին ծրա­գիրնե­րու մէջ:

Ի տարբե­րութիւն Սփիւռքի հայութեան, հայրե­նի­քի մէջ ապրող ժողո­վուրդը, հայա­պահպանման յաւե­լեալ ճիգ թափե­լու պարտաւո­րութիւնը չունի, մեղմօ­րէն ըսած, ոչ ալ՝ հայօ­րէն գործե­լու անհրա­ժեշտութեան տակ ըլլա­լու: Ան պարզա­պէս իբրեւ քաղա­քա­ցի կ՛ապրի եւ կը գործէ, ունե­նա­լով օրէնքով սահմա­նուած պետութեան հանդէպ իր պարտաւո­րութիւննե­րը եւ փոխա­դարձա­բար անկէ ունի իր ակնկա­լիքնե­րը, սակայն պատե­րազմի պարա­գա­յին, ան է որ երկի­րի ապա­հո­վութեան ամբողջ բեռը իր ուսե­րուն կը վերցնէ՝ իր սեփա­կան արեան գնով, որուն դիմաց սփիւռքա­հա­յութեան նիւթա­կան մասնակցութիւնը անհա­մե­մատ չնչին կը դառնայ:

Հայութեան բազմա­թիւ մարտահրաւէրնե­րը արդիւնաւէ­տօ­րէն դիմա­կա­յե­լու համար, անհրա­ժեշտ է Հայաստա­նի եւ Սփիւռքի հնա­րաւո­րութիւննե­րը առաւե­լա­գոյնը օգտա­գործել, որ դրա­կան արդիւնք պիտի ունե­նայ թէ՛ Հայաստա­նի հզօ­րացման, թէ՛ Սփիւռքի դիմադրո­ղա­կա­նութեան մէջ:

Վերջա­պէս, Հայաստա­նէն արտա­գաղթի դադրե­ցումը եւ նոյնիսկ հայրե­նա­դարձութիւնը պայմա­նաւո­րուած են հզօր եւ զարգա­ցած տնտե­սութեամբ հայրե­նի­քով:

Աղբյուրը՝ asbarez.am կայքէ­ջից https://asbarez.am/%d5%ba%d5%a7%d5%9e%d5%bf%d6%84-%d5%a7-%d5%a1%d5%bf%d5%a5%d5%b6%d6%84/?fbclid=IwAR3rF27-KBzd1oJjBMEpkFODh8XyOObi4M_QRPj0j0pn–l‑wNGiaybc4U8

Pro Armenia NGO/ Պրո Արմե­նիա ՀԿ- ի գործունեությանն ու նորություննե­րին կարող եք հետև­ել մեր ֆեյսբուքյան էջում՝ https://www.facebook.com/profile.php?id=100087236341276…
Անուշ Հակոբյան

Առնչվող Հոդվածներ