19.9 C
Yerevan

Հերոսնե­րու եւ Հերո­սութեան Մասին

Այսօր, խոտի պէս հերոսներ կը ծնին ամէն կողմ։ Ծառին վրայ մագլցած կատուն յաջո­ղութեամբ վար բերող փրկիչ մարդը, լուրե­րու հաղորդումնե­րուն մէջ որպէս հերոս կը ներկա­յա­ցուի։

Վիգեն Հովսեփյան

Մինչ Յուլիս ամի­սը շատե­րու համար արձա­կուրդնե­րու, հանգիստի եւ հարսա­նիքնե­րու ամիս է, իմ խանգա­րուած ու նախա­պա­շա­րուած հոգւոյս համար — ու շարք մը պատճառնե­րով — Յուլի­սը նաեւ մեր ազգի հերոսնե­րուն ամիսն է։

Յաճախ հարց տուած եմ, թէ ո ՞վ է հերո­սը, ի ՞նչն է որ մարդս հերո­սութեան կոչումին կ՚արժանացնէ։ Անշուշտ այս հարցին ամե­նա­պարզ պատասխա­նը պիտի ըլլայ այն, թէ իւրա­քանչիւր անձի համար հերո­սութեան չափա­նի­շը կրնայ տարբեր ըլլալ։ Բայց կա ՞յ հասա­րա­կաց չափա­նիշ, տեղ մը ուր այլեւս անա­ռարկե­լի կը դառնայ հերոսի…հերոսութիւնը։ Օրի­նակ, զաւկի մը համար իր ծնողնե­րէն մին կամ երկուքը կրնան հերոսներ ըլլալ, բայց բնա­կա­նա­բար անոնք աւե­լի լայն հանրութեան մը համար ոչինչ կը ներկա­յացնեն։

Դասա­կան սահմա­նումով, այսինքն այն ինչը որ բառա­րաննե­րու մէջ պիտի գտնենք, հերո­սը այն մարդն է որ հիացմունքի կ՚արժանանայ իր քաջութեան, մէկ արարքին, կամ ալ ընդհանրութեան տուած իր նպաստին համար։

Հետեւա­բար, հերո­սը մէկն է որ իր անձէն անդին, անհա­տա­կան յաջո­ղութե­նէ անդին, եւ հաւա­քա­կան նպա­տա­կի մը համար, լուրջ զոհո­ղութիւն մը կատա­րած պէտք է որ ըլլայ։ Օրի­նակ, լոթը­րի շահի­լը, որքան ալ որ մեծ յաջո­ղութիւն մը կրնայ ըլլալ, հերո­սութիւն չէ։ Կամ, բեմե­րու վրայ փայլող արուեստա­գէ­տը, որքան ալ որ հմա­յիչ ըլլայ, կամ որքան ալ որ գնա­հա­տուի՝ հերոս չի կրնար համա­րուիլ։

Այսօր, խոտի պէս հերոսներ կը ծնին ամէն կողմ։ Ծառին վրայ մագլցած կատուն յաջո­ղութեամբ վար բերող փրկիչ մարդը, լուրե­րու հաղորդումնե­րուն մէջ որպէս հերոս կը ներկա­յա­ցուի։ Կամ, այրուող տան մը լուրը հրշէջնե­րուն փոխանցո­ղը, իր հերո­սութեամբ կ՚ողջունուի։ Գլուխէն մի քանի հարուած ստա­ցած ցուցա­րա­րը՝ թափնեաց պսա­կին կ՚արժանանայ։ Մէկ խօսքով, նսե­մա­ցած է հերո­սութեան գինը, բայց իսկա­պէս so what? Ինչու ՞ պէտք է որ հոգ ընենք. թող որ ամէն 10 մարդուն 9‑ը հերոս ըլլան…ինչու ՞ պէտք է տագնա­պիլ։

Կը կարծեմ թէ ես ու ինծի սերնդա­կից հայերս բախտաւոր եղանք, որովհե­տեւ վկա­յե­ցինք գոյութիւնը, եւ աւաղ մահը, քաջե­րու որոնց շատ բնա­կա­նա­բար եւ առանց երկար մտա­ծե­լու՝ հերոս «կոչում»ը շնորհե­ցինք։ Մինչ այդ, մեր հերոսնե­րը գիրքե­րու էջե­րէն մեզի հասած, սեւ ու սպի­տակ պատկերնե­րէ դուրս ցատկող մարդիկն էին՝ հսկա­ներ։ Անոնք ծանօթ էին միայն մեր հոգի­նե­րուն, եւ անոնց մասին մեր կարդա­ցած ու լսած պատումնե­րու ընդմէ­ջէն՝ անոնք ծանօթ էին մեր աչքե­րուն եւ ականջնե­րուն։ Եւ ահա, մենք նաեւ ունե­ցանք մեր ժամա­նակնե­րու հերոսներ որոնց կրցանք առնչուիլ ֆիզի­քա­պէս, գրկե­ցինք զանոնք, եւ օր մըն ալ՝ անոնցմէ ոմանք թաղե­ցինք։ Կասկած չկար որ այս տղա­քը հերոսներ էին, որոնք մահուան գիրկը նետուե­ցան իրենց կեանքե­րէն աւե­լի կարեւոր դասե­լով խոշոր նպա­տակ մը։

Անոնք չհարցուցին թէ ո ՞վ եւ ինչո ՞վ զիրենք պիտի վարձատրէ։ Կամ, ո ՞վ, ի ՞նչ պաշտօն պիտի շնորհէ իրենց՝ իրենց զոհո­ղութեան առ ի գնա­հա­տանք։ Հաւա­նա­բար, անոնք երկար ալ չի վերլուծե­ցին, թէ իրենց առջեւ դրուած նպա­տա­կը կ՚արդարացնէ ՞ արդէօք իրենց զոհո­ղութիւնը, որ զոհո­ղութիւննե­րէն գերա­գոյնը պիտի ըլլար։ Եւ անոնցմէ շատե­րը իսկա­պէս որ չվե­րա­դարձան, գէթ շնչող եւ կենդա­նի չվե­րա­դարձան, այլ վերա­դարձան տուփե­րու մէջ կամ հիւլէա­ցած՝ ու վերա­ծուե­ցան քանդակնե­րու, իրենց մասունքներն ալ այսօր թաղուած կան որպէս սրբա­տե­ղի դառձած տապա­նա­քա­րեր։

Ողջ մնա­ցած հերո­սա­ցածնե­րէն ոմանք վերա­դարձան ոտք, թեւ, կամ մտա­յին հաւա­սա­րակշռութիւն կորսնցուցած։ Ասոնցմէ շատե­րը, իրենց կեանքե­րու մինչեւ վերջին շունչը ապրե­ցան եւ դեռ պիտի ապրին այն սարսափնե­րով, որոնց յաղթա­հա­րե­լու համար ինքնա­զո­հութեան մայրուղի­նե­րով տեղեր գացած էին, որպէս հերոս վերա­դառնա­լու համար։ Անոնք Դատ մը պաշպա­նե­ցին, Հայրե­նիք մը կերտե­ցին, եւ ոմանք ալ այն հողը պաշտնե­ցին որուն կենա­ցը կը խմէք դուք, եւ …միայն այդքան։ Այդ հերոսնե­րէն ողջե­րը այսօր ձեր մէջ կան, կը քալեն՝ կը քալեն վախե­րով, համեստութեամբ, հարցադրումնե­րով եւ կասկածնե­րով, այլ ոչ թէ ուրիշնե­րու նման սիրա­մարգի ինքնավստա­հութեամբ — կամ հնդկա­հաւի ինքնա­հաւա­նութեամբ։

Մեր բախտաւո­րութիւնը եղաւ տեսնել այս տղոց ու առնչուիլ անոնց հետ, բայց հոն առկայ է նաեւ մեր դժբախտութիւնը, քանզի մենք վկա­յե­ցինք թէ այդ հերո­սութիւնը եւ անձնա­զո­հութիւնը ինչպէս աժա­նա­ցաւ, ու դեռ կը սակարկուի, կը գնուի ու կը ծախուի։

Իսկ հիմա, այսօր, ինչքան կ՚ափսոսամ, ինչքան կը ցաւիմ որ օրին այդ հերոսնե­րուն նուի­րուած եւ իրենց գործը փառա­բա­նող գրածս տողե­րուն բառ մ՚իսկ չեմ կրնար աւելցնել , յաւե­լեալ տող մ՚իսկ չեմ կրնար ձօնել , պարզ այն պատճա­ռին համար որ հիմա արդէն կը հասկնամ թէ անոնց իսկա­կան եւ արժա­նի տեղը, մեր հայու սրտերն են, մեր սրտե­րու շատ-շատ խորերն են. այլ ոչ թէ մեր շրթնե­րուն վրայ՝ այն ալ հարբած շրթնե­րու վրայ ուր իսկա­կան հերոսնե­րու իսկա­կան արժէ­քը մինչեւ վերջ կը պղծուի։

Փառք մեր ազգի բոլոր զոհուած եւ ապրող հերոսնե­րուն։ Անսահման յարգանք բոլոր անոնց, որոնք ԻՍԿԱԿԱՆ եւ անշնորհա­կալ զոհո­ղութիւննե­րու ճամբով կը ծառա­յեն ընդհա­նուրին։

Գրա­ռումը՝ Վիգեն Հովսեփյա­նի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ