20 C
Yerevan

Սփյուռքի Ինքնության Մասին

1960-ական թուա­կաննե­րուն, հայ լեզուի մաքրազտման նպա­տա­կով ի գործ կը դրուէին մտա­ծուած նախա­ձեռնութիւններ, որոնք հիմնա­կա­նօ­րէն կը միտէին արեւմտա­հա­յե­րէն խօսի­լը դարձնել որպէս հաղորդակցութեան հասա­րա­կաց լեզու (lingua franca), թրքե­րէ­նի կամ արեւմտա­հայ բարբառնե­րու փոխա­րէն:

Նորայր Էպլի­ղա­թեան

Սփյուռքի ինքնության, դրա կայացման ու հեղա­փո­խա­կան հարցե­րը միշտ մեծ կարև­ո­րություն են ներկա­յացրել, բայց միշտ չէ, որ ուսումնա­սիրվել են ըստ պահանջի։ Առա­վել հաճախ Սփյուռքի մասին խոսե­լիս մենք բավա­րարվել ենք թեթև երանգներ ընդգծե­լով ու չենք խորա­ցել այն հարցե­րի մեջ, որոնց գոյությունը կարող է Սփյուռքի ավագ և կրտսեր սերունդնե­րի վրա ամե­նա­կարև­որ ազդե­ցությունն ունե­նալ։
Սփյուռքը, ինչպես և ցանկա­ցած օրգա­նիզմ, ենթա­կա է զարգացման ու վերա­փոխման։ Կատարվող գործընթացնե­րը ոչ միշտ են հասկա­նա­լի ու դրա­կան, բայց դրանք կան ու կարոտ են մեկնա­բա­նության, առա­վել ևս որ դրանք, հանդի­սա­նա­լով Սփյուռքի ինքնության վրա ազդող երև­ույթներ, իրենք իրենց հերթին պատճառ և հետև­անք են հաջորդող և նախորդող մի շարք իրա­դարձություննե­րի։ Հարկա­վոր է ընդունել նաև այն, որ Հայկա­կան Սփյուռքի ձևա­վո­րումն ընթա­ցել է այնպի­սի երկրնե­րում, որոնք կա՜մ հանդի­սա­ցել են աշխարհա­քա­ղա­քա­կան ու սոցիալ֊մշակութային կարև­որ իրա­դարձություննե­րի հեղի­նակ, կա՜մ այդ ամե­նը կրող, ուստի և Սփյուռքի տարբեր համայնքնե­րում տարբեր են եղել հայ սերունդնե­րի մտա­հո­րի­զոններն ու նպա­տակնե­րը։

Մեր Ուղի­նը առա­ջի­կա­յում կներկա­յացնի իր դիտարկումնե­րը վերո­հիշյալ հարցի մասին, իսկ մինչ այդ առա­ջարկում ենք ծանո­թա­նալ Նորայր Էպլի­ղաթյա­նի հետևյալ հոդվա­ծին, որտեղ հեղի­նա­կը հետաքրքիր երանգնե­րի ընդգծումով ուշադրություն է հրա­վի­րում մի շարք կարև­որ հարցե­րի վրա։

Մեր Ուղին

Հայկա­կան սփիւռքը եւ 1960–70-ականներու վերածնունդը
Նորայր Էպլի­ղա­թեան

1968‑ի Պէյրութը
Յարութիւն Քիւրքճեա­նի յիշա­տա­կին նուի­րուած, Ռազմիկ Փանո­սեա­նի՝ «Յարութիւն Քիւրքճեա­նի յիշա­տա­կին. մտաւո­րա­կան հսկայ մը» յօդուա­ծը ոչ միայն մեծա­պէս գնա­հա­տուե­ցաւ մտաւո­րա­կան շրջա­նակնե­րու կողմէ, այլեւ սեղա­նի վրայ դրաւ խիստ կարեւոր հարց մը՝ սփիւռքա­հայ ինքնութեան որո­նումի եւ սահա­մա­նումի շարունա­կա­կան գործընթա­ցը, որ սկիզբ կ’առնէր 1968-ին, ինչպէս Փանո­սեան կը նշէ. «68‑ի այս հայ սերունդը կոչ ուղղեց վերի­մաստաւո­րե­լու մեր ինքնութիւնը՝ որպէս սփիւռքա­հա­յեր, նաեւ՝ ինչպէ՞ս առնչուե­լու աշխարհին, մեր անցեա­լին, ներկա­յին ու ապա­գա­յին, եւ հայրե­նի­քի գաղա­փա­րին»:

Օրին, քննարկումնե­րը եղած են բուռն ու կծու, ինչպէս կը վկա­յէ Նորայր Էպլի­ղա­թեան հետա­գայ թարգմա­նա­բար տրուած իր գրութեան մէջ (քաղուա­ծա­բար՝ The Armenian Weekly‑ի 2 հոկտեմբեր 2024‑ի թիւէն), զոր գրած է Ռ. Փանո­սեա­նի վերոնշեալ յօդուա­ծին առի­թով: Ինք նաեւ անդամ 1968‑ի սերունդին, բացատրութիւններ կու տայ օրին արծարծուած տեսա­կէտնե­րուն եւ տարբեր ուղղութիւննե­րուն մասին՝ ընդգծե­լով, որ «սփիւռքեան ինքնութեան մասին բանա­վէ­ճե­րը կը մնան ի զօրու եւ յաւե­լեալ ուշադրութեան կարի­քը ունին»:

Այո՛, կը մնան ի զօրու, եւ Ռազմիկ Փանո­սեա­նի յօդուա­ծը կը դառնայ հրաւէր մը բոլո­րին վերսկսե­լու զանոնք՝ հոգ չէ թէ «բուռն ու կծու»:

Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդա­ցի Ռազմիկ Փանո­սեա­նի յօդուա­ծը՝ Յարութիւն Քիւրքճեա­նի մահուան քառա­սունքին առի­թով։ Պէտք է ըսեմ, որ ան զիս ետ տարաւ դէպի այն ժամա­նակնե­րը, երբ մեր սերունդը սկսաւ գնա­հա­տել անցեա­լը եւ քննարկել ապա­գա­յի կարե­լիութիւննե­րը՝ դասա­կան ժամանց մը, իւրա­քանչիւր նորա­հաս սերունդի համար:

Իբրեւ յաւե­լեալ տեղե­կութիւն, նշեմ, որ ես կը պատկա­նէի քաղքե­նի երի­տա­սարդնե­րու խումբի մը, համալսա­րա­նա­կաններ մեծա­մասնութեամբ, որոնք կրնա­յին նման տեսա­կէտներ քննարկել, որովհե­տեւ մեր հայրերն ու մեծհայրե­րը հիմնա­կա­նօ­րէն կեդրո­նա­ցած էին գոյա­տեւման վրայ՝ Մասլո­յի մարդկա­յին կարիքնե­րու առաջնա­հերթութեանց բուրգի յատա­կին: Կային նաեւ այլ ուղղութիւններ. Առկայ էին միջազգա­յին ազդե­ցութիւններ, ներշնչուած՝ 1968-ին ուսա­նո­ղա­կան շարժումնե­րէն, որոնք տեղի ունե­ցան թէ՛ Եւրո­պա­յի (մասնաւո­րա­բար Փարի­զի), թէ՛ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու մէջ։ Երի­տա­սարդութիւնը ըմբոստա­ցաւ իշխա­նութեան եւ Վիեթնա­մի պատե­րազմին դէմ։ Մենք ամէն օր թերթեր կը կարդա­յինք ու կը մտա­ծէինք, թէ ի՞նչ կ’ընեն ու կը մտա­ծեն «այս միւսնե­րը»: Պատնէշներ բարձրացնե­լու մեր ժամա­նա­կը հասած էր։

Տակաւին, առկայ էին շրջա­նա­յին ազդակներ։ 1967‑ի վեցօ­րեայ պատե­րազմը եւ արա­բա­կան բանակնե­րու պարտութիւնը ցնցե­ցին շատե­րը: Պաղեստինցի­նե­րը համո­զուե­ցան, որ ազգա­յին ազա­տագրա­կան պայքա­րը իրե՛նց պարտա­կա­նութիւնն է եւ ո՛չ ուրի­շին: Հին կառոյցնե­րը, ներա­ռեալ արա­բա­կան բանակնե­րը, կորսնցուցին իրենց վստա­հե­լիութիւն, եւ փորձեր սկսան կառուցե­լու նորե­րը. յառաջ եկաւ Պաղեստի­նի ազա­տագրութեան կազմա­կերպութիւնը (ՊԱԿ): Լիբա­նա­նեան եւ արա­բա­կան շրջա­նակներ նոյնպէս վերածնունդ կ’ապրէին: Դժբախտա­բար, հայերս մեծ թիւ չէինք կազմեր Պէյրութի Ամե­րի­կեան համալսա­րա­նի դասա­խօսկան կազմին կամ որոշ բաժիննե­րու եւ որոշ մասնա­գի­տութիւննե­րու ուսա­նողնե­րու պարա­գա­յին։ Յառաջդի­մութեան ի խնդիր պայքա­րի մրցումին մէջ՝ մենք ետ կը մնա­յինք:

Արեւմտա­հա­յութեան ազգա­յին ինքնութիւնը գլխաւո­րա­բար հիմնուած է պոլսա­հա­յութեան վերածնունդի (նախա1915), 1915–1920‑ի կոտո­րածնե­րու ու տեղա­հա­նութիւննե­րու եւ սփիւռքի գաղթա­կա­յաննե­րուն (ուր աշխարհագրա­կան հեռաւո­րութիւննե­րը չքա­ցած էին եւ Անա­տո­լուի տարբեր քաղաքնե­րէն եկած հայե­րը միա­սին կ’ապրէին) եւ հիւրընկալ երկիրնե­րու հանդէպ հայրե­նա­սի­րութեան վրայ: Ահա թէ ինչո՛ւ մեզի կ’անուանեն սուրիա­հայ, ֆրանսա­հայ եւ ամե­րի­կա­հայ։ Այս հայկա­կան սփիւռքեան ինքնութիւնն էր, որ քննարկումի նիւթ կը դառնար։ Գոյութե­նա­կան հարցեր եւ ապա­գա­յի ուղղուա­ծութիւններ սեղա­նի վրայ կը դրուէին ու կը համե­մա­տուէին: 1960-ական թուա­կաննե­րուն, հայ լեզուի մաքրազտման նպա­տա­կով ի գործ կը դրուէին մտա­ծուած նախա­ձեռնութիւններ, որոնք հիմնա­կա­նօ­րէն կը միտէին արեւմտա­հա­յե­րէն խօսի­լը դարձնել որպէս հաղորդակցութեան հասա­րա­կաց լեզու (lingua franca), թրքե­րէ­նի կամ արեւմտա­հայ բարբառնե­րու փոխա­րէն:

Եղան նաեւ այլ զարգա­ցումներ: 1950-ական թուա­կաննե­րու ընթացքին, գաղթա­կա­յաննե­րէն սկսան դուրս գալ արհեստա­վարժներն ու ձեռնարկունե­րը: Այս գաղթա­կա­յաննե­րը վերա­ծուե­ցան կեթո­նե­րու, ինչպէս քաղքե­նի տղա­քը կը կոչէին զանոնք: Հիմնա­կան գաղա­փա­րը ֆիզի­քա­պէս եւ հոգե­պէս կեթո­նե­րէն ազա­տիլն էր, եւ անոնցմէ դուրս գալով է, որ օտա­րը դիմա­կա­լե­լու գաղա­փա­րը դարձաւ օրա­կարգի հիմնա­կան կէտ մը:

Հեգնա­կան էր երեւոյթը, որ երի­տա­սարդութիւնը (գոնէ Լիբա­նա­նի մէջ) չէր գիտեր արա­բե­րէն՝ Միջին Արեւելքի երկիրնե­րու լեզուն, ուր անոնք կ’ապրէին եւ կը յուսա­յին աշխա­տիլ: Այս մէկը ընկե­րա­յին համա­կարգա­յին թերութիւն մըն էր: Օրի­նակ, Ճեմա­րա­նը‘ Պէյրութի հայկա­կան վարժա­րա­նը, որ հիմնուած է 1930-ին Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբա­լեա­նի եւ Գասպար Իփէ­կէա­նի կողմէ, յայտնա­պէս տկար էր արա­բե­րէն լեզուի դասաւանդման մէջ: Տեղա­ցի­նե­րը կը ծաղրէին հայե­րը անոնց թերի արա­բե­րե­նին համար: Մեզ կը կոչէին պարոն, ինքնա­կոչ տիտղոս մը այն մարդոց համար, որոնք իրենք զիրենք վեր կը դասէին պարզ ժողո­վուրդէն: Առանց Վազգէն Շուշա­նեա­նի վարա­նումնե­րուն, երի­տա­սարդնե­րը կ’ուզէին խառնուիլ օտա­րին: Մենք վստահ էինք, որ կրնանք յաղթա­հա­րել խոչընդոտնե­րը եւ յաղթել:

Հայկա­կան ինքնութեան բարեշրջութիւնը (evolution), որ կը ներա­ռէր կեթո­նե­րէն դուրս գալը, օտարնե­րու հետ շփումը, գիտութեան եւ արհեստա­գի­տութեան միջո­ցով նոր ինքնութեան մը ձեւաւո­րումը եւ կազմա­կերպչա­կան նոր շրջա­գի­ծե­րու ստեղծումը՝ հանդի­պե­ցան որոշ երի­տա­սարդնե­րու ընդդի­մութեան: Աստի­ճա­նա­կան տախտակ մը օգտա­գործե­լով՝ տարբե­րե­լու բարեշրջութիւնն ու փոփո­խութիւնը, ամփոփ կը ներկա­յացնեմ այլընտրանքա­յին քանի մը մօտե­ցումներ:

Նախ կար «սահմա­նուած կարգի» (status quo) երի­տա­սարդութիւնը: Այս երի­տա­սարդնե­րը քննարկումը ընդհանրա­կա­նէն փոխադրե­ցին անձնա­կան հարթութիւն: Անոնք կը պնդէին, որ մեր հայրե­րուն ու մեծհայրե­րուն դրած հիմե­րը ամուր են եւ ժամա­նակն է դիմե­լու «բարե­լաւման անհա­տա­կան ժիհա­տի»: Անհա­տա­կան մակարդա­կի վրայ էր, որ հաւա­քա­կան ինքնութեան բարշրջումը բնա­կան ընթացք կ’ունենար:

Ապա, կային «անիշխա­նա­կաննե­րը» իրեց կարգա­խօ­սով‘ «մենք ստեղծած ենք Սփիւռքը եւ մենք կրնանք ոչնչացնել զայն»: Այս տղա­քը կարդա­ցած էին Թուրկե­նեւի «Հայրերն ու որդի­նե­րը» գործը: Անոնք կը ներկա­յա­նա­յին «նախ քանդել, ապա վերա­կա­ռուցել» դասա­կան մօտե­ցումով: Անոնց դերը կործա­նումն էր, մինչ յետոյ եկողնե­րը կը վերա­կա­ռուցէին աւե­լի ամուր հիմե­րու վրայ: Աւե­լորդ է ըսել, որ ասոնք փոքրա­մասնութիւն կը կազմէին, իսկ դասա­կան հակա­դարձութիւնը այն էր, թէ «դուք չէք ստեղծած Սփիւռքը, այլ՝ ձեր հայրերն ու մեծհայրերն, որոնց դէմ դուք այժմ կ’ըմբոստանաք»:

Կար նաեւ «վերա­դարձողնե­րու» խումբը: Անոնք կեդրո­նա­ցած էին պատմա­կան հայրե­նիք վերա­դառնա­լու իրաւունքին վրայ: Անոնք կը հաւա­տա­յին, որ կարիք չկար սփիւռքի ինքնութեան եւ անոր բարեշրջման մասին մեծ ու բարդ գաղա­փարներ արծարծե­լու: Անոնց կարծի­քով, հայրե­նիք վերա­դառնա­լով ու հոն վերա­հաստա­տուե­լով բոլոր հարցե­րը կը լուծուէին: Այս խումբը փորձեց եւ չկա­րո­ղա­ցաւ առա­ջարկել, թէ ճիշդ ո՞ւր պիտի վերաբնա­կեցնել հայե­րը՝ վեց վիլայէթնե՞րը, Կիլի­կիա՞, թէ՞ Խորհրդա­յին Հայաստան, եւ ինչպէ՞ս իրա­գործել այս վերաբնա­կե­ցումը: Նշենք, որ վերաբնա­կեցման օրա­կարգը լայնօ­րէն կը քննարկուէր Միջին Արեւելքի մէջ պաղեստինցի­նե­րու վերա­դարձի հարցով, իսկ վերաբնա­կեցման միջո­ցը՝ ընթա­ցիկ խօսակցութեան նիւթ: Հայկա­կան «վերա­դարձ» խումբը նոյնպէս չկրցաւ պատասխա­նել այն հարցումին, թէ մենք ո՞ւր պիտի թափա­ռինք 40 տարուայ նախա­պատրաստութեան համար, ինչպէս Մովսէս ըրաւ Սինա­յի մէջ: Միջի­նա­րեւե­լեան սփիւռքի մէջ նախա­պատրաստուի­լը գործնա­կան չէր, ինչպէս ցոյց կու տար պաղեստի­նեան փորձա­ռութիւնը: «Վերա­դարձ» խումբը կը սպա­սէր իր մեսիա­կան Մովսէ­սին:

«Ազգա­յին ազա­տագրութեան» խումբը կ’ազդուէր 1950–60-ականներու հակա­գա­ղութա­տի­րա­կան շարժումնե­րէն եւ պաղեստեան դիմադրութե­նէն: Անոնք հետա­մուտ էին ազգը ներգրաւե­լու իր իսկ ազա­տագրութեան մէջ եւ խուսա­փե­լու 1915-էն առաջ յառաջ եկած առաջնո­դող կուսակցութեան դրոյթնե­րէն: Անոնք կը կարդա­յին եւ կը վերլուծէին Մաօ Ցեթունկի գրութիւննե­րը, յատկա­պէս անոր կեդրո­նա­ցումը ամե­նօ­րեայ աշխա­տանքի մէջ մարդոց օգնե­լու գաղա­փա­րին վրայ: Լիբա­նա­նի մէջ ինքնա­բաւ համայնքնե­րու դրոյթնե­րը կը ներա­ռուէին «Ազգա­յին Ուխտ»ին մէջ: Կառա­վարման այս ձեւը ինքնին օսմա­նեան «միլլէթ» համա­կարգին ընդլայնումն էր: «Ազգա­յին ազա­տագրութեան» խումբը էթնիք համայնքը կ’ընդունէր որպէս ազգա­յին ինքնութեան մէկ էական բաղադրի­չը:

Օրուայ ղեկա­վա­րութիւնը ոչ միայն արտօ­նեց այդ բանա­վէ­ճե­րը, այլեւ մասնա­կից դարձաւ անոնց: Շատ հակա­սա­կան գաղա­փարներ կային, իսկ երբեմն քննարկումնե­րը բուռն ու կծու կ’ըլլային: Բայց յաջորդ օրը կը շարունա­կուէին: Փաստօ­րէն, այս քննարկումնե­րը դեռ կը շարունա­կուին, թէեւ իմ սերունդէս ոմանք մահա­ցած են, իսկ ուրիշներ ծերա­ցած ու յանձնուած:

Անձամբ ես կը կարծեմ, որ Ռազմիկ Փանո­սեա­նի եզրա­կա­ցութիւնը՝ «դժբախտա­բար, Քիւրքճեա­նի յեղա­փո­խա­կան մօտե­ցումը (ինք երբեք չէ օգտա­գործած «յեղա­փո­խա­կան» բառը) մնաց անարձա­գանգ», շեշտը կը դնէ սխալ կէտի վրայ: Քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմնե­րը Լիբա­նա­նի եւ հետա­գա­յին Սուրիոյ մէջ բացա­յայտ դարձուցին, որ մենք պէ՛տք ունէինք վերա­նայման այդ բանա­վէ­ճե­րուն եւ պէ՛տք էր վերա­կա­ռուցէինք Սփիւռքը: Սփիւռքեան ինքնութեան մասին բանա­վէ­ճե­րը կը մնան ի զօրու եւ յաւե­լեալ ուշադրութեան կարի­քը ունին‘ 68‑ի սերունդէն անդին:

Եզրա­կացնե­լով, երբ ես կը գրէի այս տողե­րը, անդրա­դարձայ, որ միա­ժա­մա­նակ կը մրմնջեմ Շառլ Ազնաւուրի «Camarade» երգը: Հանգչի՛ր խաղա­ղութեամբ, ընկեր Յարութիւն:

Նորայր Էպլի­ղա­թեան

Թարգմա­նեց՝ Վ. Թէնպէ­լեան

Առնչվող Հոդվածներ