13.5 C
Yerevan

Մտա­հո­գություն ՀՅԴ Ընդհա­նուր Ժողո­վին Ընդա­ռաջ

Կուսակցութեան կազմա­կերպա­կան կանոննե­րը, որոնք հնա­մաշ դարձած են, ստեղծած են բուրգա­ձեւ կառոյց մը, ուր ղեկա­վար խաւը եւ մասնաւո­րա­բար Բիւրօն եւ անոր ներկա­յա­ցուցի­չը սրբա­դա­սուած են։ Դաշնակցութեան անսխա­լա­կան ըլլա­լու հոգե­բա­նութիւնը, որ արմա­տա­ցած է կուսակցա­կաննե­րուն քով, ղեկա­վա­րութեան դրած է այնպի­սի դիրքի մը վրայ, որ անոնք ոչ միայն մենա­տի­րա­կան ձեւով ղեկա­վա­րեն կուսակցութիւնը, այլեւ հաշուե­տու ըլլա­լէ դադրած են։

Օրերս Դավիթ Թորոսյան անուն ազգա­նուն հեղի­նա­կությամբ «Մեր Ուղին»-ի խմբագրությանն է ուղարկվել հետևյալ հոդվա­ծը՝ առա­ջի­կա­յում կայա­նա­լիք ՀՅԴ 35-րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վի մասին: «Մեր Ուղին»-ը, որպես խոսքի ազատ արտա­հայտության դրսև­ո­րում՝ ընթերցողնե­րին է ներկա­յացնում այդ գրա­ռումը Ազատ Բեմ‑ի բաժնում
Մեր Ուղին

ՀՅԴ 35րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին Ընդա­ռաջ

2023 Հոկտեմբե­րին, Կիպրո­սի մէջ գումա­րուած Դաշնակցա­կան Մարմիննե­րու, (իմա Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ) խորհրդա­ժո­ղո­վը, կուսակցութեան իրա­վի­ճա­կի քննարկումը կատա­րե­լով, եզրա­կա­ցուցած էր որ անհրա­ժեշտ է յառա­ջաձգել ՀՅԴ Ընդհա­նուր Ժողո­վի գումա­րումը՝ ի տես կազմա­կերպութեան պարզած անբաղձա­լի պատկե­րին։ Այդ ժողո­վին քննարկուած եւ որոշ ախտա­ճա­նա­չումներ կատա­րուած են կազմա­կերպա­կան կեանքին, քաղա­քա­կան ուղղութեան եւ ամէ­նէն կարեւո­րը կուսակցութեան հեղի­նա­կութեան անկման հետ կապուած։ Առ այդ, ժողո­վը տրա­մադրութիւն յայտնած էր շուտով արտա­կարգ Ընդհա­նուր Ժողով մը գումա­րել։ Բայց նախքան այս ժողո­վի գումա­րումը, շրջող որոշ տեղե­կութիւննե­րու համա­ձայն, Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցիչ Յակոբ Տէր Խաչա­տուրեան մեծ ճիգ թափած էր եւ համա­ձայնած էր ժողո­վա­կաննե­րու պատուի­րա­կութիւննե­րու մեծա­մասնութեան հետ, որ Ընդհա­նուր Ժողո­վի կամ նոր Բիւրո­յի ընտրութեան հարց չդրուի։ Ժողո­վը սակայն այլ ընթացք ստա­ցաւ եւ Բիւրօն ընդա­ռա­ջե­լով նշեալ ժողո­վի տրա­մադրութիւննե­րուն, որո­շեց Ընդհա­նուր Ժողով գումա­րել 2024ի ամրան սկիզբը։ Այս կը նշա­նա­կէ թէ ՀՅԴ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չին տրուած խոստումնե­րը ապարդիւն անցան։ Այլ խօսքով, Դաշնակցա­կան Մարմիննե­րու ներկա­յա­ցուցիչնե­րը նախ չյարգե­ցին իրենց բերա­նա­ցի խոստումը եւ երկրորդ՝ Բիւրօն այլեւս հեղի­նա­կութիւն չունի Կ.Կ.-ներուն վրայ։ Սակայն Հայաստա­նի Գերա­գոյն Մարմի­նի առա­ջարկով ժողո­վը յետաձգուե­ցաւ 2025ի Փետրուա­րին։ Գերա­գոյն Մարմի­նը իր առա­ջարկը հիմնաւո­րած էր որ Հայաստա­նի քաղա­քա­կան կեանքին մէջ »Թէժ Աշուն» կը նախա­տե­սուի։ Այսինքն, իշխա­նա­փո­խութեան միտուած ցոյցե­րը կրնան նոր թափ ստա­նալ եւ հետեւա­բար Հայաստա­նի Դաշնակցա­կան կառոյցը զբա­ղած պիտի ըլլար երկրին մէջ կատա­րուե­լիք իրա­դարձութիւննե­րով։ Բայց անգամ մը եւս Գերա­գոյն Մարմի­նի նախա­տե­սութիւննե­րը չիրա­կա­նա­ցան եւ Հայաստա­նի մէջ աշունը անցաւ խաղաղ: Արդեօ՞ք Գերա­գոյն Մարմի­նը իսկա­պէս «թէժ աշուն» կ‘ակնկալէր թէ՞ այդ ալ փորձ մըն էր Ընդհա­նուր Ժողո­վը քիչ մը աւե­լի ուշացնե­լու, որպէսզի ժողո­վը լաւ պատրաստուի եւ կարե­լի ըլլայ անգամ մը եւս իրեն ենթա­կայ Բիւրօ վերարտադրել. տակաւին յստակ չէ:
Թէ ի՞նչ փոփո­խութիւններ պիտի բերէ կամ կրնայ բերել ՀՅԴ 35րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վը կուսակցութիւնը վերաշխուժացնե­լու եւ բարե­կարգե­լու ուղղութեամբ, ժամա­նա­կը ցոյց պիտի տայ։ Միայն այն փաստը, որ Դաշնակցա­կան Մարմիննե­րու Ժողո­վը Ընդհա­նուր Ժողո­վի անհրա­ժեշտութեան մասին խօսած է, կը նշա­նա­կէ թէ կուսակցութեան մէջ կայ լուրջ ճգնա­ժամ կամ կազմա­կերպա­կան տագնապ։ Սովո­րա­կան դիտորդ մը անգամ այսօր կրնայ նկա­տել որ Դաշնակցութիւնը այլեւս դադրած է նախկին հեղի­նա­կաւոր կուսակցութիւնը ըլլա­լէ։ Մանաւանդ Հայաստա­նի անկա­խա­ցումէն ետք, երեք տասնա­մեակ շարունակ, Դաշնակցութիւնը չէ կրցած կամ չէ ուզած բարե­փո­խուիլ, քայլ պահե­լու համար թէ աշխարհի եւ թէ հայ կեանքէն ներս կատա­րուող փոփո­խութիւննե­րուն հետ։ Կառոյցէն ներս թէ արտա­քին ճակա­տի վրայ, ան շարունա­կեց Պաղ-պատե­րազմի ժամա­նա­կաշրջա­նի գաղա­փա­րա­կան եւ քաղա­քա­կան հայեացքնե­րով գործել, ինքզինք ներկա­յացնե­լով որպէս աւանդա­պահ եւ ազգա­յին արժէքնե­րու պահա­պան։ Վերջին երե­սուն տարի­նե­րու ընթացքին, կուսակցութե­նէն ներս զայն բարե­փո­խե­լու ձայնե­րը տարբեր պիտա­կաւո­րումնե­րով խեղդուե­ցան։ Դաշնակցութիւնը, որ կը կրէ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ անունը, մերժեց որեւէ յեղա­փո­խիչ գաղա­փար, որ կուսակցութիւնը կրնար թարմացնել եւ նոր աւիւն տալ անոր։
Այս պարունա­կին մէջ պէտք է հասկնալ նաեւ Արեւմտեա­նի Ամե­րի­կա­յի կազմա­կերպութեան 52րդ Շրջա­նա­յին Ժողո­վի յանդուգն որո­շումը։ Տասնա­մեա­կէ մը աւե­լի Բիւրօն հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն թիրա­խաւո­րած էր շրջա­նը, որովհե­տեւ եւ մանաւանդ 2011ի Ընդհա­նուր Ժողո­վին անոր պատգա­մաւորնե­րուն կողմէ ներկա­յա­ցուցած բարե­կարգման առա­ջարկնե­րը կրնա­յին սասա­նել միանձնեայ իշխե­լու կարգը, որ հաստա­տուած էր վերջին աւե­լի քան 25 տարի­նե­րուն։ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կառոյցը եւ անոր փաստա­ցի ղեկա­վա­րութիւնը թիրա­խաւո­րե­լու համար, Բիւրօն դիմեց զգա­յա­ցունց ոճի։ Շրջա­նի հեղի­նա­կաւոր կուսակցա­կաննե­րու պիտա­կաւո­րումներ սկսան տրուիլ (ԱՄՆ‑ի գաղտնի սպա­սարկութեան գործա­կալներ), աւե­լի ուշ, Հայաստա­նի իշխա­նութեան ջատա­գովներ կամ նիկո­լա­կաններ։ Ոճ մը, որ դաշնակցա­կա­նութեան անյա­րիր է եւ յատուկ է սովե­տա­կան գաղտնի սպա­սարկութեան դաստիա­րա­կութիւն ստա­ցած գործա­կալնե­րու:
Այստեղ փակա­գիծ մը բանա­լով, պէտք է կատա­րել կարեւոր մատնանշում մը։ 2018ին, երբ Հայաստա­նի մէջ տեղի ունե­ցաւ ժողովրդա­յին ըմբոստութիւնը, կուսակցա­կաննե­րու մեծ փաղանգ մը ուղղա­կի եւ անուղղա­կիօ­րէն զօրակցե­ցաւ այդ ըմբոստութեան։ Զանց առնե­լով այդ ըմբոստութեան պատճա­ռով կատա­րուած իշխա­նա­փո­խութեան եւ հետա­գա­յին կատա­րուած քաղա­քա­կան իրա­դարձութիւննե­րուն (44օրեայ պատե­րազմ եւ պարտութիւն, Արցա­խի հայա­թա­փում եւայլն), այդ ըմբոստութեան զօրակցողնե­րուն գլխաւոր մտա­սեւե­ռումը եւ հեռանկա­րը Հայաստա­նի քաղա­քա­կան եւ ընկե­րա­յին կեանքի բարե­լաւումն էր։ Բոլորս ալ իրա­զեկ ենք թէ Հայաստա­նի մէջ ինչ աստի­ճա­նի հասած էր փտա­ծութիւնը, կաշա­ռա­կե­րութիւնը, թալա­նը եւ նմա­նօ­րի­նակ բազմա­թիւ յոռի երեւոյթներ։ Հետեւանքը շարունա­կուող արտա­գաղթն էր, որ ուժա­քամ կ՛ընէր երկի­րը, չզարգա­ցող տնտե­սութիւնն էր, որուն հետեւանքով չունէինք հզօր բանակ եւայլն։ Ժողովրդա­յին այս ընդվզման մէջ կուսակցա­կաննե­րէն շատ-շատեր յոյսի նշոյլ տեսան երկիր վերջնա­կան կործա­նումէ փրկե­լու։ Ժողովրդա­յին այս ընդվզումը պէտք է խթան հանդի­սա­նար Դաշնակցութեան ղեկա­վա­րութեան ինքնասրբագրման եւ կուսակցութիւնը ճիշդ ուղիի վրայ վերա­դարձնե­լու։ Բայց Դաշնակցութեան ղեկա­վա­րութիւնը յամա­ռօ­րէն շարունա­կեց Հայասռա­նի իշխա­նութիւննե­րուն հաւա­տարմութեան իր կործա­նիչ քաղա­քա­կա­նութիւնը։
Վաստա­կաւոր կուսակցա­կաննե­րու դէմ կատա­րուող այս պիտա­կաւո­րումնե­րը տարա­ծուե­ցան ամբողջ կառոյցին մէջ եւ Արեւմտեա­նի Դաշնակցա­կաննե­րը կառոյցի միւս անդամնե­րուն համար դարձան լաւա­գոյն պարա­գա­յին «անբաղձա­լի»։ Այս ահռե­լի քարոզչութեան մասնակցե­ցան բոլոր անոնք, որոնք Բիւրո­յի քաղա­քա­կա­նութեան լծուած էին, ըլլան անոնք մարմիննե­րու անդամներ, մտաւո­րա­կան համա­րուողներ, մամուլի պաշտօ­նեա­ներ եւ մինչեւ իսկ համեստ կուսակցա­կաններ։ Քարոզչա­կան այս սահմռկե­ցուցիչ ապա­տե­ղե­կա­տուութեան հետեւանք պէտք է համա­րել այն երեւոյթը, որ կուսակցա­կաննե­րուն մեծա­մասնութիւնը որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն՝ հալած իւղի տեղ ընդունեց Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցած թէզը եւ նոյնիսկ լուրջ հարցադրումներ չկա­տա­րուե­ցան Արեւմտեա­նի ըմբոստացման մասին։ Ամբողջ փաղանգի մը դաշնակցա­կա­նութիւնը հարցա­կա­նի տակ դրուե­ցաւ եւ այդ փաղանգը հալա­ծուե­ցաւ։ Այս մթնո­լորտը ստեղծե­լով, ի վերջոյ Բիւրօն առանց Շրջա­նա­յին Ժողո­վի գումարման (որուն նախա­պատրաստա­կան աշխա­տանքնե­րը աւարտած էին), նշա­նա­կեց Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ։ Այս որո­շումը յանգե­ցուց Արեւմտեա­նի շարքա­յին անդամնե­րու մեծա­մասնութեան ընդվզումին, որոնք նշա­նակման յաջորդ օրն իսկ գումա­րե­ցին իրենց Շրջա­նա­յին Ժողո­վը եւ ընտրե­ցին Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ։ Աւե­լի ուշ, երկար բանակցութիւննե­րէ ետք, հարցը իբրեւ թէ լուծում գտաւ, սակայն Բիւրո­յի վարած քաղա­քա­կա­նութեան եւ Արեւմտեա­նի ըմբոստացման պատճառնե­րը տակաւին կը յամե­նան։
Յառա­ջի­կա­յին գումա­րուե­լիք Ընդհա­նուր Ժողո­վը պիտի քննէ՞ Դաշնակցութեան վերա­կանգման ուղին, թէ՞ նոյն հնա­մաշ լոզունգնե­րով կուսակցութիւնը պիտի առաջնորդուի, աւե­լիով զայն հեղի­նա­կազրկե­լու եւ անոր դերա­կա­տա­րութիւնը հայ կեանքին մէջ նուա­զեցնե­լու։ Դաշնակցա­կան ղեկա­վարնե­րուն մօտ առկայ անհա­տա­կան հաշիւնե­րը եւ խանդե­րը պիտի շարունակե՞ն աւերներ գործել, թէ՞ Դաշնակցա­կան-գաղա­փա­րա­կան ոգիով պիտի քննարկուին հարցե­րը։
Դաշնակցութեան առջեւ կայ երկու ճամբայ։ Կամ շարունա­կել ներկայ ընթացքը, որ ամէն օր աւե­լիով դէպի անդունդ կը տանի կուսակցութիւնը եւ հայութեան պորտա­կա­պը կը կտրէ անոր հետ, կամ կ՛ընտրէ դժուար ճանա­պարհը, վերա­դառնա­լով Դաշնակցա­կա­նութեան։ Հաւա­նա­բար կուսակցութիւնը փրկե­լու եւ անոր առողջացման առա­ջին քայլե­րը առնե­լու համար, պէտք է վերա­դառնալ Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վի ոգիին՝ կուսակցութեան անդամնե­րուն քաղա­քա­կանցման եւ գաղա­փա­րա­կան պատրաստութեան, նոր թափ հաղորդե­լու կուսակցութեան գործունէութեան եւ նորո­վի սկսե­լու կիսատ մնա­ցած գործը։ Որքան ալ դժուար իրա­կա­նա­նա­լի, այդ մէկը կրնայ նախա­քայլը ըլլալ ընդհա­նուր փոփո­խութեան, որուն այնքան կարիք ունի երբեմնի փառա­պանծ Դաշնակցութիւնը։
Արեւմտեան մէջ պատա­հած ըմբոստութիւնը առիթ մը պէտք է հանդի­սա­նար եւ հանդի­սա­նայ դաշնակցա­կաննե­րուն համար, որ վերա­նա­յին եւ քննարկեն կուսակցութեան ընդհա­նուր կառուցուածքը՝ սկիզբէն մինչեւ մեր օրե­րը։ Այստեղ կառուցուածք ըսե­լով պէտք է հասկնալ անոր պատմութիւնը, կազմա­կերպա­կան կառոյցը, աշխարհընկա­լումը, քաղա­քա­կան դերա­կա­տա­րութիւնը, ծրա­գի­րը, այլ խօսքով ամէն ինչ որ կ՛առընչուի կազմա­կերպութեան հետ, որպէս գաղա­փարներ եւ կազմա­կերպութիւն։ Այստեղ պէտք է նշել որ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի պատգա­մաւորնե­րուն կողմէ 2011ին ՀՅԴ 31րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վի ընթացքին անոնց ներկա­յա­ցուցած առա­ջարկնե­րը այսօր ալ կրնան կազմա­կերպութեան բարե­փոխման հիմք ծառա­յել։ Յիշեցնենք որ այդ առա­ջարկնե­րուն մերժումը կատա­րուե­ցաւ Հրանդ Մարգա­րեա­նի կողմէ, որուն հետեւանքով Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յէն Բիւրո­յի անդամ Վիգէն Յովսէ­փեան մերժեց շարունա­կել մաս կազմել նոր Բիւրո­յին եւ Հրանդ Մարգա­րեան դարձաւ մենա­տէր եւ այդ օրուը­նէ սկիզբ առին հալա­ծանքնե­րը Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կազմա­կերպութեան դէմ։
Բարե­փոխման ձգտող այդ առա­ջարկնե­րուն կարեւո­րա­գոյն կէտերն էին.
Ա – Կուսակցութիւնը անջա­տել պետութե­նէն։ Այսինքն պետա­կան պաշտօն զբա­ղեցնողնե­րը մաս չկազմեն Դաշնակցա­կան բարձրա­գոյն մարմիննե­րու։
Բ – Մարմիննե­րու անդա­մակցութեան ժամա­նա­կաշրջա­նի սահմա­նա­փա­կում։ Այլ խօսքով, կուսակցա­կաննե­րու անդա­մակցութիւնը պէտք է սահմա­նա­փա­կուի որոշ ժամա­նա­կաշրջա­նով։ Այս իմաստով, Արեւմտեա­նը իր գումա­րած 56րդ Շրջա­նա­յին Ժողո­վին նմա­նօ­րի­նակ փոփո­խութիւն կատա­րած էր ներքին կանո­նա­գի­րին մէջ։
Գ – Ապա­հո­վել կանանց մասնակցութիւնը մարմիննե­րու մէջ, մեկնե­լով Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­կան համո­զումնե­րէն՝ որ կ՛ենթադրէ հաւա­սա­րութիւն առանց սեռի խտրութեան։
Անշուշտ կուսակցութեան մէջ գոյութիւն ունե­ցող երեւոյթնե­րը որքան ալ որ փորձենք անջա­տա­բար քննարկել, անոնք շաղկա­պուած են իրա­րու եւ իւրա­քանչիւրին առանձնա­ցումը ամբողջա­կան պատկե­րը չի տար այն տխուր իրա­կա­նութեան, որ գոյութիւն ունի կուսակցութե­նէն ներս։
Դաշնակցութեան առջեւ ծառա­ցած խնդիրնե­րը, որոնք անհրա­ժեշտ է որ քննարկուին եւ պատշա­ճե­ցուին մերօ­րեայ ընկա­լումնե­րուն եւ քաղա­քա­կան իրադրութիւննե­րուն, առա­ջին հերթին հետեւեալներն են.

Ա — Դաշնակցութեան առա­ջին եւ կարեւո­րա­գոյն խնդիրնե­րէն մէկը անոր պատմութիւնն է կամ աւե­լի ճիշդ անոր պատմութեան մատուցման ձեւը։ Դժբախտա­բար Հ.Յ.Դ. պատմութիւն, որպէս պատմա­գի­տութիւն գոյութիւն չունի։ Դաշնակցութեան առա­ջին երկու սերունդնե­րու ներկա­յա­ցուցիչնե­րը, որոնք հիմնա­կան դերա­կա­տարներն են անոր յեղա­փո­խա­կան գործունէութեան եւ հետա­գա­յին Հայաստա­նի Առա­ջին Հանրա­պե­տութեան ընթացքին, գրած են իրենց յուշե­րը։ Այս իմաստով բաւա­կան հարուստ գրա­կա­նութիւն ունի Դաշնակցութիւնը։ Սակայն պէտք է ընդգծել որ այդ յուշե­րը պատմա­գի­տա­կան-մասնա­գի­տա­կան աշխա­տութիւններ չեն։ Գրուած են դերա­կա­տարնե­րու կողմէ, երբեմն նաեւ բերա­նա­ցի լսածնե­րու հիման վրայ։ Ատոնք կրնան իբրեւ ատաղձ ծառա­յել պատմա­բա­նին, բայց պատմութեան ամբողջութիւնը չեն ներկա­յացներ։ Յաճախ զգա­ցա­կան եւ վիպա­կան ձեւով գրուած աշխա­տութիւններ են։ Այս բոլո­րը հասկնա­լի են, որովհե­տեւ առա­ջին երկու սերունդնե­րը մարտա­կան բովէ անցած կուսակցութեան գովքը պիտի հիւսէին։ Անոնք ապրած են Հայկա­կան Ցեղասպա­նութեան արհաւիրքը ինչպէս նաեւ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան անկման կորուստի ցաւը։ Այս հանգա­մանքնե­րը անոնց մէջ ստեղծած են հայրե­նի­քի կարօ­տախտը եւ զայն ազատ անկախ տեսնե­լու մեծ երա­զանքը։ Այս պատճա­ռով ալ կուսակցութեան պատմութիւնը յուշա­գիրնե­րուն կողմէ առասպե­լա­կա­նա­ցուած է, հասկնա­լիօ­րէն։ Միւս կողմէ Դաշնակցութիւնը հարուա­ծե­լու համար, անոր հակադրուող ուժե­րու կողմէ՝ մասնաւո­րա­բար Խորհրդա­յին Միութեան, ամէն ճիգ թափուած է անոր պատմութիւնը աղաւա­ղե­լու եւ հայութեան պատուհա­սած աղէտնե­րուն պատասխա­նա­տուութիւնը անոր վրայ բեռցնե­լու եւ զանա­զան մեղադրանքներ ուղղե­լու Դաշնակցութեան, նսե­մացնե­լով անոր դերա­կա­տա­րութիւնը։
Բ — Դաշնակցութեան կողմէ իր պատմութեան առասպե­լա­կա­նա­ցումը իբրեւ ուղե­ցոյց ծառա­յած է նոր սերունդներ դաստիա­րա­կե­լու, որուն ժխտա­կան անդրա­դարձնե­րուն ակա­նա­տես ենք այսօր։ Դաշնակցա­կան կուսակցա­կաննե­րուն համար իրենց պատմութիւնը անքննե­լի է։ Այս մօտե­ցումը կուսակցա­կաննե­րուն մօտ ստեղծած է այն խաբկանքը, որ Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցա­կան մարմիննե­րը անսխա­լա­կան են եւ անոնց գործունէութիւնը, ուղե­գի­ծը, քաղա­քա­կան թէ այլ որո­շումնե­րը կը ծառա­յեն միմիայն հայութեան շահե­րուն։ Այս սրբա­ցումը, որ շեշտուած է մասնաւո­րա­բար Միջին Արեւելքի (Լիբա­նան, Սուրիա, Պարսկաստան) կառոյցնե­րուն կուսակցա­կաննե­րուն մօտ եւ ժամա­նա­կի ընթացքին այլա­մերժութեան հոգե­վի­ճակ ստեղծած է կուսակցութեան մէջ։ Հիւանդա­գին այս երեւոյթը տարա­ծուած է նոյնիսկ կուսակցութեան մէջ, այսինքն կուսակցա­կաննե­րու հանդէպ, որոնք չեն բաժներ ղեկա­վա­րութեան քաղա­քա­կա­նութիւնը։ Այս հիւանդա­գին հոգե­վի­ճա­կի զոհե­րէն է նաեւ Բիւրօն, որ իր միա­հե­ծան իշխա­նութիւնը հաստա­տե­լու համար քայլե­րու ձեռնարկեց Արեւմտեա­նի դէմ։
Կուսակցութե­նէն ներս միանձնեայ իշխե­լու երեւոյթը, որ արդէն աւե­լի քան 50 տարի­նե­րու պատմութիւն ունի, իր մենա­տի­րա­կան իշխա­նութիւնը պահե­լու համար լաւա­գոյնս օգտա­գործած է այս հոգե­վի­ճա­կը եւ քաջա­լե­րած է որ այն ամրապնդուի եւ զարգա­նայ։ Իսկ միանձնեայ եւ երկա­րա­ժամկէտ ղեկա­վա­րումը յղի է բազմա­թիւ վտանգնե­րով։ Ժամա­նա­կի ընթացքին կը սկսին անհա­տա­կան շահե­րու հետապնդում, որուն ընթացքին ակա­նա­տես կ՛ըլլանք ղեկա­վա­րի շրջա­պա­տի նիւթա­կան վիճա­կի բարե­լաւման։ Երկրորդ վտանգը այն է որ ոեւէ ղեկա­վար, իր դիրքը անսա­սան պահե­լու համար կը սկսի անձնա­կան նախա­սի­րութիւննե­րը թելադրել կուսակցութեան։ Իսկ կուսակցա­կաննե­րու մեծա­մասնութիւնը պարպուած ըլլա­լով դաշնակցա­կա­նութե­նէ դարձած է կուսակցա­կա­նա­մոլ եւ իր այս վարքով արդէն կուսակցութիւնը գլո­րած անդունդի մէջ։
Գ — Կուսակցութեան կազմա­կերպա­կան կանոննե­րը, որոնք հնա­մաշ դարձած են, ստեղծած են բուրգա­ձեւ կառոյց մը, ուր ղեկա­վար խաւը եւ մասնաւո­րա­բար Բիւրօն եւ անոր ներկա­յա­ցուցի­չը սրբա­դա­սուած են։ Դաշնակցութեան անսխա­լա­կան ըլլա­լու հոգե­բա­նութիւնը, որ արմա­տա­ցած է կուսակցա­կաննե­րուն քով, ղեկա­վա­րութեան դրած է այնպի­սի դիրքի մը վրայ, որ անոնք ոչ միայն մենա­տի­րա­կան ձեւով ղեկա­վա­րեն կուսակցութիւնը, այլեւ հաշուե­տու ըլլա­լէ դադրած են։ Այս պատճա­ռով ալ հաշուե­տու ժողովներ դարձած են կազմա­կերպա­կան ֆոլքլոր եւ պարպուած են իրենց էութե­նէն։ Ժողովնե­րու մասնա­կիցնե­րու ընտրութիւնը կը կատա­րուի ղեկա­վար խաւին հանդէպ անոնց հաւա­տարմութեան հիման վրայ։ Եւ այս ձեւով, բրգա­ձեւ կառոյցը, որ սկիզբ պէտք է առնէ ներքեւէն, ամբողջութեամբ կը ղեկա­վա­րուի վերէն։ Այստեղ կը գործեն խոստումնե­րը, սպառնա­լիքնե­րը, շահակցա­կան հաշուարկնե­րը, խնա­մա­շա­հութիւնը եւայլն։ Կուսակցութեան այս բեմա­կա­նա­ցուած ժողովնե­րը նաեւ պատճառ դարձած են որ անոնց ընթացքին հարցե­րու քննարկումներ չկա­տա­րուին եւ մարմիննե­րու աշխա­տանքնե­րու ճշգրիտ գնա­հա­տումը եւ ապա­գայ գործունէութեան յստակ եւ դաշնակցա­կան ուղե­գիծ չճշդուի։ Ամէն ինչ ձգուած է ղեկա­վա­րող խմբա­կի հայե­ցո­ղութեան եւ քմա­հա­ճոյքին։ Այլ խօսքով, Դաշնակցութեան ժողովնե­րը վերա­ծուած են ձեւա­կա­նօ­րէն ընտրա­կան ժողովնե­րու, որոնց պատկե­րը նախօ­րոք ճշդուած կ՛ըլլայ։ Ժողո­վա­կան այս պատկերնե­րը եւ այլա­մերժութեան հոգե­վի­ճա­կը վանո­ղա­կան մթնո­լորտ ստեղծած են Դաշնակցութեան մէջ եւ անոր շուրջ։ Ակնե­րեւ է որ վերջին տասնա­մեակնե­րուն մտաւո­րա­կա­նութիւնը համա­րեայ կը բացա­կա­յի Դաշնակցութեան շարքե­րուն մէջ եւ կամ անոր շուրջ բոլո­րուե­լէ։ 1972ի 20րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վը անկիւնա­դարձա­յին է Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ։ Աւե­լի քան 50 տարի սփիւռքեան պայմաննե­րու մէջ գործե­լով, Դաշնակցութիւնը սկսած էր ճահճա­նալ եւ վերա­ծուիլ տեղայնա­կան կուսակցութիւննե­րու։ 20րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վը փորձեց նոր աւիւն տալ կուսակցութեան զայն վերա­ծե­լու քաղա­քա­կան կշիռ ունե­ցող կազմա­կերպութեան։ Այս ուղղութեամբ ալ որոշ աշխա­տանք սկսաւ բայց չշա­րունա­կուե­ցաւ։ Աւե­լի ուշ, Հայաստա­նի կառոյցը իր որդեգրած գործե­լաո­ճով եւ քաղա­քա­կա­նութեամբ, մեծ հարուած հասցուց Դաշնակցութեան վարկին եւ հեղի­նա­կութեան։ Այլ խօսքով, դաշնակցութիւնը սկսաւ ղեկա­վա­րուիլ ճիշդ այնպէս ինչպէս համայնա­վար կուսակցութիւնը Խորհրդա­յին Միութեան մէջ:

      Դ - Դաշնակցութեան սփիւռքեան կազմակերպական կեանքը հպանցիկ ձեւով եթէ փորձենք քննել, բազմաթիւ հարցադրումներ կը ծագին։ Յաճախ խօսուած է եւ կը խօսուի կուսակցութենէն ներս թափանցումներու մասին։ Շատեր այս երեւոյթը բնական կը համարեն, տրուած ըլլալով որ տարբեր երկիրներու մէջ գործելով եւ պետական համակարգերու հետ աշխատելով, կուսակցութիւնը չէր կրնար անմասն մնալ այդ պետութիւններու հետաքրքրութենէն եւ կառոյցին մէջ կատարուող աշխատանքներէն։ Կը խօսուի նոյնիսկ ամէնաբարձր մակարդակներու վրայ թափանցումներու մասին։ Բնական է որ Դաշնակցութիւնը չէր ապահովագրուած նմանօրինակ երեւոյթի դէմ։ Սակայն այս թափանցումները երբ կը կատարուին այնպիսի պետութիւններու կողմէ, որոնք ուղղակիօրէն շահագրգռուած են հայկական հարցով եւ համահայկական առումով Դաշնակցութեան դերակատարութեամբ, արդէն երեւոյթը դուրս գալով տեղայնական երեւոյթ ըլլալէ, կը դառնայ սպառնալիք եւ մարտահրաւէր։ Այս իմաստով ռուսական թափանցման մասին նոյնիսկ վկայութիւններ կան։ Կուսակցութեան Հայաստան մուտքով, այդ թափանցումները աւելի մեծ ծաւալ ստացան եւ այսօր Հայաստանի ժողովուրդը արդար կամ անարդարօրէն Դաշնակցութեան կը մեղադրէ ռուսական շահերուն սպասարկելու մէջ։ Թէ որքան արդարացի կամ փաստացի են այդ թափանցումներուն վերագրուող տեղեկութիւնները, ստոյգ չէ։ 
      Ե - Պահ մը եթէ պատմական հերթականութեամբ նայինք կուսակցութեան ստացած հարուածներուն սփիւռքի մէջ, ապա պիտի նկատենք որ հերթաբար հարուած ստացան ամէնէն աշխուժ եւ գործունեայ կառոյցները, որոնց շնորհիւ տուեալ երկիրներուն մէջ հայ կեանքը թռիչք կ՛ապրէր մշակութային, կրթական կամ տնտեսական բարգաւաճումով։ 1950-1960ականներուն Միջին Արեւելքի երկու մեծ կառոյցները՝ Եգիպտոս եւ Սուրիա, նոյն ժամանակաշրջանին, Արեւելեան Ամերիկայի կառոյցին մէջ պատահած ըմբոստութիւնը եւս տկարացուց այդ գաղութը։ Արեւելեանը աւելի հին եւ աւելի մեծ գաղութ էր բաղդատած այդ օրերու Արեւմտեանին։ Ցնցում ապրեցաւ Ֆրանսայի կառոյցը արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով 1970-80ականներուն։ Դեռ հազիւ Մարտկոցական շարժումէն ուշքի եկած, կառոյցը անգամ մը եւս յայտնուեցաւ ներքին վէճերու եւ պառակտումներու մէջ որոնց հետեւանքով մինչեւ այսօր տակաւին ինքզինք չէ վերագտած։ Ամէնէն տոկունը կարծուած Լիբանանի կառոյցը, 1975ին երկիրին մէջ ծայր առած քաղաքացիական պատերազմին բերումով որոշ չափով ցնցուեցաւ 1980-1990ականներուն Դաշնակցութիւն-Գաղտնի Բանակ հակադրութիւնը եւս կառոյցը հարուածելու կը միտէր։ Լիբանանի կառոյցը իր ամէնէն մեծ հարուածը ստացաւ 1990ականներուն, երբ ներքին վէճերու եւ կուսակցական-ընտրական պայքարներու հետեւանքով կուսակցութիւնը ներքնապէս ջլատուեցաւ եւ յաչս ժողովուրդին բարոյալքուեցաւ եւ հեղինակազրկուեցաւ։ Լիբանանեան մամուլը անդրադարձաւ կուսակցութենէն ներս գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններու մասին։ Խօսուեցաւ սուրիական սպասարկութիւններու դերակատարութեան մասին։ 
      Այլ խօսքով, Դաշնակցութիւնը ներքնապէս տկարացնելու եւ անոր ուժականութիւնը ջլատելու գործընթացը սկսած է 1930ականներէն եւ տարբեր երկիրներու կառոյցները, որոնք աշխուժ են, գաղափարական-քաղաքական ուժ եւ որակ կը ներկայացնեն եւ ի վիճակի են հայութեան կեանքին մէջ Դաշնակցութեան տալ իր արժանի դերը։ Փաստօրէն, այսօր սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան գոյութիւն դարձած է անուանական եւ անոր գործունէութիւնը վերածուած է տեղայնական-գաղութային։ Դաշնակցութիւնը դադրած է հայ ժողովուրդի իրաւունքները պահանջող եւ անոր արդար դատին համար պայքարող կուսակցութիւն ըլլալէ։ Այն ինչ այսօր Դաշնակցութիւնը կը կատարէ, ներքին սպառումի համար է, տեսակ մը թմրեցուցիչ իր անդամներուն եւ համակիր զանգուածին, որ օրէ օր կը նօսրանայ։
      Զ - Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան որ Դաշնակցութիւնը այլեւս ոչ մէկ առընչութիւն ունի յեղափոխական հասկացողութեան հետ։ Կուսակցականներու մեծամասնութեան ներարկուած է այն թիւր գաղափարը թէ յեղափոխականը զէնքն է եւ զէնքով կռուիլը։ Այս սխալ ընկալումը կը շարունակուի եւ կը շահագործուի։ Դաշնակցականի երդման արարողութիւնը, որ ներքին ծիսակատարութիւն մըն է, դարձած է հանրութեան սեփականութիւնը, ուր ցուցամոլաբար տեղի կ՛ունենայ Դաշնակցականի երդումը իր ներքին խորհրդանիշներով (ատրճանակ, դրօշ եւայլն)։ Այս իւրայատուկ ծէսերու տեսաերիզնեը սկսած են տարածել նոյնիսկ ընկերային ցանցերու վրայ, քարոզչական իմաստով։ Բայց Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը կ՛անտեսէ նաեւ այն իրողութիւնը որ նման արարողութիւններու տարածումը կրնայ օգտագործուիլ իր դէմ, որ ոչ թէ Հայաստանի եւ հայութեան ծառայելու կոչուած գաղափարական երիտասարդներ կը պատրաստուին, այլ պարզապէս ահաբեկիչներ կամ խափանարարներ։ Մինչդեռ որպէս յեղափոխական կուսակցութիւն, Դաշնակցութիւնը առաջին հերթին պէտք է ձգտւ ինքզինք յեղափոխել։ Վերանայիլ իր ժամանակավրէպ կառոյցը, իր ծրագիրը եւ քաղաքական պահանջները եւ ամէնէն կարեւորը յետադարձ հայեացքով քննել իր բարոյական հասկացողութիւնները եւ նոր դիմագիծ տալ կուսակցութեան եւ ապա անցնիլ հայ կեանքի յեղափոխականացման։ Դժբախտաբար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, այսօր հայ կեանքի, թէ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ, ամէնէն պահպանողական կուսակցութեան վերածուած է եւ կը մերժէ ամէն փոփոխութիւն, թէ ներքին առումով եւ թէ արտաքին՝ հայ կեանքին մէջ։
      Իսկ Հայաստանի կառոյցը իր  ընթացքով, 1991էն սկսեալ եւ մանաւանդ վերջին 25 տարիներուն, թէ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ  կուսակցութեան հեղինակազրկման պատճառ դարձաւ։ Հայաստանի կուսակցական վերնախաւը իր վարքով եւ վարած քաղաքականութեամբ մսխեց այն հռչակը, որ ունէր Դաշնակցութիւնը Հայաստան մուտքի նախօրէին։ Եթէ առաջին տարիներուն Արցախեան հերոսամարտը կարելի եղաւ իբրեւ քող ծառայել անոր ձախաւեր գործունէութեան, ապա անկէ ետք, կուսակցութիւնը ժողովրդային մակարդակի վրայ գնաց պարտութենէ պարտութիւն։ 
      Այս պրիսմակին մէջ պէտք է դիտել նաեւ Արեւմտեանի ըմբոստացման երեւոյթը։ Ինչպէս վերը նշուած է, պատահական չէր որ Արեւմտեանը Դաշնակցականութեան վերջին ամրոցն էր։ Անոր առաջ մղած նորարարական գաղափարները՝ (յեղափոխական մօտեցումները), որոնք միտուած էին կուսակցութիւնը բարեկարգելու, արգելք էին անոր դէմ կատարուող դաւադրական այն ծրագիրներուն եւ որոնք տասնամեակներու պատմութիւն ունին։ Արեւմտեանը ունէր ներուժը թէ տնտեսական, թէ գաղափարական-քաղաքական եւ թէ մարդկային (կուսակցականներ եւ համակիրներ), որոնք կրնային կուսակցութեան թաւալագլոր անիւը հակառակ շրջել եւ Դաշնակցութիւնը դուրս հանել նախ ճահճացումէն, որուն մէջ յայտնուած էր եւ ապա ի վիճակի էր կուսակցութիւնը բարեկարգելով, վերադառնալ Դաշնակցութեան իսկական առաքելութեան՝ հայութեան իրաւունքներու պահանջատիրութեան եւ քաղաքական ասպարէզ կարդալ՝ մանաւանդ հայրենիքի մէջ կատարուող իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Արեւմտեանը կրնար կայծը տալ կուսակցութենէն ներս դաշնակցականութեան վերադարձի գաղափարախօսութեան, որուն նախանշաններ տուաւ իր 56րդ Շրջանային Ժողովին, ուր կանոնագրային որոշ պատշաճեցումներ կատարուեցան։ Թերեւս Բիւրոյին եւ իր «հաւատարիմ»ներուն ձեռնտու չէր Արեւմտեանի օրինակը, այդ շրջանը պէտք է վեևահսկուէր եւ լաւագոյն պարագային կատարէր «կթան կովու» պարտականութիւն։ Այդ պատճառով ալ ներկայացուած փոփոխութիւնները անընդունելի կը համարուին Դաշնակցութեան կողմէ, որ յամառօրէն կառչած կը մնայ իր հնամաշ կանոնագիրին։ Բիւրօն ունէր այն մտավախութիւնը, որ Արեւմտեանի օրինակը, թէ կազմակերպականօրէն եւ թէ քաղաքականօրէն, օրինակելի կը սկսի դառնալ այլ շրջաններու եւ հետեւաբար կառոյցը կրնայ առողջացման ճամբան բռնել։ Այս իրողութիւնը կրնար հարցադրումներ ստեղծել այլ շրջաններու կուսակցականներուն եւ նաեւ առհասարակ Դաշնակցութեան համակիր զանգուածին մօտ։  Իսկ բոլորն ալ գիտեն թէ ո՞վ եւ ուրկէ կը ղեկավարուի Բիւրօն։ Մատնացոյց կ՛ըլլայ հայաստանեան կառոյցը, այսինքն Գերագոյն Մարմինը, որուն անդամներուն պատկանելիութեան շուրջ մեծ կասկածներ կան։ Արդեօ՞ք այս ալ մաս կը կազմէ Դաշնակցութենէն ներս գործակալներու աշխատանքին, որն է դաշնակցութիւնը հեղինակազրկել եւ այդպիսով ժողովուրդէն անջատելով վերջնականապէս քանդել զայն: 
      Գլխաւոր հարցումը կը մնայ հետեւեալը. Դաշնակցութիւնը պիտի յաջողի՞ այս Ընդհանուր Ժողովին ինքզինք յաղթահարել եւ վերականգնիլ։ Պիտի քննարկուի՞ն վերոնշեալ հարցերը կամ անոնց մէկ մասը։ Կուսակցութիւնը բարեփոխելու որոշումներ պիտի կայանա՞ն։ Թէ՞ ընթացիկ-դասական Ժողովի մը ականատես պիտի դառնանք, որ կուսակցութեան դերակատարութիւնը կը սահմանափակէ Հայաստանի մէջ ընտրական մեքենայ մը ըլլալու, որ 30-40 Դաշնակցական ղեկավարներու հարստացման կը ծառայէ։ Ժողովի պատգամաւորները պատմական մեծ պատասխանատուութիւն ունին։ Մեծ պատասխանատուութիւն ունի նաեւ Բիւրօն։ Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցներուն մէջ ներառելով կուսակցական «այլախոհներ», եւ հեղինակութիւններ, որոնք թէկուզ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրուին ժողովին։ Այսպիսով, բոլոր շերտերուն մասնակցութիւնը ապահովելով, Ընդհանուր Ժողովին կարելի պիտի ըլլայ հարցերու խորքային քննարկում եւ պատշաճ լուծումներու յանգիլ։ Հեղինակութիւններու անտեսումը կամ չէզոքացումը լուծումեր չեն բերած եւ չեն բերեր։ Բիւրոյի անդամները պարտաւոր են մէկդի դնել անհատական իրենց նախասիրութիւնները եւ բարձրանալ Դաշնակցականութեան, որպէսզի կուսակցութիւնը փրկեն ամբողջական քայքայումէ։ 

Դաւիթ Թորո­սեան

Առնչվող Հոդվածներ