15 C
Yerevan

Հայկա­կան Արեւե­լումի Ռահվիրան.Սարգիս Զէյթլեան

Այժմ դարձեալ պէտք ունինք զարթօնքի: Պէտք ունինք վերստին բոլո­րուե­լու Զէյթլեա­նի բանա­ձեւած, խմբագրած, հիմնաւո­րած գաղա­փարնե­րուն, իր բառե­րով‘ հայկա­կան օրիենթա­ցիա­յին, իսկա­կան յեղա­փո­խութեան յառա­ջացման նախադրեալնե­րուն, պահեստի երի­տա­սարդ ուժե­րու զօրա­շարժին, գաղա­փա­րա­կան գործնա­պաշտութեան, հայ ընտա­նի­քի արժէքնե­րու վրայ կայա­ցած արժե­հա­մա­կարգին։

Շահան Գանտա­հա­րեան

Դաշնակցութեան ժամա­նա­կա­կից պատմութեան ամէ­նէն կարկա­ռուն դէմքե­րէն Սարգիս Զէյթլեա­նի եւ անոր ընկե­րա­կից Կարօ Գոլանճեա­նի առեւանգման 40-ամեա­կի նշումը շատ հասկնա­լիօ­րէն այժմէա­կան խորհուրդնե­րու, մտա­ծումնե­րու տեղի կու տայ, բայց մանաւանդ, այդ բոլո­րէն մեկնած, մեր հաւա­քա­կան աշխա­տանքի վերա­կազմա­կերպման համար նոր ուղե­նիշներ կը ճշդէ: Հայութեան թշնա­մի­նե­րը միշտ չէ, որ դիմած են առեւանգման եւ պատանդառման միջո­ցին, հայութեան եւ անոր մարտունակ ուժին Դաշնակցութեան դէմ պայքա­րե­լու ընթացքին: Այո՛, հարուա­ծած են, սպաննած, ֆիզի­քա­կան չէզո­քա­ցումնե­րու ենթարկած, մահա­փորձի զանա­զան գործո­ղութիւններ իրա­կա­նա­ցուցած: Առեւանգումը, սակայն, հազուա­դէպ թիրախնե­րու պատա­հած է եւ բնա­կա­նա­բար հետապնդածյա­տուկ նպա­տակ: Դաշնակցութեան մարտա­կան կառոյցի գլխաւոր ճարտա­րա­պետնե­րէն Աբրա­համ Աշճեա­նին նկատմամբ իրա­կա­նա­ցուած է առեւանգում, որուն հետեւած է անոր ֆիզի­քա­կան չէզո­քա­ցումը ջլա­տե­լու համար թշնա­միին հետ ուժի լեզուող խօսող համա­կարգը: Սարգիս Զէյթլեա­նի պարա­գա­յին, թշնա­միին առա­ջադրանքը եղած է պատանդա­ռումը, եւ այդ վիճա­կին մէջ հեղի­նա­կաւոր անձնաւո­րութե­նէն պարտա­դիր խոստո­վա­նութիւններ, ցուցմունքներ ստա­նա­լը: Հայ ժողո­վուրդի համար հերո­սա­կան կերպար համա­րուած անձնաւո­րութեան գերիի վիճա­կով ներկա­յացնե­լըընկճե­լու համար ամբողջ ազգ մը: Բնա­կա­նա­բար սարքո­վի, կեղծ ցուցմունքնե­րու բեմա­կա­նա­ցումներ են անոնք, որոնց ընթացքին նոյնիսկ շղթա­յուած հերո­սը պահած է իր անձին եւ իր պատկա­նած գաղա­փա­րին ետին կանգնած կազմա­կերպութեան արժա­նա­պա­տուութիւնը, գերա­դա­սե­լով մահը ստո­րա­ցումէն: Առեւանգումն ու պատանդա­ռումը ուրեմն իբրեւ միջոց այս անգամ կ՛օգտագործուէին Արցա­խի հերո­սա­մարտը ղեկա­վա­րած, Արցա­խի Հանրա­պե­տութիւնը կերտած անձնաւո­րութիւննե­րուն դէմմիեւնոյն նպա­տակնե­րով. կոտրել հայութեան հաւա­քա­կան կամքը, հրա­ժա­րիլ տալ Արցա­խի հայութեան իրաւունքնե­րու պաշտպա­նութեան առա­ջադրանքնե­րէն, միա­կողմա­նի զիջիլ թշնա­միին եւ կատա­րել անոր պարտադրած բոլոր պահանջնե­րը: Մինչեւ իր առեւանգումը Սարգիս Զէյթլեան ձգած էր գաղա­փա­րա­կան հարուստ աւանդ իր ճառե­րով, դասա­խօ­սութիւննե­րով եւ մանաւանդ խմբագրա­կաննե­րով: Հայ ժողո­վուրդը խորա­պէս կը գիտակցէ­րայդ պատգամնե­րուն խորութեան, անոնց գաղա­փա­րա­կան ամրութեան, անոնց փոխանցած պայքա­րի անտե­ղի­տա­լիութեան, բայց մանաւանդ ազգի համախմբուա­ծութիւնը գերա­դաս սկզբունք պահե­լու անշրջանցե­լիութեան: Սարգիս Զէյթլեա­նի առեւանգումէն ընդա­մէ­նը 3 տարի ետք տեղի կ՛ունենար ազգա­յին զարթօնք: Ամբողջ ազգը Ստե­փա­նա­կերտէն Երեւան եւ Երեւա­նէն մինչեւ սփիւռք ոտքի կը կանգնէր պաշտպա­նե­լու համար հայոց Արցախ աշխարհը, զայն ազա­տագրե­լու եւ կերտե­լու հանրա­պե­տութիւն: Կը սկսէր ձեւաւո­րուիլ միա­ցեալ Հայաստա­նը, որուն համար որքա՜ն միտք փոթորկա­ցուցած էր ու մելան հոսե­ցուցած Սարգիս Զէյթլեա­նը: Անոր արտա­սա­նած ամէն մէկ բառն ու տառը, անոր գրած իւրա­քանչիւր խորա­գիրն ու տողը կ՛առարկայանային Ստե­փա­նա­կերտի հրա­պա­րա­կին վրայ, Երեւա­նի փողոցնե­րուն մէջ եւ սփիւռքի զանա­զան երկիրնե­րու պողո­տա­նե­րուն վրայ: Գաղա­փա­րի մարտի­կը յաջո­ղած էր իր առա­քե­լութեան մէջկանխա­տե­սե­լով գալի­քը, ժողո­վուրդի զարթնումը, միա­ցեալ Հայաստա­նի առա­ջին հանգրուա­նի կայա­ցումը: Այդ զարթօնքէն ուղիղ 30 տարի ետք, 2018-ին, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը դարձեալ կ՛ողողուէր քաղա­քա­ցի­նե­րով այս անգամ իրա­կա­նացնե­լու համար իշխա­նա­փո­խութիւն. իշխա­նա­փո­խութիւն, որ ցաւօք կ՛այլասերէրհետզհետէ ամբա­րուած ազգա­յին ներուժը պարպե­լով, քայլ առ քայլ շրջե­լով համազգա­յին արժե­հա­մա­կարգը: Աշխա­տանք կը տարուի քար առ քար քանդե­լու Զէյթլեա­նի դաւա­նած ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութեան շէնքը: Արժէքնե­րու համա­լիր մը ամբողջ յարձա­կումի տակ է հարթիչ գլաննե­րու կողմէ, որոնք կը մասնա­տեն ազգը, որոնք պատմութեան վերա­շա­րադրանքի որո­շումներ կը կայացնեն, որոնք իրա­կան Հայաստա­նը կը հակադրեն պատմա­կան Հայաստա­նին, կը հրա­ժա­րին ազգա­յին բոլոր իրաւունքնե­րէն, Արցա­խէն ու Ջաւախքէն, որոնք խաղա­ղութեան խաչմե­րուկ պատրանքով կը մոլո­րեցնեն ժողո­վուրդը նոր յանձնուո­ղա­կա­նութիւն իրա­կա­նացնե­լու համար: Խաբկանքի քաղա­քա­կա­նութեան մասին անդրա­դարձած էր Զէյթլեան 1969-ին, երբ կ՛ըսէր, թէ ե՞րբ պիտի անդրա­դառնան սակայն, որ կարե­լի չէ երկար ատեն պատրանքը իրա­կա­նութեան տեղ քշել: Պատրանքին շունչը կարճ է: Ե՞րբ պիտի անդրա­դառնան վերջա­պէս, որ պատրանք ցանո­ղը միայն յուսա­խա­բութիւն ու դառնութիւն կը հնձէ վերջին հաշուով: Պիտի անդրադառնա՞ն երբեւէ: Պատրանք ցանողնե­րը գուցէ չանդրա­դառնան, սակայն այդ պատրանքին ենթարկուած ժողո­վուրդը պիտի անդրա­դառնայ անպայման, որ պատրանք ցանողնե­րը մոլո­րե­ցուցած են ամբողջ զանգուած մը, հաւա­քա­կա­նութիւն մը, որ սկսած է գիտակցիլ, թէ 2018-էն ասդին կատա­րուա­ծը ո՛չ յեղա­փո­խութիւն էր, ո՛չ սոսկ իշխա­նա­փո­խութիւն կամ վարչա­կարգի տապա­լում, ո՛չ Արցա­խի իրաւունքնե­րու պաշտպա­նութեան հետ կապ ունէր, ո՛չ ալՀա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան պետա­կա­նութեան գերիշխա­նութեան ամրացման: Հետզհե­տէ կ՛անդրադառնան, որ իրա­կան Հայաստա­նի կեղծ գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը պարզա­պէս նոր յանձնուո­ղա­կա­նութիւն է եւ սահմա­նադրութեան փոփո­խութիւնը Անկա­խութեան հռչա­կա­գի­րի դրոյթնե­րէն հրա­ժա­րե­լու արարք: Այդ պատրանքէն դուրս գալու գործընթա­ցը աւե­լի ամուր հիմքե­րու վրայ կը դրուի, աւե­լի համո­զիչ կը դառնայ եւ աւե­լի յստակ հեռանկարներ կը գծէ հայութեան համար, եթէ մենք վերստին հանրայնացնենք Զէյթլեա­նիմտա­ծումնե­րը, ճառե­րը, գրութիւննե­րը, ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութեան պատմա­քա­ղա­քա­կան բոլոր ծալքե­րը: Եթէ յաջո­ղինք այդ բոլո­րը իրա­զե­կել ազգա­յին զարթօնք ստեղծած ժողո­վուրդին իրաւա­յա­ջորդնե­րուն, ապա ձեւաւո­րած կ՛ըլլանք նոր զարթօնքի գաղա­փա­րա­կան ենթա­հո­ղը: Խորհրդա­յին Հայաստա­նի օրե­րուն, արգի­լուած գրա­կա­նութիւն հայրե­նիք հասցնե­լուն մէջ մեծ էր ու անուրա­նա­լի դերը Սարգիս Զէյթլեա­նին: Անոր անունը կը շրջէր հայրե­նի մտաւո­րա­կան, գրա­կան ու ժողովրդա­յին շրջա­նակնե­րուն մէջ իբրեւ անկա­խութեան գաղա­փա­րի առաջնորդ: Պատմութիւնը պիտի վկա­յէ, որ հայրե­նի ժողո­վուրդի ազգա­յին վերա­զարթօնքի գաղա­փա­րա­կան ենթա­հո­ղի պատրաստութեան մէջ հիմնա­կան էր ու անշրջանցե­լի Սարգիս Զէյթլեա­նի դերը, որ անկախ ու գերիշխան պետութիւն ունե­նա­լու գաղա­փա­րա­խօ­սութեան հիմնադրոյթնե­րը սփիւռքէն յաջո­ղե­ցաւ ալի­քաւո­րել դէպի հայրե­նիք: Եւ գաղտնիք չէ, որ ազգա­յին անկա­խա­կան շարժումի ղեկա­վար դէմքե­րը այդ գաղա­փա­րա­խօսնե­րու անուննե­րու շարքին առա­ջին հերթին տեղ-տեղ շշնչա­լով, տեղ-տեղ բարձրա­ձայնե­լովկը հնչեցնէին Սարգիս Զէյթլեա­նի անունը: Այժմ դարձեալ պէտք ունինք զարթօնքի: Պէտք ունինք վերստին բոլո­րուե­լու Զէյթլեա­նի բանա­ձեւած, խմբագրած, հիմնաւո­րած գաղա­փարնե­րուն, իր բառե­րով հայկա­կան օրիենթա­ցիա­յին, իսկա­կան յեղա­փո­խութեան յառա­ջացման նախադրեալնե­րուն, պահեստի երի­տա­սարդ ուժե­րու զօրա­շարժին, գաղա­փա­րա­կան գործնա­պաշտութեան, հայ ընտա­նի­քի արժէքնե­րու վրայ կայա­ցած արժե­հա­մա­կարգին, Սեւրի պատուանդա­նին, Հայ դատի անժա­մանցե­լիութեան: Եւ այս բոլո­րը, այո՛, հայկա­կան արեւե­լումի հիման վրայ մշա­կուած ռազմա­վա­րութեամբ: Հայկա­կան արեւե­լումի տեսա­բան Սարգիս Զէյթլեան փաստեց, որ հայկա­կան արեւե­լումը ոչ միայն ռազմա­վա­րութեամբ հիւսի­սէն, հարաւէն, արեւելքէն, արեւմուտքէն դուրսազգայինի՛ն կը վերա­բե­րէր ընդհա­նուր առումով, այլ նաեւ աւե­լի մասնա­կի լիբա­նա­նա­հա­յութեան: Սարգիս Զէյթլեա­նի անունին կը կապուի առա­ջին հերթին Լիբա­նա­նի քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմի նախօ­րէին, այս անգամլի­բա­նա­նա­հայկա­կան արեւե­լումով, հայ քաղա­քա­կան կուսակցութիւննե­րու եւ յարա­նուա­նա­կան շրջա­նակնե­րու ներկա­յա­ցուցիչնե­րու ներգրաւումով, հայկա­կան երեսփո­խա­նա­կան պլո­քի ձեւաւո­րումը եւ անոր ճամբով լիբա­նա­նա­հայ քաղա­քա­կան գործօ­նի կայա­ցումը: Ա՛յդ հէնքի վրայ նաեւ լիբա­նա­նա­հա­յութեան անկախ քաղա­քա­կան ուղե­գի­ծի մշա­կումը, որ մերժեց առա­ջին հերթին ներհայկա­կան եւ ապա ներլի­բա­նա­նեան բոլոր տեսա­կի անհանդուրժո­ղա­կա­նութիւննե­րը, բախումներն ու պատե­րազմնե­րը: Որ մերժեց մասնակցութիւն ունե­նալ քաղա­քա­ցիա­կան ընդհա­րումնե­րուն, եւ որզէնքին դիմեց միայն այն ատեն, երբ վտանգուե­ցաւ համայնքը, երբ անոր պարտադրուե­ցաւ կողմնո­րո­շուիլ: Քաղա­քա­կան անկախ որո­շումի ջատա­գով Սարգիս Զէյթլեա­նը այս անգամ կ՛իրականացնէր լիբանանահայկակա՛ն արեւե­լումը: Ռազմա­վա­րա­կան առանցքա­յին գիծ, որ յարգանք պարտադրեց բոլո­րին, եւ որ կրցաւ պահպա­նել լիբա­նա­նա­հա­յութեան անվտանգութիւնը: Այս բոլո­րին համար էր, որ թշնա­մի­նե­րը դիմե­ցին առեւանգումին: Առեւանգե­լու եւ գերե­վա­րե­լու թշնա­մի­նե­րու այս վարքա­գի­ծը Դաշնակցութեան դէմ կիրարկուած է ու կը կիրարկուի: Սարգիս Զէյթլեա­նէն մինչեւ Դաւիթ Իշխա­նեանմեր թշնա­մի­նե­րը կ՛աշխատին առեւանգել եւ գերե­վա­րել մեր ղեկա­վարնե­րը ծունկի բերե­լու համար հայութեան մարտունա­կութիւնը: Գաղա­փա­րի մարտունա­կութիւնը, գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը, պատմա­կան իրաւունքնե­րուն պաշտպա­նութեան առաջնա­գի­ծը: Սարգիս Զէյթլեա­նի գաղա­փարնե­րուն հաւատքով գործած, Արցա­խի ազա­տա­մարտին իր ներդրումը ունե­ցած եւ Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան հիմնադրութեան մէջ իր մասնակցութիւնը բերած ՀՅԴ Բիւրո­յի անդամ Դաւիթ Իշխա­նեա­նը այսօր Սարգիս Զէյթլեա­նի նման կ՛ենթարկուի չարչա­րանքնե­րու: Հսկա­յա­կան հոգե­բա­նա­կան եւ ֆիզի­քա­կան ճնշումներ բանեցնե­լովՊա­քուի իշխա­նութիւննե­րը ցուցմունքներ կը պահանջեն իրմէ եւ իր ընկերնե­րէն: Նպա­տա­կը այս բոլո­րին հայկա­կան խրա­մատնե­րու առաջնա­գի­ծե­րուն ջնջումն է, նահանջն է, յանձնուիլն է: Բայց այնքա՛ն արմա­տաւո­րուած են Սարգիս Զէյթլեա­նի խմբագրած ու հունաւո­րած գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան հիմունքնե­րը եւ այնքա՛ն նուի­րա­կան է Դաւիթ Իշխա­նեա­նի այդ սկզբունքնե­րուն շուրջ նուի­րուած կենսա­գործունէութիւնը, որ առաջնա­գի­ծը պիտի շարունա­կէ մնալ ամուր, անզի­ջող եւ չյանձնուող: Նոր զարթօնքը պիտի գայ անպայման, եւ հայութիւնը պիտի վերա­դառնայ իր արժէ­քա­յին ակունքնե­րուն ազգա­յին պետա­կա­նութեան, հայկա­կան արեւե­լումին, գերիշխա­նութեան, ազգ-բանա­կին: Հայոց պատմա­կան բոլոր իրաւունքնե­րուն սկզբունքնե­րուն կառչա­ծազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը պիտի վերա­կա­յա­նայ անպայմա՛ն: Հրա­պա­րակ պիտի գան Զէյթլեա­նի օրի­նա­կով գաղա­փա­րի նոր մարտիկնե­րը, վերստին պիտի համախմբեն ազգը եւ անպայման պիտի վերա­կերտեն հայոց ազգա­յին պետութիւնը: Այն պետութիւնը, որ Սարգիս Զէյթլեա­նի եւ իր դաւա­նած գաղա­փա­րա­խօ­սութեան հիման վրայ Արա­գա­ծը պիտի պահէ վերա­տի­րա­նա­լու համար Արա­րա­տին, այսօ­րուան հանրա­պե­տութիւնը պիտի ամրապնդէ կերտե­լու համար միա­ցեալ ու ամբողջա­կան հայրե­նի­քը, որ երկի­րը պիտի ղեկա­վա­րէ այնպի­սի սահմա­նադրութեամբ, ուր ամրագրուած պիտի մնան Անկա­խութեան հռչա­կա­գի­րով հաստա­տուած հիմնադրոյթնե­րը համայն հայութեան իղձե­րու կենսա­գործումը, պատմա­կան բոլոր իրաւունքնե­րու վերա­կանգնումը, Հայոց ցեղասպա­նութեան միջազգա­յին ճանա­չումն ու ամէն տեսա­կի հատուցումի պահանջը, որպի­տի պաշտպա­նէ Արցա­խի հայութեան վերա­դարձի եւ ինքնո­րոշման բոլոր իրաւունքնե­րը, որ պիտի ջնջէ ներազգա­յին բոլոր բաժա­նա­րար գիծե­րը եւ պիտի համախմբէ ազգը: Սարգիս Զէյթլեա­նի խմբագրած ու բանա­ձեւած ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութեան սկզբունքնե­րը ճեղքե­ցին երկա­թէ վարա­գոյրը, թափանցե­ցին 70-ամեայ համայնա­վար համա­կարգէն ներս, ձեւաւո­րե­ցին ազգա­յին ենթա­հող եւ կերտե­ցին ազգա­յին զարթօնք: Նոյն գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը հայրե­նի­քի վերանկա­խա­ցումէն ետք ամբողջ 30-ամեակ ձեւ ու մարմին ստա­ցաւ‘ երկքա­ղա­քա­ցիութեան օրէնքի ընդունումով, Ցեղասպա­նութեան ճանա­չումը արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան օրա­կարգի ձեւաւո­րումով, Սեւրի եւ Ուիլսը­նի Իրաւա­րար վճի­ռի իրաւա­կա­նութեան եւ այժմէա­կա­նութեան մասին պետա­կան յայտա­րա­րութիւննե­րով, Հայոց ցեղասպա­նութեան 100-ամեա­կի Համա­հայկա­կան հռչա­կա­գի­րի որդեգրումով եւ Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան կերտումով: Այդ գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը այնքա՛ն ամուր է ու հաստատ, այնքա՛ն հարա­զատ եւ հայութեան համար էութե­նա­կան, որ 2018‑ի ընդհա­տումը պիտի չյա­ջո­ղի կասեցնել անոր հարիւրա­մեայ երթը: Երթ, որուն անկա­սե­լիութեան համար Սարգիս Զէյթլեաննե­րու կուսակցութիւնը ոչինչ խնա­յած է եւ պիտի շարունա­կէ ոչինչ խնա­յել: Ա՛յս կը թելադրէ Դաշնակցութեան անմահ նահա­տակնե­րու փաղանգը, որուն, Դաշնակցութեան 25-րդ Ընդհա­նուր ժողո­վի որո­շումով, մաս կը կազմէ Սարգիս Զէյթլեա­նը: * Սարգիս Զէյթլեա­նի առեւանգման եւ նահա­տա­կութեան 40-ամեա­կին նուի­րուած ձեռնարկին ՀՅԴ Լիբա­նա­նի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէին կողմէ արտա­սա­նուած խօսք:

Աղբյուրը՝ azdag.daily

Առնչվող Հոդվածներ