Շատ «ինչու»-ներ կան, և դրանք բնական են, որովհետև ներկայացվող մոտեցումները փաստացի խոսում են սփյուռքի հանդեպ քաղաքական մտածողության ուշացած, բայց անհրաժեշտ վերանայման մասին։
Մեր Ուղին
Մեր Խոսքը՝
ՀՅԴ «Սփյուռք» խորհրդաժողովում հնչած ելույթը կրկին օրակարգ է բերում սփյուռքի վերաիմաստավորման, փոփոխված աշխարհի պայմաններին հարմարվելու և 21-րդ դարի իրողություններին համապատասխան քաղաքական մտածողություն ձևավորելու անհրաժեշտությունը։ Նշվում է, որ աշխարհը փոխվել է, սփյուռքը փոխվել է, իսկ կազմակերպական մտածողությունն ու գործելակերպը հաճախ ձևավորվել են այլ ժամանակաշրջանում և չեն հասցրել հարմարվել նոր իրականությանը։ Այսինքն՝ փաստացի ընդունվում է, որ անհրաժեշտ է վերանայել սփյուռքի դերակատարությունը, կառուցվածքը և հարաբերությունները Հայաստանի հետ՝ նոր պայմաններում։
Սակայն այս մոտեցումները մի շարք հարցեր են առաջացնում։ Նո՞ր են անդրադառնում, որ սփյուռքը փոխվել է։ Նո՞ր են արձանագրում, որ պետք է հարմարվել 21-րդ դարի պայմաններին։ Եթե այո՝ ինչո՞ւ հենց հիմա։ Ինչո՞ւ տարիներ շարունակ նույն խնդիրները կային, բայց այսպիսի քննարկում չէր ձևավորվում։ Ո՞ւր կորավ «դեպի երկիր» կարգախոսը, որը երկար ժամանակ ներկայացվում էր որպես համազգային ուղղություն և մարեց ՀՅԴ֊ի ներքաղաքական առևտրի աղմուկի տակ։ Ո՞ւր էին այս քննարկումները այն տարիներին, երբ սփյուռքում արդեն տեսանելի էին ինքնության, լեզվի, կազմակերպականության և քաղաքական ազդեցության փոփոխությունները, ուծացման ռեալ վտանգն ու ընթացքը։ Ինչո՞ւ մինչև հիմա հիմնականում խոսվում էր, բայց համապարփակ ռազմավարություն չէր ձևավորվում։
Շատ «ինչու»-ներ կան, և դրանք բնական են, որովհետև ներկայացվող մոտեցումները փաստացի խոսում են սփյուռքի հանդեպ քաղաքական մտածողության ուշացած, բայց անհրաժեշտ վերանայման մասին։
Միևնույն ժամանակ սա կարելի է գնահատել որպես ողջունելի քայլ։ Կարևոր է, որ այս գործընթացը փորձի սփյուռքը դուրս բերել կուսակցական նեղ սահմաններից, վերաիմաստավորել դրա դերակատարությունը և մտածել համահայկականորեն ու պետականորեն։ Միաժամանակ կարևոր է, որ սփյուռքյան կառույցները հավատարիմ մնան իրենց ապրած երկրների օրենքներին և քաղաքական դասեր չտան Հայաստանի օրվա իշխանություններին, այլ գործեն նրանց հետ տնտեսամշակութային փոխշահավետության սկզբունքով։ Այդ դեպքում սփյուռքը կարող է դառնալ ոչ թե մրցակցող կամ հեռավոր դիտորդ, այլ իրական գործընկեր՝ համազգային ներուժը արդյունավետորեն կազմակերպելու ուղղությամբ։
Մեր Ուղին
Ստորև ներկայացնում ենք խնդրո առարկա խորհրդաժողովն ու դրա վերաբերյալ գրառումը։
Այս խորհրդաժողովը փորձ Է Սփիւռքի օրակարգը ձեւաւորելու եւ յառաջիկայ տարիներուն միասին գործելու կամքը ամրապնդելու
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
—
Ստորեւ կը ներկայացնենք 14–15 մարտ 2026-ին Լոս Անճելըսի մէջ կայացած ՀՅԴ «Սփիւռք» խորհրդաժողովի ընթացքին Րաֆֆի Արտալճեանի արտասանած բացման խօսքը:
–

«Սփիւռք» խորհրդաժողովը կարեւոր փուլ մըն է: Առաջին խորհրդաժողովն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը կազմակերպուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ եւ յատուկ կերպով կը նուիրուի սփիւռքի հարցերուն: Այս իրողութիւնը ինքնին բան մը կը յուշէ մեզի. ոչ թէ անտեսում, այլ‘ այն, թէ որքան սակաւ ենք դիտմամբ կանգ առած‘ սփիւռքը քննութեան առնելու իբրեւ կենդանի քաղաքական եւ հասարակական իրողութիւն, որ կ՛արժանանայ կեդրոնացած ուշադրութեան:
Իմ 4 որբ մեծ հայրերս ու մայրերս լաւ հայերէն չէին գիտեր, բայց այդ սերունդը հրաշքներ կերտեց սփիւռքի մէջ եւ մեզի յանձնեց հայութեան հնամեայ քաղաքակրթութեան ջահը: Այսօր այդ շարունակականութիւնը կը տեսնենք այս սրահին մէջ:
Մեզի հետ են‘ համալսարանական դասախօսներ Միացեալ Նահանգներէն եւ Արժանթինէն, Քանատայի շրջանը ներկայացնող Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, մեր վարժարաններու ուսուցիչներ եւ կրթական դաշտի նուիրեալներ, Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական դպրոցներու մանկավարժներ, ՀԵԴ‑ի խորհրդատուներ, Հայ դատի տարբեր մասնաճիւղերու անդամներ, միջազգային բանակցութիւններու փորձառու մասնագէտներ, Թեքսասէն մասնակից է զօրավար Դրոյի թոռը. ունինք Արցախի սփիւռքէն քաղաքական գիտութեան ուսանող մը‘ Այտահօ նահանգէն, ներկայ են նաեւ ոչ կուսակցական մասնագէտ հայ մտաւորականներ‘ որպէս նշան փորձագիտական կարծիքներ լսելու պատրաստակամութեան‘ նոյնիսկ տեսակէտներու տարբերութեան պարագային, ինչպէս նաեւ‘ արհեստագիտութեան մասնագէտներ, բժիշկներ եւ գործարարներ: Այս բազմազանութիւնը հայ սփիւռքի մարդկային դրամագլուխին գեղեցիկ արտայայտութիւնն է:
Շատեր կրնան հարց տալ. ինչո՞ւ սփիւռք, երբ Հայաստանը կը դիմագրաւէ լուրջ ճգնաժամեր: Մեր պատասխանը պարզ է. Հայաստանի ամրութիւնը եւ սփիւռքի կենսունակութիւնը փոխկապակցուած են: Սփիւռքի ինքնագիտակցութեան եւ կազմակերպուածութեան հզօրացումը Հայաստանի վերականգնման բաղկացուցիչ մասն է, որովհետեւ մենք մէկ ազգի զաւակներն ենք: Այո՛, ունինք մշակութային տարբերութիւններ, տարբեր բարբառներ, բայց մեր լեզուն մէկ է. կարեւոր է ամբողջը իբրեւ մէկ տեսնելը, բայց միեւնոյն ժամանակ‘ ուշադիր մնալ այդ նուրբ տարբերութիւններուն նկատմամբ: Եթէ ամբողջութիւնը մէկ է, ապա ոչ ոք պէտք է զայն չարաշահէ‘ ամբողջ ազգին անունով խօսելու իրաւունքը իրեն վերագրելով: Օր մը գուցէ կարենանք համախոհիլ որոշ նուազագոյն համազգային ըմբռնումներու շուրջ, եթէ քաղաքական կամք գոյութիւն ունենայ: Բայց այսօր դեռ այդ փուլին հասած չենք:
Միեւնոյն ժամանակ պէտք է ընդունիլ նաեւ տարբերութիւնները: Սփիւռքը պետութիւն չէ, այլ‘ անդրազգային եւ ոչ պետական իրականութեան մէջ հայկական փափուկ ուժի արտայայտութիւն: Ան ունի իր յատուկ օրակարգը եւ շահերը: Ան բազմաշերտ եւ փոփոխուող իրականութիւն է: Ան ո՛չ ստորադաս է, ո՛չ ալ գերադաս‘ հայկական պետութեան, այլ‘ մեր հնամեայ ազգի պատմութեան ժամանակակից եւ անդրազգային արտայայտութիւնը:
Ուրեմն, Դաշնակցութիւնը, ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր կուսակցութիւն, եւ միաժամանակ հայկական անդրազգային իրականութեան կազմակերպուած քաղաքական շարժիչ ուժերէն մէկը, պարտաւոր է գիտակցիլ այս նուրբ հաւասարակշռութեան եւ իր պատասխանատուութեան: Սփիւռքն ու Հայաստանը հայ ազգային ծրագիրի փոխլրացնող, սակայն ստիպողականօրէն տարբեր արտայայտութիւններն են:
Այսօր շատեր կը փորձեն սփիւռքի անունով խօսիլ Հայաստանի հարցերուն շուրջ, կամ‘ հակառակը: Յաճախ կը գործածուի «համահայկական» եզրը‘ իբր թէ գոյութիւն ունի մէկ միասնական եւ միաձայն դիրքորոշում: Իրականութիւնը աւելի բարդ է: Թէեւ մենք մէկ ազգ ենք, սակայն պատմութիւնը մեզ ցրուած է աշխարհով մէկ եւ ստեղծած է տարբեր պայմաններ, տարբեր պատասխանատուութիւններ եւ, հետեւաբար, նաեւ‘ տարբեր օրակարգեր:
Մեր մարտահրաւէրը այդ տարբերութիւնները ժխտելը չէ, այլ զանոնք գիտակցաբար համադրել‘ ազգային ընդհանուր ուղղութեան մը մէջ:
Ուրեմն, ինչո՞ւ հիմա:
Մենք այստեղ ենք, որովհետեւ մեզ շրջապատող աշխարհը փոխուած է, եւ որովհետեւ մենք ալ փոխուած ենք: Այսօր հայկական համայնքներուն գործելու պայմանները‘ քաղաքական, հասարակական, մշակութային եւ ժողովրդագրական իմաստով, էականօրէն տարբեր են այն պայմաններէն, որոնք ձեւաւորած էին մեր օրակարգերուն մեծ մասը: Գաղթի հոսանքները, ինքնութեան անընդհատ վերակազմաւորումը, լեզուի պահպանումը, քաղաքական մասնակցութիւնը եւ սերունդներու շարունակականութիւնը‘ բոլորը փոփոխութեան ենթարկուած են, ստիպուած կը շարունակեն ենթարկուիլ համայն աշխարհի մէջ:

Այնուամենայնիւ, այն մտածելակերպերէն եւ գործելակերպերէն շատերը, որոնց տակաւին կը յենինք, ձեւաւորուած են այլ ժամանակաշրջանի մէջ: Շարունակականութիւնը արժէք ունի, սակայն առանց յարատեւ անդրադարձի եւ քննութեան‘ կը վերածուի անշարժութեան: Պէտք է նաեւ անկեղծ ըլլանք մենք մեզի հետ: Հաւանաբար մեր սերունդին մեծ մարտահրաւէրներէն մէկը այն եղաւ, որ միշտ չէ, որ կարողացանք մեր կազմակերպական մտածողութիւնն ու գործելակերպը լիովին յարմարեցնել 21-րդ դարու պայմաններուն:
Այս խորհրդաժողովը կը սկսի պարզ, բայց հրատապ գիտակցութեամբ մը. պէտք է աւելի գիտակից դառնանք փոփոխութեան եւ ըստ այնմ ուղղենք մեր ընթացքը, եթէ սփիւռքը պիտի մնայ արդիական, դիմացկուն եւ իմաստաւոր‘ գալիք տարիներուն:
Ի՞նչ է մեր նպատակը:
Ի տարբերութիւն բազմաթիւ համայնքային հաւաքներու, որոնք յաճախ կեդրոնացած են խորհրդանշական երեւոյթներու վրայ, մեր նպատակը աւելի զուսպ է, բայց նաեւ‘ աւելի պահանջկոտ: Մենք այստեղ չենք հաւաքուած կարգախօսներ ստեղծելու կամ շօ մը բեմադրելու համար: Մենք այստեղ ենք նախ եւ առաջ մտածելու, հասկնալու եւ հարց տալու, թէ ո՛ւր ենք այսօր, ինչպէ՛ս հասած ենք այս կէտին եւ ի՛նչ իրողութիւններ պէտք է դիմագրաւենք‘ նախքան որոշելը, թէ ո՛ւր կ՛ուզենք երթալ:
Մենք նաեւ պիտի չձեւացնենք, թէ երկու օրերը բաւարար են տարիներով կուտակուած հարցումներու պատասխան տալու համար: Այս խորհրդաժողովը սկիզբն է երկար ժամանակէ մը ի վեր ուշացած զրոյցի մը: Մեր յոյսն է, որ այս ջանքը պիտի շարունակուի‘ այլ շրջաններու մէջ նմանատիպ խորհրդաժողովներով, աւելի խոր անդրադարձով եւ ուսումնասիրութեամբ, եւ վերջապէս‘ յստակ յաջորդ հետեւողական քայլերով: Մեզի համար նոյնքան կարեւոր է, որ այս գործընթացը նպաստէ կուսակցութեան մէջ ձեւաւորելու ցանց մը ընկերներու, որոնք կը հասկնան սփիւռքը իր բարդութեամբ եւ կը մտահոգուին անոր ապագայով:
Վերջապէս, մեր նպատակը զիրար լսելն է‘ բաց միտքով եւ առանց նախապայմաններու: Փորձենք դուրս գալ «սեւ-սպիտակ» մտածողութենէն եւ ուշադրութիւն դարձնել գաղափարներու երանգներուն ու նրբութիւններուն‘ անկախ զանոնք ներկայացնողէն: Հայ քաղաքական միտքը նախ պէտք է համախոհութիւն ձեւաւորէ այն հիմնական հարցերուն շուրջ, որոնք մեզի բոլորիս համար կարեւոր են: Երբ այդ հիմքը, այդ պատումը, այդ narrative գտնենք, պէտք է նաեւ համաձայնինք միասին աշխատելու մեր իսկ ձեւաւորած օրակարգին շուրջ:
Այս խորհրդաժողովը այդ զրոյցին սկիզբն է, փորձ մը‘ սփիւռքի օրակարգը ձեւաւորելու եւ յառաջիկայ տարիներուն միասին գործելու կամքը ամրապնդելու համար:
Երկու օրերուն ընթացքին նախ պիտի կատարուին խմբային քննարկումներ հիմնական թեմաներու շուրջ: Այս բանավէճերը անպայման տեղւոյն վրայ եզրակացութիւններ պիտի չպարտադրեն: Մեր յոյսը այն է, թէ այս լուրջ զրոյցներու նպատակը ըլլայ իրականութիւններու, լարուածութիւններու եւ չլուծուած հարցումներու բացայայտումը: Ապա պիտի շարունակենք խմբային քննարկումները, պիտի փորձենք աւելի դժուար քայլ մը կատարել եւ միտքերու համադրութեան սկիզբ մը դնել, այսինքն‘ փորձել քաղել այն դիտարկումները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան ուղղութիւն տալ քաղաքական մտածողութեան եւ ռազմավարական կողմնորոշման:
Մեզմէ շատերուն համար այս գործընթացը պիտի պահանջէ գործուն ունկնդրութիւն, ապա մասնակցութիւն‘ մտածուած, կարճ եւ յստակ հարցումներով: Մեր յոյսն է, որ մասնագէտներու կողմէ ներկայացուած խորքային քննարկումները, ձեր հարցումներուն հետ միացած, պիտի ստեղծեն իրական մտաւոր փոխազդեցութիւն, այլ ոչ թէ‘ զուգահեռ զրոյցներ:
Կ՛ուզենք, որ բոլորդ ալ գիտակից ըլլաք այն բազմաթիւ թեմաներուն, որոնց պիտի անդրադառնանք‘ սփիւռքի պատմութենէն մինչեւ հայկական վարժարաններու մարտահրաւէրները, ինքնութիւն եւ քաղաքական գիտակցութիւն, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ, Հայ դատ, երիտասարդութիւն եւ շարունակականութիւն, սփիւռքեան ազգակերտութեան նպատակներ եւ այլք: Այս խորհրդաժողովը կը դիտուի որպէս ելակէտ եւ սկիզբ: Ան կոչուած է շարժում տալու մեր մտածողութեան‘ մեզ մղելու դէպի աւելի համապարփակ հասկացողութիւն‘ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յարմարիլ եւ դիմագրաւել մարտահրաւէրները, ոչ թէ‘ կազմելու անկատարելի «պէտք է»-ներու ցանկ մը, ինչպէս յաճախ կը պատահի մեր ազգային կեանքին մէջ:
Կ՛ուզենք նաեւ, որ ուշադիր ըլլաք այս սրահին մէջ ձեր շուրջ դրսեւորուող դաշնակցական քաղաքական մտքի բազմաշերտ ներկայութեան:
Աւելի՛ն, կ՛ուզեմ, որ գիտակցիք, թէ Լոս Անճելըսի հայ համայնքը այսօր սփիւռքի ամէնէն մեծերէն մէկն է, եթէ ոչ‘ մեծագոյնը: Ան ունի քանակական հզօրութիւն, բազմազանութիւն եւ կազմակերպական ծաւալ: Այս իրականութիւնը կը պարտադրէ, որ հայ քաղաքական միտքը գիտակցաբար ստանձնէ մտային առաջնորդութեան պատասխանատուութիւնը: Ինչպէս Յարութիւն Քիւրքճեան գրեց իր 1968‑ի նշանաւոր յօդուածին մէջ‘ «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով», թերեւս այսօր ալ մենք կը գտնուինք նման հաւասարումի մը դիմաց: Բայց այս անգամ մեր պարտականութիւնը ոչ միայն զայն լուծելն է, այլ նաեւ‘ շարունակ հարցումներ տալը, մինչեւ որ մեր համազգային ըմբռնումները աստիճանաբար պարզուին:
Մենք‘ հայրենազրկուած մեր նախնիներուն սփիւռքահայ զաւակները, մարդկային մեր դրամագլուխով բնաւ այսքան հզօր չենք եղած, ինչպէս ենք այսօր, մանաւանդ‘ արեւմտեան սփիւռքին մէջ: Յառաջիկայ տասնամեակները կրնան դառնալ մեր վերածննդեան տարիները: Սակայն այդ վերածնունդը կը պահանջէ յստակ օրակարգ եւ քաղաքական կամք: Առանց անոնց‘ մեր ներուժը պիտի չկազմակերպուի եւ չուղղորդուի:
Շնորհակալութիւն‘ այս պահը լրջօրէն ընդունելու, ձեր ժամանակն ու ուշադրութիւնը յատկացնելու եւ մեզի հետ սկսելու այն, ինչ որ կը յուսանք պիտի ըլլայ մտածուած, ազնիւ եւ կառուցողական ներգրաւում մը հայկական սփիւռքի ապագային շուրջ:
Աղբյուրը՝ https://www.facebook.com/share/p/1Dqxr29Zm1/?
