23.5 C
Yerevan

Մեկ Ազգ, Բայց Մեկ Համակա՞րգ

Արդեօք ամե­րի­կա­հայ գործա­րա­րը, լիբա­նա­նա­հայ դպրո­ցի տնօ­րէ­նը, ֆրանսա­հայ իրաւա­բա­նը, սիւնե­ցի սահմա­նա­պահ զինուո­րը եւ Երեւա­նի երի­տա­սարդ ձեռնարկա­տէ­րը պարտաւո՞ր են աշխարհի բոլոր հարցե­րուն մասին նոյն ձեւով մտա­ծել միայն այն պատճա­ռով, որ հայ են:

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Արդեօք ամբողջ հայութիւնը նո՞յն բանը կ՛ուզէ

Հայկա­կան ազգա­յին մտա­ծո­ղութեան մէջ գոյութիւն ունի մէկ ուրիշ խոր արմա­տաւո­րուած համո­զում, որ հազուա­դէ­պօ­րէն կը քննուի: Այդ համո­զումը այն է, թէ ամբողջ հայութիւնը ունի նոյն ազգա­յին շահե­րը եւ նոյն պատկե­րա­ցումը ապա­գա­յի մասին: Արտա­քին տեսքով այս գաղա­փա­րը շատ բնա­կան կը թուի: Ի վերջոյ, հայե­րը կը պատկա­նին նոյն պատմութեան, նոյն մշա­կոյթին եւ նոյն ազգա­յին յիշո­ղութեան:

Բայց ազգը միայն յիշո­ղութիւն չէ: Ազգը նաեւ քաղա­քա­կան եւ հասա­րա­կա­կան իրա­կա­նութիւն է: Իսկ քաղա­քա­կան իրա­կա­նութիւննե­րը միշտ ալ տարբեր շահեր կը ստեղծեն:

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը պետութիւն է: Ան պատասխա­նա­տու է‘ իր քաղա­քա­ցի­նե­րուն անվտանգութեան, տնտե­սութեան, սահմաննե­րուն եւ միջազգա­յին յարա­բե­րութիւննե­րուն համար: Պետութիւնը շատ անգամ ստի­պուած է ընտրութիւն կատա­րել ոչ թէ իտէա­լա­կան, այլ հնա­րաւոր լուծումնե­րուն միջեւ: Երբեմն արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան մէջ փոխզի­ջումը կրնայ անհրա­ժեշտ ըլլալ պետա­կան գոյա­տեւման համար: Երբեմն տնտե­սա­կան շահե­րը կրնան առաջնա­հերթ դառնալ զգա­ցա­կան պահանջնե­րէն:

Սփիւռքը, ընդհա­կա­ռակն, պետութիւն չէ: Ան չունի սահմաններ պաշտպա­նե­լու պարտա­կա­նութիւն: Չունի պետա­կան դրա­մա­կան միջոցներ, բանակ կամ դիւա­նա­գի­տա­կան պատասխա­նա­տուութիւն: Սփիւռքի կազմա­կերպութիւննե­րուն հիմնա­կան առա­քե­լութիւնը իրենց համայնքնե­րու գոյա­տեւումն է, ազգա­յին ինքնութեան պահպա­նումը եւ Հայաստա­նի աջակցութիւնը: Այս պատճա­ռով անոնք շատ անգամ կրնան որդեգրել աւե­լի սկզբունքա­յին, երբեմն ալ աւե­լի կտրուկ դիրքեր, որովհե­տեւ պետա­կան որո­շումնե­րու անմի­ջա­կան հետեւանքնե­րը իրենք չեն կրեր:

Այս տարբե­րութիւնը բնա­կան է, բայց շատ յաճախ կը մոռցուի:

Արդիւնքը այն է, որ ամէն անգամ, երբ Հայաստա­նի պետա­կան շահերն ու սփիւռքի որոշ հատուածնե­րու ակնկա­լութիւննե­րը չեն համընկնիր, անմի­ջա­պէս կը սկսին փոխա­դարձ մեղադրանքնե­րը: Մէկ կողմը կը մեղադրէ Հայաստա­նը «ազգա­յին սկզբունքնե­րը» զոհա­բե­րե­լու մէջ, իսկ միւս կողմը կը մեղադրէ սփիւռքը, թէ ան հեռուէն կը խօսի եւ պետա­կան պատասխա­նա­տուութիւն չի կրեր:

Այս բանա­վէ­ճը տարի­ներ շարունակ կը կրկնուի, որովհե­տեւ երկու կողմերն ալ կը մեկնին սխալ ենթադրութե­նէ մը‘ թէ անոնք պարտաւոր են ունե­նալ նոյն առաջնա­հերթութիւննե­րը:

Բայց արդեօք ինչո՞ւ:

Արդեօք ամե­րի­կա­հայ գործա­րա­րը, լիբա­նա­նա­հայ դպրո­ցի տնօ­րէ­նը, ֆրանսա­հայ իրաւա­բա­նը, սիւնե­ցի սահմա­նա­պահ զինուո­րը եւ Երեւա­նի երի­տա­սարդ ձեռնարկա­տէ­րը պարտաւո՞ր են աշխարհի բոլոր հարցե­րուն մասին նոյն ձեւով մտա­ծել միայն այն պատճա­ռով, որ հայ են:

Այս սպա­սումը ոչ միայն իրա­տե­սա­կան չէ, այլ նաեւ‘ հակա­ժո­ղովրդա­վա­րա­կան: Ազգա­յին միասնութիւնը չի նշա­նա­կեր քաղա­քա­կան միա­կերպութիւն: Ընդհա­կա­ռա­կը, հասուն ազգե­րը կը սորվին կառա­վա­րել իրենց տարբե­րութիւննե­րը, ոչ թէ‘ վերացնել զանոնք:

Այս տարբե­րութիւննե­րը, սակայն, չեն ստեղծեր տարբեր ազգեր: Անոնք նոյն ազգին տարբեր հասա­րա­կա­կան եւ քաղա­քա­կան արտա­յայտութիւններն են: Ազգա­յին հասունութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ ժողո­վուրդ մը կը դադրի տարբե­րութիւնը դիտել որպէս բաժա­նում եւ կը սկսի զայն վերա­ծել համա­գործակցութեան աղբիւրի: Հայկա­կան պարա­գա­յին ալ իրա­կան մարտահրաւէ­րը միասնա­կան մտա­ծո­ղութիւն պարտադրել չէ, այլ‘ բազմա­զա­նութիւնը համադրել մէկ ազգա­յին տեսլա­կա­նի շուրջ:

Հայկա­կան քաղա­քա­կան խօսոյթը երկար տարի­ներ փորձած է ներկա­յացնել համա­ձայնութիւնը իբրեւ միասնութեան նախա­պայման: Մինչդեռ իրա­կա­նութեան մէջ ճիշդ հակա­ռակն է: Նախ պէտք է գոյութիւն ունե­նայ համա­գործակցութեան մշա­կոյթ, որմէ ետք միայն կարե­լի է կառուցել համա­տեղ որո­շումնե­րու համա­կարգ:

Թերեւս ժամա­նակն է հրա­ժա­րե­լու այն պատրանքէն, թէ ամբողջ հայութիւնը յաճախ պիտի մտա­ծէ նոյն կերպով: Այդ օրը պիտի չգայ: Բայց այդ նաեւ անհրա­ժեշտ չէ:

Իսկա­կան մարտահրաւէ­րը բոլո­րին նոյն կարծի­քը ունե­նա­լը չէ: Իսկա­կան մարտահրաւէ­րը այն է, թէ տարբեր կարծիքներ ունե­ցող հայե­րը կրնա՞ն միա­սին կառուցել ընդհա­նուր ազգա­յին ռազմա­վա­րութիւն:

Այս հարցումին պատասխա­նե­լը շատ աւե­լի կարեւոր է, քան‘ անվերջ կրկնե­լը, թէ‘ «Մենք մէկ ազգ ենք»:

Ամէ­նէն մեծ բացա­կա­յութիւնը համազգա­յին հաստա­տութիւննե­րու բացա­կա­յութիւնն է:

Եթէ անկեղծ ըլլանք, ապա «Հայաստանն ու սփիւռքը որպէս մէկ ազգա­յին համա­կարգ» գաղա­փա­րին առջեւ կանգնած ամե­նա­մեծ խոչընդո­տը աշխարհագրա­կան հեռաւո­րութիւնը չէ, քաղա­քա­կան տարա­կարծութիւննե­րը չեն, կամ նոյնիսկ ձուլումը չէ: Ամէ­նէն մեծ բացա­կա­յութիւնը հաստա­տութիւննե­րու բացա­կա­յութիւնն է:

Պատմութիւնը կը վկա­յէ, որ ոչ մէկ ազգ իր երկա­րա­ժամկէտ նպա­տակնե­րը իրա­կա­նա­ցուցած է միայն ազգա­յին զգա­ցումնե­րու կամ բարո­յա­կան կոչե­րու միջո­ցով: Յաջո­ղած ազգե­րը ստեղծած են հաստա­տութիւններ, որոնք շարունա­կա­կա­նութիւն ապա­հո­ված են‘  քաղա­քա­կան փոփո­խութիւննե­րէ անկախ: Անոնք կառուցած են այնպի­սի կառոյցներ, որոնք չեն գործած միայն ճգնա­ժա­մե­րու ժամա­նակ, այլ‘ օրա­կան, հետեւո­ղա­կան եւ երկա­րա­ժամկէտ կերպով:

Հայկա­կան պարա­գա­յին պատկերն ամբողջո­վին տարբեր է:

Ամէն անգամ, երբ Հայաստա­նը դժուա­րութեան մէջ կը յայտնուի, ամբողջ սփիւռքը կը համախմբուի: Կը կազմա­կերպուին‘ դրա­մա­հաւաքներ, մարդա­սի­րա­կան նախա­ձեռնութիւններ, քաղա­քա­կան արշաւներ եւ կամաւո­րա­կան աշխա­տանքներ: Այս բոլո­րը հպարտա­նա­լու արժա­նի երեւոյթներ են եւ անոնք բազմիցս ապա­ցուցած են, որ հայ ժողո­վուրդը դժուար պահե­րուն ունի համախմբուե­լու բացա­ռիկ կարո­ղութիւն:

Սակայն նոյն հարցումը կրկին պէտք է տրուի. արդեօք ճգնա­ժա­մա­յին համախմբումը բաւակա՞ն է ազգա­յին համա­կարգ ստեղծե­լու համար:

Պատասխա­նը, որքան ալ դժուար ըլլայ ընդունի­լը, բացա­սա­կան է:

Ճգնա­ժա­մը չի կրնար դառնալ ազգա­յին կառա­վարման օրի­նակ: Ազգ մը, որ միայն վտանգի պահուն կը միաւո­րուի, բայց խաղաղ ժամա­նակ չունի համա­տեղ ռազմա­վա­րութիւն, փաստօ­րէն կը շարունա­կէ գործել արձա­գանգե­լով իրա­դարձութիւննե­րուն, եւ ոչ թէ‘ կանխա­տե­սե­լով զանոնք:

Այս առումով, հայութիւնը տակաւին աւե­լի շատ կը գործէ արձա­գանգող ազգի տրա­մա­բա­նութեամբ, քան‘ ռազմա­վա­րութիւն մշա­կող ազգի մտա­ծո­ղութեամբ:

Աւե­լի մտա­հո­գիչ հարց մը եւս կայ: Մենք շատ կը խօսինք համա­հայկա­կան համա­գործակցութեան մասին, բայց իրա­կա­նութեան մէջ ո՞վ է պատասխա­նա­տուն այդ համա­գործակցութիւնը կազմա­կերպե­լու համար:

Կա՞յ արդեօք մարմին մը, ուր Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը, սփիւռքի հիմնա­կան կազմա­կերպութիւննե­րը, գիտա­կան աշխարհը, տնտե­սա­կան ոլորտը եւ երի­տա­սարդ սերունդը միա­սին կը քննարկեն հայութեան 20–30 տարի­նե­րու ռազմա­վա­րութիւնը:

Կա՞յ համազգա­յին խորհուրդ մը, որ կանո­նաւոր կերպով կը գնա­հա­տէ‘ ժողովրդագրա­կան փոփո­խութիւննե­րը, կրթա­կան վիճա­կը, լեզուի պահպանման աստի­ճա­նը, տնտե­սա­կան ներուժը կամ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան զարգա­ցումնե­րը:

Կա՞յ այնպի­սի կառոյց մը, որ ոչ միայն կ՛արձագանգէ իրա­դարձութիւննե­րուն, այլ նաեւ կը մշա­կէ ապա­գա­յի ծրա­գիրներ եւ ազգա­յին քաղա­քա­կա­նութիւններ:

Իրա­կա­նութիւնը ցաւա­լի է. նման համա­կարգ գրե­թէ գոյութիւն չունի:

Կան‘ բազմա­թիւ կազմա­կերպութիւններ, բարե­սի­րա­կան հիմնադրամներ, կուսակցութիւններ, եկե­ղե­ցա­կան հաստա­տութիւններ, կրթա­կան եւ մշա­կութա­յին կառոյցներ: Անոնցմէ շատե­րը հսկա­յա­կան աշխա­տանք կը կատա­րեն: Բայց այս բազմա­զա­նութիւնը ինքնա­բե­րա­բար համա­կարգ չի ստեղծեր: Շատ յաճախ այդ կառոյցնե­րը կը գործեն իրարմէ անկախ, երբեմն նոյնիսկ‘ իրա­րու հետ մրցակցե­լով: Անոնք տարբեր առաջնա­հերթութիւններ ունին, տարբեր օրա­կարգեր եւ տարբեր պատկե­րա­ցումներ հայութեան ապա­գա­յին մասին:

Արդիւնքը այն է, որ մենք ունինք հարուստ կազմա­կերպա­կան կեանք, բայց չունինք միասնա­կան ազգա­յին կառա­վարման ճարտա­րա­պե­տութիւն:

Այս կէտին պէտք է համարձա­կիլ բարձրա­ձայնե­լու մէկ այլ զգա­յուն հարց:

Տասնա­մեակներ շարունակ հայութիւնը շփո­թած է բարե­գործութիւնը ռազմա­վա­րութեան հետ:

Բարե­գործութիւնը անհրա­ժեշտ է: Անի­կա բազմա­թիւ պարա­գա­նե­րու փրկած է‘ հայկա­կան դպրոցներ, եկե­ղե­ցի­ներ, մշա­կութա­յին կեդրոններ եւ նոյնիսկ ամբողջ համայնքներ: Սակայն բարե­գործութիւնը չի կրնար փոխա­րի­նել ազգա­յին քաղա­քա­կա­նութիւնը:

Դրա­մա­հաւաք կազմա­կերպե­լը ազգա­յին ռազմա­վա­րութիւն չէ:

Դպրոց մը կառուցե­լը ինքնին կրթա­կան քաղա­քա­կա­նութիւն չէ:

Մէկ գործա­րա­րի ներդրումը տնտե­սա­կան համա­կարգ չի ստեղծեր:

Յաջո­ղած անհատնե­րու գոյութիւնը գիտա­կան քաղա­քա­կա­նութիւն չի նշա­նա­կեր:

Այս բոլո­րը կարեւոր դրուագներ են, բայց անոնք ամբողջ պատկե­րը չեն կազմեր:

Ազգա­յին ռազմա­վա­րութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ այս բոլոր նախա­ձեռնութիւննե­րը կը դադրին առանձին կղզի­ներ ըլլա­լէ եւ կը սկսին ծառա­յել ընդհա­նուր, նախա­պէս համա­ձայնե­ցուած նպա­տակնե­րու:

Արդեօք Հայաստա­նը կրնա՞յ առաջնորդել ամբողջ հայութիւնը:

Այս հարցումը երկար ժամա­նակ գրե­թէ արգի­լուած թեմա եղած է: Շատեր ինքնա­բե­րա­բար կ՛ենթադրեն, որ քանի Հայաստա­նը ազգա­յին պետա­կա­նութիւնն է, ուրեմն բնա­կա­նա­բար պէտք է ըլլայ նաեւ ամբողջ հայութեան առաջնորդը:

Բայց քաղա­քա­կան իրա­կա­նութիւնը շատ աւե­լի բարդ է:

Պետութիւնը իրաւա­կան իշխա­նութիւն ունի միայն իր քաղա­քա­ցի­նե­րուն նկատմամբ: Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը պատասխա­նա­տու է Հայաստա­նի քաղա­քա­ցի­նե­րուն առջեւ, ոչ թէ‘ ամբողջ աշխարհի հայութեան: Անոր կառա­վա­րութիւննե­րը կու գան ու կ՛երթան ընտրութիւննե­րու միջո­ցով, իսկ սփիւռքի մեծա­մասնութիւնը այդ գործընթա­ցին չի մասնակցիր:

Այս պատճա­ռով ալ կը ծագի բարդ հարց մը.ի՞նչ չափով կրնայ Հայաստա­նի որեւէ կառա­վա­րութիւն ներկա­յացնել ամբողջ հայ ժողո­վուրդի կամքը:

Միւս կողմէ‘ արդեօք սփիւռքը ունի՞ այն ժողովրդա­վա­րա­կան օրի­նա­կա­նութիւնը (legitimacy), որ Հայաստա­նի անունով խօսի:

Պատասխա­նը դարձեալ բացա­սա­կան է:

Ահա թէ ինչո՛ւ «Ո՞վ կը ներկա­յացնէ ամբողջ հայութիւնը» հարցումը տակաւին անպա­տասխան կը մնայ:

Գուցէ խնդի­րը այն չէ, որ չունինք պատասխան: Գուցէ խնդի­րը այն է, որ երբեք լրջօ­րէն չենք փորձած այդ պատասխա­նը գտնել:

Մենք աւե­լի շատ նախընտրած ենք պահել ստեղծա­գործ անո­րո­շութիւնը: Ամէն կողմ ինքզինք որոշ չափով ներկա­յա­ցուցած է ամբողջութեան անունով, բայց իրա­կա­նութեան մէջ ոչ ոք ունի այդ լիա­զօ­րութիւնը:

Այս անո­րո­շութիւնը որոշ ժամա­նակ կրնայ գործել, բայց երկա­րա­ժամկէտ հեռանկա­րի մէջ անի­կա կը դառնայ ազգա­յին զարգացման արգելք:

Հնարաւո՞ր է իրա­կան համաշխարհա­յին հայկա­կան համա­կարգ:

Այս ամբողջ քննա­դա­տութե­նէն ետք կարե­լի է սխալ եզրա­կա­ցութեան գալ, թէ «Հայաստանն ու սփիւռքը որպէս մէկ ազգա­յին համա­կարգ» գաղա­փա­րը անի­րա­գործե­լի է:

Այդպի­սի եզրա­կա­ցութիւնը, սակայն, նոյնքան մակե­րե­սա­յին պիտի ըլլար, որքան‘ անքննա­դատ լաւա­տե­սութիւնը:

Խնդի­րը գաղա­փա­րը չէ:

Խնդի­րը այն ձեւն է, որով մենք տարի­ներ շարունակ պատկե­րա­ցուցած ենք այդ գաղա­փա­րը:

Եթէ «մէկ ազգա­յին համա­կարգ» ըսե­լով կը հասկնանք, որ ամբողջ աշխարհի հայե­րը պէտք է ունե­նան մէկ քաղա­քա­կան կարծիք, մէկ ղեկա­վա­րութիւն եւ նոյն առաջնա­հերթութիւննե­րը, ապա այդ նախա­գի­ծը ոչ միայն իրա­տե­սա­կան չէ, այլեւ հակա­սող է հայութեան իրա­կան բազմա­զա­նութեան:

Բայց եթէ «մէկ ազգա­յին համա­կարգ» ըսե­լով կը հասկնանք բազմա­կեդրոն, բայց համա­կարգուած համաշխարհա­յին ցանց մը, ուր Հայաստա­նը կը մնայ ազգա­յին պետա­կա­նութեան առանցքը, իսկ սփիւռքը կը դառնայ գիտա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կութա­յին եւ միջազգա­յին կարո­ղութիւննե­րու կազմա­կերպուած ուժ, ապա այդ նպա­տա­կը ոչ միայն հնա­րաւոր է, այլեւ գուցէ հայութեան գոյա­տեւման միակ իրա­տե­սա­կան ուղին է:

Սակայն այդ ճանա­պարհը պիտի չսկսի նոր կարգա­խօ­սե­րով:

Պիտի չսկսի հերթա­կան համա­ժո­ղո­վով:

Պիտի չսկսի հերթա­կան յայտա­րա­րութեամբ, թէ‘ «Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ են»:

Ան պիտի սկսի այն օրը, երբ հայութիւնը համարձա­կի ընդունիլ, որ ազգա­յին զգա­ցումնե­րը բաւա­րար չեն ազգա­յին համա­կարգ ստեղծե­լու համար:

Պիտի սկսի այն օրը, երբ առաջնա­հերթութիւն տրուի‘ հաստա­տութիւննե­րու կառուցման, երկա­րա­ժամկէտ ռազմա­վա­րութեան մշակման, գիտե­լի­քի համա­կարգման եւ պատասխա­նա­տուութիւննե­րու յստակ բաժանման:

Եւ թերեւս ամե­նա­կա­րեւոր քայլը պիտի ըլլայ ընդունի­լը, որ ազգա­յին միասնութիւնը չի չափուիր այն բանով, թէ քանի՛ անգամ կը կրկնենք «մենք մէկ ազգ ենք»: Ան կը չափուի այն բանով, թէ որքանո՞վ ունինք միա­սին մտա­ծե­լու, անհա­մա­ձայնե­լու, որո­շումներ կայացնե­լու եւ երկա­րա­ժամկէտ նպա­տակներ իրա­կա­նացնե­լու կարո­ղութիւնը:

Վերջա­պէս, գուցէ ամե­նաանհանգստացնող հարցումը հետեւեալն է. արդեօք հայութիւնը իրա­պէս կ՛ուզէ՞ դառնալ մէկ կազմա­կերպուած ազգա­յին համա­կարգ, թէ՞ մեզի աւե­լի կը գոհացնէ այդ գաղա­փա­րին մասին խօսի­լը, քան‘ անոր բոլոր քաղա­քա­կան, կազմա­կերպա­կան եւ բարո­յա­կան հետեւանքնե­րը ստանձնե­լը:

Որովհե­տեւ միասնա­կան ազգա­յին համա­կարգ ունե­նա­լը միայն իրաւունք չէ: Ան նաեւ պարտաւո­րութիւն է: Ան կը պահանջէ‘ ընդհա­նուր պատասխա­նա­տուութիւն, ընդհա­նուր առաջնա­հերթութիւններ, փոխա­դարձ վստա­հութիւն, փոխզի­ջումներ եւ երբեմն ալ‘ սեփա­կան կազմա­կերպա­կան կամ քաղա­քա­կան շահե­րը ենթարկել աւե­լի մեծ ազգա­յին նպա­տակնե­րու:

Ահա հոս է, որ գեղե­ցիկ կարգա­խօ­սը կը դադրի պարզ խօսք ըլլա­լէ եւ կը վերա­ծուի իրա­կան քաղա­քա­կան ընտրութեան:

Եւ թերեւս հայութեան ապա­գան պիտի որո­շուի ոչ թէ այն հարցումին պատասխա­նով, թէ «Հայաստանն ու սփիւռքը մէ՞կ են», որովհե­տեւ պատմա­կան ու մշա­կութա­յին իմաստով այդ հարցումին պատասխա­նը շատոնց տրուած է: Հայութիւնը մէկ ազգ է ոչ այն պատճա­ռով, որ ան ունի միասնա­կան պետա­կան սահմաններ, այլ որովհե­տեւ ան կը կրէ միասնա­կան պատմա­կան յիշո­ղութիւն, քաղա­քակրթա­կան ժառանգութիւն եւ ազգա­յին ինքնա­գի­տակցութիւն: Մեր պատմա­կան եւ աշխարհագրա­կան բազմա­զա­նութիւնը պէտք չէ դիտուի որպէս ազգա­յին բաժա­նում, այլ‘ որպէս համաշխարհա­յին հայկա­կան ներկա­յութեան տարբեր արտա­յայտութիւններ:

Քսանմէ­կե­րորդ դարու հայութեան հիմնա­կան մարտահրաւէ­րը այդ բազմա­զա­նութիւնը մէկ ռազմա­վա­րա­կան ամբողջութեան վերա­ծելն է:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Աղբյուրը՝ https://www.aztagdaily.com/archives/696621?fbclid=IwY2xjawTRsohleHRuA2FlbQIxMABicmlkETFkRk1IOGROOWdUM2FGYzRNc3J0YwZhcHBfaWQQMjIyMDM5MTc4ODIwMDg5MgABHkVOroNRu6t1jyiSdBYqraxqsDTIbNTcFdQc8-qsKihDqHf9uNSeXlNRESe__aem_CkjKyn51IEYWRcuET8SaJA

Առնչվող Հոդվածներ