Արդեօք ամերիկահայ գործարարը, լիբանանահայ դպրոցի տնօրէնը, ֆրանսահայ իրաւաբանը, սիւնեցի սահմանապահ զինուորը եւ Երեւանի երիտասարդ ձեռնարկատէրը պարտաւո՞ր են աշխարհի բոլոր հարցերուն մասին նոյն ձեւով մտածել միայն այն պատճառով, որ հայ են:
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Արդեօք ամբողջ հայութիւնը նո՞յն բանը կ՛ուզէ
Հայկական ազգային մտածողութեան մէջ գոյութիւն ունի մէկ ուրիշ խոր արմատաւորուած համոզում, որ հազուադէպօրէն կը քննուի: Այդ համոզումը այն է, թէ ամբողջ հայութիւնը ունի նոյն ազգային շահերը եւ նոյն պատկերացումը ապագայի մասին: Արտաքին տեսքով այս գաղափարը շատ բնական կը թուի: Ի վերջոյ, հայերը կը պատկանին նոյն պատմութեան, նոյն մշակոյթին եւ նոյն ազգային յիշողութեան:
Բայց ազգը միայն յիշողութիւն չէ: Ազգը նաեւ քաղաքական եւ հասարակական իրականութիւն է: Իսկ քաղաքական իրականութիւնները միշտ ալ տարբեր շահեր կը ստեղծեն:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետութիւն է: Ան պատասխանատու է‘ իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան, տնտեսութեան, սահմաններուն եւ միջազգային յարաբերութիւններուն համար: Պետութիւնը շատ անգամ ստիպուած է ընտրութիւն կատարել ոչ թէ իտէալական, այլ հնարաւոր լուծումներուն միջեւ: Երբեմն արտաքին քաղաքականութեան մէջ փոխզիջումը կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ պետական գոյատեւման համար: Երբեմն տնտեսական շահերը կրնան առաջնահերթ դառնալ զգացական պահանջներէն:

Սփիւռքը, ընդհակառակն, պետութիւն չէ: Ան չունի սահմաններ պաշտպանելու պարտականութիւն: Չունի պետական դրամական միջոցներ, բանակ կամ դիւանագիտական պատասխանատուութիւն: Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն հիմնական առաքելութիւնը իրենց համայնքներու գոյատեւումն է, ազգային ինքնութեան պահպանումը եւ Հայաստանի աջակցութիւնը: Այս պատճառով անոնք շատ անգամ կրնան որդեգրել աւելի սկզբունքային, երբեմն ալ աւելի կտրուկ դիրքեր, որովհետեւ պետական որոշումներու անմիջական հետեւանքները իրենք չեն կրեր:
Այս տարբերութիւնը բնական է, բայց շատ յաճախ կը մոռցուի:
Արդիւնքը այն է, որ ամէն անգամ, երբ Հայաստանի պետական շահերն ու սփիւռքի որոշ հատուածներու ակնկալութիւնները չեն համընկնիր, անմիջապէս կը սկսին փոխադարձ մեղադրանքները: Մէկ կողմը կը մեղադրէ Հայաստանը «ազգային սկզբունքները» զոհաբերելու մէջ, իսկ միւս կողմը կը մեղադրէ սփիւռքը, թէ ան հեռուէն կը խօսի եւ պետական պատասխանատուութիւն չի կրեր:
Այս բանավէճը տարիներ շարունակ կը կրկնուի, որովհետեւ երկու կողմերն ալ կը մեկնին սխալ ենթադրութենէ մը‘ թէ անոնք պարտաւոր են ունենալ նոյն առաջնահերթութիւնները:
Բայց արդեօք ինչո՞ւ:
Արդեօք ամերիկահայ գործարարը, լիբանանահայ դպրոցի տնօրէնը, ֆրանսահայ իրաւաբանը, սիւնեցի սահմանապահ զինուորը եւ Երեւանի երիտասարդ ձեռնարկատէրը պարտաւո՞ր են աշխարհի բոլոր հարցերուն մասին նոյն ձեւով մտածել միայն այն պատճառով, որ հայ են:
Այս սպասումը ոչ միայն իրատեսական չէ, այլ նաեւ‘ հակաժողովրդավարական: Ազգային միասնութիւնը չի նշանակեր քաղաքական միակերպութիւն: Ընդհակառակը, հասուն ազգերը կը սորվին կառավարել իրենց տարբերութիւնները, ոչ թէ‘ վերացնել զանոնք:
Այս տարբերութիւնները, սակայն, չեն ստեղծեր տարբեր ազգեր: Անոնք նոյն ազգին տարբեր հասարակական եւ քաղաքական արտայայտութիւններն են: Ազգային հասունութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ ժողովուրդ մը կը դադրի տարբերութիւնը դիտել որպէս բաժանում եւ կը սկսի զայն վերածել համագործակցութեան աղբիւրի: Հայկական պարագային ալ իրական մարտահրաւէրը միասնական մտածողութիւն պարտադրել չէ, այլ‘ բազմազանութիւնը համադրել մէկ ազգային տեսլականի շուրջ:
Հայկական քաղաքական խօսոյթը երկար տարիներ փորձած է ներկայացնել համաձայնութիւնը իբրեւ միասնութեան նախապայման: Մինչդեռ իրականութեան մէջ ճիշդ հակառակն է: Նախ պէտք է գոյութիւն ունենայ համագործակցութեան մշակոյթ, որմէ ետք միայն կարելի է կառուցել համատեղ որոշումներու համակարգ:
Թերեւս ժամանակն է հրաժարելու այն պատրանքէն, թէ ամբողջ հայութիւնը յաճախ պիտի մտածէ նոյն կերպով: Այդ օրը պիտի չգայ: Բայց այդ նաեւ անհրաժեշտ չէ:
Իսկական մարտահրաւէրը բոլորին նոյն կարծիքը ունենալը չէ: Իսկական մարտահրաւէրը այն է, թէ տարբեր կարծիքներ ունեցող հայերը կրնա՞ն միասին կառուցել ընդհանուր ազգային ռազմավարութիւն:
Այս հարցումին պատասխանելը շատ աւելի կարեւոր է, քան‘ անվերջ կրկնելը, թէ‘ «Մենք մէկ ազգ ենք»:
Ամէնէն մեծ բացակայութիւնը համազգային հաստատութիւններու բացակայութիւնն է:
Եթէ անկեղծ ըլլանք, ապա «Հայաստանն ու սփիւռքը որպէս մէկ ազգային համակարգ» գաղափարին առջեւ կանգնած ամենամեծ խոչընդոտը աշխարհագրական հեռաւորութիւնը չէ, քաղաքական տարակարծութիւնները չեն, կամ նոյնիսկ ձուլումը չէ: Ամէնէն մեծ բացակայութիւնը հաստատութիւններու բացակայութիւնն է:
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ ոչ մէկ ազգ իր երկարաժամկէտ նպատակները իրականացուցած է միայն ազգային զգացումներու կամ բարոյական կոչերու միջոցով: Յաջողած ազգերը ստեղծած են հաստատութիւններ, որոնք շարունակականութիւն ապահոված են‘ քաղաքական փոփոխութիւններէ անկախ: Անոնք կառուցած են այնպիսի կառոյցներ, որոնք չեն գործած միայն ճգնաժամերու ժամանակ, այլ‘ օրական, հետեւողական եւ երկարաժամկէտ կերպով:
Հայկական պարագային պատկերն ամբողջովին տարբեր է:
Ամէն անգամ, երբ Հայաստանը դժուարութեան մէջ կը յայտնուի, ամբողջ սփիւռքը կը համախմբուի: Կը կազմակերպուին‘ դրամահաւաքներ, մարդասիրական նախաձեռնութիւններ, քաղաքական արշաւներ եւ կամաւորական աշխատանքներ: Այս բոլորը հպարտանալու արժանի երեւոյթներ են եւ անոնք բազմիցս ապացուցած են, որ հայ ժողովուրդը դժուար պահերուն ունի համախմբուելու բացառիկ կարողութիւն:
Սակայն նոյն հարցումը կրկին պէտք է տրուի. արդեօք ճգնաժամային համախմբումը բաւակա՞ն է ազգային համակարգ ստեղծելու համար:
Պատասխանը, որքան ալ դժուար ըլլայ ընդունիլը, բացասական է:
Ճգնաժամը չի կրնար դառնալ ազգային կառավարման օրինակ: Ազգ մը, որ միայն վտանգի պահուն կը միաւորուի, բայց խաղաղ ժամանակ չունի համատեղ ռազմավարութիւն, փաստօրէն կը շարունակէ գործել արձագանգելով իրադարձութիւններուն, եւ ոչ թէ‘ կանխատեսելով զանոնք:
Այս առումով, հայութիւնը տակաւին աւելի շատ կը գործէ արձագանգող ազգի տրամաբանութեամբ, քան‘ ռազմավարութիւն մշակող ազգի մտածողութեամբ:
Աւելի մտահոգիչ հարց մը եւս կայ: Մենք շատ կը խօսինք համահայկական համագործակցութեան մասին, բայց իրականութեան մէջ ո՞վ է պատասխանատուն այդ համագործակցութիւնը կազմակերպելու համար:
Կա՞յ արդեօք մարմին մը, ուր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սփիւռքի հիմնական կազմակերպութիւնները, գիտական աշխարհը, տնտեսական ոլորտը եւ երիտասարդ սերունդը միասին կը քննարկեն հայութեան 20–30 տարիներու ռազմավարութիւնը:
Կա՞յ համազգային խորհուրդ մը, որ կանոնաւոր կերպով կը գնահատէ‘ ժողովրդագրական փոփոխութիւնները, կրթական վիճակը, լեզուի պահպանման աստիճանը, տնտեսական ներուժը կամ աշխարհաքաղաքական զարգացումները:
Կա՞յ այնպիսի կառոյց մը, որ ոչ միայն կ՛արձագանգէ իրադարձութիւններուն, այլ նաեւ կը մշակէ ապագայի ծրագիրներ եւ ազգային քաղաքականութիւններ:
Իրականութիւնը ցաւալի է. նման համակարգ գրեթէ գոյութիւն չունի:
Կան‘ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, բարեսիրական հիմնադրամներ, կուսակցութիւններ, եկեղեցական հաստատութիւններ, կրթական եւ մշակութային կառոյցներ: Անոնցմէ շատերը հսկայական աշխատանք կը կատարեն: Բայց այս բազմազանութիւնը ինքնաբերաբար համակարգ չի ստեղծեր: Շատ յաճախ այդ կառոյցները կը գործեն իրարմէ անկախ, երբեմն նոյնիսկ‘ իրարու հետ մրցակցելով: Անոնք տարբեր առաջնահերթութիւններ ունին, տարբեր օրակարգեր եւ տարբեր պատկերացումներ հայութեան ապագային մասին:
Արդիւնքը այն է, որ մենք ունինք հարուստ կազմակերպական կեանք, բայց չունինք միասնական ազգային կառավարման ճարտարապետութիւն:
Այս կէտին պէտք է համարձակիլ բարձրաձայնելու մէկ այլ զգայուն հարց:
Տասնամեակներ շարունակ հայութիւնը շփոթած է բարեգործութիւնը ռազմավարութեան հետ:
Բարեգործութիւնը անհրաժեշտ է: Անիկա բազմաթիւ պարագաներու փրկած է‘ հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ եւ նոյնիսկ ամբողջ համայնքներ: Սակայն բարեգործութիւնը չի կրնար փոխարինել ազգային քաղաքականութիւնը:
Դրամահաւաք կազմակերպելը ազգային ռազմավարութիւն չէ:
Դպրոց մը կառուցելը ինքնին կրթական քաղաքականութիւն չէ:
Մէկ գործարարի ներդրումը տնտեսական համակարգ չի ստեղծեր:
Յաջողած անհատներու գոյութիւնը գիտական քաղաքականութիւն չի նշանակեր:
Այս բոլորը կարեւոր դրուագներ են, բայց անոնք ամբողջ պատկերը չեն կազմեր:
Ազգային ռազմավարութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ այս բոլոր նախաձեռնութիւնները կը դադրին առանձին կղզիներ ըլլալէ եւ կը սկսին ծառայել ընդհանուր, նախապէս համաձայնեցուած նպատակներու:
Արդեօք Հայաստանը կրնա՞յ առաջնորդել ամբողջ հայութիւնը:
Այս հարցումը երկար ժամանակ գրեթէ արգիլուած թեմա եղած է: Շատեր ինքնաբերաբար կ՛ենթադրեն, որ քանի Հայաստանը ազգային պետականութիւնն է, ուրեմն բնականաբար պէտք է ըլլայ նաեւ ամբողջ հայութեան առաջնորդը:
Բայց քաղաքական իրականութիւնը շատ աւելի բարդ է:
Պետութիւնը իրաւական իշխանութիւն ունի միայն իր քաղաքացիներուն նկատմամբ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատասխանատու է Հայաստանի քաղաքացիներուն առջեւ, ոչ թէ‘ ամբողջ աշխարհի հայութեան: Անոր կառավարութիւնները կու գան ու կ՛երթան ընտրութիւններու միջոցով, իսկ սփիւռքի մեծամասնութիւնը այդ գործընթացին չի մասնակցիր:
Այս պատճառով ալ կը ծագի բարդ հարց մը.ի՞նչ չափով կրնայ Հայաստանի որեւէ կառավարութիւն ներկայացնել ամբողջ հայ ժողովուրդի կամքը:
Միւս կողմէ‘ արդեօք սփիւռքը ունի՞ այն ժողովրդավարական օրինականութիւնը (legitimacy), որ Հայաստանի անունով խօսի:
Պատասխանը դարձեալ բացասական է:
Ահա թէ ինչո՛ւ «Ո՞վ կը ներկայացնէ ամբողջ հայութիւնը» հարցումը տակաւին անպատասխան կը մնայ:
Գուցէ խնդիրը այն չէ, որ չունինք պատասխան: Գուցէ խնդիրը այն է, որ երբեք լրջօրէն չենք փորձած այդ պատասխանը գտնել:
Մենք աւելի շատ նախընտրած ենք պահել ստեղծագործ անորոշութիւնը: Ամէն կողմ ինքզինք որոշ չափով ներկայացուցած է ամբողջութեան անունով, բայց իրականութեան մէջ ոչ ոք ունի այդ լիազօրութիւնը:
Այս անորոշութիւնը որոշ ժամանակ կրնայ գործել, բայց երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ անիկա կը դառնայ ազգային զարգացման արգելք:

Հնարաւո՞ր է իրական համաշխարհային հայկական համակարգ:
Այս ամբողջ քննադատութենէն ետք կարելի է սխալ եզրակացութեան գալ, թէ «Հայաստանն ու սփիւռքը որպէս մէկ ազգային համակարգ» գաղափարը անիրագործելի է:
Այդպիսի եզրակացութիւնը, սակայն, նոյնքան մակերեսային պիտի ըլլար, որքան‘ անքննադատ լաւատեսութիւնը:
Խնդիրը գաղափարը չէ:
Խնդիրը այն ձեւն է, որով մենք տարիներ շարունակ պատկերացուցած ենք այդ գաղափարը:
Եթէ «մէկ ազգային համակարգ» ըսելով կը հասկնանք, որ ամբողջ աշխարհի հայերը պէտք է ունենան մէկ քաղաքական կարծիք, մէկ ղեկավարութիւն եւ նոյն առաջնահերթութիւնները, ապա այդ նախագիծը ոչ միայն իրատեսական չէ, այլեւ հակասող է հայութեան իրական բազմազանութեան:
Բայց եթէ «մէկ ազգային համակարգ» ըսելով կը հասկնանք բազմակեդրոն, բայց համակարգուած համաշխարհային ցանց մը, ուր Հայաստանը կը մնայ ազգային պետականութեան առանցքը, իսկ սփիւռքը կը դառնայ գիտական, տնտեսական, մշակութային եւ միջազգային կարողութիւններու կազմակերպուած ուժ, ապա այդ նպատակը ոչ միայն հնարաւոր է, այլեւ գուցէ հայութեան գոյատեւման միակ իրատեսական ուղին է:
Սակայն այդ ճանապարհը պիտի չսկսի նոր կարգախօսերով:
Պիտի չսկսի հերթական համաժողովով:
Պիտի չսկսի հերթական յայտարարութեամբ, թէ‘ «Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ են»:
Ան պիտի սկսի այն օրը, երբ հայութիւնը համարձակի ընդունիլ, որ ազգային զգացումները բաւարար չեն ազգային համակարգ ստեղծելու համար:
Պիտի սկսի այն օրը, երբ առաջնահերթութիւն տրուի‘ հաստատութիւններու կառուցման, երկարաժամկէտ ռազմավարութեան մշակման, գիտելիքի համակարգման եւ պատասխանատուութիւններու յստակ բաժանման:
Եւ թերեւս ամենակարեւոր քայլը պիտի ըլլայ ընդունիլը, որ ազգային միասնութիւնը չի չափուիր այն բանով, թէ քանի՛ անգամ կը կրկնենք «մենք մէկ ազգ ենք»: Ան կը չափուի այն բանով, թէ որքանո՞վ ունինք միասին մտածելու, անհամաձայնելու, որոշումներ կայացնելու եւ երկարաժամկէտ նպատակներ իրականացնելու կարողութիւնը:
Վերջապէս, գուցէ ամենաանհանգստացնող հարցումը հետեւեալն է. արդեօք հայութիւնը իրապէս կ՛ուզէ՞ դառնալ մէկ կազմակերպուած ազգային համակարգ, թէ՞ մեզի աւելի կը գոհացնէ այդ գաղափարին մասին խօսիլը, քան‘ անոր բոլոր քաղաքական, կազմակերպական եւ բարոյական հետեւանքները ստանձնելը:
Որովհետեւ միասնական ազգային համակարգ ունենալը միայն իրաւունք չէ: Ան նաեւ պարտաւորութիւն է: Ան կը պահանջէ‘ ընդհանուր պատասխանատուութիւն, ընդհանուր առաջնահերթութիւններ, փոխադարձ վստահութիւն, փոխզիջումներ եւ երբեմն ալ‘ սեփական կազմակերպական կամ քաղաքական շահերը ենթարկել աւելի մեծ ազգային նպատակներու:
Ահա հոս է, որ գեղեցիկ կարգախօսը կը դադրի պարզ խօսք ըլլալէ եւ կը վերածուի իրական քաղաքական ընտրութեան:
Եւ թերեւս հայութեան ապագան պիտի որոշուի ոչ թէ այն հարցումին պատասխանով, թէ «Հայաստանն ու սփիւռքը մէ՞կ են», որովհետեւ պատմական ու մշակութային իմաստով այդ հարցումին պատասխանը շատոնց տրուած է: Հայութիւնը մէկ ազգ է ոչ այն պատճառով, որ ան ունի միասնական պետական սահմաններ, այլ որովհետեւ ան կը կրէ միասնական պատմական յիշողութիւն, քաղաքակրթական ժառանգութիւն եւ ազգային ինքնագիտակցութիւն: Մեր պատմական եւ աշխարհագրական բազմազանութիւնը պէտք չէ դիտուի որպէս ազգային բաժանում, այլ‘ որպէս համաշխարհային հայկական ներկայութեան տարբեր արտայայտութիւններ:
Քսանմէկերորդ դարու հայութեան հիմնական մարտահրաւէրը այդ բազմազանութիւնը մէկ ռազմավարական ամբողջութեան վերածելն է:
(Շար. 2 եւ վերջ)
