23.5 C
Yerevan

Մեկ Ազգ, Բայց Մեկ Համակա՞րգ

Թերեւս ամէ­նէն կարեւոր հարցե­րէն մէկը հետեւեալն է. «Հայաստանն ու սփիւռքը‘ որպէս մէկ ազգա­յին համա­կարգ» գաղա­փա­րը արդեօք իրապէ՞ս իրա­գործե­լի ռազմա­վա­րա­կան նախա­գիծ մըն է, թէ՞ անի­կա գեղե­ցիկ, բայց անո­րոշ պատկե­րա­ցում մըն է։

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Հայ ժողո­վուրդին մասին խօսող գրե­թէ իւրա­քանչիւր քաղա­քա­կան գործիչ, մտաւո­րա­կան, եկե­ղե­ցա­կան կամ համայնքա­յին ղեկա­վար, ուշ կամ կանուխ, կը հասնի նոյն եզրա­կա­ցութեան. «Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ են», «Հայութիւնը մէկ ազգ է», «Պէտք է ստեղծել համաշխարհա­յին հայկա­կան միասնա­կան համա­կարգ»: Այս արտա­յայտութիւննե­րը տասնա­մեակներ շարունակ այնքան շատ կրկնուած են, որ անոնք այլեւս գրե­թէ վերա­ծուած են ազգա­յին համո­զումնե­րու, որոնց ճշմարտա­ցիութիւնը ոչ ոք կը փորձէ ստուգել: Անոնք կ՛ընդունուին իբրեւ ինքնին ակնյայտ իրա­կա­նութիւններ, ոչ թէ‘ իբրեւ գաղա­փարներ, որոնք պէտք է քննուին, վիճարկուին եւ փորձարկուին:

Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ ազգե­րու ապա­գան երբեք չէ կառուցուած գեղե­ցիկ կարգա­խօ­սե­րով: Կարգա­խօ­սե­րը կրնան ոգեւո­րել, յուզել եւ նոյնիսկ ժամա­նա­կաւոր կերպով համախմբել, բայց չեն կրնար փոխա­րի­նել ռազմա­վա­րութիւնը: Ազգա­յին գոյա­տեւումը եւ զարգա­ցումը հիմնուած են ոչ թէ հռե­տո­րա­բա­նութեան, այլ իրա­տես գնա­հա­տա­կաննե­րու, երկա­րա­ժամկէտ ծրագրաւորման եւ ամուր հաստա­տութիւննե­րու վրայ: Հետեւա­բար, եթէ իսկա­պէս կը մտա­հո­գուինք հայութեան ապա­գա­յով, առա­ջին պարտա­կա­նութիւնը ոչ թէ նոր կարգա­խօ­սեր ստեղծելն է, այլ տարի­ներ շարունակ կրկնուած կարգա­խօ­սե­րը քննա­դա­տա­կան հայեացքով վերա­նա­յիլ է:

Այսօր թերեւս ամէ­նէն կարեւոր հարցե­րէն մէկը հետեւեալն է. «Հայաստանն ու սփիւռքը‘ որպէս մէկ ազգա­յին համա­կարգ» գաղա­փա­րը արդեօք իրապէ՞ս իրա­գործե­լի ռազմա­վա­րա­կան նախա­գիծ մըն է, թէ՞ անի­կա գեղե­ցիկ, բայց անո­րոշ պատկե­րա­ցում մըն է, որ աւե­լի շատ կը բաւա­րա­րէ մեր ազգա­յին զգա­ցումնե­րը, քան կը լուծէ մեր ազգա­յին խնդիրնե­րը:

Այս հարցումը շատեր կրնան ընկա­լել որպէս չափա­զանց կասկա­ծա­միտ կամ նոյնիսկ վտանգաւոր: Հայկա­կան հասա­րա­կա­կան մտա­ծո­ղութեան մէջ գոյութիւն ունի այնպի­սի մթնո­լորտ, որուն մէջ ազգա­յին միասնութեան գաղա­փա­րը գրե­թէ սրբա­ցուած է: Շատ անգամ կը ստեղծուի այն տպաւո­րութիւնը, թէ այս գաղա­փա­րին շուրջ հարցումներ ուղղե­լը ինքնին ազգա­յին համե­րաշխութիւնը կասկա­ծի տակ առնել կը նշա­նա­կէ: Սակայն իրա­կա­նութիւնը հակա­ռակն է: Ազգ մը, որ չի համարձա­կիր իր հիմնա­կան գաղա­փարնե­րը վերաքննել, դատա­պարտուած է շարունա­կե­լու նոյն սխալնե­րը‘ նոր անուննե­րով:

Հարցումը, հետեւա­բար, միասնութեան դէմ չէ: Ընդհա­կա­ռա­կը, հարցումը այն է, թէ ո՞ր միասնութեան մասին կը խօսինք: Որովհե­տեւ առանց այդ հարցումին պատասխա­նե­լու, «միասնութիւն» բառը կը դառնայ ամէն ինչ եւ միա­ժա­մա­նակ‘ ոչինչ:

Արդեօք կը խօսինք մշակութայի՞ն միասնութեան մասին: Այդ պարա­գա­յին կարե­լի է հաստա­տել, որ նման միասնութիւն մեծաւ մասամբ գոյութիւն ունի: Անկախ աշխարհագրա­կան հեռաւո­րութիւննե­րէն, հայե­րը‘ իբրեւ մէկ ազգ, կը շարունա­կեն պահպա­նել‘ ընդհա­նուր պատմա­կան յիշո­ղութիւն, ազգա­յին խորհրդա­նիշներ, մշա­կութա­յին ժառանգութիւն եւ տարբեր աստի­ճաննե­րով‘ լեզուա­կան ու կրօ­նա­կան ինքնութիւն:

Բայց եթէ կը խօսինք քաղա­քա­կան միասնութեան մասին, պատկե­րը բոլո­րո­վին տարբեր է: Իսկ եթէ նկա­տի ունինք հաստա­տութե­նա­կան (institutional) միասնութիւն, ապա ստի­պուած ենք ընդունե­լու, որ այդպի­սի համա­կարգ այսօր գոյութիւն չունի: Եթէ վերջա­պէս խօսքը համազգա­յին ռազմա­վա­րութեան մասին է, ապա պէտք է ազնուօ­րէն խոստո­վա­նինք, որ տակաւին չենք համա­ձայնած նոյնիսկ այն հարցին շուրջ, թէ որո՛նք են ամբողջ հայութեան ընդհա­նուր ազգա­յին առաջնա­հերթութիւննե­րը:

Այս պարզ տարբե­րութիւննե­րը յաճախ անտե­սուած են հայկա­կան քաղա­քա­կան քննարկումնե­րուն մէջ: «Միասնութիւն» բառը դարձած է կախարդա­կան արտա­յայտութիւն մը, որուն մէջ ամէն մարդ իր նախընտրած իմաստը կը դնէ: Մէկուն համար անի­կա կը նշա­նա­կէ Հայաստան տեղա­փո­խուիլ, ուրի­շին համար‘ դրա­մա­հաւաք կազմա­կերպել, երրորդին համար‘ քաղա­քա­կան լոպիինկ, չորրորդին համար‘ հայրե­նա­սի­րա­կան երգեր երգել կամ հայկա­կան դպրոց պահել: Այս բոլո­րը, անկասկած, ազգա­յին արժէք ունին, բայց միա­սին չեն կազմեր ազգա­յին համա­կարգ:

Հո՛ս է, որ կը գտնուի ամբողջ խնդի­րը: Մենք տարի­ներ շարունակ կը խօսինք միասնութեան մասին‘ առանց երբեք համա­ձայնե­լու, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ այդ միասնութիւնը:

Կարգա­խօս մը, զոր բոլո­րը կը կրկնեն, բայց ոչ ոք կը սահմա­նէ

Թերեւս հայկա­կան ազգա­յին մտա­ծո­ղութեան մեծա­գոյն թուլութիւննե­րէն մէկը այն է, որ մենք սիրած ենք մեծ գաղա­փարներ հռչա­կել, բայց շատ աւե­լի քիչ ուշադրութիւն դարձուցած ենք անոնց բովանդա­կութեան: «Հայաստան-սփիւռք միասնութիւն» գաղա­փա­րը ասոր ամէ­նէն ցայտուն օրի­նակն է:

Տասնա­մեակներ շարունակ այս արտա­յայտութիւնը կը կրկնուի քաղա­քա­կան ճառե­րու, կուսակցա­կան համա­գումարնե­րու, համա­հայկա­կան ժողովնե­րու եւ պետա­կան յայտա­րա­րութիւննե­րու մէջ: Բայց եթէ փորձենք գտնել այս գաղա­փա­րին յստակ սահմա­նումը, կը նկա­տենք, որ գրե­թէ ամէն մարդ տարբեր բան կը հասկնայ անոր տակ:

Ոմանց համար այս միասնութիւնը բարե­սի­րութիւնն է: Այսինքն սփիւռքը պէտք է շարունա­կէ տնտե­սա­կան աջակցութիւն տրա­մադրել Հայաստա­նին, իսկ Հայաստա­նը երախտա­գի­տութիւն արտա­յայտէ:

Ուրիշնե­րու համար միասնութիւնը կը նշա­նա­կէ, որ սփիւռքը պէտք է անվե­րա­պա­հօ­րէն պաշտպա­նէ Հայաստա­նի կառա­վա­րութեան քաղա­քա­կա­նութիւնը‘ անկախ իշխա­նութիւննե­րու փոփո­խութե­նէն:

Կան նաեւ անոնք, որոնք կը պատկե­րացնեն համաշխարհա­յին հայկա­կան խորհրդա­րան, համազգա­յին կառա­վա­րում կամ նոր տեսա­կի համա­հայկա­կան ներկա­յա­ցուցչա­կան մարմին:

Իսկ շատեր ընդհանրա­պէս երբեք չեն մտա­ծած, թէ այս արտա­յայտութիւնը ինչպի­սի՛ գործնա­կան հետեւանքներ պիտի ունե­նայ:

Այս անո­րո­շութիւնը վտանգաւոր է, որովհե­տեւ քաղա­քա­կան մտա­ծո­ղութեան մէջ անո­րոշ գաղա­փարնե­րը սովո­րա­բար կը վերա­ծուին անի­րա­գործե­լի ծրա­գիրնե­րու: Չի կրնար գոյութիւն ունե­նալ ռազմա­վա­րութիւն մը, երբ ռազմա­վա­րութեան հիմնա­կան հասկա­ցո­ղութիւննե­րը դեռ չեն սահմա­նուած:

Աւե­լի մտա­հո­գի­չը այն է, որ հայկա­կան իրա­կա­նութեան մէջ յաճախ կը շփո­թուին չորս բոլո­րո­վին տարբեր հասկա­ցո­ղութիւններ‘ ազգա­յին ինքնութիւնը, ազգա­յին համե­րաշխութիւնը, ազգա­յին համա­գործակցութիւնը եւ ազգա­յին կառա­վա­րումը:

Ազգա­յին ինքնութիւնը կը նշա­նա­կէ, որ մարդիկ իրենք իրենց հայ կը զգան: Ազգա­յին համե­րաշխութիւնը կը նշա­նա­կէ, որ դժուար պահե­րուն իրա­րու կողքին կը կանգնին: Ազգա­յին համա­գործակցութիւնը կը նշա­նա­կէ, որ տարբեր կառոյցներ միա­սին կ՛աշխատին որոշ նպա­տակնե­րու շուրջ: Իսկ ազգա­յին համա­կարգը կը նշա­նա­կէ կազմա­կերպուած կառուցուածք, ուր գոյութիւն ունին պատասխա­նա­տուութիւններ, որո­շումնե­րու գործե­լա­կերպեր, առաջնա­հերթութիւններ եւ երկա­րա­ժամկէտ ռազմա­վա­րութիւն:

Սակայն հայկա­կան խօսոյթին մէջ այս բոլոր մակարդակնե­րը յաճախ կը ներկա­յա­ցուին որպէս նոյն երեւոյթը: Կարծես այն փաստը, որ աշխարհի տարբեր ծագե­րու հայե­րը նոյն օրը կը նշեն ապրիլ 24‑ը կամ կը հանգա­նա­կեն համազգա­յին աղէ­տի մը ընթացքին, ինքնա­բե­րա­բար կը նշա­նա­կէ, թէ գոյութիւն ունի նաեւ միասնա­կան ազգա­յին համա­կարգ:

Ասի­կա վտանգաւոր շփո­թութիւն է

Զգա­ցա­կան համախմբումը երբեք չէ փոխա­րի­նած հաստա­տութե­նա­կան (Institutional) կազմա­կերպուա­ծութիւնը: Ոչ մէկ ժողո­վուրդ իր ապա­գան կառուցած է միայն ընդհա­նուր յիշո­ղութեան կամ հայրե­նա­սի­րա­կան զգա­ցումնե­րու վրայ: Անոնք ստեղծած են հաստա­տութիւններ, կանոններ, պատասխա­նա­տուութիւններ եւ որո­շումնե­րու ընթա­ցա­կարգեր: Միայն այդ ժամա­նակ ազգա­յին ինքնութիւնը վերա­ծուած է քաղա­քա­կան եւ ռազմա­վա­րա­կան ուժի:

Հետեւա­բար, երբ մենք կը կրկնենք, թէ «Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ են», իրա­կան հարցումը պէտք է ըլլայ ոչ թէ‘ «Արդեօք մենք նոյն ազգին կը պատկանի՞նք», որովհե­տեւ այդ մասին գրե­թէ ոչ ոք կը վիճա­բա­նի: Իրա­կան հարցումը հետեւեալն է. արդեօք մենք ունի՞նք այն կառոյցնե­րը, այն վստա­հութիւնը, այն քաղա­քա­կան մշա­կոյթը եւ այն ընդհա­նուր պատասխա­նա­տուութիւնը, որոնք մէկ ազգը կը վերա­ծեն գործող ազգա­յին համա­կարգի:

Եւ եթէ այս հարցումին պատասխա­նը այսօր բացա­սա­կան է, ապա գուցէ ժամա­նակն է դադրե­լու յայտա­րա­րե­լէ, թէ արդէն ունինք այն, ինչ որ իրա­կա­նութեան մէջ տակաւին չենք ստեղծած:

Սփիւռքը գոյութիւն ունի՞ որպէս մէկ ազգա­յին դերա­կա­տար

«Հայաստան-սփիւռք» յարա­բե­րութիւննե­րուն շուրջ ամէ­նէն շատ գործա­ծուած բառե­րէն մէկը «սփիւռք»-ն է: Մենք այնքան վարժ ենք այս բառին, որ գրե­թէ երբեք չենք հարցներ, թէ իրա­կա­նութեան մէջ որո՞ւ մասին կը խօսինք: Կարծես գոյութիւն ունի մէկ միասնա­կան սփիւռք, որ ունի մէկ ձայն, մէկ կամք, մէկ քաղա­քա­կան մտա­ծո­ղութիւն եւ մէկ ազգա­յին ծրա­գիր: Բայց արդեօք այդպէ՞ս է:

Իրա­կա­նութեան մէջ «Սփիւռք» հասկա­ցո­ղութիւնը աւե­լի շատ հաւա­քա­կան անուն մըն է, քան‘ միասնա­կան քաղա­քա­կան իրա­կա­նութիւն: Անի­կա կը ներա­ռէ տասնեակ երկիրնե­րու մէջ ապրող համայնքներ, որոնք ձեւաւո­րուած են բոլո­րո­վին տարբեր պատմա­կան, քաղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ մշա­կութա­յին պայմաննե­րու մէջ: Ամե­րի­կա­հա­յութիւնը տարբեր փորձա­ռութիւն ունի, քան‘ լիբա­նա­նա­հա­յութիւնը: Ֆրանսա­հա­յութեան ազգա­յին գործունէութիւնը տարբեր հիմքե­րու վրայ զարգա­ցած է, քան‘ ռուսա­հա­յութեան: Արժանթի­նի, Քանա­տա­յի, Աւստրա­լիոյ կամ Իրա­նի հայ համայնքնե­րը նոյնիսկ ազգա­յին ինքնութեան պահպանման տարբեր ձեւեր մշա­կած են, որովհե­տեւ անոնց դիմաց կանգնած մարտահրաւէրնե­րը նոյնը չեն:

Ասի­կա պարզ աշխարհագրա­կան տարբե­րութիւն չէ: Անի­կա տարբեր քաղա­քա­կան մտա­ծո­ղութիւն կը ստեղծէ:

Լիբա­նա­նա­հա­յուն համար քաղա­քա­կան մասնակցութիւնը ազգա­յին գոյա­տեւման մաս կազմած է: Ֆրանսա­հա­յուն համար առաջնա­հերթութիւն կրնայ ըլլալ Ցեղասպա­նութեան ճանաչման քաղա­քա­կան պայքա­րը: Ամե­րի­կա­հայ կազմա­կերպութիւննե­րուն համար ազդե­ցիկ լոպիինկը բնա­կան գործե­լա­կերպ է: Ռուսա­հայ գործա­րա­րին առաջնա­հերթութիւննե­րը կրնան բոլո­րո­վին տարբեր ըլլալ‘ պայմա­նաւո­րուած  Ռուսիոյ քաղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան միջա­վայրով:

Այս բոլո­րը բնա­կան են: Անբնա­կա­նը այն ակնկա­լութիւնն է, թէ այս բոլոր տարբեր իրա­կա­նութիւննե­րը պէտք է ինքնա­բե­րա­բար ձեւաւո­րեն մէկ քաղա­քա­կան կամք:

Շատ յաճախ, երբ Հայաստա­նէն կը խօսին «սփիւռքի կարծի­քին» մասին, հարց չի տրուիր, թէ ո՞ր սփիւռքին մասին է խօսքը: Ո՞վ ունի ամբողջ սփիւռքին անունով խօսե­լու իրաւա­սութիւն: Արդեօք մեծ կազմակերպութիւննե՞րը: Եկեղեցինե՞րը: Բարե­գործա­կան հաստատութիւննե՞րը: Կուսակցութիւննե՞րը: Գործարարնե՞րը: Մտաւորականնե՞րը: Թէ՞ նոր սերունդը, որ յաճախ բոլո­րո­վին տարբեր պատկե­րա­ցում ունի ազգա­յին ինքնութեան մասին:

Այս հարցումնե­րուն յստակ պատասխան գոյութիւն չունի

Ասի­կա կը նշա­նա­կէ, որ հայկա­կան քաղա­քա­կան մտա­ծո­ղութիւնը տարի­ներ շարունակ հիմնուած է որոշ չափով վտանգաւոր ենթադրութեան մը վրայ, թէ‘ գոյութիւն ունի միասնա­կան սփիւռք, որուն հետ Հայաստա­նը կրնայ խօսիլ իբրեւ մէկ քաղա­քա­կան գործընկեր: Իրա­կա­նութեան մէջ Հայաստա­նը ոչ թէ մէկ սփիւռքի, այլ բազմա­թիւ հայկա­կան աշխարհնե­րու հետ գործ ունի, որոնց միջեւ երբեմն նոյնքան մեծ տարբե­րութիւններ կան, որքան‘ Հայաստա­նի եւ այդ համայնքնե­րուն միջեւ:

Թերեւս ժամա­նակն է ընդունե­լու, որ «սփիւռք» բառը ինքնին կրնայ մոլո­րեցնող ըլլալ: Անի­կա կը ստեղծէ այն տպաւո­րութիւնը, թէ աշխարհի բոլոր հայկա­կան համայնքնե­րը կը կազմեն մէկ կազմա­կերպուած ամբողջութիւն, մինչդեռ իրա­կա­նութիւնը աւե­լի կը նմա­նի իրա­րու կապուած, բայց ոչ համա­կարգուած ցանցի: Այդ ցանցին մէջ գոյութիւն ունի համա­գործակցութիւն, բայց չկայ միասնա­կան ղեկա­վա­րում: Գոյութիւն ունի ազգա­յին համակրանք, բայց ոչ‘ ընդհա­նուր ռազմա­վա­րութիւն: Գոյութիւն ունին բազմա­թիւ յաջող նախա­ձեռնութիւններ, բայց չկայ զանոնք համադրող ազգա­յին կեդրոն:

Այս իրո­ղութիւնը ընդունի­լը պարտութիւն չէ: Ընդհա­կա­ռա­կը, անի­կա առա­ջին քայլն է աւե­լի իրա­տես մտա­ծո­ղութեան, որովհե­տեւ մինչեւ չընդունինք, որ սփիւռքը բազմա­կեդրոն իրա­կա­նութիւն է, պիտի շարունա­կենք փորձել լուծել գոյութիւն չունե­ցող խնդիրներ եւ անտե­սել իրա­կաննե­րը:

(Շար. 1)

Աղբյուրը՝ https://www.aztagdaily.com/archives/696511?fbclid=IwdGRjcATPDZJjbGNrBM8Nh2V4dG4DYWVtAjExAHNydGMGYXBwX2lkDDM1MDY4NTUzMTcyOAABHrI-E1YT2DPK0arDAUjIwGipvBJ6Uxc7VlAav23mYMZwge94T6kOC2M37HLS_aem_05m3YyTcyfkwB1ByrtX2BQ

Առնչվող Հոդվածներ