Առանց պատերազմի հող յանձնելը համազօր էր դաւաճանութեան, իսկ պատերազմը յաջողութեամբ կամ նուազագոյն վնասներով աւարտելու միակ միջոցը մեր Ռուս դաշնակցի վճռական օժանդակութիւնն էր։ Սակայն, մեր դաշնակցի համար, մեր յաջողութիւնը կ՛ենթադրէր իր իսկ ծրագրի տապալումը։
Ռուբէն Գարագաշեան
Քոչարեանը իր անցեալով փաստած է թէ ինքը այդ ուժը չէ։ Ան եթէ ստանձնէ երկրի ղեկը, պիտի ձգտի ոչ թէ նուազեցնել մեր կախուածութիւնը Ռուսէն, այլ խորացնել մեր ենթակայութիւնը անոր, եւ պիտի վերադարձնէ Հայաստանը իր նախագահական շրջանի բռնապետական եւ գողական համակարգին, որովհետեւ, անկախ իր կամքէն, միայն նման դիւրին կառավարելի համակարգն է ձեռնտու իր Ռուս հովանաւորին։ Ռուսը կ՛ուզէ Հայաստան մը իր պատկերով, եւ որքան խորանան մեր յարաբերութիւնները Ռուսի հետ այնքան պիտի նոյնանան մեր բարքերը հոն տիրող բարքերուն հետ։ Գուցէ կարելի է Քոչարեանի ղեկավարութեամբ, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ վերագտնել որոշ կայունութիւն եւ անվտանգութեան պատրանք, սակայն այդ կարճաժամկէտ առաւելութեան համար մենք մէկ անգամ ընդմիշտ պիտի զոհենք ինքնիշխան եւ հզօր պետութիւն կերտելու որեւէ յոյս եւ պիտի ընտրենք դանդաղ բայց հաստատ մահուան ճանապարհը իբրեւ ազգային պետականութիւն։
Ռուս-Թրքական աքցանը գուցէ տանելի էր սովետական շրջանի Ռուս-Թուրք թշնամական յարաբերութիւններու ժամանակահատուածին, սակայն ներկայ քաղաքական սիրաբանութեան եւ համագործակցութեան ֆոնին, այն յղի է մեզ համար լրջագոյն վտանգներով։
Պէտք է գիտակցինք թէ այն ինչ պատահեցաւ մեզ հետ, պարզապէս Ռուս-Թրքական համաձայնութիւնը մարմնաւորող Լաւրովեան ծրագրի պարտադիր գործադրումն էր։ Այդ ծրագիրը մեզմէ կը պահանջէր վերադարձնել 7 ազատագրուած շրջաններ, եւ կը հետապնդէր Ռուս «խաղաղապահներու» տեղադրումը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ բացումը, Սիւնիքի վրայով, Ատրպէյճանը Թուրքիոյ կապող ճանապարհի մը։ Այդ ծրագիրը պիտի իրականացուէր այսպէս կամ այնպէս, եւ անկախ անկէ թէ որու ձեռքին էր Հայաստանի իշխանութիւնը։ Առանց պատերազմի հող յանձնելը համազօր էր դաւաճանութեան, իսկ պատերազմը յաջողութեամբ կամ նուազագոյն վնասներով աւարտելու միակ միջոցը մեր Ռուս դաշնակցի վճռական օժանդակութիւնն էր։ Սակայն, մեր դաշնակցի համար, մեր յաջողութիւնը կ՛ենթադրէր իր իսկ ծրագրի տապալումը։ Այդ ծրագրի իրականացման համար պէտք էր որ Հայաստանը պարտուի, եւ որ այդ պարտութիւնը ըլլայ այնքան ցաւոտ ու նուաստացուցիչ, որ ժողովուրդը իր իսկ ընտրած իշխանութեան դէմ ըմբոստանայ։
Այն ինչ այսօր կը պատահի Սիւնիքի մէջ եւ կամ գերիներու հարցով, պարզապէս մեր ժողովուրդը ահաբեկելու ռուսական քաղաքականութիւն է, միտուած ներկայ իշխանութեան վարկանիշը նուազեցնելու եւ Քոչարեանի վարկանիշը բարձրացնելու, համոզելով ժողովուրդը որ միայն Քոչարեանի վերադարձով է որ կարելի կ՛ըլլայ լուծել այդ հարցերը։ Յստակ է, որ այսօր Հայաստանը ի վիճակի չէ այդ հարցերը լուծել միայնակ, անկախ անկէ թէ ով է իշխանութեան ղեկին։ Միայն Ռուսը կրնայ լուծումներ պարտադրել Ատրպէյճանին, եւ այդ լուծումները յետաձգելու միակ նպատակը իր նախընտրած թեկնածուին յաջողութիւնը ապահովելն է։ Եթէ Ատրպէյճանի Սիւնիք կամ Ստէփանակերտ գրաւելը ընդունելի ըլլար Ռուսին, մենք արդէն կորսնցուցած կ՛ըլլայինք այդ երկուքը, որովհետեւ մեր բանակը այսօր ոչ առարկայական եւ ոչ ալ հոգեբանական կարողութիւնը ունի յաջող դիմադրութիւն կազմակերպելու։ Իսկ Ռուսը չ՛ուզեր ոչ Արցախը գրաւուի, ոչ ալ Սիւնիքը, մեկնած ոչ թէ հայ ժողովուրդի շահերէն, այլ ինքն իր շահերէն։
Կարելի է այսօր Նիկոլին կոչել դաւաճան եւ դատապարտել զինք պատերազմի գնալու որոշումին համար։ Սակայն եթէ մենք չէինք ուզեր յանձնել այդ հողերը, պէտք է երեսուն տարի պատրաստուած ըլլայինք պատերազմի, որպէսզի թշնամին հասկնար որ կարելի չէ հարցը լուծել ուժով։ Փոխարէնը, մենք այդ երեսուն տարին մսխեցինք յանցաւոր դաւաճանութեամբ, եւ դատարկ լոզունքներով ու կենացներով փորձեցինք կերտել մարտունակ բանակի պատրանք։ Հետեւաբար այսօր չփորձենք այս ահաւոր աղէտի ողջ պատասխանատուութիւնը բերցնել մէկ հոգու ուսերուն։ Այդ մէկը պարզապէս նենգամիտ «մանիպուլացիա» է։ Գիտակցինք մեր գործած սխալներուն, գիտակցինք թէ մեզ ինչ պարտադրեց մեր «ռազմավարական դաշնակիցը», եւ նուազագոյնը ձգտինք խափանել մեր այդ դաշնակցի բեմադրութեան վերջին արարը։
Կարելի է ոմանց ռոմանթիկ թուի այս ամէնը, եւ Ռուս-Թրքական աքցանէն դուրս գալու ձգտումը թուի ցնորք։ Սակայն այսօր կան աշխարհաքաղաքական այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք մեզի կու տան մեր ինքնիշխանութեան մակարդակը բարձրացնելու հազուագիւտ առիթներ, եւ կարելի չէ զանոնք բաց թողնել, ստրկամտօրէն ծառայելով Ռուսական շահերուն եւ շարունակելով տուրք տալ «Ռուս դաշնակցի» առասպելին։
Այսօր Արեւմուտքը դարձեալ շահագրգռուած է մեր տարածաշրջանով, որովհետեւ պաղ պատերազմեան տրամաբանութիւննէ որ դարձեալ կը տիրապետէ, եւ Արեւմուտքը դարձեալ Ռուսը զսպելու (Containment) օրակարգ որդեգրած է։ Արեւմուտքը նաեւ Թուրքին պատճելու եւ իր տեղը դնելու խնդիր ունի, որովհետեւ Էրտողանի Թուրքիան, իր անբարտաւան կեցուածքով, կայսերապաշտական նկրտումներով, սանձարձակ արկածախնդրութիւններով եւ Ռուսիոյ հետ իր սիրաբանութեամբ, դադրած է այդ պաղ պատերազմեան տրամաբանութեան մէջ տեղաւորուիլ իբրեւ Արեւմուտքի վստահելի դաշնակից։ Այսօր Հայաստանի տարածքին համար գոյութիւն ունի միջանցքներու ուղղութեան եւ հսկողութեան պայքար։ Վրաստան-Հայաստան-Իրան միջանցք մը, անկախ Ռուս-Թրքական հսկողութենէ, կը շահագրգռէ այսօր ոչ միայն Արեւմուտքը, այլ նաեւ Չինաստանը, Հնդկաստանը եւ Իրանը, եւ ի դէպ այս դիտանկիւնէն պէտք է հաւանաբար նայիլ Ամէրիկայի եւ Իրանի միջէւ տեղի ունեցող մերձեցման փորձերուն։ Եթէ մենք այդ պայքարէն չփորձենք օգտուիլ, եւ այդ միջանցքներու պայքարը վերջանայ ի շահ Ռուսին ու Թուրքին, մենք կորսնցուցած կ՛ըլլանք այդ երկու պետութիւններու աքցանէն դուրս գալու հազուագիւտ առիթ։ Հետեւաբար, այս ճակատագրական պահին մեզի պէտք են այնպիսի ուժեր երկրի ղեկին, որ կը ձգտին այդ աքցանէն դուրս գալ եւ կերտել աւելի ինքնիշխան պետութիւն։