14 C
Yerevan

Արտա­գաղթ Սփիւռքի Կառոյցնե­րէն, Ինչպէ՞ս…

Այսօր հայա­հոծ գաղութնե­րը կը փոքրա­նան ոչ միայն գաղութէ գաղութ տեղա­շարժնե­րուն պատճա­ռով, այլեւ «կառա­վարման կառոյցնե­րէն» տեղի ունե­ցող նեքին արտա­գաղթին պատճա­ռով՝ փաստօ­րէն յառա­ջացնե­լով երկու տարբեր «գաղութներ» աշխարհագրա­կան նոյն տարածքին մէջ:

Վարուժան Թէնպէ­լեան

Սփիւռքը եւ հոն ապրող բազմա­թիւ մտաւո­րա­կաններ, անշուշտ արդա­րօ­րէն, մնա­յուն ահա­զանգ կը հնչեցնեն Հայաստա­նէն արտա­գաղթի երեւոյթին եւ անոր հետեւանքնե­րուն մասին՝ ընդհանրա­պէս անգի­տա­նա­լով կամ գիտնա­լով ու անտե­սե­լով, որ սփիւռքը իր կարգին կը դիմագրաւէ արտա­գաղթի մտա­հո­գիչ տագնապ մը:

Այո՛, արտա­գաղթը համա­տա­րած երեւոյթ է սփիւռքի գրե­թէ բոլոր գաղութնե­րուն մէջ:

Բնա­կա­նա­բար խօսքը չի վերա­բե­րիր երկրէ երկիր, գաղութէ գաղութ կատա­րուող տեղա­շարժնե­րուն:

Այլ՝

Արտա­գաղթ՝ հայկա­կան քաղա­քա­կան կառոյցնե­րէն:

Արտա­գաղթ՝ հայ դպրո­ցէն:

Արտա­գաղթ՝ հայ մշա­կոյթէն:

Արտա­գաղթ՝ հայ եկե­ղե­ցիէն:

Այս արտա­գաղթը կրնայ նո՛յնքան վտանգաւոր հետեւանքներ ունե­նալ, որքան Հայաստա­նէն արտա­գաղթը՝ հայութեան ամբողջա­կա­նութեան պահպանման առումով:

Կրնայ անմի­ջա­պէս առարկուիլ, որ այս ի՞նչ բաղդա­տութիւն է, եւ ամբողջո­վին տարբեր են Հայաստա­նի եւ սփիւռքի պայմաննե­րը:

Կրնայ առարկուիլ, որ տարբեր է սփիւռքի միջա­վայրը՝ կլա­նող ու օտա­րացնող:

Տակաւին կրնայ առարկուիլ, որ քաղքե­նի բարքե­րը կեդրո­նա­խոյս տրա­մադրութիւններ կը զարգացնեն:

Եւ դեռ կրնայ առարկուիլ, որ կարգ մը գաղութնե­րու մէջ տեղի ունե­ցած քաղա­քա­կան ցնցումնե­րը աւե­լի եւս տարտղնե­ցին հայութիւնը եւ նպաստե­ցին այլա­սե­րումին…

Այս բոլո­րը ճիշդ են եւ քանի որ ճիշդ են՝ ուրեմն յանցաւո­րը ժողո­վուրդն է, որ կը նահանջէ «բանիւ եւ գործով», ինչպէս պիտի ըսէր Շահնուր, ժողո­վուրդն է, որ կ’արտագաղթէ հայ քաղա­քա­կան կառոյցնե­րէն, հայ դպրո­ցէն, հայ մշա­կոյթէն, հայ եկե­ղե­ցիէն, եւ Սամուէլ Պէքէ­թի «Կոտոն» սպա­սե­լու պէս, կը սպա­սենք որ հեռա­ցո­ղը, արտա­գաղթո­ղը զգաստութեան գալով վերա­դառնայ…

Կը սպա­սենք ու կը փակենք էջը՝ զարմա­նա­լով որ յաջորդ տարին արտա­գաղթողնե­րու նոր հոսք մը կայ…կը դատա­պարտենք արտա­գաղթո­ղը… եւ դպրոց մը կը փակենք ու մշա­կութա­յին միութիւն մը կը գոցենք…

Եթէ հօտը սկսած է տարտղնուիլ եւ խումբէն փախուստ տուողներ կան…է՜հ, ուր է՞ հովիւը, ի՞նչ կ’ընէ կասեցնե­լու համար փախուստը:

Հաշուետւութեան կարգով, հայրե­նի մեր ժողո­վուրդը եկաւ ըսե­լու որ արտա­գաղթին պատասխա­նա­տուն միայն ժողո­վուրդը չէ, այլ՝ կառա­վա­րողնե­րու վերնա­խաւին այլա­սե­րած գործե­լա­ձեւը, որ անտե­սե­լով ժողո­վուրդին եւ երկրին գերա­գոյն շահե­րը, կողոպտած էր տնտե­սութեան մեծ մասը եւ սահմա­նա­փա­կած քաղա­քա­կան մտքի ազատ զարգա­ցումը:

Արդեօք ժամա­նա­կը հասած չէ՞, որ սփիւռքեան կառոյցնե­րէն արտա­գաղթին համար պատասխա­նա­տուներ փնտռենք նաեւ «յանցաւոր» ժողո­վուրդէն դուրս:

Այսօր հայա­հոծ գաղութնե­րը կը փոքրա­նան ոչ միայն գաղութէ գաղութ  տեղա­շարժնե­րուն պատճա­ռով, այլեւ «կառա­վարման կառոյցնե­րէն» տեղի ունե­ցող նեքին արտա­գաղթին պատճա­ռով՝ փաստօ­րէն յառա­ջացնե­լով երկու տարբեր «գաղութներ» աշխարհագրա­կան նոյն տարածքին մէջ: եւ ճիշդ չէ արտա­գաղթողնե­րու «գաղութը» որա­կել քաղքե­նիննե­րու, այլա­սե­րածնե­րու եւ օտա­րա­ցածնե­րու համախմբում՝ մէկ կողմէ անտե­սե­լով անոնց արտա­գաղթին տուն տուող պատճառնե­րը, եւ միւս կողմէ մերժե­լով անոնց վերա­նո­րոգ ինքնութեան փնտռտուքի իրաւունքը եւ անոնց մէջ չտե­նե­լով ազգա­յին, կրթա­կան ու մշա­կութա­յին ներուժը, որ մեծ ներդրումներ կրնայ ունե­նալ ազգա­յին կեանքի վերաո­րա­կաորման մէջ:

Նորա­մուտ այս «գաղութնե­րուն» մէջ, արդեօք քի՞չ է թիւը արուեստա­գէտնե­րու, մտաւո­րա­կաննե­րու, քաղա­քա­կան ու հանրա­յին գործիչնե­րու, մարզիկնե­րու, որոնց իրա­գործումնե­րը կ’ընկալենք հպարտութեամբ եւ կը ծափա­հա­րենք անոնց իրա­գործումնե­րուն իբրեւ ազգա­յին հարստութիւններ: Տակաւին,  արդեօք քիչ է՞ թիւը անոնց որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն մայր հայրե­նի­քի վերելքին:

Հարց կու տանք, որ արդեօք ծերա­ցած կառոյցնե­րը այլեւս չեն կրնա՞ր տիրութիւն ընել:

Արդեօք ծերա­ցած ու շատոնց ժամա­նա­կավրէպ չէ եղա՞ծ 1860–1863 օսմանցի սուլթաննե­րուն կողմէ պարտադրուած «ազգա­յին սահմա­նադրութեան» կառա­վարման եղա­նա­կը: Յետ Եղեռնի շրջա­նին թերեւս ժամա­նա­կաւոր անհրա­ժեշտութիւն էր այդ դրութեան որդեգրումը, բայց ժամա­նա­կի թաւա­լումին եւ հայ հասա­րա­կա­գի­տա­կան ու քաղա­քա­կան մտքի ինչպէս նաեւ կենցա­ղա­յին պայմաննե­րու զարգացման զուգա­հեռ չզարգա­ցաւ գաղութնե­րու կառա­վարման եղա­նա­կը՝ մեծ ճեղք մը յառա­ջացնե­լով յաջորդա­կան սերունդնե­րուն եւ «կառա­վարման հին կառոյցին» միջեւ, որ քիչ մը «օսմա­նա­պե­տա­կան իշխա­նա­վա­րութիւն» կը յուշէ:

Արդեօք հաշուետւութեան եւ հաշուա­ռութեան թափանցիկ համա­կարգի բացա­կա­յութիւնը գաղութնե­րու ղեկա­վարման գործընթա­ցին մէջ դերա­կա­տար չէ՞ այս ներքին արտա­գաղթի զարգացման մէջ:

Արդեօք ժողովրդա­վար յարա­բե­րութեան բացա­կա­յութիւնը ներքին արտա­գաղթը աւե­լի չի դիւրացնե՞ր կամաց-կամաց անկախ մտա­ծումի տէր դարձող յաջորդա­կան սերունդնե­րուն համար:

Սփիւռքա­հա­յը արդեօք կարծիք ունի՞ գաղութնե­րու ղեկա­վարման դրութեան բարե­փո­խութեան մասին: Կրնա՞յ մասնա­կից դառնալ: Կ’ուզէ՞ մասնա­կից դառնալ ծերա­ցած կառոյցին մէջ առանց փոփո­խութեան հեռանկար տեսնե­լու:

Շատե­րու համար թապու են այս հարցադրումնե­րը, իսկ ուրիշներ հերե­տի­կո­սութիւն պիտի նկա­տեն զանոնք՝ յաւե­լեալ ջուր լեցնե­լով ներքին արտա­գաղթի ջրա­ղացքին:

Բայց ժամա­նա­կը հասած է, որ այս մտա­հո­գութիւննե­րը բարձրա­ձայն արտա­յայտուին ու արծարծուին՝ նախքան որ արտա­գաղթող կողմը դառնայ մեծա­մասնութիւն, եթէ արդէն չէ դարձած, իսկ հինին կառչած կողմը յանկարծ շուրջը նայե­լով նշմա­րէ՝ որ աւե­րակնե­րուն վրայ կը «թագաւո­րէ»:

Աղբյուրը‘ Darberag21.net

Առնչվող Հոդվածներ