Սփիւռք

Հայաստանի Մէջ ՀՅԴն՝ Իբրեւ ժողովրդական՝ Grassroots Կուսակցութիւն


Ոմանք, որպէսզի արդարացնեն, թէ ինչո՛ւ ժողովուրդը մեզի չի հաւատար եւ մեզի քիչ քուէներ կու տայ՝ կը սկսին նսեմացնել ժողվուրդը՝ զանոնք անուանելով անօգուտ կամ յիմար։ Այս վարուելակերպով ոչ միայն կը խախտեն կարգ մը մեր հիմնական սկզբունքները, այլ նաեւ կ՛անարգեն նոյն այդ զանգուածը, որոնց քուէները պիտի փորձենք ստանալ յաջորդ ընտրութիւններուն։

Արա Խանճեան

ՀՅԴի անդամները համոզուած են, որ ՀՅԴն ամէնէն լաւ կուսակցութիւնն է, որ կրնայ կերտել աւելի լաւ Հայաստան մը, հետեւաբար, որպէսզի ունենանք հզօր Հայաստան, պէտք է ունենանք հզօր ՀՅԴ Հայաստանի մէջ։

Այս կը նշանակէ, թէ ՀՅԴի անդամները, աշխարհի չորս կողմը պէտք է ճիգ թափեն, որպէսզի ամբողջ աշխարհի ՀՅԴի կարողականութիւնը արդիւնաւոր կերպով օգտագործուի Հայաստանի մէջ` ՀՅԴն վերածելու համար աւելի զօրաւոր կուսակցութեան մը ու բարձրացնելու ՀՅԴի ժողովրդականութիւնը եւ անոր ստացած քուէներու քանակը։

Ապրիլ 2021ին, «Կալըփ» հարցախոյզի ընկերութիւնը յայտնեց, որ եթէ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունենային Ապրիլին, ՀՅԴն կը ստանար ժողովուրդին 1․8 տոկոս քուէն։ Այս թիւը շատ ցած տոկոս մըն է։ Կար այն տպաւորութիւնը, որ եթէ ՀՅԴն փորձէր մինակը մասնակցիլ ընտրութիւններուն, դժուար պիտի ըլլար քուէներուն 5 տոկոսը ստանալ եւ մտնել Ազգային ժողով։

Իւրաքանչիւր ՀՅԴի անդամի եւ համակիրի համար այս ցած տոկոսները պէտք է ըլլան անընդունելի։ 131 տարիներու հայ ժողովուրդին իր ծառայութեամբ, անոր գործունեայ մասնակցութեամբ առաջին, 2016ի եւ վերջին Արցախի պատերազմներուն, ՀՅԴն պէտք է  ստանար հարցախոյզցին մասնակցողներուն շատ աւելի բարձր տոկոսով քուէներուն, քան այդ քանի մը տոկոսները։

Երեսուն տարիները բաւարար պէտք է ըլլային, որպէսզի 1991ի նախագահական ընտրութիւններուն Սոս Սարգիսեանին ստացած 4 տոկոսը բարձրանար շատ աւելի բարձր տոկոսներու։ Դժբախտաբար, անցնող տասը տարիներուն այդ քուէները փոխանակ բարձրանալու նուազած են։

Ոմանք, որպէսզի արդարացնեն, թէ ինչո՛ւ ժողովուրդը մեզի չի հաւատար եւ մեզի քիչ քուէներ կու տայ՝ կը սկսին նսեմացնել ժողվուրդը՝ զանոնք անուանելով անօգուտ կամ յիմար։ Այս վարուելակերպով ոչ միայն կը խախտեն կարգ մը մեր հիմնական սկզբունքները, այլ նաեւ կ՛անարգեն նոյն այդ զանգուածը, որոնց քուէները պիտի փորձենք ստանալ յաջորդ ընտրութիւններուն։

Դաշնակցութեան անդամները եւ համակիրները, պէտք է աշխուժօրէն քննարկեն, վերլուծեն եւ մէջտեղ բերեն յաջորդ հինգ կամ տասը տարիներուն համար ճանապարհային քարտէս մը, որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի հզօր ՀՅԴի մը Հայաստանի մէջ, աւելի բարձր ժողովրդականութեամբ քան ներկայիս, որուն միջոցով պիտի կարենանք գործադրել մեր առաքելութիւնը աւելի արդիւնաւոր կերպով։ Այս ծիրին մէջ, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ կարենալ ընտրել բարձր թիւով ներկայացուցիչներ, որպէսզի կարենանք ազդեցութիւն ունենալ աւագանիներու մէջ, քաղաքապետարաններու մէջ եւ կազմել մեր կառավարութիւնը, որպէսզի աւելի արդիւնաւոր կերպով ծառայենք մեր հայրենիքին։

Իւրաքանչիւր ՀՅԴի անդամ եւ համակիր պէտք է ծանօթ ըլլայ այս ճանապարհային քարտէսին եւ պէտք է ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն ամէն ճիգ թափէ, որպէսզի իրագործուի անիկա։

Բնականաբար, այս ճանապարհային Քարտէսի մանրամասնութիւնները պէտք է որոշուին Հայաստանի ՀՅԴի կառոյցին կողմէ։ Սակայն, այս ճանապարհային քարտէսի ընդհանուր գիծերը եւ ոչ-խնդրայարոյց տարրերը արդէն որդեգրուած են ՀՅԴի անցեալի Ընդհանուր ժողովներու կողմէ, ինչպէս, 2011ի ընդհանուր ժողովին, որ շեշտեց, թէ ՀՅԴն պէտք է ըլլայ գործունեայ ժողովրդական՝ grassroots, կազմակերպութիւն։

Նշենք, այդ Ընդհանուր Ժողովի կարգ մը բանաձեւերը,

 –Անհաշտ պայքար ծաւալել ստուերային տնտեսութեան, մենաշնորհներու եւ ազգային հարստութիւնը կողոպտող ուժերուն դէմ քարոզչական, քաղաքական, դատական եւ այլ միջոցներով։ Հայաստանեան մեր քաղաքականութեան հիմնահարցերուն մէջ պէտք է առանցքային տեղ տալ մեր գաղափարական սկզբունքներէն բխող ազգային ու հասարակական պահանջներուն։ Մեր ժողովուրդը պէտք է ականատես ըլլայ, որ մեր կազմակերպութիւնը թէ՛ իր քաղաքական առաջադրանքներով եւ թէ՛իր գործի օրինակով ոչ միայն պաշտպանէ մեր ազգային համընդհանուր շահերուն, ինչպիսին են Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հայրենապատկան հողերու պահանջատիրութիւնը, այլ նաեւ պաշտպանէ հայ մարդու եւ Հայաստանի քաղաքացիի մարդկային ու հասարակական իրաւունքները։

–Դաշնակցութեան հայաստանեան գործունէութեան առանցքային մաս պէտք է կազմէ ժողովուրդին համար եւ ժողովուրդին կողքին գործելը։ ․․․մեր կուսակցական մարմինները եւ ընկերները, ․․․ պահանջներու առումով միշտ ներկայ գտնուին պայքարի առաջին շարքերուն վրայ:

ժողովրդական արդար պահանջներու առումով միշտ ներկայ գտնուին պայքարի առաջին շարքերուն վրայ։

 — Ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր հետ աշխատելու, կապը ամրապնդելու, մեր ծրագրային նպատակները ներկայացնելու եւ մեկնաբանելու նպատակով, մղել տեղական միաւորները, ընդհուպ մինչեւ առանձին խումբեր, անմիջական աշխատանքային ծրագիրներ կազմելու եւ գործադրելու։ Կազմակերպել ժողովրդային հանդիպումներ, հաւաքներ, բացատրական զրոյցներ, որդեգրելով «Դէպի Ժողովուրդ» կարգախօսը։»

Եթէ ՀՅԴն սկսի գործադրել այս բանաձեւերը եւ սկսի յառաջ բերել զօրաւոր տեղական կազմակերպական կառոյց, մարմիններ եւ այլն, այդ պարագային հինգ կամ տասը տարիէն կրնանք ունենալ աւելի մեծ թիւով քուէներ եւ ունենալ յատկանշական ներկայութիւն աւագանիներուն, քաղաքապետարաններուն ու Ազգային ժողովին մէջ եւ, վերջապէս կրնանք Ազգային ժողովին մէջ ունենալ այնքան պատգամաւորներ, որ կարենանք կազմել մեր կառավարութիւնը եւ ծառայել հայրենիքին շատ աւելի արդիւնաւոր կերպով:

Աղբյուրը` asbarez.am

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *