14 C
Yerevan

Վրա­ցեւթրքա­կան Սերտ Յարաբերութիւնները…եւ Էրտո­ղա­նի «Սրտի Սահմաննե­րը»

Զինուո­րա­կան եռա­կողմա­նի համա­գործակցութեան կ’առնչուի փոխադրութեան այլ ծրա­գիր մը, որ կը վերա­բե­րի Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկա­թուղա­գի­ծի պաշտպա­նութեան, որուն կարեւո­րութիւնը կը շեշտուի Չինաստա­նի Մետաքսի ճամբու շրջա­գի­ծին մէջ:

Վարուժ Թէնպէ­լեան

Վերջին երկու տասնա­մեակնե­րուն, Վրաստա­նի եւ Թուրքիոյ յարա­բե­րութիւննե­րը հասած են այնպի­սի մակարդա­կի մը, որ շատեր զանոնք կը նկա­տեն օրի­նա­կե­լի: Թուրքիոյ հետ յարա­բե­րութիւննե­րուն սերտա­ցումը, բարի դրացնութեան սկզբունքէն անդին, առնուազն երեւութա­պէս, կ’առնչուի Վրաստա­նի արեւմտա­մէտ, ՆԱԹՕա­մէտ եւ մանաւանդ ռուսա­մերժ կողմնո­րո­շումնե­րուն:

Երկու երկիրնե­րը սերտ կապեր ունին եւ կը համա­գործակցին ուժա­նիւթի, առեւտուրի եւ տնտե­սութեան, մինչեւ իսկ կրթութեան եւ մշա­կոյթի որոշ մարզե­րուն մէջ: Տակաւին, երկու երկիրնե­րը զիրար կը նկա­տեն ռազմա­վա­րա­կան գործընկերներ եւ ճիգ չեն խնա­յեր յարա­բե­րութիւննե­րու առաւել բարե­լաւման համար:

2019‑ի գնա­հա­տումով, առեւտուրի մարզին մէջ, Թուրքիա կը շարունա­կէ մնալ Վրաստա­նի մեծա­գոյն գործընկե­րը՝ 1,85 միլիառ տոլա­րով: Նոյն տարին կատա­րուած վիճա­կագրութեան մը համա­ձայն, Թուրքիոյ մէջ վրա­ցի աշխա­տողնե­րուն պաշտօ­նա­կան թիւը կը գնա­հա­տուէր 40.000-ով, ուր նկա­տի առնուած չեն ապօ­րի­նի աշխա­տողնե­րը: Կրթա­կան մարզը վրա­ցեւթրքա­կան համա­գործակցութեան մէկ այլ դրսեւո­րումն է: Վրաստա­նի մէջ կան Թրքա­կան դպրոցներ, ինչպէս նաեւ՝ թրքա­կան համալսա­րան մը, եւ Թուրքիա կրթա­թո­շակներ կը տրա­մադրէ վրա­ցի այն ուսա­նողնե­րուն, որոնք կը փափա­քին իրենց բարձրա­գոյն ուսումը շարունա­կել Թուրքիոյ մէջ: 

Ուա­ժա­նիւթը կը հանդի­սա­նայ երկու երկիրնե­րու համա­գործակցութեան ամէ­նէն կարեւոր մարզե­րէն մէկը: Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթա­տար խողո­վա­կը եւ Պաքու-Թիֆլիս-էրզրում կազա­տար խողո­վա­կը կ’անցնին Վրաստա­նէն: Ատրպէյճա­նի Շահ Տենիզ II ծրա­գի­րը, Հարաւա­յին Կազա­յին միջանցքին ընդլայնումը եւ Անդրա­նա­տո­լիա­կան կազա­տա­րին (TANAP) կառուցումը աւե­լի եւս կը շեշտեն Վրաստա­նի դերն ու կարեւո­րութիւնը իբրեւ տարանցումի երկիր: Տակաւին, Վրաստան եւ Թուրքիա կարեւոր գործընկերներ կը նկա­տուին շրջա­նա­յին փոխադրութեան ցանցե­րու զարգացման մարզին մէջ. Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկա­թուղա­գի­ծին կառուցումը յատուկ նշա­նա­կութիւն ունի այս գծով:

Այսուհանդերձ, թուրքեւվրա­ցա­կան սերտ յարա­բե­րութեան մասին խօսի­լը պիտի մնայ պակա­սաւոր, առանց նշե­լու անոնց կարեւոր երրորդ գործընկե­րը՝ Պաքուն: Եւ հոս կը սկսի երեւան գալ զինուո­րա­կան գործակցութեան երե­սը, որ սովո­րա­բար կ’անտեսուի: Երեք երկիրնե­րը որդեգրած են պաշտպա­նութեան նախա­րարնե­րու եւ բանա­կի հրա­մա­նա­տարնե­րու եռա­կողմա­նի հանդի­պումնե­րու ձեւա­չափ մը, որ սկսած է 2012-ին, Թուրքիոյ Տրա­պի­զոն քաղա­քին մէջ: Տակաւին, երեք երկիրնե­րը նախա­ձե­ռած էին միա­ցաեալ ռազմա­փորձեր, ծանօթ՝ Կովկա­սեան Արծիւ անունով, որոնց առա­ջի­նը տեղի ունե­ցաւ Յունիս 2017-ին, Թիֆլի­սի մօտե­րը գտնուող Վազիա­նի զինուո­րա­կան խարիսխին մէջ: Սեպտեմբեր 2019-ին, Պաքուի մէջ տեղի ունե­ցաւ ռազմա­փորձե­րուն երկրորդ փուլը:

Պաքու-Թիֆլիս-Անգա­րա զինուո­րա­կան համա­գործակցութիւնը հիմնա­կա­նօ­րէն կեդրո­նա­ցած է շրջա­նին մէջ ուժա­նիւթ փոխադրող խողո­վակնե­րուն ապա­հո­վութեան երաշխաւորման վրայ. անոնք կու գան Ատրպէյճա­նէն, Հարաւա­յին Օսե­թիոյ մօտե­րէն կ’անցնին Վրաստա­նի վրա­յով՝ ուղղուե­լու դէպի արեւե­լեան Թուրքիա: Օրի­նակ, 2018-ին տեղի ունե­ցած ռազմա­փորձե­րը կը միտէին ենթադրեալ յարձա­կումէ մը պաշտպա­նե­լու Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթա­տար խողո­վա­կը:

Զինուո­րա­կան եռա­կողմա­նի համա­գործակցութեան կ’առնչուի փոխադրութեան այլ ծրա­գիր մը, որ կը վերա­բե­րի Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկա­թուղա­գի­ծի պաշտպա­նութեան, որուն կարեւո­րութիւնը կը շեշտուի Չինաստա­նի Մետաքսի ճամբու շրջա­գի­ծին մէջ:

Փակա­գիծ մը բանա­լով, հոս պէտք է յիշեցնել, որ ընդհանրա­պէս տարա­ծաշրջա­նին եւ մասնաւո­րա­բար Վրաստա­նի մէջ, Ռուսիոյ ազդե­ցութիւնը հակակշռե­լու ուղղուա­ծութիւնը եղած է Վրաստա­նի արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան մշակման մէկ կարեւոր ազդա­կը: Վրա­ցա­կան տեսանկիւնէն, Թուրքիա, որ ամուր կապեր ունի Արեւմուտքին հետ եւ կը բաժնէ Վրաստա­նի մտա­հո­գութիւննե­րը Ռուսիոյ նկատմամբ, իտէալ դաշնա­կից մը կրնայ ըլլալ: Բայց ի՞նչ պէտք է ակնկա­լել Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ օրէ օր զարգա­ցող յարա­բե­րութիւննե­րէն, այն Ռուսիա­յէն, որ նաեւ ամէն օր քաղա­քա­կան խաղեր կը սարքէ մեծ թափով հարաւա­յին Կովկաս վերա­դառնա­լու համար: 

Տակաւին, մեր նախորդ յօդուա­ծով տեսանք, թէ դռնէն դուրս դրուե­լէ ետք, Ռուսիա ինչպէ՞ս տարբեր միջոցնե­րու դիմե­լով, կը փորձէ պատուհա­նէն վերա­դառնալ Վրաստան, ուր օրէ օր ի յայտ կու գան քաղա­քա­կան ներքին կեանքին ազդե­լու միտող քայլեր: Ռուսիա դէմ է նաեւ Վրաստան-Թուրքիա սերտ գործակցութեան, եւ իբրեւ այդպի­սին՝ վրա­ցա­կան հանրա­յին կարծի­քին կը ներկա­յացնէ թրքա­կան ախորժակներ վրաստա­նի հողա­յին ամբողջա­կա­նութեան նկատմամբ՝ ակնարկե­լով Աճա­րիոյ շրջա­նին եւ անոր մայրա­քա­ղաք Պաթումիին: 

Թէ ռուսա­կան այս քարոզչութիւնը հիմքեր ունի՞, կարե­լի է դիմել նոյնինքն Թուրքիոյ նախա­գահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտո­ղա­նին, որ քանի մը տարի առաջ ելոյթ ունե­նա­լով Վրաստա­նի սահմա­նէն շուրջ 165 քիլո­մեթր հեռու գտնուող Ռիզէ քաղա­քին մէջ, Սուրիոյ եւ Իրա­քի մէջ Թուրքիոյ զինուո­րա­կան միջամտութիւննե­րը արդա­րացնե­լու իր ճիգին մէջ յիշե­լով Օսմա­նեան կայսրութիւնը՝ կ’ըսէր. «մեր ֆիզի­քա­կան սահմաննե­րը կը տարբե­րին մեր սրտի սահմաննե­րէն», եւ որպէս օրի­նակ հարց կու տար. «կարե­լի՞ է Ռիզէն անջա­տել Պաթումիէն»:Վրաստանի երկրորդ մեծ քաղա­քին եւ Սեւ Ծովու կարեւո­րա­գոյն նաւա­հանգիստնե­րէն՝ Պաթումիի յիշա­տա­կումը Էրտո­ղա­նի կողմէ, միջազգա­յին հանրա­յին կարծի­քը շատ հաւա­նա­բար նկա­տի իսկ չառաւ, բայց Վրա­ցիք ամէն պատճառ ունին մտա­հո­գուե­լու Էրտո­ղա­նի «սրտի սահմաննե­րէն»…..

Աղբյուրը‘ Civilnet.am

Առնչվող Հոդվածներ