Եթէ մնայ նոյնիսկ մէկ հոգի, որ աշխարհի խուլ անկիւնի մը մէջ կ’ապրի դաշնակցականութեամբ եւ անոր առաջադրանքները իրագործելու անխախտ կամքով, հաւատացէ’ք, որ Դաշնակցութիւնը կը վերապրի, կը վերականգնի ու կրկին կը պայքարի ի խնդիր ազգային նպատակներու…
Միհան Քիւրտօղլեան
Ֆէյսպուքեան պատահական թափառումներուս՝ ուշադրութիւնս գրաւած են «խենթ» տղայ մը Երուսաղէմի եւ գերզգայուն հայուհի մը՝ Շուէտի մէջ: Առաջինի պարագային քաղաքական պատճառները, իսկ հայուհիին աշխարհագրական հեռաւորթիւնը թէեւ զանոնք զրկած են հայախումբ կեանքի բարերար եռուզեռէն ու ներգործող տրոփներէն, այնուհանդերձ, անոնք կու տան տպաւորութիւնը, թէ ազգային տեսակէտէ մեկուսեալ վիճակի մէջ իսկ, գիշեր-ցերեկ անձկութեամբ կը հետեւին հայութեան առնչուած անցուդարձերուն, կ’ապրին ազգի ու իրենց պատկանած կուսակցութեան անցեալի սխրագործութեանց յիշատակներով եւ յայտնօրէն կը տառապին հայրենիքի ներկայ տագնապներովն ու անոր անորոշ ապագայի մղձաւանջովը: Իրենց տառապանքին մէջ անզօր, իւրաքանչիւրը իր խառնուածքին համահունչ ոճով ու արտայայտութեամբ, յաճախակի ներկայութիւն են ֆէյսպուքեան «մարտադաշտ»ին վրայ: Մին իր թուրը (գրիչը) միշտ պատեանէն դուրս՝ անխնայ հարուածներ կու տայ հոն, ուր ինք կը համարէ, թէ ազգավնաս արարքներու հեղինակներ կան: Իսկ հայուհին, ի տես մեր համընդհանուրի գահավիժումին՝ ներքին գալարումներ կ’ունենայ եւ կանացի գերզգայնութեամբ իր հոգեյատակի խռովքները հառաչանքով կը դրսեւորէ՝ ընթերցողները անոնցմով վարակելու տրամադրութեամբ: Կասկած չկայ, որ ըստ ընկալման ճաշակի՝ կարելի է ընդունիլ կամ վանել անոնց արտայայտութեան ոճն ու բովանդակութիւնը, բայց դժուար է պնդել, թէ անոնք մտատանջութիւնն ու ծանրութեան ճնշումը չունին այն մեծ հոգերուն, որոնց մէջ ինկած ենք ազգովին…:
Շա՜տ ու շա՜տ տարիներ առաջ էր: Դաշնակցութեան համար հալածանքի գէշ օրեր էին: Կը յիշեմ բեմէն արտասանած խօսքը կուսակցական գործիչի մը . « դաշնակցականներով թող բանտերը լեցնեն, մնացեալները հալածանքի ենթարկեն կամ հալածանքէն փախուստ տալու համար շեղին կուսակցական ուղիէն, բայց եթէ մնայ նոյնիսկ մէկ հոգի, որ աշխարհի խուլ անկիւնի մը մէջ կ’ապրի դաշնակցականութեամբ եւ անոր առաջադրանքները իրագործելու անխախտ կամքով, հաւատացէ’ք, որ Դաշնակցութիւնը կը վերապրի, կը վերականգնի ու կրկին կը պայքարի ի խնդիր ազգային նպատակներու…»:
Միակ կուսակցութեան մը համար հռետորական այս խօսքը որքան իրաւ պիտի հնչէ, երբ ան տարածուի ամբողջ ազգի մը վրայ:
Ոչ թէ մէկ կամ բազմահազար, այլ բազմամիլիոն հայ սրտեր այնքան ատեն, որ հայկականութեամբ կը բաբախեն եւ տանջալի լռութեամբ կը հետեւին ազգային կեանքի կշռոյթին, հակառակ ոմանց չարագուշակ նախատեսութիւններուն, վախ չկայ, որ ազգին ու հայրենիքին պատմական երթը կասի, որքան ալ սեւ ամպեր կուտակուին եւ դժխեմ պայմաններ ստեղծուին մեր երթին դիմաց…:
Ի շարս շատ-շատերու, վերոյիշեալ երկուքի Ֆէյսպուքեան գրառումները առիթ եղան, որ յիշեմ դաշնակցական գործիչին բեմէն տրուած Հռետորական պատկերը…: