15.1 C
Yerevan

Մեր Երթը Անկա­սե­լի Է

Եթէ մնայ նոյնիսկ մէկ հոգի, որ աշխարհի խուլ անկիւնի մը մէջ կ’ապրի դաշնակցա­կա­նութեամբ եւ անոր առա­ջադրանքնե­րը իրա­գործե­լու անխախտ կամքով, հաւա­տա­ցէ’ք, որ Դաշնակցութիւնը կը վերապրի, կը վերա­կանգնի ու կրկին կը պայքա­րի ի խնդիր ազգա­յին նպա­տակնե­րու…

Միհան Քիւրտօղլեան

Ֆէյսպուքեան պատա­հա­կան թափա­ռումնե­րուս՝ ուշադրութիւնս գրաւած են «խենթ» տղայ մը Երուսա­ղէ­մի եւ գերզգա­յուն հայուհի մը՝ Շուէ­տի մէջ: Առա­ջի­նի պարա­գա­յին քաղա­քա­կան պատճառնե­րը, իսկ հայուհիին աշխարհագրա­կան հեռաւորթիւնը թէեւ զանոնք զրկած են հայա­խումբ կեանքի բարե­րար եռուզե­ռէն ու ներգործող տրոփնե­րէն, այնուհանդերձ, անոնք կու տան տպաւո­րութիւնը, թէ ազգա­յին տեսա­կէ­տէ մեկուսեալ վիճա­կի մէջ իսկ, գիշեր-ցերեկ անձկութեամբ կը հետեւին հայութեան առնչուած անցուդարձե­րուն, կ’ապրին ազգի ու իրենց պատկա­նած կուսակցութեան անցեա­լի սխրա­գործութեանց յիշա­տակնե­րով եւ յայտնօ­րէն կը տառա­պին հայրե­նի­քի ներկայ տագնապնե­րովն ու անոր անո­րոշ ապա­գա­յի մղձաւանջո­վը: Իրենց տառա­պանքին մէջ անզօր, իւրա­քանչիւրը իր խառնուածքին համա­հունչ ոճով ու արտա­յայտութեամբ, յաճա­խա­կի ներկա­յութիւն են ֆէյսպուքեան «մարտադաշտ»ին վրայ: Մին իր թուրը (գրի­չը) միշտ պատեա­նէն դուրս՝ անխնայ հարուածներ կու տայ հոն, ուր ինք կը համա­րէ, թէ ազգավնաս արարքնե­րու հեղի­նակներ կան: Իսկ հայուհին, ի տես մեր համընդհա­նուրի գահա­վի­ժումին՝ ներքին գալա­րումներ կ’ունե­նայ եւ կանա­ցի գերզգայնութեամբ իր հոգե­յա­տա­կի խռովքնե­րը հառա­չանքով կը դրսեւո­րէ՝ ընթերցողնե­րը անոնցմով վարա­կե­լու տրա­մադրութեամբ: Կասկած չկայ, որ ըստ ընկալման ճաշա­կի՝ կարե­լի է ընդունիլ կամ վանել անոնց արտա­յայտութեան ոճն ու բովանդա­կութիւնը, բայց դժուար է պնդել, թէ անոնք մտա­տանջութիւնն ու ծանրութեան ճնշումը չունին այն մեծ հոգե­րուն, որոնց մէջ ինկած ենք ազգո­վին…:

Շա՜տ ու շա՜տ տարի­ներ առաջ էր: Դաշնակցութեան համար հալա­ծանքի գէշ օրեր էին: Կը յիշեմ բեմէն արտա­սա­նած խօսքը կուսակցա­կան գործի­չի մը . « դաշնակցա­կաննե­րով թող բանտե­րը լեցնեն, մնա­ցեալնե­րը հալա­ծանքի ենթարկեն կամ հալա­ծանքէն փախուստ տալու համար շեղին կուսակցա­կան ուղիէն, բայց եթէ մնայ նոյնիսկ մէկ հոգի, որ աշխարհի խուլ անկիւնի մը մէջ կ’ապրի դաշնակցա­կա­նութեամբ եւ անոր առա­ջադրանքնե­րը իրա­գործե­լու անխախտ կամքով, հաւա­տա­ցէ’ք, որ Դաշնակցութիւնը կը վերապրի, կը վերա­կանգնի ու կրկին կը պայքա­րի ի խնդիր ազգա­յին նպա­տակնե­րու…»:

Միակ կուսակցութեան մը համար հռե­տո­րա­կան այս խօսքը որքան իրաւ պիտի հնչէ, երբ ան տարա­ծուի ամբողջ ազգի մը վրայ:

Ոչ թէ մէկ կամ բազմա­հա­զար, այլ բազմա­մի­լիոն հայ սրտեր այնքան ատեն, որ հայկա­կա­նութեամբ կը բաբա­խեն եւ տանջա­լի լռութեամբ կը հետեւին ազգա­յին կեանքի կշռոյթին, հակա­ռակ ոմանց չարա­գուշակ նախա­տե­սութիւննե­րուն, վախ չկայ, որ ազգին ու հայրե­նի­քին պատմա­կան երթը կասի, որքան ալ սեւ ամպեր կուտա­կուին եւ դժխեմ պայմաններ ստեղծուին մեր երթին դիմաց…:

Ի շարս շատ-շատե­րու, վերո­յի­շեալ երկուքի Ֆէյսպուքեան գրա­ռումնե­րը առիթ եղան, որ յիշեմ դաշնակցա­կան գործի­չին բեմէն տրուած Հռե­տո­րա­կան պատկե­րը…:

Առնչվող Հոդվածներ