Հայաստան

Նոյեմբերի 9֊ը Եվ Հայաստանը

Արցախեան վերոնշեալ բնակավայրերու այսքան հապճեպ հայաթափումը չի բխիր Հայաստանի եւ Արցախի շահերէն, հետեւաբար հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ է այս շտապողականութիւնը կամ ո՞վ կը հրահրէ տխրահռչակ յայտարարութեան 6րդ կէտի արագ գործադրութիւնը:

Գեորգ Թորոյեան

Լաչինի Միջանցքը Եւ Հայ Քաղաքական Ղեկավարութեան Անճարակութիւնը

2020 Նոյեմբեր 9ի տխրահռչակ եռակողմ յայտարարութեան 6րդ կէտին համաձայն, յառաջիկայ երեք տարիներուն կողմերու համաձայնութեամբ պիտի կառուցուէր ցամաքային երկրորդ ճամբայ մը, որ պիտի ապահովէր Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ կապը իսկ Լաչինի միջանցքը (իր հայկական գիւղերով՝ Աղաւնօ, Բերձոր, Սօս) պիտի անցնէր ատրպէյճանական կողմին:

Հայաստանի իշխանութիւնները, իբրեւ վերոնշեալ յայտարարութեան ստորագրող կողմ, յանձնառու էին եւ են կատարելու յայտարարութեան բոլոր կէտերը: Նոյն յանձնառութիւնը պէտք է ունենային Ատրպէյճանը եւ մասնաւորաբար Ռուսիան, իբրեւ երաշխաւոր հաստատուած զինադադարին եւ իր խաղաղապահ զօրքերու ներկայութեան փաստացի արժեւորում:

Դժբախտաբար Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին չեն աւարտած երկրորդ ճանապարհի շինութիւնը, որմէ պիտի անցնին նաեւ ենթակառոյցներու կապերը (կազատար, ելեկտարամատակարար, եւայլն) եւ այս բոլոր տակաւին պիտի կատարուին Լաչինի միջանցքի միջոցով ինչ որ խոցելի պիտի դարձնէ Արցախի հայութիւնը ու կրնայ պատճառ դառնալ Արցախի հայաթափումին:

Արցախեան վերոնշեալ բնակավայրերու այսքան հապճեպ հայաթափումը չի բխիր Հայաստանի եւ Արցախի շահերէն, հետեւաբար հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ է այս շտապողականութիւնը կամ ո՞վ կը հրահրէ տխրահռչակ յայտարարութեան 6րդ կէտի արագ գործադրութիւնը:

Ակնյայտ է, որ ռուս-ուքրանական ճակատի վրայ ռուսական ձախողութիւնները պատճառ են, որ ռուսերը Կովկասեան ճակատի վրայ զիջումներ ընեն թուրքերուն, եւ բնականաբար, ինչպէս միշտ, այդ զիջումները հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ հայրենիքին հաշւոյն կը կատարուին:

Դժբախտաբար Հայաստանի իշխանութիւնները չունեցան քաղաքական կամք, ատրպէյճանական եւ ռուսական կողմին հետ բանակցելու Նոյեմբեր 9ի յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ գործադրելու, թէկուզ որ այդ յայտարարութիւնը հայկական կողմին նպաստաւոր չէր: Նոյեմբեր 9էն ասդին, Ատրպէյճանը ոչ միայն բազմիցս խախտած է այդ յայտարարութիւնը (Փառուխի, Խծաբերդի եւ այլ դէպքեր լաւագոյն ապացոյցն են) եւ ռազմագերիներու հարցը կը մնայ անլոյծ, այլ նաեւ անցեալ տարի Մայիսին ներխուժեց Հայաստան եւ ցարդ գրաւած է Հայաստանի տարածքէն մօտաւորապէս 40 քառ․ քլմ.:

Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր էին ռուսական կողմին (իբրեւ երաշխաւոր այդ յայտարարութեան) ներկայացնել նշուած հարցերը լուծելու պահանջը, նախքան յայտարարութեամբ նախատեսուած հայկական բնակավայրերու յանձնումը Ատրպէյճանին:

Այս գործընթացի առաջին պատասխանատուն եթէ Հայաստանի կառավարութիւնն է, ապա երկրորդ պատասխանատուն Հայաստանի ընդդիմութիւնն է՝ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական: Արցախեան 44օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի կուսակցութիւններուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի չբեկանէ Նոյեմբեր 9ի յայտարարութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք վարչապետին կը մեղադրեն դաւաճանութեան եւ յանձնուողականութեան մէջ: Արցախի փրկութիւնը վայ-վույներու, կոչերու եւ նշանախօսքերու մէջ չէ, այլ յստակ կեցուածքներու եւ նպատակաուղղուած աշխատանքի, որոնք կը բխին հայոց պետականութեան շահերէն: Ընդդիմութեան այս երկչոտ կեցուածքը իբրեւ վահանակ ծառայեց իշխանութիւններուն այդ յայտարարութեան գծով իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու եւ նաեւ լուսանցքի վրայ քշելու այն քանի մը կուսակցութիւնները, որոնք բացարձակ դէմ էին Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան:

Իշխանութիւններու եւ ընդդիմութեան մեծամասնութեան այս կեցուածքները պատճառ դարձան, որ ժողովուրդը հոգեբանականօրէն ընդունի պարտութիւնը եւ զիջումներու ճամբով հասնի խոստացուած այսպէս ըսուած խաղաղութեան:

Քաղաքական աշխարհի մէջ պատահականութիւններ եւ զուգադիպութիւններ չկան: Հայկական այս բնակավայրերը յանձնելու գործընթացին հետ միաժամանակ ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուեցան եւ յաճախակիօրէն կը շրջանառուին նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի հարցազրոյցներէն եւ հանրահաւաքներու ընթացքին արտասանած խօսքերէն հատուածներ, որոնց մէջ յանձնուողականութեան քարոզը եւ զիջումներու քաղաքականութիւնը կը գովերգուի: Այլ խօսքով քարոզչական յատուկ աշխատանք կը տարուի ժողովուրդին մօտ մեռցնելու պահանջատիրութեան ոգին, անոր ենթագիտակցութեան մէջ ամրագրելու հողերու յանձնումի իրաւացիութիւնը եւ զարմանալի պիտի չթուի, եթէ մօտ ապագային խօսուի Արցախի հայաթափման մասին:

Պատասխանատուութեան իր բաժինը ունի նաեւ Սփիւռքը, որ քաղաքականօրէն ի վիճակի չէ կացութեան մէջ ինչ որ բան փոխելու, բայց առնուազն քարոզչական իմաստով կրնար բեկում մտցնել: Փոխանակ Հայաստանի պետական այրերու դէմ ցուցական արարքներ կատարելու, Սփիւռքը պարտաւոր էր ատրպէյճանական եւ ռուսական դեսպանատուներու դէմ հաւաքներ կազմակերպելու, իր անհամաձայնութիւնը յայտնելու Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան: Նման հաւաքներ կրնային խայծ տալ հայրենի մեր ժողովուրդին, որ զիջումնային քաղաքականութեան քարոզչութեան զոհ չերթայ եւ պահանջատէր ներկայանայ թէ՛ իշխանութիւններուն եւ թէ ընդդիմութեան:

Նոյեմբեր 9ի յայտարարութենէն 22 ամիս ետք կը յանձնենք Արցախի զարկերակը, որ նորանոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնէ համայն հայութիւնը եւ մասնաւորաբար Արցախահայութեան ապագան:

Օգոստոս 25էն ետք հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կամ կը մշակեն իրենց գործունէութեան նոր ուղեգիծ, կամ կ՛երթան ինքնալուծարման, երբ հայկական հողի եւ քանի մը գիւղերու պաշտպանութեան համար իրենք զիրենք մատնած են անգործութեան:

Ցաւով կրնանք արձանագրել որ Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սօսի յանձնումը մեր քաղաքական կուսակցութիւններու անմիաբանութեան եւ հայ քաղաքական ղեկավարութեան անճարակութեան հետեւանքն է:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *