16.4 C
Yerevan

Նոյեմբե­րի 9֊ը Եվ Հայաստա­նը

Արցա­խեան վերոնշեալ բնա­կա­վայրե­րու այսքան հապճեպ հայա­թա­փումը չի բխիր Հայաստա­նի եւ Արցա­խի շահե­րէն, հետեւա­բար հարց կը յառա­ջա­նայ, թէ ինչո՞ւ է այս շտա­պո­ղա­կա­նութիւնը կամ ո՞վ կը հրահրէ տխրահռչակ յայտա­րա­րութեան 6րդ կէտի արագ գործադրութիւնը:

Գեորգ Թորո­յեան

Լաչի­նի Միջանցքը Եւ Հայ Քաղա­քա­կան Ղեկա­վա­րութեան Անճա­րա­կութիւնը

2020 Նոյեմբեր 9ի տխրահռչակ եռա­կողմ յայտա­րա­րութեան 6րդ կէտին համա­ձայն, յառա­ջի­կայ երեք տարի­նե­րուն կողմե­րու համա­ձայնութեամբ պիտի կառուցուէր ցամա­քա­յին երկրորդ ճամբայ մը, որ պիտի ապա­հո­վէր Հայաստա­նի եւ Արցա­խի միջեւ կապը իսկ Լաչի­նի միջանցքը (իր հայկա­կան գիւղե­րով՝ Աղաւնօ, Բերձոր, Սօս) պիտի անցնէր ատրպէյճա­նա­կան կողմին:

Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը, իբրեւ վերոնշեալ յայտա­րա­րութեան ստո­րագրող կողմ, յանձնա­ռու էին եւ են կատա­րե­լու յայտա­րա­րութեան բոլոր կէտե­րը: Նոյն յանձնա­ռութիւնը պէտք է ունե­նա­յին Ատրպէյճա­նը եւ մասնաւո­րա­բար Ռուսիան, իբրեւ երաշխաւոր հաստա­տուած զինա­դա­դա­րին եւ իր խաղա­ղա­պահ զօրքե­րու ներկա­յութեան փաստա­ցի արժեւո­րում:

Դժբախտա­բար Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը տակաւին չեն աւարտած երկրորդ ճանա­պարհի շինութիւնը, որմէ պիտի անցնին նաեւ ենթա­կա­ռոյցնե­րու կապե­րը (կազա­տար, ելեկտա­րա­մա­տա­կա­րար, եւայլն) եւ այս բոլոր տակաւին պիտի կատա­րուին Լաչի­նի միջանցքի միջո­ցով ինչ որ խոցե­լի պիտի դարձնէ Արցա­խի հայութիւնը ու կրնայ պատճառ դառնալ Արցա­խի հայա­թա­փումին:

Արցա­խեան վերոնշեալ բնա­կա­վայրե­րու այսքան հապճեպ հայա­թա­փումը չի բխիր Հայաստա­նի եւ Արցա­խի շահե­րէն, հետեւա­բար հարց կը յառա­ջա­նայ, թէ ինչո՞ւ է այս շտա­պո­ղա­կա­նութիւնը կամ ո՞վ կը հրահրէ տխրահռչակ յայտա­րա­րութեան 6րդ կէտի արագ գործադրութիւնը:

Ակնյայտ է, որ ռուս-ուքրա­նա­կան ճակա­տի վրայ ռուսա­կան ձախո­ղութիւննե­րը պատճառ են, որ ռուսե­րը Կովկա­սեան ճակա­տի վրայ զիջումներ ընեն թուրքե­րուն, եւ բնա­կա­նա­բար, ինչպէս միշտ, այդ զիջումնե­րը հայ ժողո­վուրդի իրաւունքնե­րուն եւ հայրե­նի­քին հաշւոյն կը կատա­րուին:

Դժբախտա­բար Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը չունե­ցան քաղա­քա­կան կամք, ատրպէյճա­նա­կան եւ ռուսա­կան կողմին հետ բանակցե­լու Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութիւնը ամբողջութեամբ գործադրե­լու, թէկուզ որ այդ յայտա­րա­րութիւնը հայկա­կան կողմին նպաստաւոր չէր: Նոյեմբեր 9էն ասդին, Ատրպէյճա­նը ոչ միայն բազմիցս խախտած է այդ յայտա­րա­րութիւնը (Փառուխի, Խծա­բերդի եւ այլ դէպքեր լաւա­գոյն ապա­ցոյցն են) եւ ռազմա­գե­րի­նե­րու հարցը կը մնայ անլոյծ, այլ նաեւ անցեալ տարի Մայի­սին ներխուժեց Հայաստան եւ ցարդ գրաւած է Հայաստա­նի տարածքէն մօտաւո­րա­պէս 40 քառ․ քլմ.:

Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը պարտաւոր էին ռուսա­կան կողմին (իբրեւ երաշխաւոր այդ յայտա­րա­րութեան) ներկա­յացնել նշուած հարցե­րը լուծե­լու պահանջը, նախքան յայտա­րա­րութեամբ նախա­տե­սուած հայկա­կան բնա­կա­վայրե­րու յանձնումը Ատրպէյճա­նին:

Այս գործընթա­ցի առա­ջին պատասխա­նա­տուն եթէ Հայաստա­նի կառա­վա­րութիւնն է, ապա երկրորդ պատասխա­նա­տուն Հայաստա­նի ընդդի­մութիւնն է՝ խորհրդա­րա­նա­կան եւ արտա­խորհրդա­րա­նա­կան: Արցա­խեան 44օրեայ պատե­րազմէն ետք, Հայաստա­նի կուսակցութիւննե­րուն ջախջա­խիչ մեծա­մասնութիւնը յայտա­րա­րեց, թէ պիտի չբե­կա­նէ Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութիւնը, հակա­ռակ այն իրո­ղութեան, որ անոնք վարչա­պե­տին կը մեղադրեն դաւա­ճա­նութեան եւ յանձնուո­ղա­կա­նութեան մէջ: Արցա­խի փրկութիւնը վայ-վույնե­րու, կոչե­րու եւ նշա­նա­խօսքե­րու մէջ չէ, այլ յստակ կեցուածքնե­րու եւ նպա­տա­կաուղղուած աշխա­տանքի, որոնք կը բխին հայոց պետա­կա­նութեան շահե­րէն: Ընդդի­մութեան այս երկչոտ կեցուածքը իբրեւ վահա­նակ ծառա­յեց իշխա­նութիւննե­րուն այդ յայտա­րա­րութեան գծով իրենց պարտաւո­րութիւննե­րը կատա­րե­լու եւ նաեւ լուսանցքի վրայ քշե­լու այն քանի մը կուսակցութիւննե­րը, որոնք բացարձակ դէմ էին Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութեան:

Իշխա­նութիւննե­րու եւ ընդդի­մութեան մեծա­մասնութեան այս կեցուածքնե­րը պատճառ դարձան, որ ժողո­վուրդը հոգե­բա­նա­կա­նօ­րէն ընդունի պարտութիւնը եւ զիջումնե­րու ճամբով հասնի խոստա­ցուած այսպէս ըսուած խաղա­ղութեան:

Քաղա­քա­կան աշխարհի մէջ պատա­հա­կա­նութիւններ եւ զուգա­դի­պութիւններ չկան: Հայկա­կան այս բնա­կա­վայրե­րը յանձնե­լու գործընթա­ցին հետ միա­ժա­մա­նակ ընկե­րա­յին ցանցե­րու վրայ յայտնուե­ցան եւ յաճա­խա­կիօ­րէն կը շրջա­նա­ռուին նախա­գահ Լ. Տէր Պետրո­սեա­նի հարցազրոյցնե­րէն եւ հանրա­հաւաքնե­րու ընթացքին արտա­սա­նած խօսքե­րէն հատուածներ, որոնց մէջ յանձնուո­ղա­կա­նութեան քարո­զը եւ զիջումնե­րու քաղա­քա­կա­նութիւնը կը գովերգուի: Այլ խօսքով քարոզչա­կան յատուկ աշխա­տանք կը տարուի ժողո­վուրդին մօտ մեռցնե­լու պահանջա­տի­րութեան ոգին, անոր ենթա­գի­տակցութեան մէջ ամրագրե­լու հողե­րու յանձնումի իրաւա­ցիութիւնը եւ զարմա­նա­լի պիտի չթուի, եթէ մօտ ապա­գա­յին խօսուի Արցա­խի հայա­թափման մասին:

Պատասխա­նա­տուութեան իր բաժի­նը ունի նաեւ Սփիւռքը, որ քաղա­քա­կա­նօ­րէն ի վիճա­կի չէ կացութեան մէջ ինչ որ բան փոխե­լու, բայց առնուազն քարոզչա­կան իմաստով կրնար բեկում մտցնել: Փոխա­նակ Հայաստա­նի պետա­կան այրե­րու դէմ ցուցա­կան արարքներ կատա­րե­լու, Սփիւռքը պարտաւոր էր ատրպէյճա­նա­կան եւ ռուսա­կան դեսպա­նա­տունե­րու դէմ հաւաքներ կազմա­կերպե­լու, իր անհա­մա­ձայնութիւնը յայտնե­լու Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութեան: Նման հաւաքներ կրնա­յին խայծ տալ հայրե­նի մեր ժողո­վուրդին, որ զիջումնա­յին քաղա­քա­կա­նութեան քարոզչութեան զոհ չերթայ եւ պահանջա­տէր ներկա­յա­նայ թէ՛ իշխա­նութիւննե­րուն եւ թէ ընդդի­մութեան:

Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութե­նէն 22 ամիս ետք կը յանձնենք Արցա­խի զարկե­րա­կը, որ նորա­նոր մարտահրաւէրնե­րու դէմ յանդի­ման կը դնէ համայն հայութիւնը եւ մասնաւո­րա­բար Արցա­խա­հա­յութեան ապա­գան:

Օգոստոս 25էն ետք հայ քաղա­քա­կան կուսակցութիւննե­րը կամ կը մշա­կեն իրենց գործունէութեան նոր ուղե­գիծ, կամ կ՛երթան ինքնա­լուծարման, երբ հայկա­կան հողի եւ քանի մը գիւղե­րու պաշտպա­նութեան համար իրենք զիրենք մատնած են անգործութեան:

Ցաւով կրնանք արձա­նագրել որ Բերձո­րի, Աղաւնո­յի եւ Սօսի յանձնումը մեր քաղա­քա­կան կուսակցութիւննե­րու անմիա­բա­նութեան եւ հայ քաղա­քա­կան ղեկա­վա­րութեան անճա­րա­կութեան հետեւանքն է:

Առնչվող Հոդվածներ