Հայաստան

Նշմար

(Մաս 2-րդ)

Երկու-երեք տարիէ ի վեր կախարդուած «սփիւռքը վերակազմակերպելու» կարգախօսէն՝ յամեցանք անոր հմայիչ բառերուն վրայ եւ անտեսեցինք հրամայական ու անյետաձգելի շեշտը հայրապետական պատգամին, որուն համար հայագաղութէ հայագաղութ կը շրջագայի Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իսկ մենք նուազագոյն ճիգը չփորձեցինք կատարել այդ ուղղութեամբ:

Միհրան Քիւրտօղլեան


Նախորդ նշմարիս մէջ կը նշէի, թէ վտանգաւոր է ամէն առիթի ու անառիթ ահազանգել, որ սփիւռքը կը մաշի, կ’ուծանայ, կը ձուլուի եւայլն , եթէ այդ ահազանգին պիտի չընկերանայ վտանգին առաջքն առնելու կամ զայն քիչ մը հեռացնելու գործնական առաջարկ կամ գէթ փնտռտուքի մը նախաձեռնութիւն: (Տեսնել նախորդ նշմարս):
Ահա այս տեսակ փնտռտուքի մը նախաձեռնած էր Տուպայէն տիկին Շաքէ Մանկասարեան (անձնապէս ինծի անծանօթ), որու ջանքերով հատորի մը մէջ մէկտեղուեցան տեսակէտներ՝ սփիւռքի գրողներէ: Նախաձեռնող տիկինը ջանացած էր, որ առաջարկները ըլլան գործնական՝ իրենց բովանդակութեամբ եւ մանաւանդ ներկայացուած տեսքով …: Իմ գրութիւնս օրինակ, երկու-երեք անգամ ուղարկուեցաւ-ետ դարձաւ, քանի որ ան իր տեսքով չէր համապատասխաներ տիկին Շաքէի կամ խմբագրական յանձնախումբի պատկերացումին: Իմ օրինակս տուի, ընդգծելու համար բծախնդրութիւնը հրատարակող անձ(եր)ին: Հոս Պիտի խուսափիմ դատելէ, որ գործնականութեան առումով եւ ընդհանրութեան մէջ ուշագրաւ առաջարկներ կայի՞ն կամ ոչ, բայց հարց է, թէ քանի՞ հոգի, յատկապէս մեր կառոյցներէն եւ սփիւռքի վերակազմակերպման կոչուած մարմիններէն քանի անդամներ, պարզ հետաքրքրութեան համար, աչք մը նետած ըլլան այդ գրքին վրայ…: Կռահելի է, որ շատ աննշան թիւ մը: Խէրն անիծած մեր ամբողջ օրը կը կլանէ ֆէյսպուքն ու համացանցը:

Իմ կարծիքով, այդ հատորին մէջէն կ’առանձնանայ եւ իր բովանդակութեամբ յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէ տոքթ. Արա Սայեղի (այս անունին առաջին անգամ այդ հատորին մէջ կը հանդիպէի) գրութիւնը, որ համապարփակ ուսումնասիրութիւն մըն է՝ խորքային առաջարկներով: Բովանդակութեամբ եւ առաջարկներով յագեցած այդ ծանրակշիռ ուսումնասիրութիւնը կրնայ դրուիլ որեւէ պետութեան մը նախարարական սեղանին, ի քննութիւն ու գործադրութիւն, բայց խոստովանինք, որ մեր ուսերուն համար շատ ծանր է ան, նոյնիսկ մասամբ իրականացնելու տեսակէտէն: Տարտամ պատկերացում իսկ չունինք տակաւին, թէ մեր ղեկավարած համայնքին գիտական-մասնագիտական միտքը, իբրեւ օգտագործելի ատաղձ, ինչ պատկեր կը ներկայացնէ, որքան է տրամադրելի մեր մարդուժը եւ ատով ինչ կրնանք կամ չենք կրնար ընել եւայլն, եւայլն: Գիտենք ու կը ճանչնանք մեր շրջապատի մարդիկը եւ կ’օգտագործենք անոնց կարելիութիւնները միայն: Եւ այս՝ նոյնիսկ յարաբերաբար փոքր գաղութներու պարագային է: Ուզենք թէ չուզենք այս է սփիւռքեան չոր իրականութիւնը: Երկու-երեք տարիէ ի վեր կախարդուած «սփիւռքը վերակազմակերպելու» կարգախօսէն՝ յամեցանք անոր հմայիչ բառերուն վրայ եւ անտեսեցինք հրամայական ու անյետաձգելի շեշտը հայրապետական պատգամին, որուն համար հայագաղութէ հայագաղութ կը շրջագայի Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իսկ մենք նուազագոյն ճիգը չփորձեցինք կատարել այդ ուղղութեամբ:

Անդրադառնանք, որ սերունդը կորսուելու վտանգին մէջն է արդէն եւ ժամանակը մեզի դէմ կը գործէ: Մտածենք, թէ ներկայ մեր տրամադրելի կարելիութիւններով ինչ կրնանք ընել՝ նորահաս սերունդին մէջ մշակելու համար ազգային ինքնութիւն:
Ուրեմն, Ի՞նչ ընել: Ահա գլխաւոր հարցը, դժուար մարտահրաւէրը:
Աթէնք, 7-12-23 (շարունակելի)

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *